Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Երազին Ապտակը

$
0
0

ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Ծնած ըլլալով 1960ին, մանկութեան եւ երիտասարդական տարիներուս Հայաստանին ծանօթացած եմ գողտրիկ բանաստեղծութիւններ սորվելով: Հայաստանը երազ էր ու միայն երգ ու կռուախնձոր երկիր մը: 1977ին, «Արարատ» ֆութպոլի խումբը շահեցաւ Ռուսիոյ ախոյեան բաժակը: Այդ օրերուն «Ազդակ»ն էր միակ կապս Հայաստանի հետ: Շօշափելի առաջին փորձառութիւն մը պատանի միտքիս մէջ, թէ՝ մենք խումբ ունինք եւ կրնանք յաղթել: Բոլորս արբած էինք, մանաւանդ Լիբանանի մէջ: Տարիներ ետք սկսայ կարդալու «Սովետական Հայաստան» ամսագիրը եւ «Հայրենիքի Ձայն» թերթը: Դարձեալ հեքիաթային պատկերներ եւ գրական լաւ գրութիւներ: Ազգականներս երբ առաջին անգամ այցելեցին իրենց հարազատներու, իրենց հետ բերած էին համեղ «կոնֆե»չը, որուն նմանը չկայ: Պարբերաբար կը լսէի Հայաստանի մասին դժբախտ պատմութիւններ, զորս մամուլը չէր տպեր:
Եկաւ 1988 թուականը, վարագոյրը բացուեցաւ. մօտէն կը հետեւէի անցուդարձերուն: Առաջին ապտակը ստացայ Հայաստանի առաջին նախագահէն, երբ այդքան դաժան եւ անհիւրընկալ էր երկիր փութացած իր զաւակներուն հանդէպ: Արեւելահայերէնը շատ անուշ կը թուէր ինծի անցեալին, բայց ամէն ինչ թթուած էր այլեւս: Մօտիկ ընկերներուս հետ կը խօսէին մեր միամիտ ու անցեալի անուշ Հայաստանի մասին: Մեր առջեւ հիմա կար իրականը, որուն հետ հաշտուիլ էր պէտք:
Երբ այցելեցի Հայաստան, կեանքը ընդունելի թուեցաւ: Ինչո՞ւ տարբեր ըլլար այլ երկիրէ մը: Ընդունեցի անցեալին միայն հրամցուած քաղցր եղելութիւնը: Տեսայ ցաւը, դժուարութիւնը եւ մանաւանդ՝ ժողովուրդի բարկութիւնը:
Գեղեցիկ օր մը եղբօրս հետ հասայ Գառնի տաճար: Մուտքին, պաշտօնեայ մը հարցուց եթէ տեղացի ենք, որովհետեւ մուտքի տոմսի գինը տարբեր է ոչ տեղացիներուն համար: Հպարտ պատասխանեցի, թէ՝ հա՛յ եմ: Պաշտօնեան զարմացաւ եւ խօսելէ ետք իր գործակիցներուն հետ, կնքեց երկու տոմս եւ պահանջեց տեղացի տոմսի արժէք: Երիտասարդը քանդեց պատ մը, զոր մեզ կը բաժնէր: Խնդրեցի, որ դուրս գայ գրասենեակէն, որպէսզի շնորհաւորեմ զինք: Տոմսերը պահած եմ, ինծի համար մե՛ծ իմաստ ունին:
Սփիւռքի մէջ ապրելով, յաճախ կը փորձեմ չարբենալ այն յաջողութիւններով, որոնք միջուկ չունին: Այս օրերուն կը խօսին նահատակներու սրբադասման մասին: Տեղեակ չեմ՝ ի՛նչ չափանիշներով: Նահատակները մեր պայքարի աղբիւրն են, ամենամեծ խթանը, արիւնը չցամքող արեան ծովը: Սուրբ բառը ինծի համար շատ բարի է. ես Դա՛տ ունիմ, վրէժ, արեան գին եւ հող պահանջող քէն հոգի: Կատաղած այդ սիրտը սուրբերը չեն կտակած մեզի: Գրութիւններ չկան այս մասին: Ժամանակը չէ շեղելու մեր միտքերը. այս հարցն ալ թող մնայ ապագայի նիւթ, ինչպէս է լեզուի ուղագրական հարցը:
Այս օրերուն եւս վկայ ենք Ֆրեզնոյի մէջ ձեռնարկուած յուշարձանի մը կառուցման, որուն համար կէս միլիոն անձ գումար մը կը պատրաստէ: Բա՛ւ է ալ սփիւռքը դարձնէք մագնիս: Խելագար այս հեւքը ո՛ւր պիտի հասնի: Ով կ՛ուզէ ծունկի գալ նահատակներուն, պարտի կեանքին մէջ գէթ մէկ անգամ այցելել նահատակներու անմահ Կրակը, Ծիծեռնակաբերդ: Աւելի իմաստուն կ՛ըլլայ, եթէ հիմնուի հայ լեզուի ուսուցման կեդրոն մը, որուն պէտքը այնքա՛ն կայ այլասերած իմ շրջանակիս մէջ: Դերակատար ենք հայ իրական կեանքի իրողութեան մէջ: Բայց երբեմն ալ՝ միայն ականատես այն բացասական կեանքին, որ անցեալին չէ շեշտուած, եւ նոյնիսկ չենք հրաւիրուած դերակատար ըլլալու անոր մէջ: Եթէ իրական կեանքը ազգի իսկական ցաւը չապրի, ես կը վերադառնամ երազին, իտէալին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles