Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-Կ՛երդնում

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0114vrejarmen

ՎՐէԺ-ԱՐՄԷՆ


Դաշնակցութեան նորընծաներու երդման արարողութիւնը միշտ յուզիչ է եւ միշտ ալ հին ու քաղցր յիշատակներ կ՛արթնցնէ երէցներուս մէջ։
Երբ օրուան կնքահայրը, նախքան երդման բանաձեւը կարդալը, վերջին անգամ հարց կու տայ թեկնածուներուն, թէ վստա՞հ են իրենց տուած որոշումէն եւ իսկապէ՞ս կ՛ուզեն մաս կազմել նուիրեալներու սոյն բանակին, եւ ոչ ոք միտքը կը փոխէ ու կը քաշուի երդում տալէ, այդ պահուն կ՛անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կենսական դեր խաղացած կ՛ըլլայ հայեցի դաստիարակութիւնը՝ ազգին ծառայելու իրենց հանդիսաւոր խոստումը տուող երիտասարդներու կեանքին մէջ։ Արդարեւ, անկասկած այդ դաստիարակութեան է առնչուած անիկա։
Ամէն ինչ կը սկսի տունէն, նոյնիսկ… մօր արգանդէն։ Շատ ճի՛շդ է, դաշնակցական չեն դառնար, դաշնակցական կը ծնին։ Այստեղ բառը հասկնալ աւելի լայն առումով, քան պարզապէս կուսակցութեան անդամագրուիլը։ Տունը, տան հայաշունչ մթնոլորտը, ապա ազգային վարժարանը, անո՛ր տուած հայեցի կրթութիւնը (որ նոյնպէս պէտք է հասկնալ աւելի լայն առումով, քան պարզապէս հայերէնի ուսուցումը) եւ անկէ ալ անդին, անոր զուգահեռ ու զայն շարունակող՝ ազգաշունչ դաստիարակութիւնը Պատանեկանի ու Երիտասարդականի շարքերուն ընդմէջէն, կը գումարուին իրարու վրայ, կ՛ամբողջացնեն, կ՛ամրապնդեն զիրար, կը վերածուին անյողդողդ կամքի, անբեկանելի վճռակամութեան, կը կռանեն կեանքի նպատակ։
Ահա՛ թէ ինչու տուն-դպրոց-ակումբ հաւասարակողմ եռանկիւնին երեք կողմերն ալ անհրաժեշտ են, անփոխարինելի՝ դաշնակցական դառնալու համար։
Երբ նորընծաները կնքահօր բառերը կը կրկնեն՝ «Կ՛երդնում պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ…», ճիշդ այդ եռանկիւնն է, որ կը սկսի լուսապսակի վերածուելու իրենց գլուխներուն վերեւ։
Ես մեծ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ այդ ճամբէն անցնելու։ Բախտաւորութիւն՝ դաշնակցական ընտանիքի մէջ աշխարհ գալու, հասակ առնելու այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր հայութիւն, հայապաշտութիւն ու հայութեան ծառայելու պատրաստակամութիւն մաս կը կազմէին ներշնչած օդիս բաղադրութեան՝ թթուածինին ու ջրածինին պէս։ Բախտաւորութիւն՝ ազգային վարժարան յաճախելու եւ վայելելու ուսուցիչներուս ջամբած հայութեամբ ու հայկականութեամբ թաթաւուն դաստիարակութիւնը, այն ուսուցիչներուս, որոնք հայրենի հողի համն ու հոտը կամ հայկական Պոլսոյ շունչը բերած էին իրենց հետ։ Բախտաւորութիւն՝ փոքր տարիքէս մաս կազմելու մեր հաւաքական կեանքին՝ նախ Պատանեկանի շարքերուն մէջ ներնչուելով մեր հերոսներու սխրանքներով, ապա Երիտասարդականի խումբերուն մէջ հասնելով ազգային պատկանելիութեան գիտակցումին, հաւաքական աշխատանքի փորձառութեան, արդարութեան ու մարդկային արժանիքներու ըմբռնումին։ Անկէ ետք այլեւս հնարաւոր չէր դաշնակցական չըլլալ…
Ահա այդ ամբողջ անցած ճանապարհս է, որ ժապաւէնի մը նման կ՛անցնի միտքիս պաստառէն, երբ նորընծաները կը շարունակեն արտասանել իրենց երդումը՝ «…միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն …»:
Եւ անխուսափելիօրէն կը մտածեմ, թէ որքան աւելի՛ դժուար է այսօր, այլազան հաճոյքներու, սարքերու եւ… այլանդակութիւններու առկայութեան՝ ամո՛ւր պահել այդ սրբազան եռանկիւնի՝ տուն-դպրոց-ակումբ երրորդութեան կատարելիք առաքելութիւնը, երբ այնքան կը հեռանանք, թէ՛ ժամանակի տեսակէտէն եւ թէ տարածութեան՝ այն հին ու դաստիարակ սերունդէն ու մանաւանդ հայրենի իրականութենէն, որուն հետ առնչումը այնքան աւելի կենսական կը հանդիսանայ՝ որպէս ներշնչարան եւ որպէս առանցք կեանքի։
« …եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին» բառերով կ՛աւարտեն նորընծաները իրենց երդումը, եւ դժուար կ՛ըլլայ զսպել արցունքներս, նոյնիսկ եթէ անոնք չեն երեւիր այտերուս վրայ։
Ջահը վերցնելու հերթը ահա արդէն հասեր է մեր թոռներուն։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles