Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սարոյեանական Յիշեցումներ (2). Կայացած Հայաստան Ունենալու Հպարտութիւնն Ու ՄԱՅԻՍ 28ի Աւանդը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ՄԱՅԻՍ 28ի տարեդարձ մըն ալ անցաւ։
Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ազգային երազով ու քաղաքական հանգանակով վերանորոգուելու աւանդաշունչ պահեր ապրեցանք ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Բայց ինչպէս որ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին ամէն տարի կը կրկնուի, այս անգամ եւս, ՄԱՅԻՍ 28ի տարեդարձին առիթով, նոյնիսկ տօնական խանդավառութեան ամէնէն զեղուն պահերուն, հոս կամ հոն արտայայտուած յաւուր պատշաճի խօսքերուն մէջ, կամ՝ այս կամ այն պատասխանատուի ունեցած ելոյթին մէջ հնչած յղում մը, գնահատական մը կամ սոսկ ակնարկութիւն մը միտք չարչրկող միեւնոյն հարցականին վրայ կեդրոնացուց հայ մարդոց ուշադրութիւնը։
Ինչո՞ւ կը շարունակենք խուսափիլ ՄԱՅԻՍ 28ի լիարժէք գնահատումէն եւ, վերանկախացեալ Հայաստանի ազգային-պետական տօներու օրէնքէն մեկնելով, կը յամառինք ՄԱՅԻՍ 28ը տօնել իբրեւ սոսկ Հանրապետութեան օր, իսկ Հայաստանի Անկախութեան օրը տօնել 21 Սեպտեմբերին…
Հարցականը նաեւ դառն ու նեղացնող է, որովհետեւ ՄԱՅԻՍ 28ի իբրեւ սոսկ Հանրապետութեան օրուան նշումը կը վիրաւորէ Մեծ Եղեռնէն վերապրող հայոց սերունդներուն ազգային յիշողութիւնն ու հպարտութիւնը։
Ինչպէ՞ս կարելի է ՄԱՅԻՍ 28 տօնել, առանց մեծարելու պատմակերտ այդ Օրուան կիզակէտը կազմող Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային պետականութեան նուաճումը, ամէն բանէ առա՛ջ եւ վե՛ր։
Ինչո՞ւ չենք ուզեր անդրադառնալ ու խոստովանիլ, թէ նոյնինքն հայրենի կողմն հայաշխարհի եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի իրականութեան մէջ, փաստօրէն նորովի կը շարունակուի խորհրդային դարաշրջանէն եկող Ուրացումը…
Հասկնալի է, որ 1988ի Արցախեան պահանջատիրութեան շարժումը յառաջ մղած եւ, ինքնապաշտպանական զինեալ պայքարի բովին մէջ, Արցախի ազատագրման կողքին, նաեւ Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնած մերօրեայ հայութիւնը արդար իրաւունքը ունի տօնելու Սեպտեմբեր 21ի Հայաստանի Անկախութեան հանրաքուէին օրը։
Բայց ի՞նչ հիմնաւորումով կարելի է պատմութեան հետ կամայականօրէն խաղալ եւ փաստերն ու իրողութիւնները իրենց բուն անունով չկոչել, կամ՝ իրենց բուն արժէքով չգնահատել։
Հայաստանի անկախութիւնն ու ազատութիւնը մեր ժողովուրդը, 28 Մայիս 1918ին, իր արեամբ նուաճեց եւ վերջ։ Ո՛չ մէկ տրամաբանութիւն կամ հիմնաւորում կրնայ բան փոխել պատմական այդ ճշմարտութենէն։
Հայաստանէն խլուած անկախութիւնն ու ազատութիւնը մեր ժողովուրդը վերանուաճեց 21 Սեպտեմբեր 1991ի հանրաքուէով եւ վերջ։ Հայաստանի վերանկախացման մէջ հայրենի հայութեան պատմակերտ ներդրումը ո՛չ մէկ պարագայի կրնայ հարցականի տակ դրուիլ։
Արտասովոր չէ ազգերու պատմութեան մէջ, որ Անկախութեան երկու տօն գոյութիւն ունենայ։
Բայց արտասովոր է, որ հայրենիքի մը անկախութեան այդօրինակ զոյգ տօները իրենց բուն անունով եւ արժէքով չնշուին։
Հայ ժողովուրդի պարագային դառն ու նեղացնող իրողութիւն է, որ Հայաստանի Անկախութեան երկու տօները իրարու խառնած ենք, աւելի ճիշդ՝ գլխիվայր շրջած ենք։
Եթէ Անկախութեան օր կը նշանակէ հաւաքական կամքով եւ սեփական ուժով նուաճել հայրենի հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային իրաւունքը, ապա ՄԱՅԻՍ 28ին հայ ժողովուրդը ճիշդ ա՛յդ յաղթանակը կերտեց։
ՄԱՅԻՍ 28ին ոչ ոքի մտքէն կ՛անցնէր, թէ «Հանրապետութիւն» ստեղծելու պայքարին մէջ էր հայութիւնը։
Այդ իմաստով ալ ՄԱՅԻՍ 28ը իր բուն իմաստէն կը պարպենք, երբ պաշտօնապէս կը տօնենք իբրեւ «Հանրապետութեան Օր»։
Իսկ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21ին հայ ժողովուրդը փաստօրէն ընտրեց ժողովրդավարական պայքարի ուղին, որպէսզի վերատիրանայ իրմէ խլուած «Հայաստանի Հանրապետութեան», մէկ կողմէ թօթափելով խորհրդային ամէն կարգի կապանքները, իսկ միւս կողմէ վերականգնելով Ազատ ու Անկախ Հայաստանի հանրապետական աւանդները։
Ահա այս իմաստով՝ «Հանրապետութեան Օր»ը աւելի կը պատշաճի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21ին, քան ՄԱՅԻՍ 28ին։
Ի դէպ, ՄԱՅԻՍ 28ի խորհրդանիշներուն՝ Եռագոյնի, Հիմներգի եւ Զինանշանի նկատմամբ եւս առկայ են յամեցող Ուրացման որոշակի դրսեւորումներ։ Ինչպէս օրինակ՝
– Կարմիր, Կապոյտ եւ Նարնջագոյնի փոխարէն, ոմանք կը փորձեն գովազդել Կարմիր, Կապոյտ եւ Ծիրանագոյն եռագոյնի մը գաղափարը։
– Մեր Հայրենիքին պարտադրուած «Թշուառ, Անտէր» վիճակը կը փոխարինեն, յապաղած կարգով, Մեր Հայրենիքի «Ազատ, Անկախ» կարգավիճակին գովազդով։
Այսօրինակ վերաբերումի պատճառները շատ են եւ հեռուները կը տանին։
Բայց բոլոր պատճառներն ու բացատրութիւնները իրենց խորքով կապ ունին այն չոր իրողութեան հետ, որ ՄԱՅԻՍ 28ի դարակազմիկ նուաճումը հնարաւոր դարձաւ Դաշնակցականներուն շնորհիւ, իսկ հայ իրականութեան մէջ աննշան թիւ չեն կազմեր անոնք, որոնց համար հակադաշնակցական դիրքորոշումը վարքագիծի նշանակութիւն եւ արժէք ունի։
Աւելի քան քսան տարի առաջ, երբ հայրենի հողի վրայ առաջին քայլերը կը նետուէին ՄԱՅԻՍ 28ի եւ անոր խորհրդանիշ Եռագոյնի վերարժեւորման ու նուիրականացման ուղղութեամբ, նախանձելի չէր անճրկած վիճակը հակադաշնակցական ճակատի հրապարակագիրներուն կամ քաղաքական պատգամաբերներուն։
Տեսնելով ՄԱՅԻՍ 28ին եւ Եռագոյնին պաշտամունքով փարելու երէկուան «խորհրդահայերուն» Մեծ Շրջադարձը, հակադաշնակցական ճամբարի գաղափարախօսները խուճապահար արդարացում կը փնտռէին Եռագոյնի դէմ ամբողջ տասնամեակներ իրենց մղած մոլագար պայքարին։
1990ականներու սկզբնաւորութեան հակադաշնակցական մամուլի դրսեւորումներուն հետեւողը պիտի հաստատէ, որ ՄԱՅԻՍ 28ին եւ Եռագոյնին նկատմամբ մղուած թունոտ պայքարին եւ գաղափարական հակադրութեան արդարացումը կը փնտռուէր այն անհեթեթ վերագրումին մէջ, թէ իբր այդ ամէնը պարզապէս հետեւանք էր հայ ժողովուրդին «ազգային արժէքներ»ը՝ ՄԱՅԻՍ 28ն ու Եռագոյնը իւրացնելու Դաշնակցութեան վարքագիծին…
Այսինքն՝ ինչպէս Անդրանիկն ու Նժդեհը, այնպէս ալ ՄԱՅԻՍ 28ն ու Եռագոյնը «սրբութիւն սրբոց» կրնային նկատուիլ, եղե՜ր, հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն համար, եթէ անոնց արժեւորումը եւ մեծարումը կատարուէր անկախաբար Դաշնակցութենէն, իսկ եթէ հնարաւոր է՝ մանաւա՛նդ հակադրաբար Դաշնակցութեան։
Կ՛ապրինք հիմնովին տարբեր ժամանակներու մէջ, եւ վերանկախացեալ մեր հայրենիքը եւ պետականութիւնը կանգնած են այնպիսի՛ մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ, որ անցեալի վէրքերը գրգռելու որեւէ արդարացում չունինք։
Բայց ՄԱՅԻՍ 28ի ամբողջական արժեւորումը միայն պատմութեան հետ հաշտ ապրելու հրամայական չէ, այլեւ այսօրուան եւ վաղուան մեր յառաջխաղացքը ճիշդ հունի մէջ պահելու անհրաժեշտութենէն կը բխի։
Հետեւաբար, մինչեւ որ հայ պետական մտածողութեան մէջ իր սահմանադրական լիարժէք բանաձեւումը ստանայ ՄԱՅԻՍ 28ի գաղափարական արժէքն ու ազգային աւանդը, հայոց նորահաս սերունդներուն պարտ ենք յիշեցումը պատմական ճշմարտութեանց։
Այդօրինակ յիշեցումի կարգով, ՄԱՅԻՍ 28ի արժէքին ու աւանդին վերաբերեալ, իր առանձնայատուկ տեղն ու կարեւորութիւնը ունի Ուիլեըմ Սարոյեանի արդէն ծանօթ մէջբերումը.
«…Ասոնք էին ազգայնականները, Դաշնակները, որոնք կռուեցան Հայաստանի համար, վասնզի կռիւը իրենց գիտցած միակ ուղին էր պահպանելու կեանքը, արժանապատուութիւնը եւ ցեղը։ Աշխարհը ատկէ տարբեր միջոց մը չունէր։ Միայն զէնքով կ՛ըլլար ատիկա։ Դիւանագէտները ժամանակ չունէին Հայաստանի համար, եւ գէշ միջոց մըն էր ատիկա, Աստուծոյ անիծած ոջլոտ միջոցը, բայց Դաշնակցականները մեծ մարդիկ էին եւ ըրին այն, զոր պարտաւոր էին ընել։ Իսկ ոեւէ հայ, որ կ՛արհամարհէ այս մարդիկը, տգէտ է կամ իր ցեղին մատնիչը։ Այդ մարդոց ընտրած ուղին սխալ էր, գիտեմ որ սխալ էր, բայց ատկէ զատ միջոց չունէին անոնք։ Է՜հ, անոնք շահեցան պատերազմը։
«Այսպէս կամ այնպէս ամբողջ ցեղը չբնաջնջուեցաւ։ Հայաստանի ժողովուրդը կը մսէր, անօթի էր եւ հիւանդ, բայց այս զինուորները շահեցան իրենց պատերազմը, եւ Հայաստան ազգ մը դարձաւ կառավարութեամբ մը եւ դաշնակներով կազմուած կուսակցութիւնով մը։ Շատ տխուր եւ շատ սրտայոյզ է, երբ կը մտածէք այն հազարաւորներուն մասին, որոնք սպաննուեցան, բայց ես կը պատուեմ զինուորները, անոնք որ մեռան եւ անոնք որ կ՛ապրին տակաւին։ Կը պատուեմ եւ կը սիրեմ զանոնք։ Աղէտալի սխալ մըն էր այդ, բայց ազնիւ սխալ մը, եւ Հայաստան եղաւ Հայաստան։ Անշուշտ շատ փոքր ազգ մըն էր այն, շատ անկարեւոր ազգ մը, ամէն կողմէ թշնամիներով շրջապատուած, սակայն Հայաստանը երկու տարի մնաց Հայաստան եւ Երեւանը՝ մայրաքաղաք։ Հարիւրաւոր տարիներէ ետք առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանը եղաւ Հայաստան։
«Գիտեմ թէ որքան անմիտ բան է հպարտ ըլլալ, բայց չեմ կրնար յաղթել այդ զգացումիս եւ հպարտ եմ»։
Ուիլեըմ Սարոյեան քաջատեղեակ էր 1930ականներուն հայ իրականութիւնը տագնապեցնող գաղափարական բուռն հակադրութեան, որ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի հանգանակին եւ Եռագոյնի պաշտամունքին շուրջ երկփեղկած էր հայութիւնը՝ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը բաժնելով «դաշնակցականներ»ու եւ «հակադաշնակցականներ»ու, կամ «Հայաստանասէր»ներու կամ «Հակահայաստանեաններ»ու…
Սարոյեան հաստատապէս դաշնակցական չէր, պարզապէս անկուսակցական էր, թէեւ անկասկած ունէր գաղափարական նախասիրութիւններ, որոնք կը հակէին Դաշնակցութեան կողմը։
Հայաստանի Անկախութեան Տօնին եւ ՄԱՅԻՍ 28ի ամբողջական վերարժեւորման առնչաբար, Սարոյեանի յիշեցումը յատուկ նշանակութիւն կը ստանայ այն առումով, որ պատմական ճշմարտութիւնը մասնակի ընդունելու կամ կողմնակալ մեկնաբանելու պատճառ չունի մեծանուն հայ գրողը։
Սարոյեանի համար լափալիսեան՝ անվիճելի ճշմարտութիւն է, որ «Հայաստանը եղաւ Հայաստան» նոյնինքն հայոց ազգայնականներուն՝ դաշնակցականներուն մղած զինեալ պայքարին շնորհիւ, նոյնիսկ եթէ այդ կռիւը քաղաքակիրթ աշխարհի օրէնքով սխալ ուղի էր, բայց լրիւ չմեռնելու միակ ելքն էր հայ ժողովուրդին համար եւ այդպէս ալ եղաւ։
Անձնապէս Ուիլեըմ Սարոյեանին, ինչպէս եւ ինքզինք յարգող ամէն հայու համար, պատմական ճշմարտութենէն անդին գոյութիւն ունի Հայաստանի կայացման համար հպարտ ըլլալու մեծագոյն զգացումը։
Գիտակցելով հանդերձ, որ հպարտութեան զգացումը իր իսկ բառերով «անմիտ բան է», Սարոյեան անկարելի կը նկատէ յաղթահարումը այդ զգացումին եւ հայոց սերունդներուն կը յուշէ, որ ՄԱՅԻՍ 28ի անկորնչելի աւանդը անոր ներշնչած հպարտութիւնն է ամէն հայու, որովհետեւ ՄԱՅԻՍ 28ին «Հայաստանը եղաւ Հայաստան», եւ աշխարհի վրայ չկայ հայու ինքնագիտակցութեան աւելի ամուր խարիսխ, քան նոյնինքն կայացած Հայաստան ունենալու հպարտութիւնը։

Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles