Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 56

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Չգիտակցուած մահը մահ է, գիտակցուած մահը՝ անմահութիւն։ Լաւ է աչքով կոյր ըլլալ, քան թէ միտքով։ Ինչպէս որ հոգին մեծ է մարմինէն, նոյնպէս ալ միտքին տեսողութիւնը մեծ է մարմնական տեսողութենէն»։
ԵՂԻՇԷ ՊԱՏՄԻՉ

Մէկ կողմէ մեր բթացող վերաբերմունքը շուրջը տիրող տառապանքին, սոսկալի դրուագները այլեւս առանց ցնցումի լսելու մեր կարողութեան (կարծես այդպէս ալ պիտի ըլլար), միւս կողմէ՝ կենցաղային մաշիչ հոգերու մէջ խրած՝ կը քաշքշենք առօրեան, երբ յանկարծ լոյսի շողեր կը ցոլան, հերոսական դրուագներ կու գան մարդու մասին մեր շիջող հաւատքը նորոգելու, կեանքի նոր յոյսեր վառելու, հաստատելու, թէ այս մոլորակին վրայ տակաւին կան պատիւ, արժանապատուութիւն, սկզբունք, հայրենասիրութիւն ու այլ, գրպանէն վեր իտէալներ ունեցողներ։
Յուզուեցայ լուրէ մը, որ անցողիկ չէ, այլ՝ մարդկային յաւերժական արժէքներու հաստատում։ Ցաւի, զայրոյթի, նոյն ատեն հպարտութեան արցունքներով կարդացի Ռաքքայի մէջ երկու տարիէ ի վեր հերոսաբար մարտնչող ու ապա բարբարոսներու պաշարումին մէջ ինկած 17րդ գունդի հրամանատարի ահազանգ-կոչը՝ ուղղուած երկրի նախագահին ու ժողովուրդին։
Պաշարուած զինուորը միշտ ալ կը կռուի աւելի քաջաբար՝ իր կեանքին համար, բայց հոս կար առաւել վեհը՝ հայրենիքին ու ժողովուրդին պաշտպանութիւնը։ Քանի որ բոլորս գիտենք, թէ ի՜նչ կը սպասուի՝ երբ «ազատ աշխարհ»ի մարզած ու հոս առաքած նախամարդերը կը մտնեն որեւէ բնակավայր։ Չմոռնանք, որ պաշարուածին համար յաճախ կայ նաեւ երկրորդ ճամբայ մը՝ յանձնուիլ, ծախու դնել պատիւ, զինուորի պարտք, հայրենիք, սկզբունք (ինչ որ պատերազմին սկիզբը շատ աւելի բարձր դիրքի անձեր ըրին՝ դրամի կամ պաշտօնի սիրոյն)։
Ապա նաեւ լսեցինք, թէ շնորհիւ արագ հասած օգնութեան ու ճիշդ մարտավարութեան, զօրախումբին մեծ մասը ազատած է։
Սակայն ո՜վ պիտի իմանայ ու նկարագրէ հոգեվիճակները այդ երիտասարդ տղամարդոց, որոնք համոզուած գիտեն, թէ պարտուելուն հետեւանքը միայն հայրենի հողի շերտ մը յանձնել չէ՛, միայն գերութիւն չէ՛, այլ՝ գազանաբար յօշոտուիլ։ Ու ո՜վ պիտի նկարագրէ տագնապն ու հոգեկան կեղեքումը անոնց սիրելիներուն՝ ծնողք, կին ու զաւակներ, երբ գնդապետը կը խօսի յանուն հայրենիքի ու ժողովուրդի նահատակուելու իրենց վճռականութենէն ու… որ զիրենք լքած, ծախած են (միշտ ու ամէնուր են անոնք՝ ծախու հոգիները)։ Պէ՛տք է Սուրիան տայ գրողներ, որոնք գեղարուեստօրէն նոյնպէս անմահացնեն այս ու նման բոլոր հերոսները։ Մինչ ես, որ սուրիացիի մը չափ կ՛ապրիմ այս բոլորը, ինչպէս միշտ, անմիջական զուգորդութեամբ՝ նման դրուագներ կը յիշեմ հայոց պատմութենէն։
Հազկերտ երբ չյաջողեցաւ մեծամեծ խոստումներով, կաշառքով իրեն ծառայող հայոց քաջարի Այրուձին (ազնուական ձիաւորներու զօրախումբ) հաւատափոխել, զայն իր արեւելեան թշնամիներուն դէմ կռուելու ու այդ վայրագ կռիւներուն մէջ մաշելու ղրկեց, մինչ Հայոց Աշխարհ ղրկեց հաւատափոխութեան պահանջք-հրովարտակը։ Շնորհիւ խելքի, քաջութեան, տոկունութեան, մանաւանդ՝ անկաշառ հայրենասիրութեան ու հաւատքի, Այրուձին փախուստ տուաւ եւ այլազան ցեղերու հետ կռիւներու մէջ անգին զոհեր տալով՝ հասաւ հայրենիք՝ Աւարայր…
Սէրն ու բարձրագոյն իտէալի մը հաւատքն են մարդկային բոլոր ազնիւ իրագործումներուն ներուժն ու մղիչը։
Իսկ ի՞նչ է իտէալը չարիք ծնողներուն։
***
Ազատ օրը, ազատ սէրը, ամէն բարիք իր ձեռքին,
Տանջում, տանջւում, որոնում է ու դժբախտ է նա կրկին.
Է՜յ անխելք մարդ, ե՞րբ տի թողնես ապրողն ապրի սրտալի,
Ե՞րբ տի ապրես ու վայելես էս աշխարհը շէն ու լի։
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հոս կարեւոր է ընտրել, թէ ով ինչ կը հասկնայ «վայելք» ըսելով…
Արագ զարգացող գիտութիւնը յառաջիկայ տարիներուն ի՞նչ անակնկալներ պիտի հրամցնէ մարդկութեան։ Մենք պատրաստ ենք ամենաանհաւանականը ընդունելու։ Լուսին ու աւելի «մօտակայ» մոլորակներ երթալը արդէն չի զարմացներ մարդը. ան արդէն հոն «թուրիսթ» ալ կ՛երթայ ու կը հաւատայ նաեւ, որ յառաջիկային տիեզերքի մէջ հաւաքուած արուեստական քաղաքներու մէջ պիտի ապրի… երբ վերջնականօրէն կործանած ըլլայ մեր գեղեցիկ կապոյտ մոլորակը։ Որո՞նք պիտի ըլլան այդ քաղաքին բնակիչները. անշուշտ՝ ո՛չ ես ու դուք, ո՛չ ալ հաւանաբար Նիչչէի երազած «կատարեալ», «ընտրեալ» մարդիկ՝ գիտնական, արուեստագէտ։ Թէեւ անոնք հոն պէտք պիտի ըլլան, իբրեւ ծառայողներ այն միւս «ընտրեալներուն», որոնք ջանասիրաբար լծուած են երկրագունդը կործանելու գործին։
Չափեցէ՛ք այսօր գիտութեան այս մեծ վերելքը ապրող ու նոյն ատեն քարանձաւային բնազդներէն մազ մը վեր չբարձրացած մարդուն միտքին տարածքները։ Երէկ, այսօր ու վաղն ալ պուշեր, օպամաներ ու նմաններ, որպէս ձեռնածու պուպրիկները այդ «ընտրեալ» զառամեալներուն, կրակներ կը վառեն ամէն տեղ ու տակաւին ծրագիրներ կը կազմեն, փայտ կը հաւաքեն վառելիք յաջորդ խարոյկներուն համար։
Գիտութեան մէջ մարդուն մեծ նուաճումները ոչինչ փոխած են անոր ներքին աշխարհին մէջ. ան միշտ նոյն «բերանն արնոտ մարդակերն է էն անբան»։
Մարդկային հանճարը ինչ որ ստեղծեց գիտութեան մէջ՝ դարձաւ մարդը կեղեքելու, մորթելու, տանջելու միջոց։ Ուրեմն ինչպէս թող չըսէր մտածող մը՝ «Մարդը չի՝ հիացներ զիս»։ Իսկ աւելի պարզ մէկը այդ նոյնը միտքը ըսաւ առանց մեծ բառերու՝ «Բարձր դիրքի եղողը մեծ չարիք կ՛ընէ, ստորին դիրքի եղողը՝ պզտիկ»։ Ամէն պարագայի՝ ոչ բարիք։
Մոռցէ՛ք Սուրիան, (եթէ կրնաք) նաեւ՝ Իրաքը, Եգիպտոսը, Լիպիան, այրուող ու իր տառապանքին պատճառը չիմացող Ուքրանիան ու հասէք Պաղեստին… Քանի մը օրուան մէջ՝ բազում զոհեր։ Կը հոսի արիւնը արաբին, կը հոսի արիւնը հրեային… հրեաներ ապաստարաններու մէջ կը պատսպարուին, կը ռմբակոծուին արաբ մանուկներ… Միւս կողմէն՝ հոս ու հոն ցոյցեր կ՛ըլլան ընդդէմ պատերազմին։ Որո՞նք են ուրեմն պատերազմ ուզողները։ Ո՞ւր պիտի հասնին՝ անմահութեա՞ն…
Ու ան, որ տիեզերքը կը նուաճէ՝ իր ընտանիքը կառավարելու կարող չէ։ Անկատար է մարդը։ Կը թուի, թէ մարդկութեան լուսաբաղձ տարրեր սկսած են հասու ըլլալու, թէ մոլորակը աղէտային գագաթնակէտի հասած է ու այլեւս լուծումներ անհրաժեշտ են։ Սակայն ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի կեցնէ այս խելագար մրցավազքը։ Տիեզերքէ՞ն, այլամոլորակայիններէ՞ն սպասենք մեր փրկութիւնը, քանի որ զմեզ Ստեղծողը շատոնց հիասթափ՝ երես դարձուցեր է մեզմէ, մինչեւ որ սթափինք մեր խոր ու մահաբեր քունէն ու գէթ բանաստեղծներու ձայնի արձագանգին խորութիւնը չափենք՝
…Ի՜նչ են տարել նրանք կեանքից, թէ ի՜նչ տանես դու քեզ հետ…
***
Եւ որպէսզի խօսքս ծանր չըլլայ՝ աւարտեմ այսպէս՝ Ռաքքայի այսօրուան «տէրերը» իրենց օրէնքները օրէցօր կը կատարելագործեն։ Վերջերս յայտնագործուած է, որ կովերը եւս, կիներու պէս, կրնան գայթակղեցնել մարդը (այր մարդ հասկցէ՛ք) ու հրաման՝ «Ծածկե՛լ կովերուն կուրծքերը»… Միա՞յն…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles