Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Երանի Որ Քաղցեալ Իցեն Արդարութեան, Զի Նոքա Յագեսցին»

$
0
0

Արամ վեհափառի Ս. Ծննդեան պատգամը կը խօսի արդարութեան մասին յղում կատարելով Յիսուսի յայտնի Լերան Քարոզին: «Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»: Ինչպէս միշտ, վեհափառ հայրապետին խօսքերը բացայայտօրէն պայքարունակ են եւ պարտաւորեցուցիչ, քանի որ արդարութեան ծարաւը չի կրնար կրաւորական ըլլալ: Պէտք է պայքարի՛լ արդարութեան համար: Պէտք է շահի՛լ զայն ամէն օր եւ ամէն ժամ նուիրումով եւ արարքով: Ասիկա այն յեղափոխական յանձնառութիւնն է, որուն կոչուած է ամէն մարդ: Եւ ասիկա այն իսկ յանձնառութիւնն է, որմէ ծնած է մեր պատմութիւնը հազարաւոր տարիներու փորձութիւններու բովէն: Այսօր անիրաւուած է մեր ժողովուրդը ինքն իր հողին վրայ, եւ ոչ մէկ հայ կրնայ ընդունիլ այս վիրաւորական կարգավիճակը: Այսօր հայրենազրկուած է ան տարածաշրջանի ուժերէն: Հայ անկախ պետականութեան շէնքը պարտադրաբար պիտի յենի արդարութեան այս երկու հրամայականներուն վրայ: Ասոնք են բանալիները իր հարազատ էութեան: Երկու հրամայականներ, մէկ ու անտարանջատելի, որոնք կը սահմանեն մեր ինքնութիւնը առանց այլեւայլի:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles