ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերամուտ է:Օգոստոս, Սեպտեմբեր կամ Հոկտեմբեր ամիսներ. միեւնոյնն է: Վերամուտը վերամուտ է, բոլոր աշակերտներուն ու ուսանողներուն համար, յաճախ անբաղձալի ու երբեմն՝ դժուար:
Թերեւս… բայց ոչ ինծի համար:
Որովհետեւ ամէն տարի, ճիշդ այս շրջանին, չես գիտեր ինչպէս, յանկարծ հին եւ կարօտալի զգացումներ, նոյնքան կարօտալի յուշերէս թելադրուած ու խօսքերնին մէկ ըրած՝ նախ կը խառնուէին ուղեղիս շուրջ եւ ապա շրջապատելով զինք՝ կը յարձակէին անոր վրայ, կը գրաւէին անոր համայն ուշադրութիւնը եւ երբ վերջնականապէս տէրը կը դառնային անոր բոլոր լարերուն, կերպով մը զինք գերի բռնելով՝ կանալաւոր կը տանէին մեր հին քաղաքի այն հին հրապարակը, ուրկէ կը բաժնուէր դէպի մեր դպրոցն ու մեր եկեղեցին առաջնորդող ճամբան:
Մէկ խօսքով՝ ծննդավայր Հալէպիս այն ճամբան, որուն քարերուն, պատերուն եւ մայթերուն վրայ տակաւին աշակերտական տարիներու յուշերուս հետքերը կը տեսնուին: Այն յուշերը, որոնք այս օրերուն զիս անզգալաբար կը նետէին տարօրինակ երանութեան մը գիրկը:
Վերամուտ ըսի, պէտք էր, որ ըսէի՝ նախակրթարանի տարիներուս վերամուտը:
Այդ օրերուն գոց գիտէինք մեր վարժարանի վերամուտի թուականն ու ժամը: Ինծի նման տարեկիցներս եւ բոլոր դասընկերներս ալ անհամբեր կը սպասէին այդ օրուան:
«Արեւելք» օրաթերթի չորրորդ էջին վրայ, քանի մը օրերու վրայ երկարող մեր վարժարանի վերաբացման ծանուցումները արդէն իսկ բաւարար էին հրաւիրելու ծնողները դէպի հայկական վարժարան: Ամբողջ քաղաքը տարբեր իրարանցում մը կը հագնէր, նոր կերպարանք մը կը ստանար, նոր հեւք մը կ՛ապրէր: Բոլոր փողոցներուն, թաղերուն եւ դպրոցներուն անկիւնները, յատկապէս երեկոները, նոր աղմուկով մը կը լեցուէին: Տեսակաւոր գիրքերու վաճառք մը կը սկսէր:
Հապա մեր թա՞ղը: Եւ տակաւին՝ մեր բա՞կը…
Բոլոր դրացիները քաջ գիտէին, թէ դպրոցներու վերաբացումէն օր մը առաջ, նոյնիսկ Կիրակի օրով, մայրս իրաւունք ունէր բաղնիքը գործածելու:
– Ազատուհիին չոճուխները վաղը դպրոց կը սկսին:
Այս էր անոնց արդարացումը: Մօրս մէկ շաբթուան մէջ երկու անգամ բաղնիք վառելը կամ գործածելը՝ այսպէս կը թարգմանուէր:
Բազմադրացնութեամբ, նոյն բակին մէջ տարիներով եօթը դրացիներով մեր ապրելը, մեր բոլորին ներկայութիւնը, երբեմն որոշ, սակայն սահմանուած եւ լռելեայն համաձայնուած անգիր օրէնքներ դասաւորած էին։
Այս մէկը՝ մեր լոգանք առնելը, այդ օրէնքներէն մէկուն խախտումն էր: Բայց… Բարի դրացնութիւն… Երանելի դրացնութիւն…
Մայրս մեզի կարգով կը լոգցնէր, կը պատրաստէր յաջորդ օրուան: Մեր կարգին, երեք եղբայրներով մեր միակ եւ սակայն ընդարձակ սենեակին մեծ մահճակալներուն տակէն դուրս բերած կ՛ըլլայինք ամրան սկիզբը մեր պահած հայերէն կամ արաբերէն բոլոր գիրքերը:
Վերիվարոյ, համերաշխ կը համաձայնէինք, թէ ո՞վ նոր գիրքի կարօտը ունէր եւ ո՞վ՝ հինի կամ հիներու: Երկուշաբթի առաւօտ, մօրս ձեռքէն բռնած կամ անոր հետեւելով՝ երեսնիս խաչակնքելով կը մտնէինք «Հայկազեան»ի տղոց բաժինը։
Գիտէինք մեր նոր դասարանները: Արդէն իսկ անոնց դռներուն ճակատը զարդարող փոքր ու հնամաշ տախտակներուն վրայ, երբեմն հազիւ ընթեռնելի՝ կամ տեսանելի՝ գրուած էր դասարանի կարգը: Պարոն Սապունճեանը կատակներով կ՛ընդունէր մայրս: Ժամանակին, տարիներ առաջ, երկուքը նոյն դպրոցին մէջ դասընկերներ եղած էին: Արձանագրութեան այս պահը, կարծես, իրենց համար ալ առիթ մը կը ստեղծէր բանալու իրենց կարգին հին յուշերու տոպրակը, որոնց մէջէն մեզի անծանօթ անուններ եւ թուականներ դուրս գալով՝ երկուքին դէմքերուն վրայ նոր ուրախութեան մը ներկայութիւնը կը գծագրէին:
Ապա մենք, իւրաքանչիւրս իր դասարանը անցնելով՝ առաջին իսկ պահուն արդէն կը ստանայինք մեր դասացուցակը, մեր բոլոր գիրքերուն ցանկն ու գործածուելիք տետրակներու թիւն ու տեսակները, մանաւանդ՝ կապոյտ կողք անցընելու պարտաւորութիւնը:
Մեր վերամուտի առաջին երեկոյին արդէն իսկ կը ծնէր մեր նոր «վազք»ը:
Այդ օրերուն տակաւին արաբերէն դասագիրքերը նոյնը պահուած էին: Էականը՝ հայերէն լեզուով դասաւանդուած նիւթերու գիրքերը շուտով ապահովելն էր: Նորերը գնելը դիւրին էր: Սակայն այդ մէկը հօրս պիւտճէէն աւելի բարձր էր: Ուստի, յոռեգոյն պարագային միայն պիտի դիմէինք այդ «նոր»ին:
Մեր փնտռածը «Շողական»ն էր կամ՝ «Հայկարան»ը, թերեւս ալ Պարսումեանի «Հայաստանի Աշխարհագրութիւն»ը կամ Տասնապետեանի «Գիտութիւն»ը: Աւելին, Ատրունիի «Թուաբանութիւն»ն ու Մարաշլեանի կամ Սիմոնեանի «Հայոց Պատմութիւն»ը, եւ ինչու չէ նաեւ՝ Մելքոնեանի կամ Մկրտիչեանի «Քերականութիւն»ը, եւ տակաւին՝ «Ընդհանուր Ազգաց Պատմութիւն»ը եւ Մեսրոպ վարդապետի «Կրօն»ի գիրքը: Ահա՛ ամբողջ «բանակը»: Ահա մեր գիրքերը՝ իրենց հեղինակներու թիւի եւ որակի ծանրութեամբ:
Տունը կը կատարէինք ամբողջ հաշիւները: Հայրս մեզի արտօնած էր արաբերէն մեր գիրքերու առուծախը: Բայց հայերէնները… բացարձակապէս ո՛չ: Անկարելի՛ բան էր: Անոնք պէտք էր պահուէին, ի՛նչ վիճակի մէջ ալ ըլլային: Նոյն օրը երեկոյեան, մեր ընթրիքէն ետք, մեր պատրաստած ցանկը առնելով՝ մեծ եղբօրս հետ «կ՛իջնէինք շուկայ»: Հայկազեանի թաղը չհասած՝ ոսկերիչներու շուկային ճիշդ ծայրամասին գտնուող ածխավաճառներու հրապարակին վրայ, արդէն աշակերտներ, ծնողներ, հայրեր եւ մայրեր իրարու գիրք ծախելով եւ իրարմէ գիրք գնելով զբաղած կ՛ըլլային: Իսկ դպրոցի ամբողջ փողոցի երկայնքին, Սալիպէ թաղը եւ նոյնիսկ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մուտքին, ուր հայ եւ արաբ գրավաճառներ կային, խանութներու մուտքին աշակերտները հին կամ չգործածուած գիրքերու «վաճառականութեամբ» կը զբաղէին՝ լեցնելով ամբողջ շրջանը իրենց աղմուկով, որ երբեմն ժխորի կը վերածուէր: Թաղեցիք այս օրերու աղմուկին քաջածանօթ էին:
Մայրս մեզի թելադրած էր, որ նոր գիրքեր գնելու պարագային՝ դիմէինք Պօղարեանին կամ Մանսուրեանին: Այս գրավաճառները, մօրս կարծիքով, քիչ-շատ «պարկեշտ» էին: Իսկ մնացեալներու պարագային՝ զգոյշ պէտք է ըլլայինք եւ յատկապէս գործածուածը գնած ընթացքին պէտք է գիրքի էջերը համրէինք, նայելու համար, թէ արդեօք պակաս կամ փրցուած էջեր կայի՞ն:
Այս ձեւով, ես ու մեծ եղբայրս կը սկսէինք մեր գնումներուն: Նախ կը փորձէինք գրավաճառ Ռուբէնին մօտենալ, անոր կարծիքը առնել, զանազան գիրքերու գիները հասկնալ: Ռուբէնը արագախօս, քիչ մըն ալ թոթով էր, ու ինծի համար գրեթէ անհասկնալի էին անոր բառերն ու արտասանած նախադասութիւնները: Անպիտանը, սակայն, գործին տէրն էր: Իր նեղ ու երկար խանութին մէջ, գոց գիտեր, թէ ո՛ւր դրուած էր այսինչ կամ այնինչ գիրքը, նորը, հինը կամ քիչ մը գործածուածը: Քանի որ դասընկերներուս համաձայն՝ Ռուբէնը «սուղճի» էր, ուստի արագ մը կը մտնէինք Սալիպէ թաղը ու առաջին իսկ հերթին՝ գրավաճառ Պօղարեանի խանութը:
Մարդը հայրս լաւ կը ճանչնար: Մենք առաւել յարգանքով կը մօտենայինք իրեն: Մաքուր եւ կոկիկ խանութ մը ունէր: Պատերը դարակներով լեցուն, նոյնիսկ՝ ապակեայ փեղկերով պահարաններով, որոնց մէջ շարուած էին հայերէն նոր գիրքերը:
Գիտութիւն կամ հայոց պատմութիւն՝ հոն կը գտնէինք մեր ուզածը: Սակարկութիւն չէինք ըներ: Նոյնիսկ սակարկել չէինք գիտեր: Բայց Պօղարեանը միշտ բան մը զեղչելով՝ մեզ կը ճամբէր: Պօղարեան, սակայն, Ատրունիի թուաբանութեան գիրքը չունէր: Հաստափոր գիրք մըն էր, որ մինչեւ հինգերորդ կարգի աշակերտ՝ ինձմէ առաջ եղբայրս եւ ապա ես, գործածեցինք:
- Թերեւս Կոպեռնիկ Մանսուրեանը կ՛ունենայ,- կը թելադրէր գրավաճառ Պօղարեանը՝ աւելցնելով, թէ ան Պոլիսէն բերել կու տայ նման գիրքեր:
Հարիւր մեթր անդին, մեր հինաւուրց եկեղեցւոյ ճիշդ մուտքին յենած խանութը Մանսուրեանինն էր. հոն կրնայիր գտնել նաեւ Հալէպի այդ օրերու Ուսումնական խորհուրդի հրապարակած բոլոր գիրքերուն նորերը։
Հայկական երկու գրախանութով, փոքրիկ հայկական սրճարանով եւ մէկ-երկու ոսկերիչներով պատուած այդ պզտիկ «հրապարակը» իսկապէս Կիրակի օրուան պազարը կը յիշեցնէր: Մանսուրեանի խանութէն դուրս եկողները, դիմաց անցնելով՝ այս անգամ գրավաճառ Կիւլէսէրին կը հանդիպէին. դարձեալ երկար, լայն, սակայն աղօտ լոյսի տակ, գրավաճառ Կիւլէսէրեանն ու տղան՝ Արան, մօտէն կը հետեւէին իրենց մեծ ու փոքր յաճախորդներուն: Անոնցմէ գիրքեր կը գնէին կամ անոնց կը ծախէին: Գրավաճառ Ռուբէնի նման Կիւլէսէրին խօսակցութիւնն ալ ինծի համար անհասկնալի էր: Մայրս կ՛ըսէր, թէ պարոն Կիւլէսէրը շատ ընթերցասէր էր: Կը կարծէի, որ իր արագախօս եւ ուսուցիչի ոճով առոգանութիւնը իր ընթերցումներուն արդիւնքն էր:
Ապա կ՛ուղղուէինք դէպի «Երեք Անթէյլ» տանող նեղ թաղը, ուր կար նաեւ արաբ գրավաճառ Պասիլը, որուն համար հայրս կ՛ըսէր, թէ շատ անկիրթ մարդ մըն է, եւ արգիլած էր մեզի անկէ գնումներ կատարել: Մենք կը հնազանդէինք: Այդ թաղէն կ՛անցնէինք, որպէսզի աշակերտ գրավաճառներէն գիրքեր գնէինք: Այսպէս, մեր գիրքերու առեւտուրը մէկ-երկու օրէն իր լրումին կը հասնէր: Ցանկը ամբողջացած էր:
Կը մնար տետրակներու կողքը, զոր Պասիլի խանութէն քիչ մը վեր, Ճիտէյտէի հրապարակը չհասած՝ Ճիճոյէն, այդ փոքր խանութ ունեցող բազմազբաղ վաճառականէն պիտի գնէինք: Ճիճօն ասորի մըն էր, որ հայերէն լեզուն ինքզինք բացայայտելու չափ գիտէր: Հայերէն կը խօսէր: Դուն միայն իրեն կ՛ըսէիր, թէ քանի՞ տետրակի համար կողք կ՛ուզէիր: Ինք մտովի կը չափէր ու կապոյտ թուղթը արագ մը մկրատով մը կը կտրէր, քեզի կը յանձնէր՝ միաժամանակ յիշեցնելով՝ «էթիքէ»չի, մատիտի, կաղամարի, սրբիչի կամ գրիչի պէտք ունէ՞իր կամ ոչ:
– Ծուծուն կ՛ուզէ,- կը պոռար, որպէսզի լսէիր, թէ ծծումբ թուղթ ալ կ՛ուզէի՞ր, թէ ոչ: Մինչեւ Չորեքշաբթի երեկոյ, արդէն իսկ մեր գիրքերն ու տետրակները, զորս դպրոցը պարոն Նագգաշեանէն գնած էինք, ամբողջացած կ՛ըլլային: Մայրս մեր տետրակներու կողքերը անցուցած եւ «էթիքէ»չները փակցուցած կ՛ըլլար ամենաուշը՝ Հինգշաբթի օր:
Պարտաճանաչ էինք: Մեր ծնողքին նման պարտաճանաչ: Մէկ շաբթուան ընթացքին վերամուտի հեւքը կամաց-կամաց կը մարէր, շատ քիչ անգամ՝ յաջորդ շաբթուան երեկոներուն կայծկլտուքներ արձակելով:
Երանելի՜ օրեր: Ո՞վ չի սիրեր իր մանկութեան վերամուտը վերապրիլ: Ըսէ՛ք, ո՞վ:
***
Վերամուտ է դարձեալ: Ամրան համրուած ամիսներու արձակուրդէն ետք, վարժարանները կրկին անգամ կը բանան իրենց դռները: Հայ աշակերտը կրկին անգամ կը վերադառնայ իր սիրելի երկրորդ տունը՝ հայ վարժարանը։
Ուստի՝ բարի երթ մեր բոլոր աշակերտներուն: