ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
- Պէյրութի կռիւին իրենք հոս որ եկան, մենք մեր տուներու մէջ ընդունեցինք….
- Իրենք գոնէ տուներու գիները թեթեւցնէին…
- Հօրեղբօրս տղան Գանատայէն կը հարցնէ՝ ինչպէ՞ս էք։ Ըսի՝ գիտէ՛ք ինչպէս ենք։ Վերջը թէ՝ կինս հետդ խօսիլ կ՛ուզէ։ Է՜, ես ի՞նչ պիտի խօսիմ անծանօթ կնկայ հետ. փախո՛ւստ տուաւ, կարծես ես ալ հիմա Գանատա պիտի երթամ։ Մեր տունը, ձեռքերուս մէջ մեծցեր է…
- Մեզի գիւղէն կը հրաւիրեն, մենք չենք երթար։
- Ի՞նչ գիւղ։
- Եղբայրս տարի մը տունը կը նորոգէր, գիւղացի գործաւոր մը կար, եղբայրս հետը լաւ վարուեր է, այդ օրէն բարեկամացեր է։ Կ՛ըսէ՝ առաջին անգամն էր որ գործատիրոջ հետ ես ինծի մարդ զգացի։ Հիմա, դէպքերը սկսելէն ասդին, քանի՜ անգամ կը հեռաձայնէ, թէ՝ ընտանիքդ առ, մեր տուն եկուր, ձեզի պէս տուներ չունիմ, բայց քանի մը հատ ազատ գուպա (հողաշէն կոնաձեւ տուն) ունիմ, ուզածիդ չափ մնայ…
- Գուպա՞ մը, մենք կրնա՞նք անոր մէջ ապրիլ։
- Կարեւորը մարդու հրաւիրելն է, եթէ Գանատա հրաւիրէին, նորէն գացող չէի, բայց…
Մի՛ մեղադրէք հալէպցիները…
***
- Ծերուկ մը ամբողջ գիշեր հացի կարգի կեցեր է ու առտու հաց չէ մնացած։ Տուն դարձին փողոցը մարեր ինկեր է։
- Կին մըն ալ նպաստ նոր հագուստներ ստացեր, տարեր է իսլամ մսավաճառին, թէ՝ հագուստը ի՞նչ պիտի ընեմ, տեղը ինծի միս տուր, զաւակներուս կերցնեմ։ Անխիղճը 200 կրամ տուեր է…
- Ճա՛նըմ, պարապ խօսքեր են, միութիւնները քանի տեղ նպաստներ կու տան, անօթի մարդ չկայ։ Պարէն ալ կու տանք, հագուստ ալ, վերջերս ալ պատրաստի կերակուր կը բաժնենք։
- Մարդիկ կան, հագուստները կ՛առնեն, կ՛ելլեն դուրսը սպասող հնավաճառներուն կը ծախեն։
- Թո՛ղ ընեն, գիտե՛նք, բայց մենք պիտի տանք, ինք իր յարմարութեան թող նայի, բայց անօթի չենք ձգեր…
- Ոչ միայն միութիւնները, ծանօթ-ազգականներ ալ ուրիշ քաղաքներէ հալէպցիներուն հաց կը ղրկեն…
Հալէպցիները երախտագէտ մարդիկ են, մանաւանդ հիմա՝ գերզգայուն…
***
- Դամասկոսէն ընտանիք մը եկեր է. հոն տուներնին փլեր է, հոս Նոր Գիւղ կը նստին. վիճակնին՝ խե՜ղճ… տղաքը դպրոց հասնելու համար օրական երկու անգամ «ղաննասի» թաղէն կը վազեն… ի՜նչ ալ անուշ, կիրթ ձագեր են…
***
-Ինչպէս եմ մը՞… ալ ինչպէս մնա՞ց… Ուրիշներու գոնէ մէկ բան զարնուեր է, մեզի՝ տունն ալ, օթօն ալ, խանութն ալ…
- Ո՞ւր կը մնաք։
- Մօրս տունն ենք, բեռ եղանք…
- Ճա՛նըմ, ինչո՞ւ բեռ, ծնողքդ են, նեղ օրին ալ ո՞վ պիտի հասնի։
- Ամուսինս գործ չունի, ինքզինք կ՛ուտէ, փողոցը նստեր՝ մոմ կը ծախէ… խանութը քանդուած, տունիս վիճակը տեսնես…
- Համբերէ՛, կ՛անցնի, ա՛ս ալ կ՛անցնի, ի՞նչ ընենք, իմ ամուսինս ալ փողոցը քէպապ կը շինէ, աս օրին ալ հասանք, բայց կ՛անցնի։
- Կ՛անցնի՞ կ՛ըսես… գոնէ տունս դառնամ, այդ վիճակին ալ յօժար եմ. մտեր են, կերեր, խմեր, աղտոտեր, լոգցեր՝ աղտոտ ճերմակեղէնը ասդին անդին նետեր, սիկարեթը բազմոցներու եւ փիանոյի վրայ մարեր են, նոր առեր էինք աղջիկիս համար… Ի՜նչ յոգնութեամբ շիներ ենք ամէն ինչ… Յիսուսի գլուխը կտրեր՝ մոմակալ ըրեր են, ինչու՝ ուրիշ բան չկա՞ր…
- Որո՞նք են, մերինները, թէ՞…
- Մեր զինուորներն են, ճա՛նըմ, ըսէ՝ ձեր տունի պէս գործածեցիք, ալ ինչո՞ւ կը ջարդէք, կ՛այրէք, ինչո՞ւ… ալ ջիղ չմնաց, ե՞րբ պիտի վերջանայ…
- Պիտի անցնի, դուն ջիղերուդ տէր եղիր, փառք տուր, որ գլխուդ վրայ ծածկ մը ունիս։ Ընտանիք գիտեմ՝ արդէն հինգերորդ տունը կը փոխէ։ Հագուստ- մագուստ սաւանի մէջ կը լեցնեն ու տեղէ տեղ… դեռ վարձք ալ կու տան… ինչպէ՞ս…
Վեց հարիւր տարի սա ժողովուրդը իր անկախութիւնը երազեց՝ գաղթականի հոգեբանութենէն ազատելու համար…
***
Կը քալեմ անձրեւին տակ. Հալէպի միալար, անվերջ անձրեւը, որ հիմա առաւել կը սեղմէ հոգիդ, քանի որ առաւել շուքային կը դարձնէ արդէն իսկ շուքերու վերածուած մարդիկ, քաղաքը՝ գո՜րշ, տխո՜ւր։ Անիրական աշխարհի մէջ կ՛ապրինք կարծես (կ՛ապրի՞նք…) ու կը սպասենք լոյսը, որ պիտի որ գայ ինչ որ տեղէ։ Կը հաւատա՞նք մեր սպասումին։ Ամէն պարագայի կը հիւսուին առասպելները՝ փրկութեան օրուան ճիշդ նշումով, որ կրնայ նաեւ «աշխարհին վերջը» ըլլալ։ Իսկ ինչո՞վ վերջացած չես, աշխա՛րհ, ողբամ զքեզ։
Որքա՜ն խոստումներ «կերաւ» հալէպցին ու արդէն կուշտ է, բայց չէ որ «ջուրն ինկողը օձին կը փաթթուի»։ Կարծես հիմա հոն հասեր ենք ու օձը կը փնտռենք…
***
Իւրաքանչիւր օր, երբ այս թարմ, պատանի հոգիները ժպիտով կը դիմաւորեն զիս ու իրենց պայծառ աչքերու տաք հայեացքներով լուռ գուրգուրանք կը փոխանցեն ինծի՝ տաքուկ հրճուանքի ու խանդաղատանքի հետ միասին հոգիս կը սեղմէ անորոշութեան զգացումը։ Ծանր կացութիւնը որքա՜ն արագ հասունցուց զիրենք ու իրենց աչքերուն մէջ թարմացուց հայու թախիծը։ Եւ ես ինչո՜ւ անվերջ պիտի ապրիմ այս լուսաւոր պատանիներու հաւանական կորուստի մորմոքը։ Ինչպէ՜ս պիտի ուզէի թխսկան հաւու պէս զանոնք թեւերուս տակ առնել…
Առածը կ՛ըսէ՝ արջին գիտցած բոլոր իննսունինը երգերը տանձի մասին են…
Իմ ալ գիտցածները այլեւս միայն այս մէկ՝ մաշո՛ղ, ջլատո՛ղ, խոցոտո՛ղ ցաւի մասին են։ Մեղաւոր ու պատասխանատու կը զգամ, երբ իմ թանկ արիւնի իւրաքանչիւր կաթիլը կ՛երթայ խառնուելու ու ցամքելու օտարի անապատներու կամ, թէկո՛ւզ, ծաղկաստաններու մէջ՝ «Անին Ամերիկա գնաց…», «Ցոլերը Շուէտ գնաց…», «Նժդեհը Ֆրանսա գնաց…», ո՜ վ, նժդեհ ազգ…
Զմեզ կրթեցիք «Քանց օտար վարդ քաղցր է հայրենեաց փուշ» ռոմանթիկ գաղափարով։ Արդ ես, որպէս մայրը բոլո՛ր, բոլո՛ր աշխարհացան զաւակներուս, որպէս Մայր Հայաստա՛ն, կը մեղադրեմ ձեզ, ո՛վ նորօրեայ գահակալները երկրիս։ Ինչպէ՜ս կը քնանաք գիշերները, երբ այս մարգարիտները կը ցրէք աշխարհով մէկ։ Չէ՞ք զգար միթէ, որ անոնց հետ կը կորսնցնենք մեր վաղուան օրը, «…որովհետեւ այն որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ…», չէ՞ք տեսներ միթէ, որ արդէն, այսօր իսկ, անոնցմէ շատեր Արարատ չունի՛ն իրենց հոգիներուն մէջ ու անոնց պայծառ աչքերուն մէջ այլեւս չի՛ փայլիր հայերէնը…
***
Վերջին առասպելը կամ զուարճապատումը՝ եթէ կ՛ուզէք։
- Գիտէ՞ք ինչու Հալէպը նորէն լման խաւարի մէջ է։
- Ինչո՞ւ…
- «Միւսները» գրաւեր են ե-լեկտրական կեդրոնները ու բանակին առաջարկեր են, որ արտօնէ մտնեն օդակայան։
-Ի՜նչ…
-Չէ՛, գրաւելու չէ՝ պիտի նկարուին ու ղրկեն իրենց մեծերուն, քանի փոխարէնը 400 միլիոն ունին։
-Է՜է՞…
- Հիմա բանակին հետ բանակցութեան մէջ են։
-Ճանը՛մ, ամէն տեղ թող մտնեն ու նկարուին, միայն թէ ալ խալսինք, եա՜…