ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Հայկական Եղեռնը ուրացող կամ արհամարհող պետութիւններու ղեկավարութիւնները կամ անոնց քաղաքական խորհրդատուները, եթէ երբեք հոգը յանձն առնէին բարեխիղճ ուսումնասիրութեան ենթարկելու հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը ղեկավարող իթթիհատական թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բացայայտելու համար հայկական պահանջատիրութեան հետ կապուած հարցերու թաքուն ծալքերը եւ արդի Թուրքիոյ ժխտողական ու մերժողական քաղաքականութեան սնանկութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ջայլամի հոգեբանութեամբ գլուխը աւազին մէջ խրելու ինքնախաբէութեամբ փորձել մոռնալ անցեալին՝ հայերուն եւ առհասարակ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող քրիստոնեայ տարրին դէմ գործադրուած խժդժութիւններն ու տմարդի վերաբերմունքը, մենք՝ որպէս ջարդերէն վերապրածներու զաւակներ, համոզուած ենք, թէ բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար այդ երկիրներու դիրքը Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ թուրք պետութիւնը յանցանքի սիւնին գամելու կապակցութեամբ…
Թուրքերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան արարքը ամէնէն առաջ հայերու, այսպէս կոչուած, անջատողական նկրտումներուն հետ կապուած էր: Եւ դեռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող ու գործող հայ քաղաքացիներու կալուածներն ու ինչքերը, ինչպէս նաեւ դրամատուներու մօտ պահ դրուած անոնց հսկայական հարստութիւնը իւրացնելու մաքիաւելական միտումէն քաջալերուած, անոնք կատարեցին տմարդի այդ ոճիրը: Ըստ անաչառ պատմագրութեան, Օսմանեան կայսրութեան հարստութեան ու առեւտուրի կարեւոր մէկ մասը հայերու ձեռքը կեդրոնացած էր: Հայերը բնաջնջելով, թէ՛ անոնց նիւթական հարստութեան ու կալուածներու վրայ ձեռք պիտի դնէին իթթիհատական իշխանութիւնները եւ թէ ալ անոնց տարագրութեամբ ու ոչնչացումով պիտի լուծուէին ու առյաւէտ թաղուէին Եւրոպայի օժանդակութեամբ ձեռք բերուելիք ու Սեւրի դաշնագիրով սրբագործուած ազգային օճախ ստեղծելու անոր սին երազները: Տակաւին տուն ու երդիկ պիտի ստեղծուէր Պալքաններէն խոյս տուող թրքածին ռոմել գաղթականներուն:
Թող որ Էրտողաններն ու Տաւութօղլուները հազար ուրանան պատահածը եւ յոյսերը կապեն ինչ որ պատմագէտներու թէական վճիռին, երբ իրենք բոլորէն աւելի ծանօթ են այն իրողութեան, թէ թուրք պետական արխիւներէն վաղուց մաղուած ու զտուած են կասկածելի պարունակութեամբ բոլոր փաստաթուղթերը, մաքուրի հանելու համար ներկայ թուրք պետութիւնը: Ըստ պատմաբան Գէորգ Պաղճեանի «Հայկական Ինչքերու Բռնագրաւումը Թուրք Պետութեան Կողմէ» ֆրանսերէն հատորին յառաջաբանը գրած ֆրանսացի յայտնի մտաւորական Իվ Թերնոնի՝ իթթիհատական լիտըրները, առաջին օրէն գործի դրին մաքիաւելական իրենց գործելակերպը, երբ երկու տեսակ գրաւոր հրահանգներ կ՛ուղարկուէին պետական ստորադաս պաշտօնէութեան: Առաջինը՝ քաղաքավար, օրինական ու մարդկային, որ տարագրեալ հայուն կը խոստանար իր ետին ստիպողաբար թողլքած կալուածները, ինչքերն ու դրամատան հաշիւները պետական յատուկ մարմինի մը հսկողութեան տակ պիտի պահպանուէին ու իրենց տէրերուն պիտի վերադարձուէին: Այո, երիտթուրքերու հրահանգով այդպիսի խորքով հեռագիրները կոչուած էին գուրգուրանքով պահպանուելու, որպէս ապագայի փաստ թուրք պետութեան մարդկայնութեան ու արդարութեան: Իսկ միւս կողմէ՝ հայերու հանդէպ անխնայ գտնուելու, զանոնք տարագրութեան ճանապարհներուն հիւծելու, անխղճօրէն ջարդելու ու ոչնչացնելու, քաղցի ու անէացման մատնելու, նոյնիսկ մանուկներու ու անկար ծերերու չխնայելու հրահանգներ կ՛արձակուէին, զորս ստորադաս դահիճները պարտական էին կարդալէ ու գործադրելէ ետք անմիջապէս անհետացնելու… Անաչառ պատմագրութեան կողմէ ընդունուած իրողութիւն է, որ իթթիհատական ջարդարարները հայերու բնաջնջումը յաջողցնելու համար բանտերէն արձակեցին քրէական թուրք եւ քիւրտ տարրերը, որոնք «չէթէյական» խումբեր կազմելով գործադրեցին երիտթուրքերու հրահանգները: Տակաւին գողականներու ղեկավարութեան հետ Քուրանի վրայ երդում կատարեցին ու գաղտնի դաշինք կնքեցին, թէ հայերէն կողոպտուած ու բռնագրաւուած ոսկէդրամ մէճիտիէներն ու այլ արժէքաւոր իրերը պահ պիտի դրուէին ներքին գործոց նախարարութեան մօտ ու յետագային՝ հաւասարէ հաւասար բաժնուէին իթթիհատական ղեկավարութեան եւ քրէական խմբակցութիւններու միջեւ: Կ՛ըսուի, թէ երբ Թալէաթ եւ ընկերները գերմանական մարտանաւով Պոլիսէն փախուստ կու տային, հայերէն բռնի թալանուած շուրջ 380 միլիոն ոսկի դրամին կէսը գերմանացիներու մեղսակցութեամբ Եւրոպա կը փոխադրէին: Միւս կողմէ՝ այլեւս պատմական իրողութիւն է, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին պարտուած Թուրքիոյ ղեկավարները, յաղթական դաշնակիցներն ու Գերմանիան լռեցնելու ու զանոնք սիրաշահելու համար, մեծղի պայմանագրութիւններ ստորագրեցին անոնց հետ: Անգլիան թրքական նաւատորմը զինելու ու կազմակերպելու մենաշնորհը ստացաւ: Ֆրանսան՝ ներքին ապահովութեան ուժերը զինելու եւ մարզելու: Իսկ Թուրքիոյ հաւատարիմ դաշնակիցը՝ Գերմանիան, բանակը զինելու շահաւէտ պայմանագրութիւնը ստորագրեց: Դեռ ալ միամիտ հայերս քրիստոնեայ այդ նոյն Եւրոպայէն փրկութիւն կը սպասէինք…
Անշուշտ, կար նաեւ Պալքաններէն փախուստ տուող մահմետական թուրքերու երդիկ ու մշակելի հող տրամադրելու անմիջական պահանջը, զոր երիտթուրքերը յաջողցուցին հայերու հապճեպ տարագրութեամբ ու ոչնչացումով, առանց մոռնալու իրենց փայփայած համաթուրանական երազ-զառանցանքը…
Սխալ պիտի ըլլար ենթադրել, թէ հարիւր տարի առաջ հայերը ջարդուեցան լոկ քրիստոնէական իրենց հաւատքին համար: Ոչ ալ թշնամիին, իմա Ռուսիոյ հետ իրենց այսպէս կոչուած գործակցութեան համար: Ուրիշ շատ մը կարեւոր էական տարրեր երիտթուրքերը մղեցին հայութեան հաշուեյարդարը գլուխ հանելու, որ 1876ին արդէն, Վանի արիւնալի ջարդերով ծայր տուած էր, իսկ յոյներու եւ լիբանանցիներու պարագային՝ 1821ին եւ 1845ին: Չմոռնանք որ վերոնշեալ հարցերուն ետին թաքնուած կար նաեւ անհանդուրժողականութեան ու նախանձի գործօնը: Այսօր հանրայայտ իրողութիւն է, թէ կայսրութեան առեւտուրը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած ըլլալու կողքին, հայ հանճարը կը փայլատակէր ճարտարապետութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու արհեստներու եւ մասնաւորապէս երաժշտութեան ոլորտներուն, նախանձը շարժելով ծայրայեղ ազգայնականներուն եւ մասնաւորապէս՝ Իթթիհատական կուսակցութեան ղեկավարութեան: Իշխող տարրին համար դիւրին էր մեծահոգութիւն ցոյց տալ քարէն հացը փրցնող փոքրամասնութիւններու հանդէպ, երբ որ Օսմանեան կայսրութիւնը փառքի իր օրերը կ՛ապրէր, ու անոր բանակները երեք ցամաքամասերու վրայ յաղթարշաւի մէջ էին:
Սակայն երբ այդ նոյն կայսրութիւնը սկսաւ փուլ գալու եւ ամէնուրեք կարեւոր տարածքներ կորսնցնելով՝ ինքն իր վրայ կծկուելու, սարսափի ու խուճապի մատնուեցաւ անոր ղեկավարութիւնը եւ օր առաջ փորձեց ձերբազատուիլ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ բնիկ տարրէն եւ գիտենք թէ անմարդկային ինչ միջոցներով իրագործուեցաւ տեղահանութեան պիտակին տակ կատարուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը, տեղ բանալու համար Պալքաններէն ներխուժող իրենց արիւնակից մոհաճիրներուն եւ առնաւուտներուն:
Ինչպէս վերը նշեցինք, թաքուն այդ պատճառներուն բաղադրիչները հանդիսացան իթթիհատականներու կողմէ հայերու ու քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուած խժդժութիւններուն եւ անոնց հաշուին կեանքի կոչուած դէպի սուրիական անապատը շարժող մահուան կարաւաններուն: