ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Մինասը ո՞վ է չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ մէր հոգեբանութեան վրայ ծանր կերպով նստած աներեւոյթ կերպար մըն է, որմէ անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ: Ինչքան շուտ, այնքան լաւ:
Քանի մը օր առաջ, Եւրոպայի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Քաղաքական յանձնաժողովի սեղանին դրուած ու որդեգրուած էր զեկուցում մը՝ «Բռնութեան մագլցումը ԼՂՀի եւ Ատրպէյճանի գրաւեալ այլ տարածքներուն մէջ» խորագիրով:
Զեկուցումը պատրաստուած է ԵԽԽՎի բրիտանացի անդամ Ռապըրթ Ուոլթըր:
Արաբերէն առածը կ՛ըսէ՝ «նամակին բովանդակութիւնը իր հասցէով կը ճանչցուի»: Հիմա այս զեկուցումն է. բովանդակութիւնը յայտնի է… խորագիրէն: Երբ կ՛ըսուի՝ «ԼՂՀի եւ Ատրպէյճանի գրաւեալ այլ տարածքներուն», սա կը նշանակէ երկու բան՝
Ա) Ըստ զեկուցաբերին (եւ յանձնաժողովին), Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ատրպեճանական հող է, որ «գրաւուած» է եւ,
Բ) Կան նաեւ «այլ» գրաւեալ տարածքներ ու այս շրջաններուն մէջ (ԼՂՀ եւ «այլ») լարուածութիւն կայ, որ հետզհետէ կը սրի (Լարուածութիւն ըսուածն ալ ինքնիրեն չի սրիր. մէկը պէտք է սրէ: Բայց այդ ալ ուրիշ խնդիր է):
Աւելորդ է ըսելը, որ մեզի համար կան միայն ու միայն ազատագրուած հայկական տարածքներ: Վերջ: Բայց միջազգային քաղաքական կառոյցները այս տրամաբանութեամբ չեն շարժիր, մեղա՜յ, կարգ կայ, կանոն կայ, օրէնք կայ… Եւ ուրեմն, միջազգային միականի օրէնքով, քանի որ նախկին ԼՂԻՄը մաս կը կազմէր Ատրպէյճանին եւ քանի որ անոր իրաւայաջորդ ԼՂՀն չէ ճանչցուած իբրեւ անկախ պետական միաւոր, հետեւաբար կը շարունակէ մնալ «ատրպեճանական տարածք», որ սակայն, ներկայ դրութեամբ, կը մնայ «գրաւուած»:
Միականի ըսինք, որովհետեւ այդ օրէնքին կառչողները չեն ուզեր տեսնել, որ ԼՂԻՄը իր անկախութիւնը հռչակած է Խ. Միութեան օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ եւ անօրինական ոչինչ կար այդ քայլին մէջ: Վսիօ՛…
Իսկ մեծ ուժերը միջազգային օրէնքը առաջ կը քաշեն միայն ա՛յն ատեն, երբ իրենց համար նպաստաւոր է. իսկ աղբանոց կը նետեն այն ատեն, երբ իրենց համար աննպաստ է: Նորութիւն չկայ մեր այս միտքին մէջ. պարզապէս վերյիշեցում է: Աշխարհի կարգը այսպէս է, սիրենք կամ չսիրենք: Սա իրականութիւն է եւ ինչպէս այս յօդուածագիրը յաճախ կրկնած է՝ պէտք է հաշուի առնել միայն չոր իրականութիւնները:
Ուրեմն, հարցին էութիւնը, կամ տրամաբանութիւնը, պէտք է դիտել քաղաքական բնագաւառէն ներս:
Երկու օր առաջ, ԵԽԽՎի Քաղաքական յանձնաժողովին կողմէ այս զեկուցումին որդեգրումին մասին արտայայտուած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան: Ան յիշեցուցած է, թէ Ռապըրթ Ուոլթըր նոյն այն անձն է, որ 2013ին ղեկավարած է եւրոպացի դէտերու առաքելութիւնը Ատրպէյճանի խայտառակ նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք նոյն այդ առաքելութեան զեկուցումին մէջ որակուած էին «փայլուն»: Այս զեկուցումէն ետք, շարունակած է Քոչարեան, բրիտանական «Տը Կարտիըն» թերթը հաղորդած է, թէ Ուոլթըր եւ իր ընկերները նախ արքայավայել ընդունելութեան արժանացած են Պաքուի մէջ, ուրկէ վերադարձած են արժէքաւոր նուէրներով՝ «խմիչքներ, խաւիար, մետաքսեայ գորգեր ու գումարներ»:
Շաւարշ Քոչարեան ապա յայտարարած է. «Եւ ստացւում է, որ Եւրոպայի խորհուրդը հասել է այն աստիճանի, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավարը կարող է հրապարակային յայտարարել. «Եւրոպայի խորհուրդը մերն է»: Պատկերացնո՞ւմ էք՝ բռնատիրական Ատրպէյճանի ձեռքում է գտնւում Եւրոպայի խորհուրդը», որ սկզբունքով պէտք է յառաջ մղէ մարդկային իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, խօսքի ազատութիւնը, այլակարծութիւնը եւ նման իտէալական արժէքային համակարգ մը ամբողջ:
Պարզ է, որ Ատրպէյճան եւրոպական կառոյցներուն մէջ առատօրէն կը գործածէ իր քարիւղատոլարները: Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք՝ իսկ ինչո՞ւ չգործածէ: Կաշառքը զէնք է, որ ամէնուրեք կարելի է գործածել քաղաքական դաշտէն ներս: Տկարութեան նշան է, երբ ամէն պատեհ առիթի հրապարակաւ կը դժգոհինք, որ Պաքուի իշխանութիւնները կը կաշառեն եւրոպացի դիւանագէտները:
Եթէ կրնանք Պաքուի կաշառատուութիւնը եւ եւրոպացի պաշտօնատարներու կաշառակերութիւնը քարոզչական ամէն միջոցներով բացայայտել ու զանոնք խայտառակել համաշխարհային հանրային կարծիքին մօտ՝ ընենք:
Եթէ մենք եւս կրնանք գտնել ու շահագործել այս կամ այն օտար պաշտօնատարին թոյլ կողմերը՝ այդ ալ ընենք: Բայց ի սէր աստուծոյ, լալկան Մինաս չըլլանք:
5 Նոյեմբեր, 2015
vproodian@gmail.com