ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Իրադարձութիւններու լրատուութեան ընթացքին, արագ, հեռագրական ոճով, կ՛արտայայտուին պարզ միտքեր, կարճ, կտրուկ, որոնք ժողովներ կամ հատորներ կ՛արժեն: Կը բաւէ լսել, ուշադիր ըլլալ:
Այդ եղաւ լուսաւորումը այս առաւօտ, երբ միջազգային լրատուական հեռատեսիլի կայան մը սփռեց եգիպտացի երիտասարդ քաղաքագէտի մը խօսքերը, քանի մը վայրկեան միայն: Ան խօսեցաւ երկրի դժուարութիւններուն եւ տագնապին մասին, ամենայն պարզութեամբ նշելով, որ իշխանութիւնները չեն յաջողած եւ չեն յաջողիր երկրին մէջ հաստատել վստահութիւն եւ համախոհութիւն:
Դրական իմաստ ունեցող երկու բառեր:
Համախոհութիւնը (consensus) պէտք չէ շփոթել սակարկութիւններու հետեւող փոխզիջումին (compromis) հետ, որ ժամանակաւորապէս ծխածածկոյթի տակ կը պահէ խնդիրները, փոխմեղսակցութիւն դառնալով (compromission):
Բազմաթիւ երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու համար տեւաբար հնչող կախարդական երկու բառեր են ասոնք, վստահութիւն եւ համախոհութիւն, որոնք բարօրութիւն եւ խաղաղութիւն կրնան բերել, եթէ գիտնանք զանոնք մաքրել զիրենք փճացնող եւ բան չնշանակող ամբոխավարութենէն, հռետորութենէն եւ ծանծաղ բարոյախօսութենէն, որոնք կ՛ուղղուին միւսին, բայց ոչ երբեք բարոյախօսին, որուն դերն է քնաբեր շիճուկ տալ, կրկնուած, կրկնուող խոստումներ, գեղեցիկ եւ տպաւորիչ խօսքեր, հայրենասիրական եւ քաղաքացիական գիտակցութեան ճառեր՝ կեանքի դժուարութիւններու բեռան տակ կքած զանգուածներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն երազել:
Եգիպտացի քաղաքագէտը կը խօսէր իր երկրին մասին, որ յաւելեալ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան յոյսերով ոտքի ելած էր եւ յեղափոխութիւն կատարած, ազատութիւններու եւ կեանքի որակի բարելաւման համար: Բայց այդ թեւաւոր օրերուն ըսուածները, ներազգային վստահութիւնը եւ համախոհութիւնը, ցարդ կը նմանին բացակայ բաժանորդի, որուն դուռը կը թակեն: Այդ պայմաններուն մէջ անբնական պիտի չըլլան նոր բռնկումներ, նոր աւերներով, խորացնելով տարբերութիւնները, որոնք օր մը կրնան յանգիլ հակամարտութիւններու, որոնց պայթումէն ետք անիմաստ կ՛ըլլայ հարցնել, թէ ո՞վ է պատասխանատուն կամ ինչպէ՞ս հասանք հոն: Այս՝ ոչ միայն եգիպտացի քաղաքագէտի հայրենիքին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք(ներ), բոլոր մակարդակներու վրայ, ինչ որ ալ ըլլան պատճառները եւ պատճառաբանութիւնները, կարծէք հաւաքաբար կը գտնուինք վստահութեան եւ համախոհութեան ցանկութեան եւ բացակայութեան հարցերուն դիմաց: Եթէ Սփիւռք(ներ)ի մէջ անոնց բացակայութիւնը յաճախ կարելի կ՛ըլլայ դասել «ասեկօս»ներուն գլխուն տակ, ինքնարդարացում փնտռելով տուեալ երկրի իւրայատուկ կացութեան բացատրութեամբ, Հայաստանի մէջ, վերանկախացումէն քառորդ դար ետք վստահութիւն եւ համախոհութիւն չեն հաստատուած: Այս զոյգը չ՛ենթադրեր անհետացումը այլակարծութեան, որ ժողովրդավարական բնական ընթացք է: Այդ զոյգը քաղաքացիական իրաւունքներով, ազատութիւններով եւ ժողովրդավարութեամբ կը յատկանշուի, այլապէս կ՛իյնանք աստուածային շնորհով մենատիրութիւննրու կամ բռնատիրութիւններու մէջ (բանակի կամ միակուսակցական, այսինքն Լուդովիկոս ԺԴ. կամ Իտի Ամին Տատա, ապրող օրինակներ չեն պակսիր, նոյնիսկ մեր աչքին առջեւ, եթէ մեր հաւկուրութենէն բուժուինք):
Վստահութիւնը կը վերականգնի երբ պատասխանատուութիւն ստանձնածներ հանրային կարծիքին կը ներկայանան թափանցիկութեան եւ իրաւ օրինակելիութեան արժէքներով: Այդ թափանցիկութեան եւ օրինակելիութեան անմիջականօրէն տեսանելի մասը նիւթական է: Իսկական ժողովրդավար եւ օրէնքով առաջնորդուող երկիրներու մէջ, պետական պաշտօններու թեկնածուներ կը յայտարարեն իրենց ունեցուածքը եւ եկամուտները, այդ կը յայտարարեն նաեւ, երբ կ՛աւարտեն իրենց իշխանութեան շրջանը: Անկախ այս բարոյական կեցուածքէն, այդ երկիրներուն մէջ, եկամտահարկի սպասարկութիւնները խստաբիբ կը հսկեն եկամուտներու օրինաւորութեան, չեն վարանիր նոյնիսկ նախագահ, նախարար, դատաւոր, կուսակցապետ դատարան տանելու: Այս վերաբերումը պետական բարոյականութիւն է եւ անվստահութիւնը դարմանելու ուղիղ ճանապարհ: Գիտակից զանգուածը այս պահանջով եւ անոր գործադրութեամբ տէր պիտի ըլլայ երկրին, ազգին, հաւաքականութեան:
Կրաւորականութիւնը քաղաքացիին, ազգի կամ հաւաքականութեան անդամին համար անձնատուութեան համազօր է, վատութիւն:
Երբ կը հոլովուի, որ անվստահութիւն կայ, առանց կողմնակալութիւններու եւ նախասիրութիւններու հարկ է արտահանել այդ անվստահութեան ծնունդ տուած-տուող ազդակները եւ հաւաքական կամքով ձգտիլ անոնց անհետացման:
Հրապարակագիրին եւ իր անուան արժանի մամուլին պարտականութիւնն է առանց վերապահութիւններու եւ ազնիւ գիտակցութեամբ՝ լուսաբանել, ի հարկին սեփական նախասիրութիւններու դէմ երթալով:
Համախոհութիւնը տիքթաթներով կարելի չէ ստեղծել, նոյնիսկ երբ անոնք կը կռթնին կէսէն մէկ աւելիին: Ան գիտակցուած, բարոյական եւ արժէքներու համակարգ է: Անոր կենսագործման համար հարկ է առաջնորդուիլ երկխօսութեան եւ լսել-լսուելու առաքինութիւններով (առաքինութիւն՝ որ հոգեկան ուժ է, virtus): Ինչո՞ւ երբեմն չխորհիլ, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը ոչ ոքի կը պատկանի (հաւատացեալը կ՛ըսէ, որ անիկա կը պատկանի Բարձրեալին): Համախոհութիւնը իրապէս կը կենսագործուի, երբ զայն ցանկացողներ կ՛առաջնորդուին յաճախ մոռցուած-մոռցուող իմաստութեամբ մը (եթէ իմաստութիւնը անտեղի պերճանք չէ), որ պաշտօնները յաւելեալ իրաւունք չեն, այլ յաւելեալ պարտաւորութիւն, կամ ինչպէս ֆրանսացի իմաստասէրը կ՛ըսէ՝ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտաւորութիւնս է»: Եթէ այս պարզ գաղափարներով մենք մեզ դատենք եւ ապա դատենք միւսները, ընկերութիւն, պետութիւն, միութիւններ, կազմակերպութիւններ, կը մտնեն մարդուն ծառայելու կոչուած յառաջդիմութեան ճանապարհը, որ կը բնորոշուի համախոհութեամբ:
Կէսէն աւելին երբեք միւս կէսին անտեսումը պէտք չէ ըլլայ:
Այլ խօսքով, կայ բարոյական ըմբռնում մը, որ ընթացիկ կարգ-կանոնին գիտէ հակադրել իրաւ օրէնքը, որուն օրինակը տրուած է հին գրականութեան մէջ: Շատեր ծանօթ ըլլալու են Անթիկոնի եւ Քրէոնի պատմութեան: Աւելի պարզ, ճիգով մը կարելի է կատարել ընթերցումը ֆրանսացի մտաւորական Ժան Անույի թատերախաղին, որուն անունն է Անթիկոն… Կը պատմուի այն, որ մարդկային-աստուածային օրէնքը գերիվեր է շահախնդրուածներու պետական օրէնքներէն:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վերանկախացումէն ի վեր, զինք կրծող խուլ եւ իր անունը չըսող քաղաքացիական պատերազմի մէջ է: Յոյսեր, ընտրութեան արդիւնքներու մերժում, հրաժարականի պահանջ, եւ երբեմն նոյնիսկ ոճիրներ, փոքր թուացող կամ առասպելականութեամբ մեծ:
Վստահութիւն եւ համախոհութիւն ստեղծելու համար միթէ՞ կարելի չէ դռները բանալ, որ չըլլայ ջոջական եւ կողմնապաշտական, այլ նաեւ բանալ դէպի Սփիւռք, ամպագորգոռ խորհրդաժողովներու որակէն տարբեր:
Առաջնորդուելով «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»ի* իրաւութեամբ մարդկային իմաստութեամբ: Եթէ այսպէս կարենանք մտածել եւ ըստ այնմ ապրիլ, չարաշահութիւնները եթէ չանհետանան անգամ, կը նուազին: Որպէս հետեւանք թերեւս կը կասի չարաղէտ արտագաղթի թափը:
Եգիպտացի քաղաքագէտը ըսաւ, որ իր երկրին մէջ ցարդ կարելի չեղաւ ստեղծել վստահութիւն եւ համախոհութիւն:
Հայաստանի եւ Սփիւռք(ներ)ի մէջ ո՞վ, որո՞նք, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ ծնունդ պիտի տան երկրի եւ ազգի ներկան եւ ապագան երաշխաւորելու կոչուած վստահութեան եւ համախոհութեան: Առանց անոնց ինչպէ՞ս պիտի տոկանք, տեւենք եւ վերականգնինք:
Հարցումը կայ: Ե՞րբ պիտի գայ պատասխանը:
Պիտի գայ մեծերէն եւ կացութեան գիտակցող եւ անով տագնապող փոքրերէն, որոնք հաւաքականութեան խիղճը եւ ուժն են:
Ոչ ոք կրնայ արդարանալ ըսելով, որ «չէր գիտեր» կամ «ոչինչ կրնար ընել»:
Յուլիս 4, Պուրճ Համուտ
_____
* Le droit dautrui est mon devoir, Rene le Senne