ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութիւնը օսմանեան «Իթթիհատ վէ թերաքքի» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութիւնն է (1915-1918, անիկա նաեւ շարունակուեցաւ Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ՝ մինչեւ 1923), որուն արդիւնքով մէկ ու կէս միլիոն հայեր նահատակուեցան եւ վերապրողներէն մաս մը արեւելեան Հայաստան անցան, իսկ միւսները ցիր ու ցան եղան աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:Օգոստոս 10, 1920ին, ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, որուն համաձայն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն մեծ տարածութիւն մը պիտի միանար նորանկախ Հայաստանին՝ ըստ ԱՄՆի օրուան նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի առաջարկած քարտէսին. սակայն այդ քարտէսը չվաւերացուեցաւ: Յուլիս 23, 1923ին ստորագրուեցաւ Լոզանի դաշնագիրը, որ փոխարինեց Սեւրի դաշնագիրին: Ուիլսընեան քարտէսը առնուեցաւ Թուրքիոյ քարտէսին մէջ: Դաշնագիրը ստորագրող պետութիւնները մէկ կողմէ մտադիր չէին որեւէ տարածք կցել Խորհրդային Հայաստանին, որ ի վերջոյ նուէր պիտի ըլլար Սովետական Միութեան, իսկ միւս կողմէ՝ Աթաթիւրքը ամուր դիրքի վրայ էր, եւ Թուրքիան բաց շուկայ մըն էր այդ պետութիւններու ներդրումներուն համար: Այդպիսով, Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ վարագոյր մը քաշուեցաւ, իսկ Թուրքիոյ մէջ Աթաթիւրքը հնարել տուաւ նոր այբուբեն մը՝ լատինական տառերով, որով նոր սերունդը ալ պիտի չկրնար իր պատմութեան սեւ էջերուն հետեւիլ, այլ Աթաթիւրքի յօրինած հակահայ պատմութիւնը պիտի կարդար՝ նոր այբուբենով:
1965ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակը նշուեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրայ կառուցուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը: Պատմութեան սեւ էջերը բացուեցան եւ այդ բոլորը արձագանգ գտան լրատուական միջոցներու մէջ: Թուրքիան չէր կրնար անտարբեր մնալ. թուրք մտաւորականները սկսան հետաքրքրուելու իրենց իսկական պատմութեամբ, ինչ որ բացարձակապէս արգիլուած էր. արտերկրի հետ շփում ունեցող թուրքերը շատ առիթներ ունեցան ոչ-կողմնակալ պատմութեան հետեւելու: Մոլեռանդներուն համար, հայը ի՛նքն էր, որ թուրքին հանդէպ ցեղասպանութիւն գործած էր (ակնարկելով ֆէտայիներու միանալուն ռուս բանակին), իսկ ուրիշներ խօսած են քանի մը հազար կամ տասնեակ հազար հայերու մասին, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցած են պատերազմի, սովի, հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով (Եուսուֆ Հալաճօղլու, Մուհամետ Փերինչեք, Ֆաթիհ Աթալլահ եւ ուրիշներ)։
Մեզի համար առաւել հետաքրքրական եւ անկողմնակալ, աննախապաշար եւ լուսաւորուած թուրք մտաւորականներու կարծիքները։ Թէեւ յօդուածի մը մէջ կարելի չէ մանրամասնօրէն անդրադառնալ այդ բոլորին մասին, սակայն հետեւեալ տողերէն կարելի է ընդհանուր միտք մը քաղել:
Թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան Թաներ Աքչամ առաջիններէն էր, որ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ փաստած անոր տեղի ունենալը։ Վիպասան Օրհան Փամուք յիշած է, թէ մէկ միլիոն հայեր սպաննուած են Թուրքիոյ մէջ, պատերազմի տարիներուն, իսկ իրաւաբան եւ գրող Ֆեթհիյէ Չեթին իր «Մեծ Մայրս» գիրքով հաստատած է, թէ իր մեծ մայրը Ցեղասպանութենէն փրկուած հայուհի մըն է։ Լրագրող եւ հրապարակախօս Հասան Ճեմալ, երկար ժամանակ համոզուած էր, թէ Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած, սակայն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը այցելելէն ետք, ան հրատարակեց «1915. Հայկական Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ իր գիրքը։ Իրաւապաշտպան եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու հատորներ հրատարակած է Ցեղասպանութեան մասին։ Այշէ Կիւլ Ալթընայ, Ֆեթհիյէ Չեթինի հետ միասին, գրած է «Թոռներ» խորագիրով գիրքը, որուն մէջ 25 անձեր իրենց հայ մեծ ծնողներուն 1915ի ժամանակաշրջանի կեանքը կը պատմեն։ Գրող եւ բանախօս Իլիֆ Շաֆախի «Իսթանպուլի Պոռնկորդին» վէպը, որ Ցեղասպանութեան մասին է, Թուրքիոյ մէջ 2006 թուականին լաւագոյն վաճառուող գիրքն էր: Արուեստագէտ, պարուսոյց եւ իրաւապաշտպան Զէյնեպ Թանպէյ, 2010ին Թաքսիմի հրապարակին վրայ մասնակցած է Ցեղասպանութեան տարելիցի նշման հաւաքոյթին եւ արտայայտուած Եղեռնի մասին, իսկ ուրիշ առիթով մը կոչ մը ստորագրած է Ապրիլ 24, 2014ին Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կապակցութեամբ: Պատմաբան Հալիլ Պերքթայ ըսած է, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը անհետացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ շատ փաստաթուղթեր, որոնք, շատ հաւանաբար, եկած են նախկին դեսպան Մուհրեմ Նուրի Պուրճի կողմէ, որ առիթով մը խոստովանած էր. «Մենք իրօ՛ք ջարդեցինք անոնց»։ Մուրատ Պելճ ծանօթ է իր ուսումնասիրութիւններով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Օսման Քոքիր հրատարակութիւններ ունի թրքահայերու մասին, իսկ Ճենկիզ Աքթար յայտնած է, թէ Թուրքիա կորսնցուցած է Ցեղասպանութեան շուրջ ճշմարտութեան ճակատամարտը, եւ ինք անձամբ ձեռնարկած է ներում խնդրելու արշաւի մը՝ ուրիշ մտաւորականներու հետ միասին։ Ահմետ Ալթանի «Ահ Աղբարիկ» յօդուածը նուիրուած է Ցեղասպանութեան նահատակներուն. Ալթան «Թարաֆ» թերթի առաջին էջին վրայ գրած է. «1915ը Ցեղասպանութիւն է», եւ անոր տեսակէտով՝ հայերը նախ պէտք է թուրք ժողովուրդը լուսաւորեն, ապա եւ ժողովուրդը պիտի պարտադրէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը իր պետութեան: Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ Կանանց իրաւունքներու ջատագով Այշա Կունասու մասնակցած է Ցեղասպանութեան շուրջ հաւաքոյթներուն եւ շատ առիթներով դասախօսած է այդ մասին։ Ըստ անոր՝ եթէ 1915ի Ցեղասպանութիւնը տեղի չունենար, ապա հայ բնակչութեան թիւը 17 միլիոնի պիտի բարձրանար այսօր: Քաղաքագիտութեան փրոֆ. Այշա Քատիօղլու, 2012ին յօդուածի մը մէջ յիշած է, թէ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդելը արգիլուած է՝ աւելցնելով. «Երբ առիթ ունեցայ այդ մասին կարդալու, գրեթէ զգացի, որ ես ուրիշ մոլորակէ եմ»:
Օրհան Ահմետ, Քեմալ Քոփթաշ, Ահմետ Ինսիլ, Մեհմետ Օրաս, Սելիմ Տիրընկիլ, Ալի Պայրամօղլու, Այշա Հուր, Մուրաթան Մունկան, Օյա Պայտար, Ֆաթիմա Կոչեք, Ատալեթ Աղաօղլու, Օրալ Քալշլար, Ալբըր Կորմուշ, Մայա Արաքոն եւ ուրիշներ եւս տարբեր առիթներով դրականօրէն արտայայտուած են Ցեղասպանութեան մասին, իսկ մաս մըն ալ մասնակցած է Ապրիլ 24ի հաւաքոյթներուն ու բողոքի ցոյցերուն եւ այցելած՝ Հայաստան: Վերոյիշեալներէն քանիներ դատարան կանչուած են Թուրքիոյ մէջ, «Յօդուած 301»ի* հիման վրայ. մաս մը դատապարտուած է, ուրիշներ՝ կեանքի սպառնալիքներ ստացած, իսկ մաս մըն ալ երկրէն հեռացած է։
Մենք, իրաւունքի պահանջատէրներ ըլլալով՝ շատ աջակիցներ ունինք (պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, մտաւորակններ եւ այլն), սակայն միշտ կարիքն ունինք արդարամիտ, ազատամիտ եւ մեր վիշտը հասկցող կողմերու, իսկ մեզի կը մնայ օգտուիլ այդ մտաւորականներու դիրքորոշումներէն, ի մասնաւորի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով:
* Յօդուած 301ը Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի այն յօդուածն է, որ ապօրինի կը համարէ անարգելը Թուրքիան, թուրք ազգը կամ Թուրքիոյ պետական հաստատութիւնները. անիկա գործադրուած է Յունիս 1, 2005ին: Յօդուածի բնօրինակին մէջ թրքութիւնը (Turkishness) նախատելը ոճիր կը համարուի, սակայն Ապրիլ 30, 2008ին «թրքութիւն» եզրը փոխարինուեցաւ «թուրք ազգ»ով: Յօդուածը օրէնքի վերածուելէ ի վեր, տասնեակներով մարդիկ մեղադրուած են: