ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն… Մեղա՜յ, մեղայ՜ Արարատին…
Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ
Երբ իրիկնադէմին, մեղմ, հատ-հատ ղօղանջում է զանգը հին, խարխուլ զանգակատնից՝ կանչում է նա։ Ո՞վ է լսում։ Ով էլ որ լսում է՝ շա՞տ բան է հասկանում…
Ե. ՉԱՐԵՆՑ
Շահնուր դեռ նոր կազմաւորուած Սփիւռքի հալիլը կը տեսնէ, Չարենց՝ այլեւս յիշատակի կծու ծուխ դարձած Մեծ Հայրենիքի ու հայրենի Կարսի անկումին ցաւերը կ՛ապրի…
Երկու ահազանգ՝ արթնացումի կոչ։
Հալէպը, ամէն պարագայի, պիտի նորոգուի ու ըլլայ աւելի գեղեցիկ ու բարեկեցիկ. սակայն հայ գաղո՞ւթը…
Հարցումը ինծի չէ միայն որ կ՛այցելէ. զայն կը տեսնես աչքերուն մէջ բոլորին, որոնք ունակ են խորհելու իրենց ապուրէն անդին։ Հարցումը կը լսես յաճախ խօսակցութիւններու մէջ ու պատասխանները լսել չես ուզեր, կամ, շունչ առած՝ կը ժպտիս անոր, որ լաւատեսօրէն կը նայի վաղուան։
Այսօր, երբ ռուսական հեռատեսիլի կայանէն լուրեր կ՛առնէի՝ ընդմիջուեցաւ գովազդով։ Մինչ արդէն կէս աչքով կը նայէի ու կը լսէի, թէ Խրիմ առաջիններէն է Ռուսիոյ մէջ, ուր մտած է քրիստոնէութիւնը (Բիւզանդիոնէն, 10րդ դարու վերջաւորութեան)։ Յանկարծ ցատկեցի տեղէս ու ակամայ պոռացի՝ «Մեր եկեղեցի՜ն, Հայոց եկեղեցի՜»։ Կարծես ռուս խօսնակին հասկցնել ուզէի, թէ մի՛ մոռնար, հայոց եկեղեցի է ցոյց տուածդ, առաջիններէն մի՜ն։ Ան, մեծ Ռուսիոյ զաւակը, անտարակոյս չլսեց ինծի, եթէ լսէր ալ՝ պաղ զարմանքով պիտի նայէր, մինչ խանդավառութեանս փոխարինած արցունքներս միայն կատուս տեսաւ ու հասկցաւ, քանի որ հայ կատու է։ Ոսկեայ գմբէթներով, հարուստ երկրի մը մէջ կը փայլէր, կը շողար, կը հմայէր եկեղեցիս ո՛չ իր ոսկիներով, այլ բռնցքուած իր միաձոյլ համանուագով, կուռ ու խորախորհուրդ խոյացումովը։ Ե՞րբ էր, որ Խրիմ գաղթած պապերս
«…Հողէն զայն քար առ քար հանեցին
Ու երկինքէն իջուցին զայն ցօղ առ ցօղ, ամպ առ ամպ
Ու թաղուեցան անոր մէջ՝ հանդարտութեամբ, հեզութեամբ…»։
Սակայն, հուսկ ապա տարուեցան ոսկիէ գմբէթներու փայլքով ու մոռցան այլեւս «Հաղորդուի՜լ անցեալին հաց ու գինով կենսառողջ»…
Ապա կը խօսիմ այլեւս անհետացած ու հոգիս տակնուվրայ ըրած իմ «հոգւոյս ծննդավայրին» հետ։ «Ո՞րբ ես դուն, թէ Հայրենիքէն խուռներամ արտահոսող զաւակներդ քեզի ու հարաւային Ռուսիոյ տարածքի ուրիշ շատ որբացած եկեղեցիներուն տէր կ՛ըլլան, գէթ ժամանակաւոր, քանի որ այդ հողը զանոնք արագ կլլելու կարողութիւնը ունի։
Ապա, անմիջական զուգորդութեամբ կը յիշեմ մեր վիրաւոր Ս. Գէորգը, շարականի ձայնը մոռցած Քառասնից Մանկանցը ու կ՛աղաչեմ՝ «Աստուածն իմ բարեպաշտ պապերուս, եթէ ոչ մեզի, գոնէ անոնց հաւատքին ու սիրոյն համար խնայէ այս ու միւս մեր սրբութիւններուն կորուստը»։
Ահա կ՛անցնիս վերջին հարիւր տարուան մէջ մեր կառուցածներուն քովէն (չեմ խօսիր հազարամեակներու մասին)՝ ակումբներ, դպրոցներ, մշակութային ու մարզական կեդրոններ, մանկապարտէզնե՜ր, ուրկէ հայու աչուկներով ժիր մանուկներու ճիչ-կանչերը կը ջերմացնեն հոգիդ. հայոց թաղեր, տուներ, խանութներ, արհեստանոցներ, տպարան ու դարմանատուն… տաքուկ հոսանք մը կ՛անցնի հոգիէդ՝ «մե՛րը», թէկուզ անոնցմէ մաս մը սոսկ «մերն» են ու մաս մըն ալ՝ աւելի՛ «մե՜րը»… Ու այսօր, անոնց քովէն անցած պահուդ, ինչպէ՞ս կրնայ միտքիդ մէջ չծառանալ անոնց վաղուան ճակատագիրին մասին հարցումը։ Ո՞ւր կը պահես գլուխդ ու կը փախչիս զքեզ հետապնդող հարցումէն, երբ քիչ մը գէթ տեղեակ ես այս ժողովուրդի աշխարհով մէկ ստեղծած, կառուցած ու ապա լքած, հեռացածներէն։
Հաւանաբար կը զարմանաք կամ չափազանցուած կը գտնէք յուզումներս, սակայն ետ նայինք դարերուն մէջէն մեր անցած ճամբաներուն։
Ահա՛ երբեմնի լեհահայ գաղութը։ Անիկա եւս ունէր վերը նշուածներուն մեծ մասը։
Անիկա կազմաւորուած էր դեռ տասնմէկերորդ դարէն, Անին աժան կորսնցնելէն ետք (յետոյ յիշեցէք ու արցունք թափեցէք), յաջորդող դարերուն ստուարացած էր շնորհիւ մոնկոլ-սելճուկեան «մարդասիրութեան» ու հայկական «հայրենասիրութեան»։ Մեծ ու բազմամարդ գաղութ՝ Լեհաստանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, տեղական մշակոյթի վրայ կնիք դնող արհեստաւորներ, արուեստագէտներ ու միտքի մարդիկ, երկրաշէն վաճառականութիւն ու նաեւ՝ գրչութեան կեդրոն, դպրոց մը ըլլալու չափ… ո՞ւր են այսօր։ Պատճառնե՞րը. կրնաք գտնել պատմութեան գիրքերու ու մանաւանդ՝ մենք մեզմէ ու մերինէն յոգնելու, զայն լքելու, «եկեղեցին եկեղեցի է» յայտարարելու ու օտարին հետ մերուելու մեր մեծ փափաքին մէջ (դիւրին է մեղադրել օտարները)։
Խօսի՞մ նաեւ մեծ ու շէն (հարո՜ւստ) հնդկահայ գաղութին մասին, ուր հայոց առաջին լրագիրը տպուեցաւ, իսկ աւելի մօտակայ ժամանակներու՝ Եգիպտոսի մեծ գաղութի՞ն, որ իր ծաղկումին օրերուն, երբ սուլթան Համիտ կը հալածէր հայ միտքն ու արիւնը, հիւրընկալեց պոլսահայ մտաւորականութեան ընտրանին, որոնց կարգին Օտեան ու իր անմահ «Յեղափոխութեան Մակաբոյծները»։
Դառնա՞նք Իրաքին, Երուսաղէմին, Թիֆլիսին, նոյնիսկ՝ Պաքուին ալ… դո՛ւք ըսէք…
Ու այսօր կարգը Հալէպի՞ն է՝ Սփիւռքը սնուցող գաղութին։ Երբ կը քալէի փողոցը, կարճ ժամանակի մէջ բազում ծանօթ դէմքերու տաք ժպիտներ կը տեսնէի։ Այսօր ինծի խորթ աչքով կը նային փողոցները։ Այսօր հեռաձայնի տետրակէս (հնաոճ եմ ու դեռ տետրակ կը պահեմ) ջնջեցի, անխղճաբար ջնջեցի բազմաթիւ անուններ՝ սիրելի, հաճելի, բարեկամ ու նաեւ՝ չարակամ մարդոց (անոնք ալ գոյութեան իրաւունք ունին), ու տակը մնացածին համար էջ մը իսկ շատ էր.
Ա.ն մեկնեցաւ Ամերիկա (ընտանեօ՜ք)
Բ.ն… Քանատա
Գ.ն… Շուէտ
Դ.ն… Հոլանտա, Գերմանիա, Ապու Տապի… քի՞չ են երկիրներ մոլորակին վրայ…
Ե.ը զոհուեցաւ հրասանդէ…
Զ.ն… սիրտի կաթուած ստացաւ՝ սնանկանալու հետեւանքով…
Քանի մը անգամ կրկնելու եմ հայոց տառերը…
Կը գաղթեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը գաղթեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր, կը գաղթէ… լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն… Մեղայ՜, մեղա՜յ Արարատին…
Ու վաղը հայ աշակերտներ պիտի նստի՞ն մեր դպրոցներու նստարաններուն. պիտի գտնուի՞ն հայ ուսուցիչներ ու մանաւանդ՝ հայերէնի ուսուցիչներ։ Քանի որ անոնք, որոնք չեն գացած՝ կը ծրագրեն երթալ, «երբ կարելի ըլլայ…»։
Մտադրութիւնս բնաւ յուսահատեցնել չէ, այլ ահազանգել մոլորակով մէկ՝ հայե՛ր, արթնցէ՛ք, կը սիրենք բաղդատուիլ ազգի մը հետ, որ չեղած տեղէն, ուրիշի հաշւոյն հայրենիք ստեղծեց, մինչդեռ մենք մոլորակը ըրած Հայրենիք, կը լքենք մեր հազարամեայ հողը ու նաեւ այն երկիրը, որ ընդունեց ու վերակենդանութիւն տուաւ մեր խլեակներուն։ Պահ մը վա՛ր դրէք ճամպրուկները ու ճա՜ր գտէք. ըրէք հրաշք այնպէս, որ բոլոր ճամբաները տանին Երեւան ու բնա՛ւ անկէ ելլեն։ Ու եթէ Հալէպէն ելլելու ստիպուածութիւն կայ, ապա ճամբաներն ալ միայն ու միայն Երեւան տանին՝ իբրեւ հաստատուն ու վերջնական հանգրուան։ Հայե՛ր, դուք ունի՛ք այդ կարողութիւնը, եթէ ազգակործան այս աղէտին առջեւ չէք անտարբեր եւ կամ (մեղայ՜) Յուդային մեղսակից…