Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մեր Կողմնացոյցը

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերը կապոյտ ու պայծառ երկինքին մէջ կայծակ-որոտում չէին: «Շարլի Հեպտօ»ի ու հանրախանութի մը դէմ կատարուած ոճրային արարքները բնականաբար դատապարտելի են: Ինչպէս որ դատապարտելի են բոլոր այն արարքները, որոնց զոհ կ՛երթան անմեղներ, աշխարհի ո՛ր անկիւնը որ պատահին ատոնք:
Այս ոճրային զոյգ արարքներէն անմիջապէս ետք, Արեւմուտքի ղեկավար շրջանակները, իրենց հլու-հնազանդ քարոզչական միջոցներով փորձեցին համոզել հանրային կարծիքը, թէ պատահածը խօսքի ազատութեան դէմ էր: Եւ լայն չափով յաջողեցան:
Մարդիկ մոռցած էին, որ նոյն Ֆրանսայի մէջ «Հարա-Քիրի Հեպտօ» երգիծաթերթը փակուած էր, որովհետեւ օրին «անախորժ» բաներ ըսած էր Շարլ Տը Կոլի մասին, անոր մահուան օրերուն: Մարդիկ մոռցած էին, որ նոյն «Շարլի Հեպտօ»ի խմբագրական կազմի անդամներէն Մորիս Սիտէ գործէ դուրս դրուած էր 2008ին, որովհետեւ… յանդգնած էր Իսրայէլի նկատմամբ երգիծական քննադատութիւն կատարել:
Այնպէս որ, եկէք մէկ կողմ դնենք խօսքի ազատութեան մասին Արեւմուտքէն լսուող ինքնագովասանքի առասպելները ու անցնինք յառաջ:
Արեւմտեան նոյն շրջանակները նաեւ փութացին յայտարարելու, որ եղածը «քաղաքակրթութիւններու բախում»ի դրսեւորումներէն մէկն է: Մինչդեռ իրականութեան մէջ, պատահածը… երկու մոլեռանդութիւններու միջեւ բախումի արտայայտութիւն էր:
Եւ տրուած ըլլալով, որ նոյնինքն Արեւմուտքը կը բաղկանայ մէկէ աւելի շերտերէ, մոլեռանդութեան տարբեր աստիճաններով, իւրաքանչիւր «շերտ» փորձեց իրեն ի նպաստ շահագործել դէպքը: Ասոնց շարքին էր նաեւ Թուրքիան:
Հոս տեղը չէ վերլուծելու իւրաքանչիւր մոլեռանդ կողմի իւրաքանչիւր դերակատարին շահերն ու դրդապատճառները ու կեդրոնանանք Թուրքիոյ վրայ:
Այս վերջինին մոլեռանդութեան դրսեւորւմներուն մենք ականատես ենք աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր: Թրքական մոլեռանդութեան դրսեւրումներէն մէկն էր հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը: Այս ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք, Թուրքիա ցարդ բռնագրաւած կը պահէ հայ ժողովուրդի հայրենիքին մեծ մասը՝ ի հեճուկս միջազգային օրէնսդրութեան: Նուազ քան տարի մը առաջ, մեր սեփական մորթին վրայ անգամ մը եւս զգացինք թրքական մոլեռանդութեան նորագոյն դրսեւորումը, այս անգամ Քեսապի մէջ:
Թուրքիան գործօն կերպով մասնակից է իր սահմանակից Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմին, ամէն ձեւով կը փորձէ տապալել վարչակարգը, որպէսզի իր ազդեցութեան գօտին ընդարձակէ տարածաշրջանէն ներս ու իր կամքը պարտադրէ իր շրջապատին (ու բնականաբար նաեւ՝ Հայաստանին): Այնպէս որ, Թուրքիա մէկ կողմէ գործօն կերպով մասնակից է մոլեռանդներու խումբեր մարզելու ու Սուրիոյ դէմ պատերազմի ղրկելու ընդհանուր ճիգերուն, միւս կողմէ Փարիզ կ՛առաքէ իր վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն… «զօրակցելու» համար Ֆրանսայի «հակաահաբեկչական» կեցուածքին:
Այս ողբերգակատակերգութեան նորագոյն արարը պէտք համարել Տաւութօղլուի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, «մեղմ» բառապաշարով ու շատ նուրբ կերպով խմբագրուած, որ Թուրքիա եւ Հայաստան պէտք է «նոր էջ» բանան իրենց յարաբերութիւններուն մէջ, անցեալի «ցաւագին» ու «ցաւալի» դէպքերուն գերին չդառնան: Բարբառային հայերէնով, Տաւութօղլու մեզի կ՛ըսէ. «Անցուկը մոռցուկ է»:
Կարելի՞ է սայլով նապաստակ որսալ: Հարիւրամեակ մը առաջ, Մուշի մէջ, թրքական գաղտնի սպասարկութեան կարեւոր անդամներէն մէկը, Մեհմետ Էֆէնտի անունով (բուն անունը՝ Աւետիս) Ռուբէնին թելադրած էր, որ ուշադիր ըլլայ, որովհետեւ թուրքը սայլով նապաստակ կ՛որսայ:
Հիմա Տաւութօղլու կը փորձէ սայլով նապաստակ որսալ:
Համաշխարհային այս թոհուբոհին մէջ, մենք ինքնավստահ ըլլալու հիմնական խաղաքարտ մը, գործիք մը ունինք. այնքան ատեն, որ մեր ձեռքը կը պահենք այն կողմնացոյցը, որուն սլաքը ուղղուած է մեր արդար իրաւունքներուն: Այն կողմնացոյցը, որ մեզի կը յուշէ, թէ Թուրքիա պարտաւոր է արդար հատուցում կատարելու հայութեան դէմ իր գործած ոճիրին համար:
Աշխարհագրական առումով, հիւսիսային կիսագունդին մէջ կողմնացոյցին սլաքը միշտ հիւսիս ցոյց կու տայ: Իսկ եթէ հարաւային կիսագունդին վրայ տեղ մըն էք, հարաւ ցոյց կու տայ: Երկրագունդի մագնիսականութեան օրէնքը երբե՛ք չի փոխուիր: Բացի մէկ պարագայէ. երբ կողմնացոյցին սլաքը կոտրուած է:
Մէկը պէտք է Տաւութօղլուի ականջին փսփսայ, որ իր կողմնացոյցին սլաքը կոտրուած է: Մերը՝ ոչ:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles