Երեսուն տարիներ առաջ առեւանգուեցաւ, սպաննուեցաւ, բայց երբեք… չմեռաւ:
Անմահացած ընկեր Աբօ շարունակեց ապրիլ բոլորին միտքին ու սիրտին մէջ, իրեն մօտէն ճանչցողներ ու գործակիցներ ըլլային անոնք, թէ իր շունչով ու օրինակով կազմաւորուած եւ միս ու ոսկոր կապած գաղափարի զինուորներ, թէ իր անձին ու գործին հեռուէն ականատես կամ միայն ականջալուր հետեւողներ:
Արդարեւ, իր կենդանութեան արդէն, Աբօ Աշճեան ըստ ամենայնի նուաճած էր Դաշնակցական մարտիկի անզուգական կերպարի եւ, միաժամանակ, մարտական առասպելատիպ ղեկավարի անկորնչելի՛ պատուանդանը: Եւ ճիշդ այդ Առասպելատիպը սպաննելու անարգ նպատակին ծառայող ոճիր էր կատարուած ընկեր Աբոյի առեւանգումը: Պատուիրատու սադրողը, իր գաղտնի սպասարկութիւններուն միջոցաւ, նոյնինքն թրքական պետութիւնն էր, որու դաւադիր աչքին ընկեր Աբօ կը մարմնաւորէր արդարադատ բազուկը 1970ականներուն ծաւալած Հայ Դատի ուժական պայքարին: Իսկ առեւանգողները այլապէս անարգ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մոլուցքին մէջ կազմաւորուած վարձկան ձեռքեր էին, որոնց աւերումի եւ աւարումի ախորժակներուն դէմ անանցանելի պատուար դարձած էր Դաշնակցութեան շուրջ ձեւաւորուած Լիբանանի հայութեան դրական չէզոքութեան ինքնապաշտպանական ամրոցը, որուն անվիճելի հրամանատարն էր ընկեր Աբօ:
Դեռ չէ գրուած ամբողջական հերոսապատումը զոյգ ուղղութիւններով- թէ՛ Հայ Դատի ուժական պայքարի եւ թէ Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանական մարտնչումի ճակատներուն վրայ Սփիւռքի հայութեան արձանագրած զարթօնքին ու յառաջխաղացքին: Նաեւ՝ ժամանակագրական առումով, տակաւին կանխահաս է հայ կեանքի զգայուն այդ հանգրուանի լիակատար ու սպառիչ բացայայտումը: Հետեւաբար, դեռ չէ տրուած վաւերական ու լիարժէք գնահատականը այն ներդրումին եւ վաստակին, որ կը կոչուի ընկեր Աբօ:
Այսուհանդերձ՝ հանրածանօթ երգին բառերով «անմահացած ընկեր Աբօ»ն կը շարունակէ, յանդուգն խիզախումի եւ անխոնջ մարտունակութեան իր վարակիչ օրինակով, ոգեշնչման վարար աղբիւր մնալ հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակներուն համար ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլեւ նոյնինքն Հայաստանի մէջ:
Բեմերէ եւ լուսարձակներէ միշտ հեռու, լուռ անձնուիրութեան եւ արթուն պահակի առաքելութեան կոչուած, տքնաջան աշխատանքի վարպետ Գործիչն էր, ի վերջոյ, Աբօ Աշճեան: Աւելի քան քառորդ դար, 1950ականներու կէսերէն սկսեալ, Դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի մարտունակ եւ մարտական ուժը հզօրացնելու անդադար եւ անվեհեր վազք մը եղաւ ընկեր Աբոյի կեանքը:
Եւ ընկեր Աբօ առաջիններէն էր գաղափարի այն անզուգական մարտիկներէն, որոնք սեփական օրինակով թափ տուին ընդհանուր զօրաշարժին՝ հայութեան սպառնացող ամէն կարգի վտանգներու եւ տարբեր կողմերէ եկող հարուածներու դէմ ճակատաբաց ծառանալով եւ անհաւասար ուժերով կռիւներէ յաղթական դուրս գալու պայքարունակութիւնը ամրագրելով: Հայութեան ինքնապաշտպանական ուժն ու կազմակերպուածութիւնը նուաճելու այդ զօրաշարժին մէջ, յատկապէս ընկեր Աբօ առաւելագոյնս օժտուած էր Դաշնակցութեան մարտական աւանդներէն եկող զէնքներով՝ անկաշառ հաւատարմութեամբ եւ անանձնական կարգապահութեամբ, անկոտրում յանդգնութեամբ եւ անսպառ ընկերասիրութեամբ, մահուան դէմ քալելու ինքնավստահութեամբ եւ ամէնէն ծանր փորձութեան պահերուն իսկ խուճապի չմատնուելու սառնասրտութեամբ:
Եւ Հայ Դատի ուժական պայքարի նորագոյն զարթօնքին հետ վերանորոգուած այդ աւանդներուն հաւատարիմ, ընկեր Աբօ եղաւ դրօշակիրներէն մէկը Դաշնակցութեան ղեկավար այն սերունդին, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պարտադրած հայկական ինքնապաշտպանութեան գործին տուաւ վաղուան հայ ազգային բանակին սաղմնաւորման ձեռնարկելու նպատակասլացութիւն, գաղափարակա՛ն բովանդակութիւն:
Նոյն այս ուղղութեամբ յուշով մը կ՛արժէ եզրափակել Երեւանի մէջ ընկեր Աբոյի յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ներշնչուած խորհրդածութիւններու այս ուրուագիծը:
1978ի Հոկտեմբերին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամառնային նստավայրին՝ Պիքֆայայի վանքի, շրջափակէն ներս գտնուող Մեծ Եղեռնի նահատակաց յուշարձանին դէմ գործուած էր պայթեցման անարգ խափանարարութիւն, որուն դէմ բողոքի եւ դատապարտանքի համընդհանուր ալիք բարձրացաւ հայաշխարհով մէկ: Հայ Դատի պահանջատիրութեան զարթօնքի տարիներն էին. ազգային միասնականութեան մթնոլորտը աստիճանաբար տիրական կը դառնար գաղութէ գաղութ. նաեւ Խորհրդային Հայաստանը մերձեցման իր առաջին քայլերը կը նետէր Սփիւռքի այսպէս կոչուած «դաշնակցական հատուած»ի ուղղութեամբ. ահա այդ մթնոլորտին մէջ ծանօթ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Զօրի Բալայեան, յանուն հայրենի մտաւորականութեան, զօրակցութեան այցով ժամանեց Լիբանան. Խորհրդային դեսպանատան ատենի հայկական բաժնի պատասխանատու դիւանագէտին ընկերակցութեամբ հայրենի «պատգամաբեր»ը նախ այցելեց Պիքֆայա, ապա՝ ուղղուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտ. հազիւ կամուրջը անցած, Արմենիա շէնքին առջեւ, հայրենի մտաւորականը դէմ յանդիման գտնուեցաւ մեծապէս յուզիչ պատկերի մը. մինչեւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբ երկարող ճամբու երկու մայթերուն, խիտ շարքերով եւ զինուորական լրիւ հանդերձանքով ու զրահներով՝ պատուոյ պահակագունդ կազմած էին «մեր տղաքը…»: Որքան հայրենի անձնաւորութիւնները մօտեցան Դաշնակցութեան ակումբին, այդքան բազմացաւ ու խտացաւ յարգանքի եկած մեր զինեալ տղոց համրանքը. իսկ «Սարդարապատ» ակումբէն ներս արդէն հայկական բանակի զօրանոցային պատկեր կը տիրէր եւ հասկնալի է, որ Զօրի Բալայեան, Հայաստանէն գալով հանդերձ, ինչո՛ւ այդ աստիճան հպարտութեան արցունքներով ողջունեց հայրենիքին ի պատիւ հաւաքուած «հայոց բանակի» այդ նախատիպը:
Իւրօրինակ եւ պատմական նշանակութեամբ այդ «զօրահանդէս»ի ամբողջ տեւողութեան տեսանելի կամ զգալի չէր ընկեր Աբոյի ներկայութիւնը, հակառակ անոր, որ անմահացած մեր ընկերը անշուշտ ներկայ էր եւ ոչ միայն «հրամանատար»ն էր օրուան արարողութեան, այլեւ հպարտ հայեացքով «խմբավարն» էր Դաշնակցութեան մարտական աւանդներով կազմուած հայոց բանակի նախերգանքին, որուն իբրեւ սեփական ձեռակերտը նայելու եւ գուրգուրալու ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունէր:
↧
Անմահացած Ընկեր Աբօն
↧