Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Առանց Կողմնացոյցի…Չես Կրնար Ճամբադ Գտնել, Մանաւանդ՝ Նպատակիդ Հասնիլ

$
0
0

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

nazareth Հայ քաղաքական միտքը յայտնուած է առանց կողմնացոյցի նաւարկելու աննախանձելի անձկութեան մէջ։

Խօսքը չի վերաբերիր ազգային մեր ներուժին եւ կարողականութեան անվիճելի յառաջխաղացքին։

Փաստօրէն, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի տարուան բազմաբնոյթ եւ բազմամակարդակ ելոյթները վկայ, ազգովին կրցանք միջազգային թէ ներազգային հնչեղութեամբ ամէնուր լսելի դարձնել հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան ձայնը՝ արար–աշխարհին յայտարարելով, թէ կը յիշենք ու կը պահանջենք։

Խօսքը կը վերաբերի նոյնինքն Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին առիթով թափ առած՝ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն միասնական պահանջատիրութեան յաղթարշաւը հունաւորելու, նպատակասլաց ընթացքով յառաջ մղելու ներքին դժուարութեան։

Այո՛, յայտնապէս դժուարութեան մատնուած ենք ճշդորոշելու, թէ ո՞ւր կ՛երթանք եւ ի՞նչ կ՛ընենք։

Թէ՛ ընդհանրապէս՝ պետական եւ հասարակական, հայրենական ու համահայկական բնագաւառներու եւ մակարդակներու վրայ։

Թէ՛ որոշապէս՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան յետ–հարիւրամեակի հանգրուանը կողմնորոշելու առումով։

Պարզապէս ախտորոշիչ ու պերճախօս էր օրինակը այն հակազդեցութեանց, որոնց ականջալուր կամ ականատես եղանք Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին վերջերս կայացուցած դատավճիռին առիթով՝ այսպէս կոչուած «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» հանրածանօթ դատական հարցին վերաբերեալ։

Սեւով ճերմակի վրայ՝ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը փաստօրէն վճռեց, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները իրաւական հիմք չունին քրէական յանցագործութիւն նկատելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ժխտող Փերինչեքի հրապարակային յայտարարութիւնները։ Ընդհակառակն՝ Փերինչեքի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը կաշկանդուած ու ոտնակոխուած կ’՛ըլլայ – եղե՜ր –, եթէ Զուիցերիա փորձէ քրէական պատիժի ենթարկել… Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը։

Հայ մարդուն համար՝ Եւրոպական Դատարանի որոշումը բացայայտ անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն է։

Բայց եկուր տես, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութիւնը չի բաժներ հայ հասարակ մահկանացուներուս այդ արժեւորումն ու տեսակէտը։

Ընդհակառա՛կն. ըստ ՀՀ ընդհանուր դատախազութեան պաշտօնական յայտարարութեան՝ Եւրոպական Դատարանի խնդրոյ առարկայ եւ Փերինչեքը «անմեղ» հռչակող դատավճիռը «կը բաւարարէ» – եղե՜ր – հայկական կողմին սպասումները։

Ցաւ ի սիրտ – անշուշտ հայերուս համար –, որ հայկական մամուլի էջերէն լսելի դարձան նաեւ ձայնակցումի ելոյթներ՝ ի նպաստ կամ ի լրումն դատախազական այդ «բարձր քաղաքականութեան» դեդեւումներուն եւ անհեռանկար դեգերումներուն։

Մինչեւ իսկ հրապարակուեցան առաջարկներ, որոնց համաձայն՝ լաւ կ՛ըլլայ, որ ձեռք քաշենք Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը օրէնքի ուժով քրէական յանցագործութիւն հռչակելու վերջին տարիներու Հայ Դատի պահանջատիրութեան զօրաշարժէն, որպէսզի կորսուած դատի մը ետեւէն վազողի եւ պարտութիւն կրողի հիասթափութիւնը խնայենք մեր ժողովուրդին…

Ահա՛ թէ ի՞նչ առումով՝ առանց կողմնացոյցի նաւարկութեան ախտորոշիչ ու բարացուցական օրինակ էր հայկական հակազդեցութիւնը՝ Փերինչեքի հարցով Եւրոպական Դատարանի անարդար եւ անիրաւ որոշումին։

Փոխանակ նորովի թափով սաստկացնելու եւ ընդարձակելու Հայ Դատի պայքարը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու թրքական յանցագործութեան եւ անոր իրաւական «պաշտպանութիւն» շնորհող կողմերուն դէմ, մատնուած ենք այն փորձիչ ու ջլատիչ փորձութեան, որ կը սորվեցնէ՝ «համբուրէ եւ գլխուդ դիր այն անիրաւ ձեռքը, զոր չես կրնար պարտութեան մատնել ու կտրել»…

Թերեւս աւելի դիւրին է ոտքի եւ կանգուն մնալու իմաստութեամբ ապրիլ, քան թէ իյնալու գնով պայքարը շարունակել՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան տիրանալու համար։

«Յիշելու եւ Պահանջելու» ուղին չի հարթուիր համակերպումի «իմաստութեամբ», այլ կը պահանջէ զոհաբերումի յանձնառութիւն։ Չէ՞ որ վերապրողներն ենք նահատակուած այն ազգին, որ Մահ կամ Ազատութիւն՝ Հայրենիք կամ Մահ վճռականութեամբ եւ ուխտով իր ուղին հարթեց եւ հասաւ մեր օրերու վերածնունդին։

Անշո՛ւշտ, Եւրոպական Դատարանի անարդար եւ անիրաւ դատավճիռին մէջ կրնանք գտնել հայկական տեսակէտին սատարող որոշակի մօտեցումներ եւ մեր պայքարի շարունակման համար անհրաժեշտ ու բաւարար հիմքեր։

Աւելի՛ն. ինչպէս որ հայ մեկնաբան մը իրաւացիօրէն դիտել կու տար, Եւրոպական Դատարանը իր որոշումով փաստօրէն ծայրայեղականութեան կը մղէ պահանջատէր հայութիւնը։ Ինչպէս որ հրեաները յաջողեցան, հանրային բողոքի ալիք բարձրացնելով, օրէնքով քրէական յանցագործութիւն հռչակել Հոլոքոսթի ժխտումը, այնպէս ալ հայերս, ըստ Եւրոպական Դատարանի տրամաբանութեան, կրնանք միեւնոյն արդիւնքին հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումի պարագային, եթէ թրքական ժխտողականութեան դէմ անհրաժեշտ ուժգնութեամբ գործածենք հասարակական բողոքի ալիք բարձրացնելու եւ միջազգային ճնշում յառաջացնելու մեր զէնքերը։

Յատկապէս Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակով նուիրագործուած ազգային միասնական պահանջատիրութեան ժառանգը կը պարտաւորեցնէ, որ յաղթահարենք մեր մէջ ծուարած եւ ոգեպէս մեզ կրծող համակերպումի եւ հաշտուողականութեան ցեցերը։ Ժամանակին հետ վերանորոգուելու մարտահրաւէրը իրաւունք չունինք շփոթելու պայմաններուն առջեւ տեղի տալու ձեռնթափութեան հետ։

Ինչպէս որ Հայրապետական իր պատգամներէն մէկուն մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս վերջերս կը շեշտէր՝ անհրաժեշտ է ճիշդ կարդալ ու ըմբռնել ժամանակի նշանները։

Միայն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կոչումն ու առաքելութիւնը ժամանակին համահունչ վերասահմանելու եւ վերանորոգելու իմաստութեան չի վերաբերիր վեհափառին յորդորը։ Կը վերաբերի ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն՝ պետական–քաղաքականէն մինչեւ բարոյական եւ մշակութային մեր ոգորումներուն։

Ժամանակի նշանները ճիշդ կարդալու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւենք յատկապէս ազգային մեր պահանջատիրութեան սրբազան պայքարը նոր ժամանակներու եւ պայմաններու ոգիով յառաջ մղելու ճակատին վրայ։

Որպէսզի չկորսնցնե՛նք կողմնացոյցը եւ կարողանանք գտնել դէպի Սերունդներու մեծ նպատակին իրագործումը առաջնորդող ճի՛շդ ուղին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles