



Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Զարմանալի՞ էր, որ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կուսակցութիւնը շահեցաւ Թուրքիոյ ընտրութիւնները։
Բնականաբար ոչ։ Փաստօրէն, նախորդ ընտրութիւններուն, իր վայելած մեծամասնութեան կորուստէն ետք, ու մասնաւորաբար նոր ընտրութիւններու որոշումին իսկ ազդանշանով, Թուրքիոյ նախագահն ու իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը երկիրը դրին այնպիսի ճամբու մը մէջ, որուն աւարտին, Կիրակի, 1 Նոյեմբերին, զարմանալի պիտի ըլլար՝ եթէ Էրտողան եւ խունթան դարձեալ կորսնցնէին։
Յունիսէն ասդին, ու մանաւանդ վերջին քանի մը շաբաթներուն, Թուրքիոյ իրողական գետինին վրայ արձանգրուող զարգացումները ի յայտ բերին ընտրութիւններէն ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ յաղթական դուրս գալու էրտողանական վճռակամութիւն մը։ Մի հարցնէք, թէ նախագահին կուսակցութեան անունին մէջ արդարութիւն եւ բարգաւաճում եզրերը ի՞նչ նշանակութիւն կամ արժէք ունին, որովհետեւ իրականութիւնները փաստեցին, թէ բռնատիրական ոճով իշխանութեան վերահաստատման ձգտումը ո՛չ արդարութիւն կը ճանչնայ, ո՛չ ալ բարգաւաճումի մասին մտածած ունի (բացի, անշուշտ, սեփական շահերու բարգաւաճումէն)։
Եթէ միայն թւումի կարգով արձանագրենք քանի մը կէտ, պարզ աչքերով կրնանք տեսնել, թէ իշխանութիւնը ինչպիսի՛ արդարութեան ու ժողովրդավարութեան ձգտումով երկիրը հասցուց այս հանգրուանին։
Նախորդ ընտրութիւններուն յառաջխաղացք արձանագրած ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ճնշելու եւ զանոնք խորտակելու համար, իշխանութիւնը կանգ չառաւ որեւէ արգելքի առջեւ։ Կուսակցական ու մամուլի կեդրոններ ոստիկանական արշաւանքներու թիրախ դարձան, ընտրական արշաւներ խափանուեցան հրապարակային եւ քովընտի միջոցներով, իշխանութեան բռնարարքներուն դէմ ցոյցեր դիմաւորուեցան աւելի բիրտ ճնշումներով, քուէներ կեղծուեցան կամ կարգ մը շրջաններու մէջ քուէարկողներուն արգիլուեցաւ քուէ տալ… Մէկ խօսքով՝ Էրտողան իր ժողովուրդին ու աշխարհին ներկայացաւ այն պատմուճանով, որ միջազգային մամուլը երկար ատենէ ի վեր կը ներկայացնէ զինք, այսինքն՝ Սուլթան Համիտի փաթթոցով ու զգեստաւորումով, յաճախ նաեւ եաթաղանը ի ձեռին։
Ներքին բեմին վրայ այս ու նմանօրինակ բռնամիջոցներու զուգահեռ, Էրտողան եւ ընկերակիցներ շրջանային բեմին վրայ ալ դիմեցին արիւնալի քայլերու, որոնք յատկանշած են սուլթանական, իթթիհատական, քեմալական կամ ժառանգորդներու Թուրքիան։ Քիւրտերու դէմ յարձակումները ստացան նոր ջարդերու տարողութիւն, տարածուեցան Սուրիոյ ու Իրաքի սահմաններէն ներս, մինչդեռ արար աշխարհին ծանօթ է, որ քիւրտերը մասնակից են ծայրայեղականներու դէմ կռիւներուն, Արեւմուտքի օժանդակութեամբ կը ջանան զսպել այն ոհմակները, որոնք փաստօրէն կը զինուին ու կարելի ամէն տեսակի օժանդակութիւն կը ստանան… Էրտողանի Թուրքիայէն, որ այլապէս, տարիներէ ի վեր իր սահմանները բաց թողած է ծայրայեղականներուն առջեւ, օր ցերեկով թալանի ելած է Սուրիոյ հիւսիսային գօտիին մէջ. Քեսապի եւ Հալէպի ողբերգութիւնները ունին բազմաթիւ երեսներ…
Էրտողանի Թուրքիան չերկմտեցաւ նաեւ ոճրագործ ահաբեկիչներ արձակելու դէպի արաբական այլ երկիրներ. Եգիպտոսը, Եմէնն ու Լիպիան համտեսեցին թրքական «դեղ»ին ամբողջական դառնութիւնը։ Տակաւին, Թուրքիա ամենայն ամբարտաւանութեամբ չարաշահեց ու շահու աղբիւրի վերածեց գաղթականներու ողբերգութիւնը։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, ոչ ոքի համար գաղտնիք պէտք է ըլլայ, թէ Թուրքիա ինչպիսի՛ դեր ու բաժին ունի Սուրիոյ, Իրաքի եւ շրջանի այլ երկիրներու մէջ ստեղծուած արիւնալի պատերազմներուն հետեւանքով ծայր առած եւ ծանրացած՝ գաղթականական տագնապին մէջ։ Եւ ահա, Էրտողանի Թուրքիան սակարկութեան նստաւ Արեւմուտքի, մասնաւորաբար Եւրոպայի հետ, յայտարարելով, որ այդ գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքը պիտի արագացնէ։ Ու եւրոպացի դաշնակից-բարեկամները կուլ տուին այս լեղի դեղահատն ալ, եւ փութացին միլիառաւոր տոլարի օժանդակութիւն տրամադրելու Թուրքիոյ։ Անոնք լաւ գիտեն, թէ այդ օժանդակութիւններէն միայն փշուրներ պիտի հասնին գաղթականներուն։
Իսլամ ծայրայեղականներուն հետ գործակցաբար, Թուրքիա նաեւ շահու նոր աղբիւր մը ստեղծեց՝ կողոպտելով Իրաքի եւ Սուրիոյ քարիւղի հանքերը, իրողութիւն մը, որուն հանդէպ արեւմտեան ռատարները կը յամառին կոյր ձեւանալ։ Ի վերջոյ, Ինճիրլիքի օդակայանը դաշնակիցներուն տրամադրելու համար, Թուրքիա փոխարժէքներ ունի գանձելիք. ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ վճարողները ըլլան Սուրիան ու Իրաքը, որոնց բողոքները եւս կը բախին խուլ ականջներու։
Էրտողանի Թուրքիոյ ոճրային քաղաքականութեան դրսեւորումներուն ցանկը երկար է. բաւականանանք այսքանով, առանց մտնելու երկրէն ներս ժողովարդավարութեան ու մարդկային-քաղաքակրթական այլ արժէքներու ոտնակոխման ոլորապտոյտներուն մէջ։
***
Կրկնենք. վերջին ամիսներու կիրարկումները կասկած չէին ձգեր, թէ Էրտողան իր կորսնցուցած գետինը պիտի «վերագտնէր» ընտրութիւններուն ճամբով։ Հետեւաբար, Կիրակիի ընտրութեանց արդիւնքը զարմանալի չէր. այս հանգրուանին, երկորդական է, թէ Էրտողանի մենատիրական ձգտումները որոշ հակակշիռի տակ կը մնա՞ն, թէ ոչ. իրողական գետինի վրայ դէպքերը ցոյց կու տան, որ ան բռնատէր խաբեբայ մըն է։
Զարմանալի՞ն…
Ուրիշ տեղ պէտք է փնտռել զարմանալին։ Զարմանալին այն է, որ այս բոլորին դիմաց, մօտակայ եւ հեռաւոր բարեկամներ ողջունեցի՜ն Էրտողանի վերականգնումը։ Արեւմտեան մամուլն ու բանբերներ սկսան այլազան մեկնաբանութիւններով նախատեսելու, որ Թուրքիա դէպի բարեշրջում պիտի ուղղուի, քիւրտերուն հետ դրական երկխօսութեան մը համար գետինը հիմա աւելի ամուր է եւ այլն, եւ այլն։
… Կա՛մ այն է, որ Էրտողանի բրտօրէն խլած արդիւնքները դիտողները կոյր կամ շիլ են, կամ ալ այն, որ Էրտողանի հետ շահակցութիւնը կը դիտուի յուսատու ակնոցով, հոգ չէ թէ քիւրտեր ու արաբներ հազարներով զոհ կու տան Թուրքիոյ երէկի ու այսօրուան ոճրային քաղաքականութեան։
Այս համայնապատկերին դիմաց, շլութիւնն ու կուրութիւննը աններելի են, իսկ շահակցական մեղսակցութիւնը՝ դատապարտելի։ Եւ սակայն, Արեւմուտքը կը նախընտրէ կուլ տալ Էրտողանի ստապատիր վարքագիծէն իրեն հասնող «դեղերը»։ Սա դարաւոր սովորութիւն է արդէն…
2 Նոյեմբեր 2015