ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հեռաւոր ու ազնիւ բարեկամի մը, որ ինձմէ Հալէպի ծաղկումին երգը կը սպասէ լսել։
Լ. Մ.
Եթէ դուք երբեւէ եղած էք հնագոյն քաղաքի մը աւերակներուն մէջ, եթէ դուք կրցած էք հոն լսել դարերու լռութեան հոսիլը ու մտովին դիտել երբեմնի շէն ու շքեղ քաղաքին աշխոյժ կեանքը, հնամենի աւերակները շոյող հովի ձայնին ականջալուր՝ եթէ կրցած էք լսել ասպետներու ձիերուն դոփիւնը սալայատակներուն, շուկային եռուզեռը, առեւտրականներու գովերգութիւնները, մանուկներու կանչերուն ու աղջիկներու ծիծաղին արձագանգները… եթէ ապրած էք այդ պահը՝ դուք այսօր դժուարաւ պիտի մտնէք հինաւուրց Հալէպի ձեզի լաւ ծանօթ հին թաղերը։ Թէեւ հարիւր տարին պատմութեան համար ակնթարթ մ՛է ու այդ չափանիշով, ըսենք՝ Ճտէյտիէի հետ բաղդատած, Հայոց թաղամասը՝ Նոր Գիւղը մանկահասակ է, սակայն սէրը միթէ՞ տարիք կը ճանչնայ։ Ու կրակն ալ չէ՞ որ ինկած տեղը, այսինքն՝ սիրող հոգիները կ՛այրէ։
Եթէ, յուսամ, այս անունը ձեզի ձանձրոյթ չի տար ու ձեր ուրախ տրամադրութիւնն ալ խաթարելու յանցանքի մէջ չէ, ուրեմն կրնամ կրկին անոր անդրադառնալ, քանի որ երակը դեռ բաց է ու կը հոսի արիւնը… Ամէն պարագայի կը խնդրէի, որ այս հատուածը առտուան սուրճէն առաջ չկարդայիք, որ ձեր օրը «չհարամուէր» կամ կէսօրուան ճաշէն առաջ, որ կարենայիք ախորժակով ճաշել, նաեւ՝ ընթրիքէն ալ առաջ, որ գիշերն ալ մղձաւանջ-երազներ չտեսնէք։ Հալէպը, որ առաջ ձեր երազներուն կու գար փախլաւայի, հաթալիայի, լահմաճինի ու այլազան համերու հրաշալիքներով, այսօր դառնահամ միայն ունի։
Լաւատեսութեան ներքին բոլոր պահեստներս բանալու կարիք ունիմ, եթէ ուզեմ անոր վերածաղկումին հաւատքը ներշնչել ձեզի։ Անոր այսօրը միայն կը ճզմէ աննիւթեղէն հոգիս ու նիւթեղէն արցունքի ձեւով կ՛իջնէ աչքերէս, կը լլկէ, անվերջ կը լլկէ հայը իմ մէջ։
Միակ մխիթարանք՝ տեսնէի՜ք անոնք, որոնք յամա՛ռ, աննկո՛ւն, անխո՛նջ, տակաւին պայքարի մէջ են կործանումին դէմ ու կը ջանան, հակառակ ամէն վտանգի՝ կեանք պահել Նոր Գիւղի մէջ։ Լո՛ւռ հերոսներ, գիշեր-ցերեկ ծառայող, հաւատաւո՛ր, պայծառ իմ տղաքս ու աղջիկներս։
Բայց այսօր չեմ ուզեր ձեզի աւերակներու երգը երգել. կ՛ուզեմ զուարճացնել նաեւ, ու ետ կը դարձնեմ պատմութեան անիւը։
Դուք մի նայիք արդէն ոչինչէ վախցող, ոչինչէ լիարժէք ուրախացող կամ տխրող, ոչինչ սպասող, ոչինչ յուսացող, մահուան հետ միանգամայն հաշտ ու մահացածին վրայ արցունք մ՛իսկ թափելու այլեւս անընդունակ դարձած, ամէն ինչի հանդէպ անտարբեր, գոյութիւն քաշքշող հալէպցիին։ Բոլոր անոնց ու նաեւ աւերակներուն դէմ աչք ու միտք գոցած, եթէ փորձենք մտովին վերադառնալ երեք տարի առաջուան մեր Նոր Գիւղը, ամբողջ հոգիով պիտի ըսենք՝ «Էրնէ՜կ այն օրերուն»։ Պիտի ըսեն նոյնիսկ «էքեպէր» թաղերուն մէջ ապրող այն «զարգացածները», որոնք չէին հաւնիր Նոր Գիւղը։ Կը ջանան մոռնալ ալ, որ իւրաքանչիւրին կամ պորտը կտրուած է Նոր Գիւղ, կամ առաջին թոթովանքները ու առաջին երեր քայլերը ըրած են հոն, կամ սեւաչուի մէկու մը հայեացքէն տրոփած է մատղաշ սիրտը…
Հարազատ էր անիկա իւրաքանչիւրիս, խոստովանէինք կամ ոչ, թէեւ հոն նեղ էին փողոցները ու ամենալայնը՝ «պողոտայ» կոչուածը հազիւ տասը մեթր լայնք ունի, թէեւ յաճախ չէր փայլեր իր մաքրութեամբ, քանի որ հայեր իրենց տուներու մաքրութեան խիստ բծախնդիր, սակայն փողոցը կը նկատէին չէզոք տարածք։ Իրենց հոգը չէր, թէ ով պիտի մաքրէ, նաեւ, յաճախ, աղբահաւաքին ալ հոգը չէր։ Ու մեր խանում-խաթուն տիկինները երբ փողոց ելլէին, անկիւնները կուտակուած աղբին տեսքէն կը ծռմռէին սիրունիկ երեսները. «Անշնորհքնե՛ր, նայէ՛ աղբը ուր դրեր են», կը նետէին անյայտ ուղղութեամբ։ Իրաւունք ալ ունէին, քանի որ իրենք գիշերուան մէկ ամայի պահուն կամացուկ մը՝ բարեկիրթ ձեւով, նետած էին աղբը փողոց. պո՛ւմ, ու յաջորդ վայրկեանին պատշգամը մարդ չկայ…
Է՜, ի՜նչ օրեր էին…
Զուարճալիքներ շատ կային Նոր Գիւղ, կեա՛նք կար։ Չէ՛, նկատի չունիմ ազգային հիմնարկ-կեդրոններու եռուն կեանքը, նկատի չունիմ նաեւ համատարած շուկան, լաւագո՛յնը քաղաքին մէջ։ Լաւագոյն ապրանքները՝ յատկապէս սննդեղէն, դուն Նոր Գիւղէն միայն կրնայիր գնել, քանի որ «հայերը գիտեն իրենց բերնին համը», քանի որ հայերը շա՜տ կը տարբերին «կծծի հալէպցիներէն» ու… սակաւապետ տեղացիներէն։ Հայը գիտէ՛ վայելել կեանքը։ Նկատի չունիմ նաեւ Կիրակիները հայոց «օճախներէն» ոլոր-մոլոր ելլող ծուխերը քեպապի, երբ Շէյխ Մախսութէն վարի աշխարհը դիտող քիւրտը պիտի կարծէր, թէ հրդեհ կայ Նոր Գիւղ։ Նկատի չունիմ նաեւ, որ փողոցէն անցած պահուդ իմաստութիւն պիտի ըլլար միշտ հովանոցով քալել. ինչո՞ւ. ահա՛ պատճառներ.
Եթէ մազերդ գանգուր են (որ վերջին նորոյթ է արդէն ), հոն շատ հանգիստ կրնային իջեւանել նրբաճաշակ մեր տիկիններու «չրթած» ձմերուկի կուտին կեղեւները, ու եթէ վեր նայէիր յանդիմանանքով՝ արհամարհական հայեացքի կ՛արժանանայիր միայն. ո՜վ ես եղեր, որ քեզմէ ներողութիւն խնդրէ։
Աւելի զուարճալին կայ. տիկին մը, դեռ նոր «քուաֆերէն» ելած, սիգալով կը քալէ նեղ թաղերէն մէկէն, ինքզինք ամենաքիչը Փարիզ կը զգայ ու հակառակ դարուփոսերուն մէջ իյնալու վտանգին՝ միշտ վեր է գլուխը, յանկարծ այրուածի հոտ կ՛առնէ. չ՛անդրադառնար, մինչեւ որ արհեստաւոր մը քաշուելով կ՛ըսէ, թէ ծո՜ւխ կ՛ելլէ տիկնոջ գլուխէն. ու քանի որ կինը կը տագնապի, երիտասարդը զգուշութեամբ, որ չխանգարէ սանրուածքը, անոր մազերուն մէջէն կը վերցնէ այրուող սիկարէթին մնացորդը…
Ուրի՞շ. չէ՛, չեմ խօսիր Ուրբաթի մասին, երբ կամ տունը պիտի նստէիր, կամ անպայման հովանոցով պիտի ելլէիր, քանի որ Նոր Գիւղի թաղերուն մէջ Ուրբաթ առտուները անպայման անձրեւ կը տեղար, թէկուզ եւ օդերեւութաբանական կայանը այդ մասին յայտնած չըլլար… հիմա ո՜ւր է ջուր, որ անձրեւ տեղայ… չէ՞ք ըսեր՝ «էրնէ՜կ այն օրերուն…»։
Ուրի՞շ. ուրիշ տեղ չեմ գիտեր, բայց Նոր Գիւղ երբեմն ալ տաք անձրեւ կը պատահէր։ Պարոն մը միտքերով տարուած կը քալէ։ Մայթերը շատ նեղ են, տեղ-տեղ քանդուած, ու որքան ալ ուզէ պատշգամներու տակէն քալել, կարելի չէ։ Լուռ ու հանգիստ քալող, պատկառելի տարիքի մարդը յանկարծ կը ցնցուի, կը ցատկրտէ ու կը պոռայ. ի՞նչ եղած է. մեծ բան մը չէ՜, տիկին մը «օճճէ» տապկեր ու այրուած բուսաիւղը տապկոցէն ուղղակի փողոց կը նետէ. ապա ո՞ւր լեցնէր «զիֆիրը»… Մարդը այրուած վիզին ցաւէն լացը հազիւ կը զսպէ, մինչ կինը վերէն կը կանչէ. «Ամա՜ն, լաւ որ մէջը ջուր խառնած էի, ցօղուեմ տէյի…»։
Ու հիմա, ի՞նչ կը կարծէք, ծոծրակը այրուած պարոննն ալ (ուր որ է՝ ականջը կանչէ) շոյելով այրուածքին տեղը չ՛ըսե՞ր՝ «Էրնէ՜կ այն օրերուն…»։