ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ չկայ ժողովրդավար կամ զարգացած երկիր մը, ուր անձ գլուխ, այսինքն՝ ամէն մէկ անհատի համար, նոյն գումարի տուրք կամ վճարում գանձէ, հակառակ անոր որ ասիկա ամէնէն դիւրին, արդիւնաւոր եւ պարզ հարկի տեսակն է:
Անցած հարիւրամեակներուն գոյութիւն ունեցած է այս տեսակի հարկ բռնապետական եւ ոչ ժողովրդավար երկիրներու մէջ: Վերջին փորձը, հաւանաբար, տեղի ունեցաւ Անգլիոյ նախկին վարչապետ, «երկաթէ տիկին» անունը ստացած՝ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Մարկրէթ Թաչըրի կողմէ, երբ 1990ին ան փորձեց գանձել նոյն գումարով հարկ բոլոր մարդոցմէ՝ անկախ անոնց եկամուտէն կամ հարստութենէն: Անգլիոյ ժողովուրդը զօրաւոր ու վայրագ կերպով ընդդիմացաւ: Ընդվզած ցուցարարներ փողոց իջան ու խանութներու պատուհաններ կոտրեցին: Կանգ առած «Ճեկուար» եւ «Փորշ» մակնիշի սուղնոց ինքնաշարժներ կրակի տրուեցան: Աւելի քան 400 անձեր վիրաւորուեցան ու շուրջ 350 ուրիշներ ձերբակալուեցան: Այս անարդար հարկը Թաչըրի վարչապետութիւնը կորսնցնելուն պատճառներէն մէկը եղաւ: Յաջորդ վարչապետը ջնջեց իւրաքանչիւր անհատէ նոյն գումարով հարկ գանձելու Թաչըրի որոշումը:
Ինչ է պատճառը, որ որեւէ ժողովրդավար երկիր այս տեսակի հարկ կամ վճարում չունի, երբ իւրաքանչիւր անհատէ նոյն գումարը գանձելը ամէնէն արդիւնաւոր, դիւրին ու պարզ հարկի տեսակն է: Պատճառը այն է, որ այս տեսակի հարկ կամ վճարումներ ամէնէն անարդա՛րն են: Երբ միլիոնատէր անձը ու ցած եկամուտ ունեցող անձը նոյն գումարը կը վճարեն, ցած եկամուտ ունեցողը վճարումի շա՛տ աւելի մեծ բեռ ու ծանրութիւն կը զգայ, քան՝ մեծահարուստը: Այս անարդարութիւնը այնքա՛ն մեծ է, որ այս տեսակ հարկի առաւելութիւնները երկրորդական կը դառնան:
Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները եւս պէտք է հեռու մնան այս տեսակի անարդար հարկերէ ու վաճարումներէ, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը եւս, ինչպէս որեւէ ուրիշ ժողովրդավար երկիրի ժողովուրդ, ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով դէմ պիտի կենայ նման ծայրայեղ անարդար հարկերու եւ վճարումներու որոշումներուն: