Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Հետապնդելը Պարտքս Է Մօրս Առջեւ»

$
0
0

0721spear

 

«ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՁԱՅՆ» ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆ ՃԵՔԻ ԽԱՆՉԵԼԵԱՆ-ՍՓԻՐԻ ՀԵՏ

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կրնա՞նք ձեզի դիմել Խանչելեան-Սփիր անունով:

Ճ. ԽԱՆՉԵԼԵԱՆ-ՍՓԻՐ.- Այո՛, խնդրեմ այդպէս դիմեցէք:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քոնկրեսական Խանչելեան-Սփիր, դուք ԱՄՆի քոնկրեսի այն եզակի անդամներէն էք, որոնք ունին հայկական ծագում: Այդ փաստը ձեր վրայ յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ՞:

Ճ. ԽԱՆՉԵԼԵԱՆ-ՍՓԻՐ.- Մայրս ազգութեամբ հայ էր: Ան կեանքէն հեռացաւ 94 տարեկան հասակին, սակայն ան ինծի կը պատմէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եւ ամբողջ կեանքիս ընթացքին իմ նախնիներէն փոխանցուած այդ յիշողութինը հետեւած է ինծի: Ցաւով կը նշեմ, որ Միացեալ Նահանգներ դեռ չէ ճանչցած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այսպիսով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կարեւոր խնդիր մըն է, զոր հետապնդելը պարտքս է մօրս առջեւ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- ԱՄՆի նախագահական պատուիրակութեան կազմին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձի միջոցառումներուն դուք Հայաստան կը գտնուէիք: Ձեր տպաւորութիւնները ինչպիսի՞ն էին այդ այցելութենէն:

Ճ. ԽԱՆՉԵԼԵԱՆ-ՍՓԻՐ.- Իմ գործընկերոջ՝ ամերիկահայ քոնկրեսական Աննա Էշուի հետ ես նախագահական պատուիրակութեան կազմին մէջ էի: Ես խորապէս վիրաւորուած կը զգամ, որ իմ երկիրը տակաւին չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը: ԱՄՆը պար-տաւոր է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ թէ՛ ամերիկահայ համայնքի եւ թէ իր իսկ արժէքներուն չդաւաճանելու համար:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դուք նաեւ յատուկ նամակ պատրաստած էք եւ լուրջ աշխատանք կը կատարէք Թուրքիոյ տարածքին հայկական ժառանգութեան, հայկական եկեղեցիներու պահպանման համար:
Ճ. ԽԱՆՉԵԼԵԱՆ-ՍՓԻՐ.- Թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին եւ թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ժառանգութիւնը լուրջ վտանգի տակ է, մենք չենք կրնար չբարձրաձայնել այդ խնդիրը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութեան վերաբերեալ. մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու փոխարէն ժամանակը չէ՞, որ Միացեալ Նահանգներ օգնէ Հայաստանին զարգանալու տնտեսապէս:

Ճ. ԽԱՆՉԵԼԵԱՆ-ՍՓԻՐ.- Երկուքն ալ պէտք է շարունակուին: Հայաստանին յատկացուող ամերիկեան օգնութիւնը վերջին 5 տարիներուն ընթացքին կիսով չափ կրճատուած է՝ 44 միլիոն տոլարէն հասնելով 20 միլիոնի: Այսպիսով Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը կրճատուած է, իսկ այլ երկիրներու յատկացուող օգնութիւնը մեծապէս աճած է: Կը կարծեմ, որ Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը կարեւոր է. Հայաստան շրջափակման մէջ է, մենք կը հասկնանք, որ Հայաստան ամուր յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ, սակայն Միացեալ Նահանգներ եւս պէտք է սերտ յարաբերութիւններ հաստատէ Հայաստանի հետ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles