Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Վերջին Ամսուան Ընթացքին Արաբական Մամուլին Արձագանգը՝ Քիւրտիստանի Անկախացման Հարցով

$
0
0

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական անկախ պետութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու պահանջներէն ետք արաբական մամուլը սկսաւ աւելի շատ անդրադառնալու այս հարցին:
Սակայն վերջին երկու ամսուան ընթացքին հիմնական հարցադրումն էր՝ ինչո՞ւ Իրաքի Քիւրտիստանի անկախացումը: Այս հարցումին շուրջ արաբական որոշ թերթեր՝ ինչպէս Քուէյթի «Ռայ»ը, կը տեսնեն, որ Քիւրտիստանի անկախացման պայմանները ապահովուած են՝ նկատի առնելով աշխարհագրական եւ պատմական գործօնները:
Կարգ մը արաբական թերթեր անդրադարձան Քիւրտիստանի նաֆթային եւ քաղաքական ապագայի դժուարութեան՝ հաստատելով, որ Իրաքի ապահովութեան վատթարացումը եւ Իրպիլի ձեռքբերումները քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը մղեցին քաղաքական անկախութեան մասին խօսելու, եւ կողմերը արագօրէն ուղղեցին դէպի այլ մակարդակ՝ Իրաքի հիւսիսը գտնուող նաֆթի հարստութեան համար կռուելու:
Շարք մը արաբ յօդուածագիրներ կ՛ակնարկեն, թէ այլեւս պատկերը յստակ է, իսկ վտանգը՝ աւելի յստակ: Այսպէս կը մեկնաբանէ «Ուաֆտ» եգիպտական ազատական կուսակցութեան կայքէն Ահմետ Էզէտտինը, որ Քիւրտիստանի կազմութիւնը կը համարէ «գաղութատէր ամերիկեան կարգադրութիւն», կոչ ուղղելով արաբներուն՝ միաւորուելու, գործակալները ոչնչացնելու ու թշնամին դիմագրաւելու:
Քիւրտիստանի կազմութեան առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հակասութիւնը կը շեշտուի նաեւ արաբական մամուլին վերջին ամսուան հրապարակումներուն մէջ:
Այս տեսակէտին հակուած է «Սաֆիր»ին մէջ հրապարակուած Մոհամետ Նուրէտտինին յօդուածը, որուն մէջ ան Թուրքիոյ եւ քրտական պետութեան յարաբերութիւնը անուանեց «քաղաքական պարտուող խաղ»:
Ան կը հաստատէ, թէ խաղը նախապէս կը կայանար քիւրտերուն միջեւ պառակտում ստեղծելու խաղը կրկնելով, որուն արդիւնքով Իրաքի հիւսիսը ստեղծուեցաւ քրտական գոյացութիւն մը, իսկ նոր խաղը ոչ ուրախալի աւարտ կրնայ ունենալ Թուրքիոյ ամբողջականութեան համար:
Արաբական մամուլին ընդհանուր տեսակէտը այն է, որ քրտական հարցը ապացոյց է, որ Թուրքիան չկրցաւ դուրս գալ արեւմուտքի իր կախուածութենէն, ոչ ալ կրցաւ դիմագրաւել տարածաշրջանի հանդէպ արեւ-մտեան ծրագիրները:
Վերջին ամսուան ընթացքին քրտական պետութեան հարցը արաբական մամուլին մէջ մէկ այլ դիտանկիւնէ մեկնաբանուեցաւ, այն ալ իսրայէլեան գործօնն է:
Իսրայէլի եւ Քիւրտիստանի միջեւ յարաբերութիւնները «Ախպար»ը «Արգիլուած սէր» անուանեց, ուր ըստ Մոհամետ Պտերի, երկուքը կը միացնէ համատեղ շահեր ապահովական եւ զինուորական համագործակցութեան սահմաններուն մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ տնտեսական մակարդակի վրայ, սակայն միշտ յոյսով, զայն հասցնելու քաղաքական գործընկերի տարածաշրջանին պայմաններուն ներքոյ:
Արաբ խմբագիրները իրենց մեկնաբանութեան մէջ կը հաստատեն, որ Անգարայի եւ Իրպիլի միջեւ յարաբերութիւններու փոփոխութեան զանազան պատճառներ կան: Սակայն հարց կու տան, թէ արդեօք վերջնական փոփոխութի՞ւն է, թէ տեսակ մը խուսանաւում շրջանցելու, որ պարտադրած են զարգացումներն ու շահերը:
Միւս կողմէ, արաբական ուսումնասիրութեան կեդրոնները եւ մամուլի ներկայացուցիչները կը հաստատեն, որ «Իրաքի Քիւրտիստանը կատարուած իրողութիւն պարտադրելու քաղաքականութիւն մըն է»:
Անոնց համաձայն, Քիւրտիստանը մեծագոյն յաղթողն է Իրաքի մէջ քաղաքական զարգացումին եւ նոր բանաձեւին մէջ:
Յիշատակելի է, որ արաբական մամուլի արձագանգը կը միաւորուի այն գաղափարին շուրջ, թէ կասկածելի կը մնայ Իսրայէլի ողջունումը, որ կը նպատակադրէ Քիւրտիստանի անջատման շուրջ արաբա-թրքական-իրանական լոպիինկ ապահովելը:
Արաբական մամուլը իր վերլուծումներով արաբական հանրային կարծիքը կը զգուշացնէ պատրաստ ըլլալու քրտական պետութեան մը ծնունդին, որ ըստ անոր, արաբական վերնախաւին կողմէ ընդունելի պիտի ըլլայ:
«Շամ Թայմզ»ի վերջին յօդուածը կը բացայայտէ Քրտական պետութիւնը ծրագրողները՝ «ամերիկեան, թրքական, իսրայէլեան եւ Ծոցի երկիրներու մատները»: Ֆահտ Անտրաուս Սաատը կը հաստատէ, թէ քրտական պետութեան կազմութիւնը կը համընկնի զանազան կողմերու շահերուն, ինչպէս Ամերիկան, Թուրքիան, Իսրայէլը, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ նաֆթի բազմազգ ընկերութիւնները, եւ որուն ծնունդը ռազմավարական խնդիրներ պիտի յառաջացնէ զանազան երկիրներու մօտ, առաջինը՝ Սուրիան, Իրանը եւ անպատճառ Ռուսիան:
Արաբական կարգ մը թերթեր կ՛եզրակացնեն, որ Ամերիկայի, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ կողմէ «կեսարեան հատումով» ծնունդ առած Քրտական պետութեան գոյացութիւնը արհեստական գոյացութիւն մը պիտի յառաջացնէ, որ ենթակայ պիտի դառնայ Արեւմուտքին, Իսրայէլին եւ Թուրքիոյ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles