Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Կը յիշէք չէ՞, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, երբ Երեւանի Մաշտոց պուրակի հարցով հանրութիւնը բողոք բարձրացուց քաղաքապետարանին դէմ, նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց խնդրոյ առարկայ վայրը ու իր մէկ արտայայտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հարցը լուծուի ի նպաստ հանրութեան: «Սիրուն չի, Տարօն ջան, սիրուն չի»:
«Տարօն»ն ալ (քաղաքապետը), հլու հնազանդ իր «շէֆին», ընդառաջեց անոր գեղագիտական ճաշակին եւ հարցը փակուեցաւ… ի մե՜ծ ուրախութիւն տասնեակ հազարներու, որոնք փողոց իջած էին՝ արդար մտահոգութենէ մղուած:
Շատեր կարծեցին, թէ հոլիվուտեան ժապաւէններու «ուրախ աւարտի» (happy ending) մը ականատես եղան այդ օր՝ «սիրուն չի» վճիռը լսելով:
Իրականութեան մէջ սակայն, համակարգային ողբերգութեան մը հերթական արարն էր տեղի ունեցածը, որովհետեւ ցոյց կու տար, թէ գերակշիռը ոչ թէ հանրութեան մտահոգութիւնն էր, այլ՝ երկրի գերագոյն իշխանաւորին (այս պարագային՝ անհատի մը) մէկ ու միակ խօսքը՝ ի դէմս քաղաքապետարանի որոշումին:
Լաւ, եղածը եղած է, ի՞նչ պէտքը կայ խօսելու այս մասին, այդ ալ… տարի մը վերջ: Այսպէս կրնան մտածել շատեր՝ արդարօրէն:
Այս աշխարհահռչակ դարձած «սիրուն չի»ն յիշեցինք անցնող շաբաթներուն եւս, երբ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման պատճառով ժողովրդային բողոքի ալիք բարձրացաւ եւ ցոյցի կազմակերպիչները հրաւիրուեցան… նախագահական գրասենեակ, բանակցելու համար:
Տարօրինակ է, չէ՞: Իսկ ինչո՞ւ նախագա՛հը պիտի ըլլար նման հրաւէր ուղղողը եւ ոչ թէ, ըսենք, ուժանիւթի նախարարը: Արդար պիտի ըլլար ակնկալելը, որ համապատասխան նախարարը ի՛նք ըլլար կացութեան տէրը, ցոյցին կազմակերպիչները հրաւիրէր իր գրասենեակը: Իսկ երկրին վարչապետն ալ սխալ բան ըրած պիտի չըլլար, եթէ նախարարին կատարէր համապատասխան թելադրանք:
Սակայն այդ հրաւէրը մերժուեցաւ: Մերժուեցաւ ոչ թէ մեր նշած հարցադրումի տրամաբանութենէն մեկնելով, այլ՝ ուրիշ:
Փաստօրէն, նախագահը կ՛ըսէ, թէ իրմով կը սկսի եւ իրմով կը վերջանայ ամէն ինչ. Մաշտոցի պուրակի խնդիր ըլլայ ատիկա, թէ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման հարց: Եւ այս կէտին վրայ, բողոքի ցոյց կատարողները եւս նոյնը կ՛ըսեն, համամիտ են: Հանրութեան միտքին մէջ եւս տեղաւորուած եւ ընդունուած է, որ նախագահով կը սկսի եւ իրմով կը վերջանայ ամէն ինչ: 18րդ դարուն, Մեծն կոչուած Ֆրետերիք թագաւորը («Լուսաւորեալ մենատէրը») եւս նոյն բանը կ՛ըսէր, չէ՞:
Սա ապառողջ կացութեան մը ցուցանիշն է:
Ապառողջ է, որովհետեւ ժողովրդավար համակարգի էութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ: Հանրային կեանքի մէջ, երբ բարձրագոյն պաշտօնատարի մը կամքէն կախեալ է ամէն ինչ, այդ մէկը ժողովրդավարութիւնը կը պարպէ իր բովանդակութենէն ու զայն կը վերածէ ձեւականութեան ու ծէսի:
Ապառողջ է, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ ժողովրդային կամքը յարգելու, զայն առնուազն լրջօրէն հաշուի առնելու, այդ կամքին հաշուետու համարուելու կենսունակ «մեքանիզմը», կամ կառոյց(ներ)ը կը բացակայի(ն):
Այս կացութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ընդլայնի խրամատը իշխանութեան եւ քաղաքացիներուն միջեւ, կառավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Եւ հոս է, որ երեւան կու գայ համակարգային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի մէջ:
Ըստ այս յօդուածագիրին, գոյութիւն ունի «համակարգային տագնապ» մը, որ այս օրերուն սկսած է համաշխարհային բնոյթ ստանալու: Ժողովրդավարութիւնը քիչ մը ամէն տեղ նահանջի մէջ է եւ բնաւ զարմանալի չէ, որ այս նահանջին զուգահեռ, վայրագ դրամատիրութեան գաղափարախօսութիւնը, իր կարգին, սանձարձակ կ՛արշաւէ:
Սա չի նշանակեր, որ Հայաստանն ու հայութիւնը պիտի սպասեն այս համաշխարհային արշաւանքին կամ նահանջին ելքին, արդիւնքին: Հոս է, որ երկրի նախագահէն նախաձեռնութիւն կը սպասուի՝ սահմանադրութեամբ իրեն տրուած իշխանութեան համահունչ:
Այլապէս, «սիրուն չի, Սերժ ջան…»:
Յուլիս 15, 2015
vproodian@gmail.com