Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հայաստան Եւ Միջազգային Նոր Գրաւարկները

$
0
0

ՌՈՊԷՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ

«Ինթերնէշընըլ Նիւ Եորք Թայմզ»ի 2014 Յուլիս 16ի թիւին առաջին էջը կը գրաւեն Կազայէն հսկայ պատկեր մը եւ թերթին Երուսաղէմի, Պաղտատի եւ Քիեւի թղթակիցներուն երեք յօդուածները: Անոնց մէջ կը ներկայացուին Պաղեստինի, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմներուն վերջին իրադարձութիւնները: Նախապէս, «Ֆրանս-Էնթեր»ի աշխարհաքաղաքական հարցերու քրոնիկագիրն ալ հրաժեշտ առած էր իր ունկնդիրներէն, ըսելով որ Օգոստոսի կէսերուն իր վերադարձին, վստահաբար պիտի մեկնաբանէ նշեալ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած սահմանային շարժումները:
Պատերազմական եւ մահաբեր այս իրադրութեան մէջ, ֆրանսացիներն ալ կը մեկնին արձակուրդի, առանց շատ մտահոգուելու ճակատագիրովը քաղաքացի հազարաւոր զոհերու, որոնք թիրախ պիտի դառնան ռմբակոծումներու, կոյր ոճրափորձերու եւ կողմնակի այլ արկածներու: Զէնքի ու զինամթերքի առեւտուրը երբեք այսքան բարգաւաճ չէր եղած: Ռուս եւ Իսրայէլ անսանձ կերպով կը շարունակեն գերսպառազինել Ատրպէյճանը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը ալ միլիառներու արժողութեամբ զինամթերք կը գնեն: Ատոր մէկ մասը պիտի անցնի իսլամապաշտ քաղաքազօրքերու ձեռքը, ինչ որ պարագան եղաւ ֆրանսական եւ բրիտանական զինամթերքին՝ Լիպիոյ մէջ, Քատտաֆիի անկումէն ետք:
Նկատի ունենալով Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմներուն կատարեալ ձախողութեամբ պսակումը անգլեւսաքսոններուն համար, նախագահ Օպամա ընտրեց Ճորճ Պուշէն տարբեր ուղեգիծ մը: Որոշեց կեդրոնանալ տնտեսական, ֆինանսական եւ արդի արհեստագիտութիւններու ճակատներուն վրայ: Ատոր համար ան կը կիրարկէ 26 դարեր առաջ չինացի ռազմավար Սուն Ցէի սկզբունքը, որ յիշուած է անոր «Պատերազմի արուեստը» գործին մէջ. «Պատերազմի արուեստին գագաթնակէտը թշնամին ենթակայ դարձնելը չէ. այդ արուեստին գագաթնակէտը՝ առանց ոչ իսկ կաթիլ մը արիւն թափելու թշնամին ենթակայ դարձնելն է»: Միջամտութեան սպառնալիքները՝ լծորդուած տնտեսական պատիժներով որոնց ձեռնարկած է, առնուազն թոյլ տուին խուսափիլ զինուորական միջամտութիւն կատարելէ Իրանի, Սուրիոյ եւ Ուքրաինոյ մէջ, նաեւ նոր նահատակներ եւ աւերներ գումարելէ, արդէն գոյութիւն ունեցող քաոսային այս պայմաններուն մէջ: Իրան այսօր բանակցութիւններ կը վարէ հիւլէական հարցին շուրջ, Սուրիա լքեց քիմիական իր զէնքերը, եւ Ռուսիան իր կիրքերը սահմանափակեց Ղրիմով: Բրիտանական խորհրդարանն ալ աւելի զուսպ գտնուեցաւ, քան անցեալին՝ Թոնի Պլեր եւ այսօր ալ՝ Լորան Ֆապիւս:
Այս վաղնջական եւ մահաբեր իրադրութեան մէջ, որ պիտի առաջնորդէ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի պայթումին, ինչպէ՞ս Հայաստանը զերծ պահել եւ օգնել անոր, որպէսզի կարենայ իրեն բաժին հանել տնտեսական ճակատներու եւ ուժերու այս մրցակցութենէն: Հոս, ես պիտի համարձակիմ կատարել երեք թելադրութիւններ.
Նախ եւ առաջ, նուազ հակազդել թուրք դրացիներու ճնշումներուն եւ նուազ զբաղիլ անոնցմով, ինչպէս նաեւ Ասթանայի մէջ Հայաստանի ուղղուած նկատողութիւններով (Եւրասիական Տնտեսական միութեան Հայաստանի ընդգրկումին մասին՝ առանց Արցախի): Ապա, փորձել աւելի կեդրոնական դեր խաղալ փոխանակումներու համաշխարհային նոր ցանցին մէջ: Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ իր Սփիւռքը արժէքաւոր խաղաքարտեր դարձած են՝ կարենալու համար դուրս ելլել լուսանցքային այն դիրքէն, ուր կը փորձեն զայն տեղաւորել, եւ տեղ գրաւելու՝ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք առանցքներուն կեդրոնը (ինչպէս արդէն թելադրեցինք դէպի Իրան բացուելու մասին մեր յօդուածին մէջ):
Հուսկ, համախմբել հայկական ամբողջ ուժերը, որոնք գոյութիւն ունին ընկերային եւ քաղաքական շարժումներուն, քննադատ մտաւորականութեան խորհրդածութիւններուն եւ երիտասարդութեան մէջ:
Հայաստան նոր աշխարհայեացքի մը որդեգրումով՝ «կեդրոնական» դեր խաղալով, կրնայ բազմապատկել իր ազդեցութիւնը:

«Նոր Յառաջ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles