Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ֆրանսա-Հայաստան-Իրան՝ Մետաքսի Նոր Ճամբայ

$
0
0

ՌՈՊԵՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ

Յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն, Իրաքի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ սիւննիներու կատարած ռազմական յարձակումին առընթեր, Իրան կրկին պիտի բացուի դէպի արեւմտեան աշխարհ, շնորհիւ ԱՄՆի հետ իր ջերմացող յարաբերութիւններուն: Ուաշինկթըն վերջապէս պիտի վերցնէ պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ իր դաշնակիցներէն պահանջած արգելքները: Թերեւս ալ աւարտն է տնտեսապէս շատ տկարացած Իսլամական հանրապետութիւնը կղզիացնելու ռազմավարութեան, ինչ որ արդէն սկսած էր ուրուագծուելու 2013 Նոյեմբերին Ժընեւի սկզբնական համաձայնութիւններէն ի վեր: Գալով ներկայի ողբերգական իրադարձութիւններուն, ըստ բազմաթիւ դէտերու՝ անոնք կրնան նոյն կէտին շուրջ միացնել «մեծ Սատանա»ն եւ «չարութեան առանցք»ի հիմնական տարրերէն մէկը, Իրաքի մէջ ճիհատականներու յառաջխաղացքը դիմագրաւելու համար:
Իրան, որ 1980էն ի վեր կը բախէր ամերիկեան ամենակալութեան եւ գերագահութեան, անուղղակիօրէն աճեցուց Իրաքի, Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ իր միջամտութեան կարողութիւնը եւ յստակօրէն ամրապնդեց իր շրջանային յաւակնութիւնները ատլանտամէտ Թուրքիոյ եւ սիւննի Սաուտական Արաբիոյ դիմաց: Վերջերս, Անքըլ Սամի հաստատած պատժամիջոցները զանցողներու դէմ գայթակղութիւններ յառաջացուց, ինչպէս՝ Էրտողանի բարեկամներուն կողմէ Իրանին ոսկի ծախելու պարագան կամ 10 միլիառ տոլարի տուգանքի սահմանումը ֆրասնական BNP դրամատան, ամերիկեան տոլարով կատարուած դրամատնային գործարքներուն համար: Նմանօրինակ փորձանքներէ խուսափելու մտահոգութեամբ՝ «Total» ընկերութիւնը 2010ին, PSA-ն 2012ին եւ «Renault»ն 2013ին ստիպուեցան քաշուելու իրենց համար շատ կարեւոր այս շուկայէն:
Այլապէս, Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ հիւլէական ուժի տէրութեան մը երեւան գալու վտանգը, որ կրնար գլուխ ցցել այս մարզին մէջ Իսրայէլի մենաշնորհին դէմ, լայնօրէն չափազանցուեցաւ, նոյնիսկ եթէ ամէն ոք գիտէր, որ այդ կարողութիւնը կրնար իրականանալ միայն 20էն 30 տարի ետք, նկատի առնելով Իրանի մօտ բացակայութիւնը երկար կամ միջին տարողութեամբ հեռարձակ հրթիռներու: Ուրեմն, կը մնայ հիւլէականի հարցին լուծումը, գոհացնելով պակաս կարեւորութիւն ունեցող պահանջներ, ինչպէս՝ կեդրոնախոյս հիւլէական գլուխներու քանակի նուազեցումը կամ հիւլէակայանի գործունէութեան վերարեւելումը:


Ազդեցութեան իր միջոցները հարեւան երկիրներու խաղաղութեան եւ կայունութեան նպատակներուն ուղղելով, Իրան Սպիտակ Տան ռազմավարներու հետաքրքրութիւնը կ՛առթէ, նաեւ… արեւմտեան ընկերութիւններու, որոնք շահագրգռուած են ենթակառոյցներու նորոգութեան հսկայածաւալ ծրագիրներով, նախ եւ առաջ քարիւղի մարզէն ներս եւ ապա՝ 80 միլիոն սպառող հաշուող շուկաներով:
Հաշուի առնելով այս սառնահալը, Իրան քարոզչական արշաւի անցած է, նոր պատկեր մը հեռարձակելով դէպի իր ապագայ գործընկերները: Իսրայէլի օրինակով, Իրան իրեն զօրակցութիւն ապահովելու համար կը փափաքի առանձնաշնորհեալ կապեր հաստատել իր սփիւռքին հետ, որ հիմնականին մէջ 1979ին գահընկէց Շահի կողմնակից պարսիկներէ կը բաղկանայ: Ռեզա Փահլաւին՝ անոր գահաժառանգ զաւակը, որ կը բնակի Միացեալ Նահանգներ, Ապրիլ 28ին Փարիզի մէջ, համախմբող ճառ մը արտասանեց, քաջալերելով ամերիկացիները շարունակելու իրենց խաղաղամէտ քաղաքականութիւնը, միաժամանակ յոյս յայտնելով որ երկիրը կը վերագտնէ իր աշխարհական հանրապետութիւնը:
Բայց ժամանակակից Իրանը կ՛ուզէ նաեւ յենիլ իրեն բարեկամ երկիրներու սփիւռքներուն վրայ, ինչպէս՝ հայերու: Արդարեւ, դարաւոր համակեցութիւնը, հասարակաց մշակութային արմատները եւ հայերու գաղթը æուղայէն Սպահան, 1606ին, Շահ Աբբասի օրօք, Նոր æուղայի հիմնադրութեան ծնունդ տուին: Սպահանի այդ պարսկահայկական քաղաքը թոյլ տուաւ, որ Պարսկաստանը հարստանայ հայ առեւտրականներու մետաքսի առեւտուրին շնորհիւ, հայեր, որոնք կը գործէին Սպահանէն Անվերս: Պարսկահայ հինաւուրց հայ սփիւռքը կրցաւ իր ինքնութիւնը պահել մինչեւ այսօր եւ միաժամանակ երկու ժողովուրդներու միջեւ պահպանել զօրակցութիւնը: Այդպէս, 1992ին Հայաստանի դէմ պարտադրուած շրջափակման ատեն, Իրանը հանդիսացաւ գլխաւոր ապրանքատար անցքը շնչայեղձ եղած երկրի մը:
Ուրեմն, այս անցումի ժամանակաշրջանին սփիւռքահայ գործարար որոշ մարդիկ կրնան հետեւիլ իրենց 17րդ դարու նշանաւոր նախնիներուն օրինակին, ինչպէս անցեալին, բռնելով առեւտրական, համաշխարհային ելեւմտական մայրուղիները, Լոս Անճելըսէն մինչեւ Նիւ Եորք, Լոնտոնէն՝ Փարիզ, Երեւանէն՝ Թաւրիզ ու Թեհրան, մինչեւ ծայրագոյն արեւելքի մայրաքաղաքները: Նման բեմագրութիւն արժեւորելու համար, պէտք է յաճախակի դարձնել կապերը, անձնական եւ հաւաքական նախաձեռնութիւնները: Յաջողութեան պարագային անիկա ուրիշ տարողութիւն կու տայ Հայաստանին, որ իտէալական դիրք ունի Արեւելք-Արեւմուտք (Եւրոպա-Ասիա) եւ Հիւսիս-Հարաւ (Մոսկուա-Թեհրան) խաչմերուկին վրայ: Աւելի խաղաղացած միջավայրի մը մէջ, Հայաստան կրնայ դառնալ տարանցիկ «օղակ» մը, օրինակ՝ Զուարթնոց օդակայանի նոր կառուցուած վերջին բաժնեմասով, ինչպէս Երեւանն ալ կրնայ դառնալ միջազգային ելեւմտական կեդրոն մը, նոր Հոնկ Քոնկ մը, շնորհիւ դրամատնային իր գործօն ցանցին: Այս առթիւ, Յունիս 24ին, Հայ Արհեստավարժներու կեդրոնի կազմակերպութեամբ պիտի բացուի երկխօսութիւն մը հայ գործատէրերու եւ Ֆրանսայի մէջ Պարսկաստանի դեսպան Ալի Ահանիի միջեւ:
Կը յուսանք, որ ֆրանսացի եւ հայ գործարարները վերջինները չեն ըլլար օգտուելու գոյութիւն ունեցող բարեկամական մթնոլորտէն եւ ընթացիկ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններէն, մասնակցելու համար խոստմնալից ծրագիրներու, որոնց այնքան կարօտն ունի մեր հարաւի հսկայ դրացին:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles