ԵՐԲ ՊԻՏԻ ԿԱՍԵՑՈՒԻՆ ԵՒ ՎԵՐԱՑՈՒԻՆ ՆՈՐԱԿԵՐՏ ԱՆՃՈՌՆԻ ԵՒ ԱՆՀԵԹԵԹ ԲԱՌԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view. Հայերէնի մէջ ամէն բառ իր յատուկ իմաստն ունի: Կան բառեր, որոնք բազմիմաստ են: Սակայն հայերէնը այնքան հարուստ է նորակերտ բառակերտումի համար, որ օտար լեզուներէ անտեղի փոխառութեան պէտք չունի:
Հայաստանի մէջ վերջին 100 տարիներուն այնքան անպատշաճ բառեր ներմուծուած, մխրճուած են հայերէնի մէջ, որ մարդուս զայրոյթը կը բորբոքի այսքան այլասերում եւ օտարամոլութիւն նկատելով:
Հայերէնը առանձին մասնաճիւղն է հնդեւրոպական 11 լեզուներու ընտանիքին: Նախօրօք յօդուածներուս մէջ նշած եմ, որ լատիներէնը իտալիգ կոչուած լեզուաճիւղէն սերած է, իսկ հայերէնը ինքնուրոյն ճիւղ է, որեւէ լեզուաճիւղէ սերած չէ: Խումբ մը եւրոպական լեզուները սերած են լատիներէնէ եւ ճերմանիգ կոչուած լեզուաճիւղէն, իսկ ռուսերէնը՝ սլաւիգ կոչուած լեզուաճիւղէն: Հայ ազգը ինչո՞ւ այսպէս կոչուած «փոխառութիւն» պիտի ընէ լատիներէնէ կամ սլաւիգ կոչուած լեզուաճիւղէն սերած՝ ռուսերէնէ, երբ հայերէնը ասոնցմէ շատ աւելի վաղեմութիւն ունի: Այո, անցեալին հայերէնին մէջ տասնեակ մը օտար լեզուներէ փոխառութիւններ եղած են (տես Հրաչեայ Աճառեանի «Արմատական Բառարան»ը), բայց երբ մենք ներկայիս ունինք արդէն չգործածուող բառեր բառարաններու մէջ, ինչո՞ւ զանոնք չգործածել եւ անոնց փոխարէն օտար բառեր ներմուծել հայերէն բառապաշարին մէջ: Ոմանք պիտի ըսեն «արդիականացում կամ միջազգայնացում» պէտք է …Ես պիտի ըսեմ անարդարանալի, անտրամաբանական այլասերում, օտարամոլութիւն եւ օտարապաշտութիւն պէտք չէ:
Օրինակներով խօսինք.
Bank-banque-banca (անգ., ֆր., իտալ.), բանկ (հայաստանեան): Դրամատուն (հայերէն): Բառացիօրէն bank բառին իմաստը բացի դրամատունէն, կը նշանակէ եզերք (գետի) եւ այլն…
Post-poste-posta (անգ. ֆր., իտալ.) փոստ (հայաստանեան), նամակատուն (հայերէն): Post բառը բազմիմաստ է եւ կը նշանակէ ցից, կայան, նամակատուն եւ այլն:
«Հայաստանեան հայերէն»ին մէջ այսօր կը վխտան նման բազմահարիւր բառեր, որոնք կ՛արտահանուին Սփիւռքի, արտագաղթողներու եւ հեռատեսիլէն սփռուած ծրագիրներու եւ արտատպուած յօդուածներու միջոցով եւ կ՛աղաւաղեն Սփիւռքի մէջ գործածուած հայերէնը:
Իսկ աւելի խայտառակութիւն են օտար արմատներով «բառակերտումները», որոնք հայ մտաւորականին նողկանքը կը յառաջացնեն:
Քանի մը ցայտուն օրինակներ տանք.
Պլանաւորել (հայաստանեան) to plan (անգ.), ծրագրել (հայերէն):
Այսինքն՝ plan օտար բառարմատը առնելով «հայերէն նոր բայ» շինած են…
Սուբսիդաւորել (հայաստանեան), to subsidize (անգ.), նպաստաւորել (հայերէն): Այսինքն subsidize օտար բառարմատով «հայերէն նոր բայ» հնարած են…
Ինտեգրացում (հայաստանեան), integrante (անգ.), integrer (ֆր.), integrare (իտալ.) ամբողջացնել, համալրել (հայերէն): Այսինքն օտար բառարմատով կրկին «հայերէն բայ» ստեղծած են…
Այո, «օտար արմատներով նոր հայերէն բառեր» կառուցելու, հնարելու, ստեղծելու, շինելու մարմաջը այնքան անսանձ ընդհանրացած է Հայաստանի մէջ, որ ոեւէ անձ իր նոր բառը կը ստեղծէ: Վերջերս դիմատետրի (facebook) Հայաստանի օգտատէրեր կ՛ըսեն, չես գիտեր ինչի՞ հիման վրայ, (անհաւատալին ալ նկատեցի) «առի»չ բառը հոլովողը «առիթաւորուիլ» ըրած է, եւ երբ նկատողութիւն ըրի, որ հայերէնի մէջ նման բառ չկայ եւ կարելի չէ «առի»չ բառը որպէս բայ հոլովել, կ՛ուզէր արդարանալ ըսելով՝ «Հայաստանի մէջ ընդունելի է…»:
Շարունակենք չնաշխարհիկ «հայաստանեան հայերէն»ի նորակերտ բառերու ցանկը:
Ապամոնտաժել (հայաստանեան), փլել, կազմալուծել, քանդել (հայերէն): Պարզ է որ ֆրանսերէն եւ անգլերէն montage բառարմատով հայերէնը քանդելով, նորակերտ բառ «ծննդաբերած» են…
Հոսպիտալացնել (հայաստանեան), hospitaliser (ֆր.), to hospitaliqe (անգ.), հիւանդանոց պառկեցնել (հայերէն): Ակներեւ է, որ օտար բառարմատով անհարկի բառակերտում է:
Կոռումպացուած (հայաստանեան), corrupt (անգ., ֆր.), corrotto (իտալ.) նեխած, ապականած, կաշառուած (հայերէն):
Օկուպացուած (հայաստանեան), occupied (անգ.), occupe (ֆր.), occupato (իտալ.), գրաւուած, զբաղած (հայերէն) եւ այսօր «Հայաստանի հայերէն»ի բառապաշարին մաս կը կազմեն նման հարիւրաւոր բառեր, որոնց մաքրազտման հիմնական, ազդու որոշում եւ գործնական քայլեր չի կիրարկուիր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որուն Սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնական լեզուն գրաւոր հայերէն է…»:
Ցաւալին այն է, որ Էջմիածինի եկեղեցական խորհուրդը Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութեան հետեւելով տէր չի կանգնիր՝ հայերէն դասական ուղղագրութեան վերականգնման եւ բառապաշարի մաքրազտման իր արդար բողոքի ձայնը լսելի դարձնելով…
Ո՞վ է պաշտպանը մեր լեզուին Հայաստանի մէջ, ո՞վ է պատասխանատու վերահսկիչ մարմինը, լեզուն օտար տարրերէ մաքրելու եւ պաշտպանելու իրաւասութիւն ունեցող կառոյցը եւ ի՞նչ գործունէութիւն կը տանի…
Նորակերտ բառեր անհրաժեշտ են հայերէնի մէջ, բայց ոչ ոտնահարելով մեր ունեցածը եւ օտարինը պարտադրելով…
Հայութեան 2/3ը Սփիւռք կ՛ապրի, եւ մենք պէտք է գիտնանք յստակօրէն թէ ո՞վ յանձն առած է նորակերտ բառակազմութեան պատասխանատուութիւնը եւ գրական հայերէնի գործադրութիւնը պարտադրելու պաշտօնը Հայաստանի մէջ:
Հետեւաբար ի՞նչ է մեր ակնկալիքը.
Հայաստանի պետական կառոյցները յարգեն եւ յարգել տան Հայաստանի սահմանադրութեամբ ամրագրուած օրէնքը հայերէնի մասին, գործածելով գրական հայերէնը եւ հրաժարելով օտար բառերու եւ բառարմատներով կերտուած խառնածին բառերու ոչ միայն գործածութիւնը,այլ նաեւ անոնց վերացումը բանաւոր եւ գրաւոր հայերէնի օգտագործման շրջանակներէն:
Յուսանք եւ սպասենք:
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ, «Մեսրոպեան Ուխտ» Լեզուապահպանական Միութիւն: