Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Միջինարեւելեան «Ստեղծիչ Քաոս»ը

$
0
0

ՎԱՀԱՆ Գ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ

2006 թուականի ամրան, Իսրայէլ-«Հըզպալլա» պատերազմին ընթացքին, երբ իսրայէլեան բանակը կը ռմբակոծէր Լիբանանը՝ պատճառելով մարդկային, նիւթական եւ ենթակառուցային հսկայ վնասներ, թղթակիցներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Քանտըլիզա Ռայս՝ օրուան ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարը, բացատրեց, թէ պատահածը «Ստեղծիչ Քաոս» (Creative Chaos) մըն է, որ «Նոր Միջին Արեւելք»ի ծննդաբերութեան ցաւերը կը պատճառէ:
Ցաւերը զօրաւոր էին, սակայն «Նոր Միջին Արեւելք»ի ծնունդը վիժումի ենթարկուեցաւ:
Իսրայէլեան, պարտութեան համազօր ոչ-յաղթանակը շեղեց գործընթացը եւ անտեղեակ դիտորդին համար «Նոր Միջին Արեւելք»ի գաղափարը առեղծուած մնաց: Սակայն ծրագիրը մնաց ի զօրու:

«Նոր Միջին Արեւելք»ի Պատկերացումը

«Նոր Միջին Արեւելք»ի գաղափարը գոյութիւն ունեցած է տասնամեակներէ ի վեր. անիկա կը կոչուէր Քիսինճըրեան ծրագիր, որուն առաջին փորձը եղաւ 1974ին՝ Կիպրոսի բաժանումով: Ծրագիրը կը կայանայ Միջին Արեւելքը բաժնելու ցեղային, կրօնական հիմքերով փոքր պետութիւններու, որոնք նոյնիսկ եթէ իրարու դէմ տեւական պատերազմներու մէջ չըլլան, որեւէ ատեն կարողականութիւնը չունենան Իսրայէլի ապահովութեան սպառնալու: Այս ծրագիրը, ընկերակցող քարտէսներով, տեսութեան վերածուեցաւ Ռալֆ Փիթըրզ անունով հանգստեան կոչուած ամերիկեան բանակի (lieutenant-Colonel) սպայի մը կողմէ եւ այսօր ան ուսուցման նիւթ է ամերիկեան զինուորական ակադեմիաներու եւ ՆԱԹՕի մէջ:
«Նոր Միջին Արեւելք»ի ստեղծման գործընթացի շեղումին տարողութիւնը լաւապէս ըմբռնելու համար, հարկ է վերադարնալ 2003ի իրաքեան պատերազմի հետեւանքներուն, երբ Սատտամ Հուսէյնի իշխանութեան փլուզումով, քիւրտ եւ մանաւանդ Իրաքի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող շիի բնակչութիւնը շունչ առաւ, տասնամեակներու հալածանքէ ետք:


Նոր շունչով եւ անիրաւուածի վճռակամութեամբ, իրաքեան ընդյատակեայ դարձած շիիներու «Իսլամական Տաաուա՛» (Իսլամական կոչ) կուսակցութիւնը եւ նորաստեղծ կրօնա-քաղաքական կազմակերպութիւններ, Մոքթատա Սատրի նման կրօնական անձնաւորութիւններու ղեկավարութեամբ, հրապարակ ելան ու Պարսկաստանի օրհնութեամբ եւ օգնութեամբ՝ զինեալ պայքար բացին, իշխանութեան հասնելու նպատակով:
Ամերիկա-Պարսկաստան սուր հակամարտութեան պատճառով, շուտով Իրաք գտնուող 100-130 հազար բանակայինները շարժուն թիրախներ դարձան շիի մարտական ուժերուն: Տարբեր կազմակերպութիւններ (իսլամ սիւննի համայնքի անդամներէ բաղկացած) եւս կը պայքարէին ամերիկեան ներկայութեան դէմ, ներքին թէ արտաքին դրդապատճառներով:
Զինեալ ընդիմադրութեան հետեւանքը եղաւ այն, որ ԱՄՆ արագացուց Իրաքէն իր ուժերը քաշելու որոշումը, ու որոշումին գործադրութեամբ, հոն հաստատուեցաւ կառավարութիւն մը, որ տրուած ըլլալով ուժերու համեմատութիւնը՝ անցաւ պարսկամէտ կազմակերպութիւններու ուղղակի հակազդեցութեան տակ:
Վերջին հաշուարկով, Իրաքի մէջ Ամերիկեան զինուորական յաղթանակը ԱՄՆի համար վերածուած էր քաղաքական եւ ռազմավարական մղձաւանջի. Աֆղանիստանի արեւմտեան պարսկախօս շրջանէն մինջեւ Միջերկրականի ափը, անցնելով Պարսկաստանէն, Իրաքէն, ներառելով Սուրիան եւ Լիբանանի հարաւը, վերածուած էր պարսկական ազդեցութեան գօտիի: Այս իրավիճակը ահազանգ հնչեցուցած էր նաեւ Իսրայէլի մէջ ու խոր մտավախութիւն՝ Պարսկաստանի կրօնական, քաղաքական եւ տնտեսական մրցակից Ծոցի Արաբական Էմիրութիւններու մէջ:
Չէզոքացնելու համար պարսկական շրջանային ազդեցութիւնը եւ տեւական կերպով երաշխաւորելու համար Իսրայէլի ապահովութիւնը, անհրաժեշտ էր «Նոր Միջին Արեւելք»ի ստեղծումը: 2006ի «Հըզպալլա»ն հարաւային Լիբանանէն տեղահանելու իսրայէլեան ձախող փորձէն ետք, «Նոր Միջին Արեւելք»ի ստեղծման համար շատ աւելի հիմնական քայլեր պէտք էր առնուէին:

«Նոր Միջին Արեւելք»ի Ծրագիրի Իրականացման Յաջորդ Քայլերը

Պարսկաստանի գերիշխանութիւնը շրջանէն վերացնելու համար, «Նոր Միջին Արեւելք»ի ծրագիրի իրագործման առաջին հանգրուանը կը կայանար Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի բաժանումին մէջ: Իրաքի մէջ, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ դաշնակից Քրտական ինքնավար շրջանի մը ստեղծումով, բաժանման առաջին քայլը առնուած էր, սակայն երկիրի մնացեալ տարածքը կը գոյատեւէր իբրեւ մէկ ամբողջութիւն՝ շիի մեծամասնութեամբ պարսկամէտ կառավարութեան հսկողութեան տակ: Հարկ էր սիւննի բնակչութեան ապրած տարածաշրջանները անջատել:
Սուրիա Պարսկաստանի դաշնակից էր եւ իշխող փոքրամասնութիւնը կրօնքով շիիներէ յառաջ եկած ալաուի դաւանանքին կը պատկանի: Հոս եւս կարիք կար սիւննի դիմադրութեան, որ չկարենար երկրին տիրանալ իր ամբողջութեան մէջ, բայց կարենար երկիրը բաժանումի առաջնորդել: Լիբանանի մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունէր հակա-«Հըզպալլա» սիւննի ճակատ մը, որ հարկ էր աշխուժացնել եւ աւելի մարտունակ ուժերով օժտել:
2010ի Մարտին սկսան խլրտումները Սուրիոյ Տարաա քաղաքին մէջ. անոնք շուտով վերածուեցան քաղաքացիական պատերազմի, ամբողջ երկրի տարածքին: Տեղացի սիւննի համայնքի ըմբոստ զինեալները բաւարար չէին՝ համեմատաբար հզօր սուրիական բանակին լուրջ մտահոգութիւն պատճառելու համար, սակայն շնորհիւ տասնեակ հազարաւոր վարձկան կռուողներու եւ աստղաբաշխական գումարներու հասնող զինամթերքի առաքման, պատերազմը շարունակուեցաւ եւ մօտ օրէն արդէն պիտի թեւակոխէ իր հինգերորդ տարին, առանց յաղթողի կամ յաղթուողի:
Վարձկաններու եւ զինամթերքի առաքումը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ վրայով եւ իր հսկումով. Թուրքիա, քաջածանօթ ըլլալով Սուրիոյ բաժանումի ծրագիրին՝ կը ձգտի հողատարածք մը ապահովել Սուրիոյ հիւսիսային սահմանի ամբողջ տարածքին՝ ներառելով Հալէպ քաղաքը, Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ գտնուած հողամասերու վերադարձի երազով: Նոյն ատեն Թուրքիա կ՛ուզէ Սուրիոյ քիւրտ փոքրամասնութեան չէզոքացումը, տրուած ըլլալով անոնց՝ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) հետ ունեցած սերտ գործակցութիւնը: Իսկ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը՝ Միջին Արեւելքի մահմետականութեան ղեկավարի դիրքին հասնիլն է:
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հակակառավարական ուժերու ֆինանսաւորումը կ՛ապահովուի՛ մեծ համեմատութեամբ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով: Սէուտական Արաբիան, անկախ իր ունեցած սուր հակամարտութենէն Պարսկաստանի դէմ՝ շրջանային ուժ դառնալու պայքարին մէջ, Քաթարի հետ ունի տնտեսական հսկայ ակնկալութիւններ, որոնք կախեալ են պատերազմի արդիւնքէն։

Տնտեսական Ազդակներ

Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը կը ծրագրեն իրենց քարիւղը եւ բնական կազը քարիւղամուղի եւ կազամուղի միջոցաւ հասցնել Միջերկրական, այնտեղէն արտածելու համար դէպի Եւրոպա՝ նպատակ ունենալով մրցակցիլ ռուսական քարիւղին եւ կազին հետ: Աշխարհագրականօրէն, քարիւղի եւ կազի խողովակները Ծոցի երկիրներէն Միջերկրականի Արեւելեան ափը կրնան հասնիլ միայն ու միայն Սուրիական հողատարածքը կտրելով, բան մը որ անկարելի կը դուի ըլլալ այնքան ատեն, որ Ռուսիոյ դաշնակից իշխանութիւններ կան սուրիական պետութեան գլուխը:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Ռուսիա կորսնցուց իր գերպետութեան հանգամանքը՝ թողնելով ԱՄՆն իբրեւ միահեծան տէրը պետութիւններու ճակատագիրին, սակայն շնորհիւ իր հսկայ բնական հարստութիւններուն, անիկա աստիճանաբար տնտեսապէս հզօրանալով՝ սկսաւ իր տեղը վերագտնելու միջազգային քաղաքական բեմին վրայ: Այդ գործընթացի զինուորական առաջին արտայայտութիւններէն մէկը եղաւ 2006ի Լիբանանի պատերազմին, երբ Ռուսիա՝ Սուրիոյ միջոցաւ, «Հըզպալլա»ին հասցուց որակով գերազանց հակաթանկ հրթիռներ, որոնք հսկայ նիւթական վնասներ պատճառելով իսրայէլեան բանակին՝ վերջ դրին պատերազմին:
ԱՄՆ հետամուտ ըլլալով Ռուսիոյ տնտեսական հզօրացումը կասեցնելու կամ շրջելու՝ գլխաւոր միջոցներէն մէկը նկատեց Ռուսիոյ ուժանիւթի շուկային (Եւրոպայի) մէջ լուրջ մրցակցութիւն յառաջացնելը: Այդ դերը վիճակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարին, որոնք, իբրեւ մրցակից սոյն շուկային մէջ եւ այդպիսով մեծամեծ նիւթական ակնկալութիւններ ունենալով՝ պէտք է հոգային շրջանին մէջ տարուող պատերազմներու ֆինանսաւորումը:

Պատերազմի Երկրորդ Փուլը

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը սկսելէն չորս տարի ետք, հակառակ գործածուած հսկայական միջոցներուն, ակնկալուած արդիւնքները հեռու էին իրագործուելէ, շնորհիւ Ռուսիոյ, Պարսկաստանի եւ «Հըզպալլա»ի քաղաքական, զինուորական եւ նիւթական օժանդակութիւններուն՝ սուրիական իշխանութիւններուն:
Ընդդիմադիր «Ըմբոստ» ուժերու ճակատը հեռու էր լուրջ վտանգ մը ներկայացնելէ իշխանութիւններուն՝ ներքին մրցակցութիւններուն, պառակտումներուն եւ հակասութիւններուն պատճառով: Հարկ էր կուր կազմակերպութեամբ մը պայքարը շարունակել:
Գետնի վրայ կռուող կազմակերպութիւններէն երկուքը միայն՝ «Ճապհաթ Նուսրա»ն եւ «ՏԱԷՇ»ը (ISIS), թրծուած ըլլալով Իրաքի մէջ հակա-ամերիկեան զինեալ ըմբոստութեան եւ քաղաքացիական պատերազմին մէջ՝ իրենց կազմակերպուածութեամբ եւ մարզումի մակարդակով կարողականութիւնը ունէին լուրջ սպառնալիք դառնալու Սուրիոյ եւ Իրաքի իշխանութիւններուն: Այս երկու կազմակերպութիւնները, հակառակ անոր, որ «Քայիտա»ի թոյլ ցանցի իրաքեան եւ սուրիական անուանական թեւերը կը կազմէին, Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ կը գտնուէին սէուտական, քաթարական եւ թրքական ազդեցութիւններուն տակ:
Վերոյիշեալ երկու կազմակերպութիւնները 2014ի սկիզբը իրենց զէնքերը դարձուցին իրենց երբեմնի զինակիցներուն դէմ՝ յաճախ զանոնք զինաթափ ընելով կամ իրենց շրջաններու հակակշիռը ձեռքերնին առնելով, զանոնք մղելով միայն անուանական ներկայութիւն մը պահելու: 2014ի Փետրուարին, «ՏԱԷՇ» պաշտօնապէս բաժնուեցաւ «Քայիտա»էն եւ նոյն տարուան Յունիսին, կայծակնային արագութեամբ յաղթանակներ տանելով, Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ հսկայ տարածութիւններ գրաւելով՝ հռչակեց «Իսլամական պետութիւն»ը:
Այս շրջանին, «Ճապհաթ Նուսրա»ն կը հակակշռէր Սուրիոյ հարաւ-արեւմտեան՝ Յորդանանի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները, հասնելով մինչեւ Դամասկոսի արուարձանները: Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը տեւական մակընթացութիւններու բեմ կը հանդիսանար երկու ընդդիմադիր կազմակերպութիւններուն, քրտական ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ: Սակայն «Իսլամական պետութեան» ստեղծումն էր որ իսկակա՛ն երկրաշարժ ստեղծած էր շրջանի ուժերու վերադասաւորման մէջ:
«ՏԱԷՇ»ի ստեղծած «Իսլամական պետութիւն»ը կը տարածուէր Իրաքի եւ Սուրիոյ՝ մեծամասնութեամբ սիւննի շրջաններուն վրայ, մօտաւորապէս Անգլիոյ տարածութեամբ երկիր մը, որ Իրաք-Սէուտական սահմանէն կ՛երկարի մինչեւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանը՝ կտրելով Պարսկաստանի եւ Սուրիոյ հողային կապը, երկուքի բաժնելով պարսկական ազդեցութեան գօտին, հետեւաբար՝ անհամեմատօրէն տկարացնելով անոր շրջանային քաղաքական ներուժը:
Այս յաղթանակները կարելի եղաւ իրագործել իրաքեան բանակի սիւննի դժգոհ տարրերու՝ «ՏԱԷՇ»ի միացումով, Սատտամ Հիւսէյնի օրերէն վերապրած՝ Իզզադ Տուրիի նման, բարձրաստիճան բորձառու սպաներու օժանդակութեամբ եւ շրջանի սիւննի՝ ներկայ կարավառութենէն դժգոհ, ցեղախումբերու միացումով: Նորաստեղծ իշխանութիւնը, թալանելով շրջանի դրամատուները եւ գրաւելով իրաքեան կարգ մը եւ սուրիական համարեա բոլոր քարիւղի հանքերը՝ տիրացաւ նիւթական մեծ հարստութեան եւ եկամուտի աղբիւրներուն, ինքնաբաւ ըլլալու տարողութեամբ:
«ՏԱԷՇ»ի զինուորական յաջողութիւնները եւ «Իսլամական պետութեան» ստեղծումը՝ իր աշխարհագրական դիրքով, անմիջական հետեւանքներ ունեցան շրջանի քաղաքական հաւասարակշռութիւնը խախտելու մէջ:
Պարսկաստան ընդունեց իր հաւատարիմ դաշնակից՝ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հեռացումը իշխանութիւնէն. անոր փոխարինեց Հայտար Ապատին, որ պատրաստ է գործակցելու Արեւմուտքին հետ, «Իսլամական պետութեան» վտանգը կասեցնելու նպատակով: Անշուշտ, ամէն քաղաքական կամ զինուորական օժանդակութիւն ունի իր գինը, որ պարտաւորութիւններ կը դնէ ստացողի ուսերուն:
Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Թուրքիա աւելի անզիջող դարձան Սուրիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ, երբ իրենց հովանաւորած ուժերը իրերայաջորդ նահանջներէ ետք, վերջապէս կրցան լուրջ եւ իրողական վտանգ մը հանդիսանալ երկրի ամբողջութեան ու իշխանութեան գոյատեւման համար:
Թուրքիա սկսաւ պահանջելու Սուրիոյ հիւսիսը վերածել իր ազդեցութեան գօտիին՝ միաժամանակ բացայայտօրէն օգնելով «ՏԱԷՇ»ին, որ Սուրիոյ քրտական YPG (Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան՝ PKK-ի զինակից) կազմակերպութեան բնաջնջումը իրագործէ: Թուրքիա նոյնիսկ իր տասնամեակներու սերտ դաշնակից ԱՄՆի ճնշումներուն դիմադրեց՝ արգիլելով PKK-ի զինեալներուն սահմանը կտրել՝ օգնութեան հասնելու համար իրենց ազգակից եւ դաշնակից սուրիացի քիւրտերուն:

«Իսլամական Պետութիւն»ը Տուեալ Ո՞ւժ, Թէ Գործիք

«Իսլամական պետութեան» ստեղծումով յառաջացած հաւասարակշռութիւններու խախտումին ընկերացաւ նաեւ հսկայ տարողութեամբ հոգեբանական պայքար մը՝ մղուած «ՏԱԷՇ»ի կողմէ, իրենց անմարդկային վայրագութիւնները ցուցադրող երիզներու ցրուումով, կրօնատեղիներու հրկիզումով, տարբեր դաւանանքներու եւ ազգութիւններու հալածանքով, կիներու նկատմամբ անընդունելի կեցուածքով ու ժողովուրդի կեղեքումով, մինչեւ որ ներքին թէ արտաքին հանրային կարծիքը պատրաստ եղաւ որեւէ փրկարար ուժ ընդունելի գտնելու՝ կացութիւնը փոխելու համար:
Այս պահուն է որ ԱՄՆ սկսաւ իր օդային ռմբակոծումներուն՝ «ՏԱԷՇ»ի դէմ: Սակայն ռմբակոծումներու թիրախները ենթադրել կու տային, թէ կային որոշ կարմիր գիծեր (Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Արպիլը, ջուրի ամբարտակ, քարիւղի որոշ զտարաններ, եւլն.) զորս կտրել ու անցնիլ հնարաւոր չէր «ՏԱԷՇ»ին: Քոպանիի՝ ռազմավարական այս աննշան աւանին, պաշարումը շաբաթներով օդային ռմբակոծումներու առիթ տուաւ, սակայն «Իսլամական պետութեան» ուժերուն՝ Պաղտատէն 10 մղոն հեռաւորութեամբ տարածքներ հասնիլը, որեւէ հակազդեցութիւն չյառաջացուց։
Վերջապէս, Նոյեմբեր 7, 2014ին նախագահ Օպամա որոշեց 1500 ամերիկացի զինուորականներու արաքումը դէպի Իրաք, միանալու համար հոն գտնուող նոյն թիւով զինուորական մասնագէտներու, իրաքեան եւ քրտական բանակներու յաւելեալ մարզումին նպատակով: Ամերիկեան զինուորական վերադարձը Իրաք պիտի սահմանափակուի՞ այսքանով, թէ ասիկա առաջին ալիքն է աւելի մեծ ներկայութեան մը ստեղծումին, երկարաշունչ պայքարի մը նախատեսութեամբ:
Նոյեմբեր 11, 2014ի լրատուութիւններուն համաձայն՝ «Իսլամական պետութեան» խալիֆան՝ Ապու Պաքր Պաղտատին, ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ ամերիկեան օդուժի ռմբակոծումներէն. թէ անոր անհետացումով ի՞նչ պիտի ըլլայ «ՏԱԷՇ»ի ճակատագիրը՝ անյայտ է: Նոր ղեկավարը արդեօք տարբեր դեր ունի՞ խաղալիք: Արդեօք «Իսլամական պետութիւն»ը կոչուած է գոյատեւելու եւ Իրաքի բաժանումը ամբողջացնելո՞ւ՝ նոյն ատեն Սուրիայէն մաս մըն ալ անդամահատելով… Ի՞նչ պիտի ըլլայ Սուրիոյ քիւրտերու ճակատագիրը. արդեօք Սուրիոյ բաժանումով քիւրտերը պիտի անկախանան եւ իրենց նոր կացութիւնը վարակիչ պիտի ըլլա՞յ Թուրքիոյ քիւրտերուն: Արդեօք Սէուտական Արաբիան պիտի կարենա՞յ «Իսլամական պետութեան» քարիւղին տիրանալ, թէ «ՏԱԷՇ»ը պիտի կարենայ բաժանել Սէուտական Արաբիան:

Ի՞նչ Կրնայ Բերել Ապագան

Վերեւի հարցականները եւ բազմաթիւ ուրիշներ առկայ են Միջին Արեւելքի ներկայ «ստեղծի»չ կամ «քանդի»չ քաոսին մէջ: Բազմաթիւ զինուորական, քաղաքական եւ ակադեմական անձնաւորութիւններ կը նախատեսեն երկարաշունչ արիւնալի պայքար եւ սահմաններու վերադասաւորում: Կարծիքներու հասարակ յայտարարը այն է, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին յաջորդող միջինարեւելեան սահմանները՝ գծուած Սայքս-Փիքոյի համաձայնութեամբ, այլեւս ի զօրու չեն:
Գոյութիւն ունին շրջանային ուժեր՝ Պարսկաստան, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա, որոնք կը պայքարին Իսլամական աշխարհի գերակայութեան հասնելու: Գերպետութիւնները կը մրցակցին շրջանին մէջ տնտեսական շահերու ապահովման եւ իրենց քաղաքական ազդեցութեան տարածման նպատակով: Դերակատարները (մեծ թէ փոքր) բազմաթիւ են, դաշինքներ կը կնքուին եւ կը խզուին ամէն անկիւնադարձի, անսպասելի համաձայնութիւններ եւ դաւաճանութիւններ սովորական եղելութիւններ են այլեւս:
Այս բոլոր ուժերու եւ արարքներու ներգործութեան արդիւնքը պիտի որոշէ Միջին Արեւելքի ապագան՝ հիմնուած միայն երկու անխախտ սկզբունքներու վրայ՝ Իսրայէլի ապահովութիւնը եւ ուժանիւթի հայթայթման ապահովումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles