Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սփիւռքի Կարողականութեան Նոր Պեղումներ

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Իրարմէ քանի մը շաբաթ հեռաւորութեամբ եւ կազմակերպական առումով իրարմէ բաւական տարբեր երկու հանդիպումներ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն, անգամ մը եւս սեղանի վրայ բերին հայութեան ազգային ներուժի լաւագոյնս օգտագործման մնայուն մարտահրաւէրը:
Անոնցմէ առաջինը Սեպտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովն էր: Միւսը՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի իր տեսակով աննախընթաց Ռազմավարական սեմինարն էր, որ տեղի ունեցաւ 13-14 Հոկտեմբերին Լիզպոնի մէջ, համեմատաբար սահմանափակ, մօտ քառասուն մասնակիցներով, ե՛ւ Սփիւռքէն, ե՛ւ հայրենիքէն: Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովը հրատարակած է իր յայտարարութիւնը, մինչ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութեան մասին շրջագայութեան դրուած է բաժանմունքին պատրաստած մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ուր ամփոփ կերպով ներկայացուած են երկօրեայ քննարկումներուն արդիւնքները:
Երկու նախաձեռնութիւններէն, հասկնալիօրէն, առաջինը արդէն որոշակի իմաստով համակարգային իրավիճակ ստացած է այն իմաստով, որ 1999ին Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած առաջին համաժողովը կրկնուած է 2002 եւ 2006 թուականներուն, եւ 2011էն սկսեալ անոր կազմակերպման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է երեք տարի առաջ կեանքի կոչուած սփիւռքի նախարարութիւնը:
Անկախ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովի դրական թէ ժխտական բոլոր երեւոյթներէն, գնահատելի թէ քննադատելի կէտերէն, զայն պէտք է ընկալել որպէս հիմնականօրէն դրական տեղաշարժ հայկական պետականութեան կայացման գործընթացին մէջ: Թերեւս նման մասսայական նախաձեռնութիւն անխուսափելիօրէն
ընկալուի, լաւագոյն պարագային, որպէս թատերական ներկայացում, հայաստանեան բնորոշումով՝ շօու, իսկ աւելի շնական բնորոշումով՝ Սփիւռքը սիրաշահիլ եւ զայն իշխանութեան կառքին լծելու: Թերեւս տակաւին այնքան յստակ չեն՝ ոչ այս նախաձեռնութեանց արդիւնքները, ոչ ալ, նոյնիսկ, այդ արդիւնքներու առարկայական գնահատման որեւէ մեթոտաբանութիւն: Բայց հարցական է ինքնին, թէ ի՛նչ «արդիւնքներ» կարելի է սպասել նման նախաձեռնութիւններէ կամ ինչպէ՛ս Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները որպէս երեւոյթ պէտք է ընկալուին հայկական անկախ պետականութեան կայացման կարելի գործընթացներէն մէկը, եւ այս իմաստով պէտք չէ մտահան ընել անոնց գաղափարախօսական ենթահողը: Ի վերջոյ, անկախ Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը բացառած էր Հայաստան-Սփիւռք համարկման գործընթացը ներառել պետական քաղաքականութեան օրակարգին: Օրէնքով արգիլուեցաւ երկքաղաքացիութիւնը, եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը դիտուեցաւ որպէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման միակ կարելի ոլորտը: Եթէ հայկական պետականութեան այս գործընթացը ամրագրուէր, վստահաբար ոչ միայն սփիւռքի նախարարութեան ու Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու երեւոյթը գոյութիւն չէր ունենար, այլ, շատ հաւանաբար, Հայաստանն ու Սփիւռքը զարգանային առանց համարկման հեռանկարի կամ սպասումներու: 1998էն ետք հայկական պետականութեան կայացումը նաեւ կարելիութիւն ստեղծեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները սահմանել համարկման գործընթացի տրամաբանութեան մէջ: Համարկման այս գործընթացը աւելի կայուն ինստիտուցիոններ պիտի ստեղծէ՞, թէ պիտի մնայ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու մակարդակին: Այս հարցումն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ այսօր:
«Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ պատմականօրէն աննախընթաց էր, սակայն խոստմնալից՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի զարգացումներուն ու փոխյարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու իմաստով: Նախաձեռնութիւնը հարազատ է բաժանմունքի նորագոյն վերաշխուժացման եւ հեռանկարային ծրագիրի մը գործի դրուելու ոլորտին մէջ: Ռազմավարական սեմինարի խորագիրը, պէտք է ընդունիլ, անակնկալ էր. ցարդ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցով կլանուած ազգային հաւաքական երեւակայութեան մէջ յանդգնիլ հայութեան յաջորդ հարիւրամեակին նայիլ, այլ խօսքով՝ 2015ի փոխարէն 2115 թիւը նկատի ունենալ… Հասարակական գիտութիւն չկայ, որ համարձակի հաւաքական գործընթացները քառորդ դարէն անդին նախատեսել եւ նոյնիսկ ամենաազգայնաշունչ ճառերը կը խօսին հայութեան յաւերժականութեան մասին, ինչ որ, պարզ է, աւելորդ, դիւրին է, քան յաջորդ հարիւրամեակին ծրագրում մը նախատեսել:
Սեմինարը նման ծրագրումի հաւակնութիւնը չէր կրնար ունենալ բնականաբար, սակայն դրական նախանշան մը կու գար տալու ցարդ հիմնականօրէն մտաւորական իմաստով իրարու մօտեցնող գործնական թէ տեսական նախաձեռնութիւններ, որոնց հասարակաց յայտարարը համաշխարհային մասշտապով զօրաշարժի ենթարկուելու կարողականութիւնը ունեցող Սփիւռք-քաղաքացիական հասարակութիւնն է: Հայրենի իրականութեան եւ զոյզ հանրապետութիւններու՝ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ, աշխարհաքաղաքական, ինչպէս նաեւ ընկերա-տնտեսական զարգացման հիմնախնդիրները, պարզ է, չէին բացակայեր: Սակայն անոնց զուգահեռ սեղանի վրայ էին մարտահրաւէրներ, որոնք յատուկ են միայն Սփիւռքին, հիմնականօրէն՝ ինքնութեան, մշակութային զարգացման եւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հիմնախնդիրներ, որոնց պատասխանը Սփիւռքը ինք պիտի գտնէ՝ զանգուածային ու մտաւորական նոր տեղաշարժներու հրամայականով թելադրուած:
Երկու հանդիպումներն ալ կ՛ամրագրեն 21րդ դարու առաջին տասնամեակով կամ թերեւս անոր կէսէն սկսած յաւելեալ թափով առաջ գացող գործընթաց մը, զոր կրնանք սահմանել որպէս Սփիւռքի կարողականութեան նոր պեղումներ: «Նոր», որովհետեւ ինչպէս պարբերաբար հայոց պատմութեան թերեւս ամբողջ տեւողութեան, բայց վստահաբար՝ 20րդ դարուն աշխարհաքաղաքական պայմաններու թելադրանքով հայութիւնը այսօր եւս կը դիմագրաւէ տեղաշարժներու ժամանակաշրջան մը: Արցախի ազատագրական պայքարով եւ Հայաստանի անկախութեամբ ստեղծուած էր այն տպաւորութիւնը, որ հայութեան զանգուածային տեղաշարժներու գործընթացը թերեւս հասած էր իր աւարտին եւ կը մնար միայն հայրենադարձութեան վախճանական հանգրուանը: Արդ, 21րդ դարու առաջին քառորդի աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը կը յուշէ, որ հայրենադարձութիւնը կը մնայ, պէ՛տք է մնայ հեռանկար, սակայն, մէկ կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ հայաշատ երկիրներուն բաժանման գործընթացը, եւ միւս կողմէ Եւրասիական տարածաշրջանի համարկման ծրագիրը հայութիւնը դէմ յանդիման պիտի դնէ երկու մեծ տեղաշարժներու, որոնց մարտահրաւէրը անհրաժեշտ է դիմագրաւել ե՛ւ ռազմավարական, ե՛ւ տեսական, ե՛ւ գաղափարախօսական իմաստով՝ ապահովելու համար հայութեան ոչ միայն վերապրումը, այլ հետագայ զարգացումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles