Կազայի մէջ արձանագրուած սպանդը անկասկած արժանի է միջազգային դատապարտանքի: Կոչեր, յայտարարութիւններ, պատգամներ այս պարագային որեւէ հիմնական նշանակութիւն չեն ունենար, երբ բացայայտ պատերազմ յայտարարուած է ժողովուրդին դէմ, երբ տուժողն ու սպաննուողը անզէն բնակչութիւնն է՝ կիներ, երեխաներ, տարեցներ:
Այս մէկը առաջին դէպքը չէ, երբ Իսրայէլ զինուորական գործողութիւններու հունաւորումը կ՛ուղղէ դէպի բնակչութիւն: Ի վերջոյ պատերազմը եւս ունի իր օրինաչափութիւնները, երբ հասկացողութիւնը կը վերաբերի զինեալ ուժերու միջեւ արձանագրուող բախումներուն: Այդպէս չէ այս պարագային: Երեխայ զոհերն ու վիրաւորները ցնցած են աշխարհն ու հանրային կարծիքը: Այդ ցնցումը սակայն չ՛առարկայանար՝ վայրագութիւնները սանձելու առումով միջազգային համապատասխան կառոյցներու կողմէ սպասուող միջոցառումներով: Զինադուլը կ՛ուշանայ, սպառնալիքները կը շարունակուին, հեռակայ եւ օդային ռմբակոծումները կը վերածուին ցամաքային ներխուժումներու եւ զոհերու թիւը կը բազմապատկուի:
Կազայի սպանդը կը լուսաբանուի միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ՝ ստեղծելով տեղեկատուականին եւ զինուորաքաղաքականին միջեւ զգալի տարբերութիւն մը: Լրատուական բաց համակարգի այս օրերուն, լուրերու արտահոսք փակելը, զոհերու ազգային պատկանելիութիւնը կեղծելը դժուար իրականացուելիք գործողութիւններ են: Պատերազմական գործողութիւններու դիմելու հիմնաւորումներն են, որոնք կը հակադրուին իրարու, կ՛ողողեն տեղեկատուական դաշտը, անվերջ կը մեկնաբանեն ինքնապաշտպանուելու իրաւունքը: Արդիւնքը սակայն եւ սփռուող պատկերները միանշանակ կ՛ընդգծեն Իսրայէլի բանակին կողմէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին յառաջացուցած հետեւանքները:
Այս բոլորին մէջ անգամ մը եւս իրադրութիւնները վերլուծելու պահուն, ազգային ոսպնեակները լարելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք: Նախ անշուշտ, տարածաշրջանի բռնկուածութեան նոր տարողութեան ի տես, եւ ապա նկատելու, որ նոյն տարածաշրջանին մէջ խալիֆայութիւն հաստատողները, որոնք անհանդուրժող են այլադաւանութեան նկատմամբ, նոյն կատաղութիւնը չունին իսլամ բնակչութիւն ոչնչացնող Իսրայէլի նկատմամբ: Եւ յիշել պարզապէս, որ Մուսուլի քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան հեռացումին հետ կը հեռանային նաեւ այնտեղ մնացած վերջին քանի մը հայերը:
Դիտակէտերու այս արագ անցումին ընթացքին, կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան խաղաթուղթի հանգամանքին վրայ: Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ վարչապետը Իսրայէլը կ՛ամբաստանէ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով: Առաջին անգամն ալ չէ, որ Թել Աւիւէն իրեն կը յիշեցնեն 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Այս խաղաթուղթը Անգարայի կողմէ կը շահարկուի վարչապետի մակարդակով, մինչ Թել Աւիւի կողմէ՝ նախարարի մակարդակով: Առաջին հայեացքով նախարարով յիշեցում կատարելը դիւանագիտական ոճով սպառնալ է Անգարային, որ եթէ շարունակէ նման բնութագրումներ տալ Կազայի պատահարներուն, ապա իրենք եւս կը բնութագրեն 1915ի դէպքերը: Իրատեսական չէ ակնկալելը, որ նման պաշտօնական եւ իրաւական բնութագրումներ կատարուին. այսուհանդերձ, իբրեւ ցեղասպան այս փոխադարձ ամբաստանութիւնները կրնան որոշ ժամանակի համար շարունակուիլ, ընդհատուիլ եւ վերստին բարձրաձայնուիլ: Չմոռնանք, որ էրտողան նախընտրական փուլի մէջ է, եւ յայտարարութիւնները ինչպէս արտաքին, նաեւ ներքին սպառման համար իսլամական կարեւոր շրջանակներ կրնան ներգրաւել: Ի վերջոյ Անգարա-Թել Աւիւ պատերազմը յայտարարողական մակարդակի վրայ է, այնքան ատեն որ ի զօրու կը մնայ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած ռազմավարական դաշինքը:
Ի հարկէ այս բոլորը հայկական կողմին համար խանդավառիչ տուեալներ ունենալու պատճառ չունին: Վերընդգծելը կարեւոր է սակայն, որ շուրջ 100 տարի առաջ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումն ու հետեւանքներու վերացումը անհրաժեշտութիւն է կանխարգիլելու համար այսօր Կազայի մէջ եւ այլուր արձանագրուող զանգուածային ջարդերն ու պատերազմական ոճիրները: Կրկնակիօրէն անհրաժեշտ, երբ ցեղասպանը ի՛նք ցեղասպանութեամբ կ՛ամբաստանէ զանգուածային սպանդներու պատասխանատուները:
«Ազդակ»
aztagdaily.com