Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Աննշան Տարածք»…

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

 

MihrankurdoghlianՌազմական գործողութիւններուն բնականօրէն մաս կը կազմեն յառաջխաղացքն ու հողային նուաճումները, ինչպէս նաեւ՝ նահանջը եւ հողային կորուստները:

Առաջինի պարագային՝ ցնծութիւն է եւ հպարտութիւն, իսկ երկրորդին՝ հրամայաբար պատճառներու յստակացումն է եւ ուժերը վերագտնելու-վերահաւաքելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապրիլի սկիզբը Ատրպէյճանի շղթայազերծած դաւադիր ու հարուածային պատերազմին կորսնցուցինք հողային տարածք, որ սակայն թշնամիին յուսացած ծաւալը չունեցաւ՝ շնորհիւ հերոսական բանակի մահագնաց հայ զինուորին, որ իր կեանքով կասեցուց թշնամիի յառաջխաղացքը: Կասեցումը արժեց հարիւրէ աւելի երիտասարդներու մատղաշ կեանքը:

Ճմլուած հոգիով եւ կապարի ծանրութիւն մը լեզուիդ վրայ, թերեւս ընդունիս այն, ինչ պատահեցաւ ու ըսես, թէ պատերազմ էր եւ հայրենի հողը պաշտպանելու սրբազան պարտականութիւնն էր հայ զինուորին առաքելութիւնը, զոր կատարեց ան այնպիսի արիութեամբ, որմէ նոյնիսկ հերոսներ պիտի օրինակուին:

Յարգա՜նք անոր:

Անընդունելին, նոյնիսկ անմարսելի՛ն, սակայն, Հայաստանի քաղաքական այրերու եւ ղեկավար տարրի շուրթներէն լսուող բնորոշումներն են՝ հողային մեր կորուստին մասին: Քիչ բացառութեամբ, գրեթէ բոլո՛րը՝ վերէն վար, հեռատեսիլէն թէ մամուլով տրուած հարցազրոյցներու կամ ասուլիսներու ընթացքին, նոյն ծամօնը ունին իրենց բերանին՝ «աննշան տարածք», «անկարեւոր յենակներ», «ռազմավարական նշանակութենէ զուրկ դիրքեր»… եւ այսիմաստ այլ որակումներով անոնք կը բնորոշեն կորուստը 800 հեքթար հողային տարածութեան:

Դժուար է գիտնալ, թէ այս մարդոց համար ի՛նչ իմաստ ունի Արցախի սահմանադրութիւնը, որ իբրեւ հայրենի հող ամրագրած է թշնամիի գրաւումին ենթարկուած այդ «աննշան տարածք»ը, եւ որուն միջազգային ճանաչման գործին լծուած են ե՛ւ իրենք, ե՛ւ բոլոր հայերը, ամէնուրե՛ք:

Այդ «աննշան տարածք»ը, «անկարեւոր յենակներ»ը պաշտպանելու համա՞ր զոհուեցան ուրեմն մեր հերոս տղաքը… Ինչե՜ր կ՛ըսուին ու թութակաբար կը կր-կնուին։

Հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հող արժէ՛ք է, կարեւո՛ր է, ռազմավարական նշանակութի՛ւն ունի բոլոր ազգերուն համար ու բոլոր ժամանակներու մէջ: Դիրք ու պաշտօն, կամ հանգամանք, ո՛չ ոքի իրաւունք կու տան, որ այսպիսի թեթեւամտութեամբ ճշդէ-գնահատէ, թէ հայրենի հողին ո՛ր մասը կարեւոր է եւ որը՝ անկարեւոր:

Եռաբլուրին հանգչող անմահները այդ «աննշան տարածք»(ներ)ը ազատագրելու համար զոհուեցան 24-25 տարի առաջ, իսկ այս Ապրիլին, նոյն այդ «աննշան տրածք»(ներ)ը պաշտպանելու համար, հարիւրէ աւելի մեր նորագոյն հերոսները իրենց կեանքը մատաղ ըրին:

Զգաստացէ՛ք:

Հողը մեթր առ մեթր կ՛ազատագրուի թշնամիէն, նոյնպէս՝ մեթր առ մեթր կը գրաւուի:

Յայտնօրէն, խաթարուածութիւնը (կոռուպցիան) կաշառքէ, պաշտօնի շահագործումէ, մենաշնորհային չարաշահումէ ու զեղծարարութիւններէ անդին՝ թափանցած է այս մարդոց մտածելակերպին մէջ ու խաթարած նաեւ ազնուագոյն զգացումներն ու բարոյական ըմբռնումները: Ազգին վստահութիւն ներշնչողը կը մնան հայրենի հողի պաշտպանութեան նուիրուած հայ զինուորն ու անոր քաջութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles