ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-67
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այս օրերուս Ե. Օտեանի «Անիծեալ Տարիներ»ը կը կարդամ։ Ոմանք կ՛ըսեն, թէ այս ծանր պայմաններուն մէջ նման գրութիւններ պէտք չէ կարդալ, առաւել յոռետես ու յուսահատ չդառնալու համար։ Հաւանաբար ես շատ ալ զգայուն չեմ, քանի որ տակաւին յոռետես չեմ եղած, իսկ յուսահատ՝ երբեք, քանի դեռ Հալէպ կանգուն են հայկական դպրոց մը ու եկեղեցի մը (իսկ անոնք մէկէ աւելի են տակաւին…)։
Օտեան կը պատմէ այն, ինչ հայեր յաճախ կը նախընտրեն մոռնալ, այն է՝ թուրքին բուն էութիւնը իր արիւնոտ ճամբուն անվերջ ընթացքով։ Բայց ես զանոնք վերյիշելու կարիք չունիմ, ոչ ալ միայն դիպուածաբար ու առիթներով կը յիշեմ։ Ես զայն կարող չեմ մոռնալ, հօրս ծննդավայր գերի Կարսը վկա՛յ, որ միշտ ինծի հետ է։ Իրենք իսկ թոյլ չեն տար մոռնալ։ Պիտի ուզէի որ ազգակիցներէս շատեր, մանաւանդ երիտասարդ հայեր երբեմն նման գիրքեր թերթատէին, նոյնիսկ քիչ մը տխրելու գնով։ Հոգ չէ՛, տխրութիւնը եւս մարդու համար է, մենք ալ պանրաժպիտ ամերիկացիներ չենք, մանաւանդ՝ ամէնօրեայ զրկանքներն ու վտանգները առաւել կոփած են մեր կամքը։
Ինչ որ թուրքն էր երէկ, այսօր ու վաղն ալ նո՛յնն է. այս ճշմարտութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գիտնայ այսօր իսկ Արցախի մէջ պատահող դէպքերէն, նաեւ՝ Սուրիահայ գաղութը ամբողջութեամբ կործանելու առաքելութեամբ Սուրիա խուժած թուրք ու ազերի զինեալներու գործերէն։ «Այստեղէն թուրքը անցաւ, ամէն ինչ մոխիր ու սուգ է դարձած»՝ Հիւկոյի գրած օրէն ասդին թուրքին միայն տարազը փոխուած է. նաեւ՝ Քէսապը վկայ… Երազը, որուն հետամուտ են անոնք, նոյնն է միշտ՝ քանդել, այրել, կողոպտել, մորթել, պղծել… Մե՞նք… Հալէպահայոց կեա՞նքը…
Մեր ամէնօրեայ վտանգուածութեան մասին խօսիլը հեռուները գտնուողները կրնայ յոգնեցնել, ես ալ չեմ սիրեր ձանձրացնել մարդիկը, իսկ մեր վրայ խղճահարութիւն հրաւիրելէ հեռու ենք։ Ուստի, այդ մասին չեմ խօսիր, թէ օրինակ՝ հրասանդերը տակաւին կը շարունակեն թափիլ, թէ այս վայրկեանին ալ տարբեր կողմերէ նոր ու ահաւոր զէնքերու պայթիւններու ձայներ կ՛առնեմ, ու ռազմական օդանաւը շատ վարէն, մեր առաստաղները քերելով կը թռչի (լսա՞ծ էք այդ ձայնը, չլսելը աւելի լաւ է), թէ այսօր ալ ազգային- յեղափոխական երգերու ոգիով սնած հայ նահատակ մը յանձնուեցաւ սուրիական հողին, որու ազատութեան համար ան ինկաւ…
Աւելին կ՛ուզեմ խօսիլ մեր առօրեայի մասին եւ արդարացիօրէն հիանալ այս ժողովուրդի կամքով ու ստեղծարար ոգիով։ Հեռացող իւրաքանչիւր ընտանիքի հետ, անտարակոյս, կը տկարանայ ու նաեւ կ՛որակազրկուի գաղութը։ Միայն, հակառակ համեմատութեամբ՝ կարծես մնացողները կրկնակի եռանդով գործի կը փարին՝ հեռացողներն ալ փոխարինելու ջանքով։ Քանի մը դպրոց մէկ շէնքի մէջ գործելուն տեղեակ էք. ապա նայեցէ՛ք, թէ ի՜նչ կը կատարուի Արամ Մանուկեան կեդրոնին մէջ։ Քանդեցին մեր մեղուափեթակ Նոր Գիւղը, բայց կարելի չեղաւ մարել Օգնութեան Խաչի հայուհիներուն եռանդն ու հնարամտութիւնը։ Անոնք այլ տեղեր հիմնեցին իրենց ե՛ւ Փեթակը, ե՛ւ Դարմանատունը, ե՛ւ ձեռագործներու խանութը, եւ նոյն ոգիով շարունակեցին մասնաճիւղերու գործունէութիւնը… Ճեմարանի շէնքէն աքսորական Հայագիտական հիմնարկը եւս, քանի մը կայան փոխելէ ետք, հանգրուանեցաւ ազգային այս հիւրընկալ շէնքին մէջ եւ ուսանողներու նախընթացը չունեցող թիւով սկսաւ ուսումնական տարին, առանց ջեռուցումի ու այլ յարմարութիւններու… Կարեւորը կամքն է։ Նոյն յարկին տակ է իր աւերուած բոյնէն փախստական մեր փոքրիկներու Պատսպարանը, իրենց հոգատար մայրիկներուն եւ խնամատար վարչականներուն մշտական ուշադրութեան տակ, հո՛ս է «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը, հոս է… Կարեւորը կամքն է։ Աշխոյժ կը գործեն երգչախումբերը, մանկական ասմունքի ու թատրոնի խումբեր, Կիրակիները տակաւին ՀՄԸՄի պարտէզէն կը լսուին գայլիկ-արծուիկներու զիլ կանչերը… Կ՛ապրի այս ժողովուրդը, որ չի գիտեր ընկճուիլ։
Ու կը յիշեմ Օտեանի նկատողութիւնը, թէ անապատները քշուած ժողովուրդը, ո՛ւր ալ ժամանակաւոր վրաններու տակ պահուէր, հակառակ ամէն երեւակայութիւն գերազանցող իր թշուառութեան ու թուրք ոստիկան- աւազակներու դաժանութեանց, նուազագոյն կարելիութիւնները կ՛օգտագործէր ու շուրջը կեանքով կը լեցնէր՝ գործ կը գտնէր, կը ստեղծէր, կը շէնցնէր նոյնիսկ անապատը… Այլեւս կրնա՞ք չյիշել Սարոյեանին խօսքը՝ «Եթէ կրնաք…»։ Միայն մենք կրնանք զմեզ կործանել ու ուրիշ ոչ ոք։ Ու հիմա, այս ժողովուրդին անկազմակերպ, տարերային, «առանց երգ»ի աշխարհով մէկ ցրուիլը ա՛յդ է որ կ՛ընէ…
Թերեւս ալ ոմանց կողմէ ծրագրուած ու կազմակերպուա՞ծ…
***
Արջը իննսունինը երգ ունի, բոլորն ալ մեղրի մասին։
Հայկական առած
Այս օրերուս Հալէպի մէջ շրջանառութեան դրուած է նոր բառակապակցութիւն, զոր կը լսես գրեթէ ամէն օր՝ տուներէ, հիմնարկներէ ներս ու նաեւ՝ փողոցները քալած միջոցիդ։ Շատ գեղեցիկ, հարազատ, տաքո՜ւկ բան մը կը յիշեցնէ անիկա, մեր սիրտերը կը ջերմացնէ ու… մեր շարքերը կը նօսրացնէ նոյն ատեն. «Հայ Տուն»։ Չեմ գիտեր, թէ դուք՝ ի՞նչ, բայց ես անմիջապէս յիշեցի «Արի՛ Տուն»ը ու պահ մը շուարեցայ, թէ ինչո՞ւ փոխուած է անունը։ Սակայն շուտով իմացայ, թէ այս անգամ տունը, այսինքն՝ Հայերուս Տունը Հայաստանի մէջ չէ, այլ… երէկ՝ Հոլանտա, Շուէտ եւ այլն, այսօր Քանատա կամ Աւստրալիա, իսկ վաղը կրնայ ըլլալ Քենիա, կամ Պիրմա… ուր որ ուզեն մեր սիրտը կամ մեզի «տուն» տանողները։
Չխորհիք, թէ սուրիահայերուն կրակի տակ մնալով կործանիլը կ՛ուզեմ։ Անտարակոյս պիտի չուզէի նաեւ, որ Հալէպի նման հին ու սակայն երիտասարդական ներուժ ունեցող գաղութը, ոմանց աչքին փուշը, պարպուէր։ Բնա՜ւ պիտի չուզէի. տակաւին հոս մնալս վկա՛յ։ Սակայն մարդիկ կ՛երթան, ու ես անկարող եմ բան մը ընելու։ Կան ուրիշներ, որոնք կրնան ընել ա՛յլ բան, այսինքն՝ կազմակերպուած ձեւով պարպել գաղութը, ներողութիւն՝ հայերը փրկե՛լ պիտի ըսէի (ինչպէս որ ժամանակին այլ փրկչական կազմակերպութիւն մը պարպեց Սովետական Հայաստանը, դէպի Քոլոմպոսի երկիրը՝ դրախտ տանելով զանոնք)։
Հիացած եմ մանաւանդ մարդոց հանճարով, թէ ինչպէ՜ս կրցած են մեր Աքիլլէսեան գարշապարը՝ մեր տկար կողմը ճանչնալ, մեր ջիղերը տկարացնող անուն յօրինել, անտուն ու այսօր ալ անտէր հայուն «Հայ Տուն» հրաւիրելու համար։ Ո՞վ է սակայն այս հանճարը, ո՞վ կայ այս մեծ տեղահանման ետին, որո՞ւն հաշւոյն կու գայ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի հայաթափումը։ Կը կարծէ՞ք, որ նպատակը հայափրկութիւնն է։
Նախ ձայներ լսեցինք, թէ հայերը ձրիաբար Քանատա փոխադրողը արքայավայել կեցուածքով հայ բարերար մըն է, ապա, այլ տեղեկութեան համաձայն՝ թէ քանատական ընկերութիւն մըն է, որ Սուրիոյ բնակչութեան փրկութեան ծրագիր բացեր ու ընտրեր է յատկապէս հայերը… հաւանաբար մեր գեղեցիկ աչքերուն համար։
Այլեւս ո՞ր հայը պիտի չգայթակղի նման հնարաւորութեան առջեւ, երբ այս երկիրին վիճակը կը շարունակէ մնալ վտանգաւոր՝ անորոշ։ Ինչո՞ւ այս ու այն երկիրը մտնելու համար 6-7000 եուրօ պիտի տայ ինչ որ մարդոց, երբ կարելի է ձրի՜ երթալ։ Կը մնայ ափյափոյ, ջուրի գինով ծախել եղած չեղածը, ինքզինք նետել Պէյրութ, քանի մը ամիս հոն կեղուահան ըլլալ եւ կարգը գալուն պէս, մերկ ու երջանիկ հասնիլ աւետեաց երկիրներուն ափերը։ Տակաւին խօսք ալ կայ, թէ գրասենեակը կրնայ նաեւ Հալէպ հաստատուիլ, մեր ոտքը գալ… ու մեր հացին իւղ կը քսուի։
Ոչ ոք կրնայ մեղադրել հեռացողները, սակայն մեր աչքը բաց պիտի տեսնենք զմեզ առաւել փոշիացումի տանող այս աղէտը ու լռե՞նք, ու ոչի՞նչ ընենք։ Հաստատ համոզուած, թէ գալիք սերունդներ պիտի չ՛ըլլան, կամ պիտի ըլլան «օտար բանիւ ու գործով, կամայ թէ ակամայ», կրաւորական կեցուածքով պիտի դիտե՞նք եղածը։ Եթէ քանատական կառավարութիւնը (կամ՝ ով որ է) այսչափ հայասէր է, չէ՞ր ըլլար ազգովին ծնրադրէի՜նք անոր առջեւ, լայի՜նք (ես առաջինը ծունկի կու գայի. վարժուած ենք), խնդրէի՜նք, պաղատէի՜նք, որ այդ ծախսերը յատկացնէր զմեզ մեր Երկիրը տանելուն։ Շա՞տ միամիտ եղած կ՛ըլլայինք, կամ թէ՝ Հայաստանի մէջ կարելի չէ՞ր ունենալ «Մեր Տուն», թէ ան անպայման անդրովկիանոսեան հեռուները պիտի ըլլար՝ որքան կարելի է հեռու Երկրէն։
Հրաչեայ Քոչարին հերոսը՝ Առաքել Սասունի իր կարօտը առնելու համար սովետական երկրին սահմանը՝ Արաքսը անցած ու Սասուն գացած էր։ Համայնավար Ռուսիան մեծ տագնապ ապրեցաւ, Թուրքիայէն զայն վերադարձնելը պահանջեց ու ձերբակալեց հայրենակարօտ սասունցին։ Միամիտ ծերունին համայնավար քննիչին հարց կու տար, թէ՝ «ինչո՞ւ մըր էրկիր չենք երթար, հոն քոմունիզմ կառուցելու համար գէ՞շ տեղ ի…» (բառացի չեմ յիշեր, գաղափարը այս է)։ Ես ալ Առաքելէն ոչ պակաս միամիտ մը այսօր, կը խորհիմ՝ «Մըր Էրկիրը» չէ՞ր կրնար ընդունիլ ամբողջ սուրիահայութիւնը, առանց օգնելու, միայն թոյլ տալով, որ իրենք իրենց կեանքը կազմակերպեն հաւաքական վայրի մը մէջ։