ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Հրանդ Տինքի սպանութեան 8րդ տարելիցին առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ հայերուն կոչ ուղղելով փոխյարաբերութեան նոր սկիզբ մը դնելու:
Տինքի տարելիցին առիթով ուղերձի մը հրապարակումը, այդ ալ՝ Թուրքիոյ վարչապետի մակարդակով, աննախադէպ է, ինչ որ առաջին հայեացքով կրնայ դրական ըլլալու տպաւորութիւն ձգել, սակայն իրողութիւնը այլ է: Տաւութօղլու մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ «Շարլի Հեպտօ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրին եւ խմբագիրներուն սպանութեան առիթով կազմակերպուած քայլարշաւին, սակայն անցնող 8 տարիներուն ընթացքին ո՛չ ան, ո՛չ ալ իր կուսակցութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը մասնակցած են «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետին սպանութեան առիթով տեղի ունեցած հաւաքներուն կամ քայլարշաւներուն: Ակներեւ է, որ Տինքի տարելիցը ընդամէնը «դիմում-հրաւէր»ը կատարելու պատրուակ մըն է, իսկ շարժառիթը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակն է:
Տաւութօղլու կ՛առաջարկէ «նոր սկիզբ» մը, զոր կը հիմնէ թրքական աւանդական սխալ, խեղաթիւրուած, հինցած ու մաշած թեզերուն վրայ, որոնք կը պարուրէ զգացականութեամբ եւ կեղծ բարի կամեցողութեամբ, ինչ որ իր ուղերձը կը դարձնէ ոչ հետաքրքրական եւ ժամանակի անիմաստ կորուստ մը: Փորձուածը պէտք չէ փորձել, սակայն թրքական իրերայաջորդ իշխանութիւնները ճիշդ այդ է, որ կը կատարեն եւ կը շարունակեն մնալ իրենց իսկ հնարած ժխտողական քաղաքականութեան պատանդը:
Տաւութօղլու կը գրէ. «Կիսել ցաւերը, վիրակապել վէրքերը եւ կրկին կարենալ ստեղծել բարեկամութիւն»: Որո՞ւն ցաւերը կիսելու եւ որո՞ւն վէրքերը վիրակապելու մասին է խօսքը: Տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ խօսքը զոհին ցաւերուն եւ վէրքերուն մասին պէտք է ըլլայ, սակայն Տաւութօղլուի՝ ժխտողականի ակնոցներով դիտուած խօսքը ոճրագործին ու զոհին «ընդհանուր ցաւերուն ու վէրքերուն» մասին է: Ցաւերը կիսելը, վէրքերը կապելը եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ նոր սկիզբ մը չի կրնար Տաւութօղլուի առաջարկած տարազով ըլլալ:
Նոր սկիզբը կարելի չէ հիմնել կեղծիքի շարժող աւազին վրայ, այլ միայն՝ ճշմարտութեան ու արդարութեան ամուր հիմերուն վրայ: