Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Բոցավառ «Շարլի Հեպտօ»ի Առասպելին Դիմաց

$
0
0

Կիրակի, Յունուար 11ին ցուցարար պիտի ըլլամ:
«Շարլի Հեպտօ»ի խմբագրութիւնը ջարդած են, որպէսզի մեռցնեն ազատ խօսքը:
Ոչ ոք պիտի նկատէ իմ ներկայութիւնս ցուցարարներու շարքին: Ցոյցին պիտի մասնակցիմ զօրակցութիւն յայտնելու համար «Շարլի Հեպտօ» երգիծական շաբաթաթերթին, որպէսզի անիկա շարունակէ հրատարակուիլ: Յարգանք նաեւ երգիծաթերթի աշխատակիցներուն, զորս ուզեցին լռեցնել: Ցարդ իմ ընթերցումներուս մաս չէր կազմեր այս երգիծաթերթը: Աւելի միւս երգիծաթերթը կը կարդայի նախանձով, «Քանար Անշէնէ»ն, եւ բազմիցս ըսած եմ, որ մեծ ժողովուրդ կ՛ըլլանք այն օրը, երբ «Քանար Անշէնէ» մը կ՛ունենանք: Եւ կը վերականգնինք:
Երգիծանքը ազատութեան արտայայտութիւն է: Երգիծանքը կը պահանջէ իրատեսութիւն, ողջմտութիւն, քաջութիւն եւ ուշիմութիւն՝ մատը դնելու հոն, ուր ցաւ կամ կեղ կայ: Համաժողովրդական ընդվզումի ալիքը, Ֆրանսա եւ աշխարհի մէջ, վկայեց այն մասին, որ երգիծանքը ազատութեան յատկանիշ է, կեանքի պողոտաներէն խուփ աչքերով չանցնելու հպարտութիւն, ինքնահաստատում եւ իսկական մարդկայնութիւն, հիւմանիզմ: Երգիծողը, խօսքով եւ մատիտով, յանձնառու անձ է, որ մեր մէջ բոյն դրած ախտի եւ կեղտի պալարները կը նշդրակէ:
«Շարլի Հեպտօ», «Քանար Անշէնէ», Հայաստանի «Ոզն»ջ, մօտաւոր անցեալի հայ մեծ երգիծագիրները՝ Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, հայ մեծ երգիծանկարիչները՝ Սարուխան, Տիրան Աճէմեան, Մասիս, Հովիւ, հանրային առողջապահութեան յառաջամարտիկներ եղած են եւ են:
Հոգեպէս ախտաւոր, նեղմիտ, անհանդուրժող, եսակեդրոն եւ պզտիկ մարդիկ, քաղաքակրթական-մշակութային յառաջընթացի հակադրուող կեթոյի մէջ իրենք զիրենք բանտարկած եւ հոն իրենց երջանկութիւնը գտնողներ, չեն հանդուրժեր երգիծանքը, իր բոլոր ձեւերով:
Չեն հանդուրժեր, որ վերցուի ճշմարտութիւնը թաքցնող վարագոյրը, հայելիի առջեւ կանգնեցնենք զիրենք:
Չեն հանդուրժեր, որ կրօնական անհեթեթութիւններ մերկացուին իրենց արտառոցութիւններով:
Չեն հանդուրժեր, որ իրենց հանգամանքներու ետին գտնուող դատարկութեան վրայ լուսարձակ ուղղեն:
Չեն հանդուրժեր իրենց սնամէջ եսին հանդէպ զլացուած յարգանքի բացակայութիւնը:
Չեն հանդուրժեր, որ ըսուի, թէ թագաւորը մերկ է: Յիշել մանուկներուն գիրքերուն մէջ գտնուող Թայթանիան եւ Օպերոնը:
Դաստիարակիչ է երգիծանքը, երբ անմիջականի սահմանէն դուրս կու գայ: Օրինակ, յիշել Արժանթինի անգրագէտ նախագահ Խուան Փերոնը, որ Սերվանթեսի «Տոն Քիշո»չը չէր կարդացած, բայց անոր հատորներուն առջեւ կը նկարուէր եւ ակադեմիոյ մէջ անոր մասին դասախօսած է:
Մեր կեանքին մէջ, մեր անմիջական շրջանակին մէջ, Խուան Փերոններ կան, բայց «Շարլի Հեպտօ» չունինք, որպէսզի հոն գրողներ ըլլան եւ նշաւակեն (եթէ թոյլ տրուի), եւ երգիծանկարով, մշակոյթի կեդրոնի մէջ աւուր պատշաճի ուրիշի գրած ճառը կարդացողը, հայ բանաստեղծի յոբելեանին հայերէն չկարդացողը օտար լեզուով ճառ խօսի անոր բանաստեղծութեան մասին, կամ հրապարակին վրայ երթեւեկեն մարդիկ, որոնք ըսեն, թէ հիմա ժամանակ եւ դրամ ունին եւ աթոռ կ՛ուզեն: Եւ այդ ցանկութեան ընդառաջողներ ըլլան:
Մեր իրականութեան մէջ ալ կան ահաբեկիչներ, որոնք կ՛արգիլեն ծիծաղելիութեան ճշմարտութիւնները ըսել:
Փորձեցէ՛ք ամպագորգոռ ճառախօսի մը ըսել՝ որ իր խօսքը բեմէն վար չիջաւ: Կը բանադրուիք: Եթէ իշխանութիւն ունենայ ենթական՝ կը գլխատուիք: Գրեթէ:
«Շարլի Հեպտօ»ն ուզեցին գլխատել:
Բայց միշտ ի մտի պէտք է ունենալ, որ ժողովուրդները երբ նուաճած կ՛ըլլան ազատութիւնները, դուրս եկած կ՛ըլլան Պղատօնի նկարագրած քարայրէն, ուր
ստուերները իրականութիւնն էին քարայրաբնակներուն, մահուան գնով կը պաշտպանեն իրենց ազատութիւնները:
Կիրակի օր, Յունուար 11ին, ազատութիւն եւ ճշմարտութիւն կրող զանգուածները, հարազատ ղեկավարութիւնները, երկիրի մը սահմաններէն ներս եւ դուրս, ազատութեան եւ խօսքի ազատութեան տօնին համար պիտի հաւաքուին:
Որպէսզի չխաւարի միտքի պայծառութիւնը, տեղի չունենայ հոգիներու ստրկացումը, չխափանուի ճշմարտութեան լոյսը, առանց որուն մարդը կը վերադառնայ այն խաւար դարերը եւ վիճակը, երբ ինք ալ ի միջի այլոց գազանի նման կենդանի մըն էր:
Այս սարսափի հեռանկարին դէմ պայքարին համար, աշխարհի մեծերուն եւ փոքրերուն հետ ցոյցի պիտի մասնակցիմ:
Ըսելու համար, որ Շարլի Հեպտոյի պայծառ դէմքերը, հռոմեացի զոհուած զինուորի պէս գացին վահանի վրայ, բայց անոնց փոխարէն բիւրաւորներ եկան կանգնելու վահանի ետին:
Որպէսզի մեր թերութիւններուն վրայ հրաւիրենք մեր ծիծաղը:
Հանրի Պերկսոն կ՛ըսէր, որ սրամտութիւնը, humour-ը, իմացականութեան վերին ոլորտն է:
Եւ ազատ խօսքն ու երգիծանքը հզօր զէնքեր են: Խաւարածներ անոնց կը հակադրեն մեր քաղաքակրթութեան հնարած մահասփիւռ զէնքերը, անոնք ըլլան թնդանօթներ թէ հանագամանքի-դիրքի չարաշահումներ:
Ըսողներ եղան, խօսքի գործի վերածեցին, որ «Շարլի Հեպտօ»ն պէտք է ապրի, շարունակուի:
Երգիծանքը հոգիները փտախտէ փրկող լաստ է:
Նոյնիսկ երբ մեղանչումի ուժով կը հարուածէ:
Մեր ծիծաղելիութիւններու առջեւ որպէս հայելի դրուած «Շարլի Հեպտօ»ն պիտի շարունակուի:
Որպէսզի յոյն իմաստասէրներու կամ ֆրոյտեան հոգեվերլուծողներու catharsis-ին ենթարկուինք:
Երբ ստացուած կամ լոյս տեսած կ՛ըլլայ այս «Մակարական»ը, «Շարլի Հեպտօ»ն, համաժողովրդական զօրակցութեամբ, հրատարակուած կ՛ըլլայ մէկ միլիոն տպաքանակով:
Քաջութեան, երգիծանքի եւ խօսքի ազատութեան յաղթանակ մը, որմէ անմասն պէտք չէ մնալ՝ վասն թապուները մերժող իրաւ հիւմանիզմի:
Կարեւորը ազատ խօսքն է: Դատաւորը՝ լսողը:
Ինչո՞ւ վերեւները պիտի որոշեն, թէ ի՛նչ պէտք է լսենք եւ ըսենք:

Մակար ի Գաղղիա,
Յունուար 10, 2015


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles