Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Ճօճանակը Ու Մեր Իրավիճակը

$
0
0

1203barkevavakian

ՊԱՐԳԵՒ ԱՒԱԳԵԱՆ

 

 

Կացութիւնն է ահաւոր,

Ձկնորսներ՝ ջուրին մէջ պղտոր,

Գաղութն ու ընտանիքները դարձան հատ ու կտոր,

Մեր նպատակը չէ փնտռել մեղաւոր,

Չորս կողմ սարսափ, ահ ու սուգ,

Տուրք ու գին կը վճարենք աւուր,

Բայց մենք չենք յանցաւոր,

Բարեկամներ ու ընկերներ մեզմով մտահոգ լուծում կ՛որոնեն գլխիկոր,

Բաւ են լոզունքները, կը սպասենք գործնական ու տրամաբանական առաջարկներու:

Սփիւռքը ընդհանրապէս ու հայրենիքը յատկապէս մեզ դարձուցին մուրացկանութեան հանգստաւէտ պատմուճան ու բաժակաճառերու հաճելի ելոյթներու ընթացքին մեր հաշւոյն օգտագործեցին մեծ-մեծ բառեր: Մեզի անուանեցին սիրելի ու ճան, բայց իրավիճակը անփոփոխ մնաց, իսկ մեր անվտանգութեան ու ապրուստի ապահովումը կը պահանջէ տքնաջան աշխատանք:

Վերոյիշեալ մեր դժուարութիւններուն ու թշուառութիւններուն բերումով չենք զլանար երախտիքի ու յարգանքի մեր զգացումները փոխանցել իւրաքանչիւր թափուած արեան կաթիլի ու շաղախուած քրտինքի համար:

Փոքր էինք ու դարձանք պատանի, նախակրթարանի օրերէն իսկ մեր միտքին ու սիրտին մէջ դրոշմուած էին երկու հիմնական գաղափարներ.

Ի՞նչ է ազգը եւ ո՞ւր է մեր հայրենիքը: Երբեմն հասկնալի ու երբեմն մշուշապատ բացատրութիւնները աւելի հետաքրքրական դարձուցին այս թեման, ու անիկա ձիւնագնդակի պէս գլորուեցաւ, իր հետ աստիճանաբար ամրապնդեց պատկանելիութեան մեր զգացումը՝ լուսանցքի տակ չպահելով մեր սուրիահպատակ ըլլալու իրողութիւնը: Իրողութիւն մը, զոր տեւաբար կը զգանք ու կ՛ապրինք որպէս լիիրաւ սուրիացիներ:

Սուրիական մեր հպատակութիւնը պիտի պահենք սրտի մօտիկ, որպէսզի օր մը չզգանք մենք մեզ անպաշտպան ու բոպիկ:

1988ի երկրաշարժի յուզումներուն յաջորդեց 1991ի փառաշուք անկախութիւնը, հրահրուեցան մեր մէջ արդէն բոցավառուած արմատներուն կանչը, ազգի ու հայրենիքի պատկանելիութեան պաշտօնականացումը, հայրենահպատակ դառնալու մարմաջը: Հպատակութիւնը ուզեցինք հպարտանալու եւ ոչ թէ սահմաններու մութ անկիւններուն վրայ զայն պատռելու:

Այսպէս սուրիահայութիւնը ունեցաւ հաւասար զոյգ հայրենիք:

Մեր գործընթացով դարձանք հրաշալի, ի՜նչ հրաշալի ու քիչ մըն ալ աւելի, յաչս մեր շրջապատին գովելի, ու պարկեշտութեամբ երեւելի:

Սուրիան դարձաւ կռուախնձոր տարածաշրջան մը, ուր ՄԱԿէն ներս ծածանող իւրաքանչիւր դրօշի ետին կար երկիր մը, որ ունի իր շահադիտական մօտեցումը ու իր ենթագիտակցութեան մէջ երբեմն ծաւալապաշտական երազներ:

Այս թոհուբոհին մէջ պէտք է դիտել Սուրիոյ աննախանձելի եւ աննախատեսելի քաոսը:

Սուրիոյ տարածքը ունի իւրայատկութիւններ, որոնք իրար հետ օղակուելով Սուրիոյ ընդհանուր պատկերը կը կազմեն: Այսպէս՝

– Աշխարհագրական դիրք.

– Ընկերային բազմերանգ խճանկար.

– Տնտեսական իւրայատուկ դրոյթ.

– Քաղաքական հակումներ.

– «Հին երազներ ու նոր ճամբաներ»։

Սուրիոյ աշխարհագրական դիրքը քննարկող ու անոր կարեւորութիւնը ընդգծող բազում յօդուածներ գրուած են ու մելաններ հոսած:

Երկրի ընկերային բարդ կառոյցին ու անոր համակեցութեան գաղտնիքը ոեւէ մէկը չէ կրցած բացայայտել: Այս հանգամանքը առեղծուած ըլլալով հանդերձ, սուրիական հաւաքականութեան գիտակցական մակարդակը կը դրսեւորէ:

Տնտեսական մարզէն ներս ձեռք բերուած յաջողութիւնները գինովցուցած էին նոյնինքն սուրիացին ու երբեմն անոր առաջնորդած մեծամիտ յոխորտանքներու:  Երկրի տն-տեսական յառաջընթացին զուգահեռ զարգացաւ բացայայտ նախանձի ու վտանգուած ըլլալու մըղձաւանջէն տառապող դրացի կարգ մը երկիրներու ու յատկապէս «սիրելի» Թուրքիոյ անհանդուրժողութիւնը:

Թուրքիա իր կանխածին (Էրտողան) նախագահով, բնածին վայրագութեամբ ու շողոքորթութեամբ, վշտածին գործունէութեամբ փորձեց կարճ ժամանակուան մը ընթացքին Սուրիան տապալումի առաջնորդել, անոր ճամբով բարձրաձայնուող արաբական առաջնահերթ հարցերու արծարծումը իրեն վերապահել: Աւելին՝ անոր «լուսածին» ղեկավարները փորձեցին տարածքի ճակատագիրը բնութագրող երեւոյթները շրջել:

Ի տես այս բոլորին՝ ուրախացան թուրքերը, զայրացան քիւրտերը, ծափահարեցին ընդդիմախօսները ու անճրկեցան իշխանամէտ, բայց ճարահատ դիմախօսները:

Մէկ կողմէ սրբագրութեան եւ ազատութեան ջահը բարձրացնող «յեղափոխականը», միւս կողմէ իշխանութեան տապալումի վախը ապրող «իշխանամէտը» թուլացուցին երկրի յառաջընթաքին ծառայող ընկերութեան հիմնական օղակը:

Հոս հա՞րկ է ընդգծել իշխանութեան, թիւով ոչ փոքր, «յանցանքները».

– Երկրէն ներս ապահով միջավայրի ստեղծում ու կրօններու, քաղաքակրթութիւններու համակեցութիւն.

– Տնտեսապէս ինքնաբաւ ու դէպի արտաքին շուկայ բացուող նոր կարելիութիւններու ստեղծում՝ հնարամիտ արհեստաւորներու, ճկուն առեւտրականներու ու վերջին տասնամեակին շատ արագ զարգացող զբօսաշրջիկութեան ծրագիրներու քաջալերումով.

– Սուրիան դարձուց Միջին Արեւելքի արտաքին պարտքերէ զերծ միակ երկիրը, որ տնտեսապէս կայուն էր, աշխոյժ իր ծրագիրներով, խոստմնալից՝ ոմանց համար կարմիր գիծը անցնելու աստիճան:

Ու չարամիտ դէմքեր որսացին էակներ, որոնց կարելի չէր դասել երկրին հաւատարիմ քաղաքացիներու շարքին: Անոնք յղացան քանդիչ միտքեր:

Ու մեր երկիրը, որ որպէս աշխարհի ապահով միջավայր եթէ ոչ առաջին, գէթ առաջնակարգ դիրքերուն վրայ էր, վերածեցին թիւ մէկ անապահով վայրին, տնտեսապէս աւազախրումի ուղղեցին զայն, պառակտեցին ժողովուրդը ու անոր որոշ հատուածներուն մէջ սերմանեցին համայնքային նեղլիկ տրամաբանութիւնը:

Սիրելինե՛ր,

Մեծերը պիտի խաղան իրենց խաղը, իսկ փոքրերը պարտաւոր են սորվիլ խաղին օրէնքը, եթէ ոչ առաւելագոյն շահով, գէթ նուազագոյն վնասով դուրս գալու միջոցները:

Պատահականութեան հաւատալը եւ բախտի վստահիլը անխոհեմութեան գագաթնակէտն է, հետեւաբար իւրաքանչիւր սխալէ ճիշդ ելք մը գտնելու պարտաւորութիւնը ունինք հաւասարապէս բոլորս:

Որպէս սուրիացիներ պէտք է մեր մէջ զարգացնենք տանտէրի հոգեբանութիւնը, շրջահայեաց եւ պայծառատես ըլլալու ունակութիւնը:

Զիրար մեղադրելու փոխարէն, աւազախրումէն դուրս գալու, գացողը տկար, իսկ մնացողը տոկուն ներկայացնելու ապառողջ իրավիճակէն դուրս ելլելով եւ վերջապէս համազգային ճիգերու լարումով միայն կարելի պիտի ըլլայ աւելի վերականգնումի մեր ենթահողը պատրաստել:

Տարածաշրջանային հարցերուն լաւատեսութեամբ կամ յոռետեսութեամբ նայելով արդիւնքի չենք հասնիր: Անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես եւ մեր տագնապի լուծման ուղիներու որոնումը գերխնդիր դարձնել:

Եզրակացնելով ըսենք, որ մեր տեսադաշտին մէջ յայտնաբերուած հիւանդագին իրավիճակներու վիրահատման միջոցներ որոնելու փոխարէն, անհրաժեշտ է արմատական լուծումներու հակիլ:

Վանել ամէն տեսակի ծայրայեղութիւններն ու այլամերժական վնասաբեր կեցուածքները, զարգացնել հայրենիքի ու անոր պատկանելիութեան գուրգուրոտ մօտեցումը՝ որպէս լաւագոյն միջոց ժողովուրդի համերաշխ գոյութեան ու անոր տագնապներու լուծման:

Սիրտի զարկերուն պէս համաչափ, միտքի սլացքին պէս արագ  լուծումներու սպասումով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles