Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Տաքցա՞ն…Թէ Աւելիով Սառեցան

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբն էր։ Տարի՝ 1975։ Գրեթէ ամէն մարդ, անխտիր, «Ամբոխները Խելագարուած»ի պէս սկսած էր երկրէն հեռանալու մասին մտածելու. ես ալ, իմ կարգիս, օր մը, քաղաքէն դուրս ելլելու թոյլատուութիւն ստանալու համար, հիւպատոսարանի ամբողջ տարածքը լեցնող դիմողներուն մէջ ես զիս գտած՝ ժամեր ամբողջ սպասեցի, ու մերժուելու գաղափարին հետ այլեւս հաշտուած երբ ներս մտայ, չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ, զիս զարմացնելու չափ միայն քանի մը վայրկեան տեւող հարց պատասխանէ ետք՝ շարան մը մերժուողներու մէջէն կնքուած «Փասփոր»ով ու բարի ճանապարհի մաղթանքով դուրս եկայ։ «Չէ՞ որ ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ», կ՛ըսեն, ու այսպէս բախտաւոր զգալով, առանց ժամանակ կորսնցնելու, հազիւ մէկ շաբաթ անց՝ կը հասնիմ եղբօրս՝ Յակոբին քով, որ տարիներ առաջ ուսման համար նոյն ճամբան բռնելով հասած էր Լոս Անճելըս։
Նոր տուն, նոր տեղ, նոր միջավայր, իւրաքանչիւրը իր թերութիւններով ու առաւելութիւններով. ո՞ր մէկուն հետ ուրախանամ եւ ո՞ր մէկուն համար տխրիմ, չեմ գիտեր, աւելին՝ այնքան արագ Ամերիկա գալու որոշում մը ճի՞շդ էր, թէ սխալ…
Այս մեծ հարցականով տագնապած՝ կը սկսիմ կշռելու եւ դատելու, զգալու եւ յուզուելու, մինչեւ որ ամէն ինչ փոխուեցաւ՝ ընտանիքի բոլոր անդամները քով-քովի գալով ու մէկ տան մէջ ապրելով. տուն, որ այնքա՛ն մօտ էր Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին եւ հեռու ալ չէր այդ օրերուն նոր կառուցուելիք Ս. Խաչ Մայր տաճարէն։ Յուշարձան, որուն յաճախակի այցելութիւնը դարձաւ, ամէն հայու պէս, հօրս ալ միակ մխիթարանքը՝ ի տես ետին ձգած հին օրերու ամէն ինչին եւ նոր օրերուն ունեցած զանազան ու զարմանազան հիասթափութիւններուն. տաճար, որուն խորանին առջեւ անդրանիկ պսակի մը արարողութիւնը երազած էր, ու ցանկացած, որ իր երեք տղոցմէ գոնէ մէկունը եղած ըլլար այդ պսակը, բայց այդպէս չեղաւ. եղաւ այն, որ ինք դարձաւ այդ տաճարին մէջ կատարուած առաջին թաղման արարողութեան ննջեցեալը։ Ու այսպէս, տան առաջին սիւնը փլաւ. յաջորդաբար ետեւէն հասան մայր, մեծ քոյր ու միջնեկ եղբայր. իսկ մնացածները՝ իւրաքանչիւրը իր կարգին, իր նոր տունը շինելով ամայացուց հինը, որ տեսաւ ծնունդ ու կնունք, պսակ ու հարսանիք։
Մօտաւորապէս քառասուն տարի անցած է արդէն այն օրուընէ, երբ առաջին անգամ այդ տան դուռը բացուեցաւ, իսկ այսօր, տարիներ ետք, անոր բանալին ձեռքերուս մէջ մնալով՝ պիտի կարենա՞մ մենակութիւն մը դարմանելու հաշուոյն նոյնիսկ նոր տուն մը փոխադրուելէ ետք փակել զայն… բայց ինչպէ՞ս… ես ինծի հարց կու տամ. յիշատակներով լեցուն, այլեւս գիրք դարձած իր պատերը որո՞ւն պիտի մնային. ո՞վ պիտի կարենար կարդալ զանոնք։ Ո՛չ, կարելի չէ որբացնել մօր մը ձեռքերով խնամուած ամէն ինչ։ Ու շաբաթը գոնէ մէկ օր հոն երթալու որոշումով, ամէն անգամ յիշատակ դարձած դէպք մը, թելադրանք մը կամ նոյնիսկ խօսք մը անոր պատերէն քաղելով, նոր տունս վերադարձած՝ փորձեցի տակաւ առ տակաւ անոր մերկ ու պաղ պատերը տաքցնել։
Այսօր՝ չեմ գիտեր ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, յիշեցի հազիւ նախակրթարան աւարտած հօրս՝ «էդ տղու երսին ամպ չէ գոռացած» սասունցիներու յատուկ ասացուածքը, զոր կը կրկնէր ամէն անգամ, երբ «չեմ ուզեր, չեմ կրնար, չեմ երթար» խօսքերը՝ բարձրաձայն, ծնողքի մը երեսն ի վեր ըսող անհնազանդ երեխաներու հանդիպէր. իրեն համար անհասկնալի էր տան մէջ հօր մը հեղինակութեան տկարութունն ու յարգանքի պակասը։ Չէ՞ որ միայն իր շուքով էր որ մեծցան ու դաստիարակուեցան իր եօթը զաւակները։
«Այդ օրերը անցան. ամէն ինչ փոխուած է. զաւկիդ հետ ընկեր պէտք է ըլլաս». ահա այս կարգախօսով այսօրուան զարգացած հայրերը, ժամանակի ընթացքին դարձան իրենց զաւակներուն գերին։ Կը հասկնամ, որ ժամանակը փոխուած է. զաւակի մը ձեռքին մէջ դրուած հեռաձայնը այսօր դարձած է անհրաժեշտութիւն. կը հասկնամ, որ անոր հետ ամէն ինչ պէտք է բաժնես, բայց զինք չկորսնցնելու հաշուոյն՝ դառնալ անոր գերի՞ն… չկարենալ զինք սրբագրել այնքա՛ն, որքան փոխուած դերերով վայրկեան մը շուարիս գիտնալու համար, թէ ո՞վ է հայրը եւ ո՞վ է որդին…
Ու նոր այդ կարգախօսին որպէս արդիւնք, այսօր այնքա՛ն շատ է տուն մտնող՝ առանց ներկաները հաշուի առնելու, ո՛չ իսկ տարրական բարեւ մը ըսելու գիտակցութիւնը ունեցող զաւակներու թիւը. հապա ընտանեկան հանդիպումներու ընթացքին՝ հեռաձայնը իրենց ձեռքին՝ նոյնիսկ չափահասներու թիւը… անոնք, որոնք շուրջիններու ներկայութիւնը ամբողջովին անտեսելով՝ մէկ կողմ քաշուած անդադար «Ֆէյսպուք»ի կամ «Ինսթըկրամ»ի կոճակներուն վրայ իրենց մատի հպումներով կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ո՞վ, ի՞նչ հագուած, ո՞ր ճաշարանը գացած, որո՞ւն հետ տեսնուած, աւելին՝ «Հէրմէս» պայուսակներով ո՞ր տան պահարանները կամ գաղութի ո՞ր ձեռնարկներուն սեղաններն են զարդաուած։ Այս բոլորին համար «հոգերուս վերջն են» ըսող չէ մնացած կարծես. այս ի՜նչ հետաքրքրութիւն…
Արդիականացած այս միջոցներով ինքզինք ցուցադրո՞ղն է յանցաւոր, թէ անոնցմով հետաքրքրուողը՝ չեմ գիտեր, բայց մէկ բան շատ լաւ գիտեմ, թէ ամէն ինչէ առաջ զաւակ մը տարրական բարեւ տալ պէտք է գիտնայ, ուրիշներու հետ նոյն սեղանին շուրջ ընկերանալու անհրաժեշտութեան պէտք է գիտակցի, ու կը հաւատամ, որ նման թերութիւններ ընտանիքներէ ներս կը սրբագրուին այն ատեն միա՛յն, երբ զաւակներուն վրայ ծնողներուն կողմէ իջած պարարտացնող անձրեւներուն հետ գոռացող ամպ ալ երեւնայ։
Հիմա յիշատակ դարձած մանկութեանս օրերէն միտքիս մէջ դրոշմուած հօրս մէկ խօսքով, դուք որոշեցէ՛ք՝ տանս պատերը տաքցա՞ն, թէ աւելիով սառեցան։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles