Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 51

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Դպրոցները այս տարեշրջանը կանուխ փակեցին։ Պատճա՞ռը. վստահաբար գիտեն օրէնք հանողները, իսկ մեզի կը մնայ ենթադրութիւններ ընել։
Նախագահական ընտրութիւններու թոհ ու բոհին մէջ (որ անկասկած պիտի ծագի) նոր սերունդը տունը թող նստի, «միւսներու» աշխուժացումի վտանգէն հեռու։
Բայց անոնք ե՞րբ աշխոյժ չեն. հարցուցէք երէկ ու այսօր հրասանդի արկերու զոհ գացած անմեղ, անմասնակից տասնեակներով մարդոց. բայց անոնց հարցնել այլեւս կարելի չէ։ Հարցուցէք մեզմէ, որ տունը թէ փողոցը իւրաքանչիւր վայրկեան մտալլկումի մէջ ենք, թէ հիմա կու գայ վերջին պահը, ու հրասանդերու թափած կարկուտը ի վերջոյ մեր ալ արտը պիտի զարնէ։ Ու կը թուի՝ այս վիճակը այսօր է, նաեւ՝ վաղը, միւս օր եւ շարունակ, անորոշ…
Երբ աւերակ ու անբարեկարգ փողոցներէն (արդէն փողոց բառն ալ շքեղութիւն է անոնց համար) քալած պահուդ պահ մը կ՛արթննաս, շուրջդ կը դիտես ու զքեզ՝ այդ միջավայրին մէջ, կը խորհիս՝ ինչո՞ւ ես հոս եմ տակաւին… պահ մը միայն ու անիւը կը շարունակէ դառնալ։
Երբ երկինքէն «մերինները» ու «անոնք» կարգով հուր ու կրակ կը թափեն ահաւոր ճայթիւն-պայթիւնի ձայներով՝ դուք շուրջիններդ դիտեցէք՝ ոչ ոք աչք կը թարթէ, կարծես երկնային մեղեդիներ լսէին, կը շարունակեն գործել։ Նոյնիսկ կատուները, որ ձայներու զգայնոտ են, չեն ցատկեր, նոյնիսկ թռչունները թառշարժ չեն ըլլար (ալ ինչո՞ւ կ՛ըսենք՝ «հաւու յիշողութիւն»)։
Մարդը դժոխքին ալ կը վարժուի։
Ուրիշներ կ՛ըսեն՝ ընտրութիւններէն ետք ամէն ինչ պիտի վերջանայ։ Այո՛, կան տակաւին պայծառ լաւատեսներ. կեցցե՛ն։ Աջիդ կը լսես՝ «այս գործը շատ պիտի երկննայ», ձախիդ ժպիտով մը կը յայտնէ, թէ միւսները «նեղն ինկեր, դուրսէն օգնութիւն կը խնդրեն», ու մեր քաջարի բանակը զանոնք պիտի ճզմէ։ Այո՛, «կրունկներո՛ւն տակ պիտի ճզմէ»։ Թէեւ ճզմուողը առայժմ մենք ենք, բայց այլ բան կը մնա՞յ ըսելու, քան՝ «Ինշալլա՛հ»։
***
Մէկօրեայ պատկեր միայնակ ապրողի (որոնք այս օրերուս Հալէպ քիչ չեն).
Գործէն տուն դարձար. յոգնած ես։ Ծորակը իր դերը մոռցեր է, ջրամբարին յատակի նստուածքը միայն կ՛երեւի։ Լուացք հաւաքուեր է՝ կարելի չէ լուալ։ Մաքրամոլ չես, բայց տունը աղտ ու փոշի, չլուացուած ամաններ՝ կարելիութիւն չկայ մաքրելու։ Ըսենք՝ խմելու ջուր գնեցիր՝ լուացք, լոգանք կ՛ըլլա՞յ, թերեւս կա՞թը աւելի յարմար է, հը՞, այդ նպատակին…
Չկայ ելեկտրականութիւն, ուրեմն եւ՝ հեռատեսիլ, համակարգիչ, գրել- ընթերցել, եւ որեւէ գործ, որ կը մտադրես ընել՝ կապուած են ջուրի կամ լոյսի։ Ի՞նչ ընել։ Դրացիներո՞ւն այցելել. բայց որքա՞ն կարելի է ձանձրացնել ուրիշները։ Կը քալես աջ ու ձախ, կը յոգնիս։
Արեւելքէն ու արեւմուտքէն, հիւիսէն ու հարաւէն, վերէն ու վարէն տունդ պաշարուած է մոթորներու «քնաբեր» համանուագով, հետեւաբար նոյնիսկ եթէ այս ժամուն անկողին երթաս՝ քնանալը երազ է։ Իսկ եթէ յաջողիս ալ՝ նման քունի մէջ ի՞նչ երազներ կը կարծէք որ կը տեսնէ մարդ։ Որոշում՝ վարդագոյն ակնոցով պառկիլ։ Կը մնայ սորվիլ իւրաքանչիւրի մոթորին միացած ու մարած ժամերը, թերեւս միջոցներուն յաջողիս քնանալ։
Կարելի է երգել, բայց ուրախ երգի սիրտ չկայ, ազգայիններու ոգին չմնաց, իսկ տխուրները… լալ ալ չես ուզեր. երեւակայեցէք՝ մութին մէջ միայնակ նստիլ ու լալ. ամօ՛թ, փառք տուր որ ողջ ես. ամուր պէտք է մնալ՝ հայ եմ ես, քա՛ջ եմ ես…
Ամբողջ այդ միջոցին բուն «ես»դ կողմնակի նստած՝ կը դիտէ այդ տարօրինակ կինը, որ դուն ես. միայն դո՞ւն…
***
Ուրիշ փորձառութիւն է այս օրերուն փաստաթուղթերու հարցով պետական հիմնարկներ երթալ՝ գողգոթայի մէկ տարբերակը։ Շաբթուան մը ընթացքին կը ժողուեմ անձնաթուղթիս նորոգութեան անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը։ Գէթ այդպէս համոզուած՝ քաջ դրացուհիիս թիկունք ըրած՝ խաչ կը հանենք ու կ՛ուղղուինք առաջին հանգրուանը։ Կարծես թէ արագ քալեց, ուրեմն մնացածն ալ հարթ կ՛ընթանայ։ Թաքսի։ Կը հասնինք։ Առտուան ո՞ր ժամուն եկեր են այս մարդիկ, որ արդէն ամբողջ փողոցը, համալիրին մուտքին (ուր վրադ-գլուխդ կը զննուի), բակը, ի վերջոյ բուն շէնքին դուրսի պատին տակ շարան-շարան կեցած ու նստոտած մարդոց դէմքերը վհատ-համակերպում կը մատնեն։ Ճիշդ հակառակ կողմը թշնամիին դիրքերն են ու ժողովուրդը՝ կրակին բերանը. որեւէ վայրկեան վտանգի տակ։
Անձնագիր հանելու համար շարուածները՝ տղամարդիկ, դարպասէն դուրս՝ պատերուն տակ, կիները ներսը, բակին մէջ օղակաձեւ շարուած՝ համրանք չունի. արե՛ւ։
– Չէ՛, մենք անձնագիր հանելու հարցով չենք, նպատակ չունինք ճամբորդելու, – կը դիմենք ոստիկան-զինուորի մը։
– Անցէ՛ք, առաջ, աջ։
Եթէ հնարաւոր է ճեղքել մարդկային պատնէշները ամէն տեղ։ Արդէն երրորդ հանգրուանին բաց պայուսակդ՝ քննութիւն (դէմ չենք, նոյնիսկ գոհ ենք ու պատրաստ՝ ոեւէ հանդիպող ոստիկանի բանալ պայուսակներս)։ Խիզախ ու վճռական դրացուհիս կը ճեղքէ ամբոխին զրահապատը ու կը նայի՝ կրնա՞մ հետեւիլ իրեն։ Հասանք ու… սոսկում. «մեր» պատուհանին տակ մարդոց անձեւ կոյտ է։ Օ՜ն, քաջալերուէ՛, կին ես, խցկուի՛ր։ Ու կը հասնինք տեղ, թէեւ քովի պատուհանի պաշտօնեան կը պոռայ, թէ անդի՛ն անցիր, տե՛ղ տուր հայցուորիս։ Անդին անցնիլ, կը նշանակէ խցկուիլ քովիս տղամարդուն գիրկը (իսկ միթէ՞ արդէն այդպէս չեմ)։ Մանուկներու սուր ճիչեր, յղի կիներու հրմշտուք, ոտքի տակ ինկած մանուկներու հեծեծանք, քրտնահոտ (քաղաքը ջուրի տագնապի մէջ է) հրմշտուք, տաղտկացած ու զայրացած պաշտօնեաներ ու մերը, որ Ողիմպիոսէն նոր իջածի խաղաղութեամբ կ՛աշխատի՝ հակառակ մարդոց վիճակին։ Կը հարցնեմ.
– Նորէ՞ն մէկ տարիով պիտի նորոգէք, չէ՞ որ նախագահի նոր օրէնքը կայ…
– Ի՞նչ օրէնք, «քահրապա» (ելեկտրականութիւն-Խմբ.) չկայ, – իր անհամ կատակէն գոհ՝ ի վերջոյ կը յիշէ, որ դէմը մարդ է ու երեսիս կը նայի, բայց չի պատասխաներ հարցումիս։ Կը պարզուի՝ թուղթ մը պակաս է, ջանքերս՝ ի զուր։ Սիրտ չունի բացատրելու, թէ ուրկէ՞ պիտի բերեմ ուզած թուղթը, կ՛անցնի յաջորդին։ Աջ ու ձախ հարցնելէ ետք՝ մէկը բարի կը գտնուի տեղը բացատրելու։ Կ՛ելլենք՝ ռուսական բաղնիքէ ելածի պէս քրտնած ու ծեծուած։
Կրկին թաքսի՝ պտոյտ քաղաքին թաղերը, ստուգումներ անցակէտերուն ու կը հասնինք «նֆուս» (անձնագրային գրասենեակ-Խմբ.), որուն նախկին շէնքը քանդուելէն ետք տեղափոխուած է շոգեկառքի կայարան (նոյնպէս՝ նախկին)։ Հոս խճողումը մեղմ բառ է. սրահին մէջ ոչ թէ ասեղ նետելու, այլ շնչելու տեղ չկայ։ Եւ ասոնց մեծ մասը դուրս ճամբորդելու համար անձնագիր կը հանէ…
Քու մօտենալիք պատուհանդ հասկնալու համար, նախ ճզմուելով քանի մը տեղեր խցկուելէ ետք, ի վերջոյ կ՛իմանաս տեղդ ու աչքերդ կը սեւնան։ Հարիւրաւոր մարդոցմէ կազմուած միաձոյլ զանգուածը կ՛եռայ, կը պոռայ, կիներ կը ճչան, մանուկներ կը ծուան զիլ ձայներով, մօտ կեցողները ձեռքերուն թուղթերը պատուհանէն ներս մտցնել կը ջանան՝ քովինը կոխկռտելու գնով. քրտինք, հրմշտոց, շնչահատութիւն՝ ջերմ բարեկամական մթնոլորտ։
Ու այդ միջոցին կու գայ գաւաթս լեցնող անակնկալը. յանկարծ՝ հարուած ազդրիս։ Կը նայիմ՝ կիներու սեւ մարմիններու մէջ կորսուած, մօր ձեռքէն բռնած երեք-չորս տարեկան տղեկ մը։ Մէկ աչքով կը նայի թշնամական, միւս աչքը կոպի մաշկով ծածկուած, ու դեռ թարմ են վիրահատական կարերուն հետքերը։ Չեմ դպած իրեն, բայց ան վրաս կը թափէ աշխարհին հանդէպ իր ոխը։ Չեմ տոկար անոր միակ աչքի սեւեռուն ու թշնամական հայեացքին։ Շունչս կը բռնուի։ Կը խնդրեմ դրացուհիէս դուրս ելլել։ Ելքը վերջին ուժերս կը քամէ, ու փողոցին մէջ արդէն լաթ եմ՝ տկար, ուժասպառ, նուաստացած ու լացի պատրաստ. փոխարէնը՝ կը խնդամ…
– Վաղը առտու եօթին եկո՛ւր,- դրացուհիիս հարցումին հեգնանքով կը պատասխանէ պահակ զինուոր մը։
Ես մէկն եմ հազար-հազարէն, ու իմ հարցս մեծ բան մը չէ, ամէն պարագայի՝ ջուրի ու լոյսի հարցերուն չափ բարդ չէ։
Վաղը՝ նոր արկածներ…
***
Նախագահական ընտրութիւններուն արդէն ժամեր մնացին։ Հակառակորդը ժողովուրդին վրայ կը թափէ իր զայրոյթը, ու արկերն ու հրթիռները օրական նորանոր անմեղ զոհեր կը հնձեն։ Մեծ վնասներու կ՛ենթարկուին յատկապէս Նոր Գիւղը, նաեւ քրիստոնէաբնակ ու ոչ քրիստոնէաբնակ այլ թաղամասեր, ո՛ւր կը հասնի «ազատարար» բանակին ձեռքը։ Տակաւին մեր գլխուն կախուած է անոնց սպառնալիք-խոստումը, թէ հարիւրաւոր արկեր, իրենց վիզին կցուած կազի տակառներով, կարգի կը սպասեն մեզի «նուէր» գալու։
Չենք խօսիր նաեւ այն մասին, որ «ջուրի վիշապը» գոցեր է Եփրատին հունը ու Սուրիան ամբողջութեամբ կտրեր է ջուրէ։ Ահա՛ Ամերիկայի ու Եւրոպայի անժխտելի դեմոկրատիան, որ այս պարագային կ՛արտայայտուի թուրքի արիւնոտ ձեռքերը ազատ արձակելու եւ ուզածը ընել տալու կեցուածքով։
Մեզի «բարեկամ» եւրոպական կարգ մը երկիրներ ալ, որպէս կատարեալ դեմոկրատիայի արտայայտութիւն, իրենց երկիրները ապրող սուրիահպատակներուն արգիլեցին մասնակցիլ ընտրութիւններուն։ Հաւանաբար, իրենց յատուկ անսահման մարդասիրութեամբ որոշեցին իրենց անմիջական հովանիին տակ եղող սուրիացիները (պատա՞նդ) «փրկել» Պաշշարը ընտրելու «ստիպուածութենէն», քանի որ, ո՞վ գիտէ, ինչե՜ր չի կրնար ընել սուրիական պետութիւնը… օրինակ՝ օդային ճամբով ճնշումներ բանեցնել իր հպատակներուն վրայ…
Մինչդեռ Լիբանան բնակող սուրիացիներ, չունենալով միւսներուն «հովանաւորները» ու ենթարկուելով այդ օդային «ճնշումին»՝ խուռներամ խուժեցին ընտրատարածքներ ու յաճախ՝ բառացիօրէն իրենց արիւնով, կնքեցին ընտրաթերթիկները, ձայն տալով յատկապէս Պաշշարին։
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ իրենք հազար կտոր կ՛ըլլան ու դարձեալ չեն սիրուած իրենց ժողովուրդներէն, մինչդեռ «տիքթաթոր» Պաշշար կը սիրուի… Ահա հանելուկ, զոր կ՛առաջարկենք լուծել պրն. Օպամային ու իր մանկլաւիկներուն, խորհելու համար տալով տարի մը։

Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles