ՏԱԹԵՒ Աւ. ՔՀՆՅ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
Յարգելի պրն. Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան,Յաւակնութիւնը եւ իրաւասութիւնը չունիմ պատասխանելու ձեր հարցերուն։ Կիլիկեան Ս. աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս պատասխանած է ձեզի շատ հակիրճ ու պարզ, ահաւասիկ. «Կարդացինք Ապրիլ 24ի առիթով Թուրքիոյ վարչապետին «պատգամը» ուղղուած հայութեան։ Արդարեւ, պատմական դէպքերու չարափոխութիւնը չի կրնար յաղթահարել պատմութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը։ Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ, պատերազմի հետեւանքով պատահած դէպքեր չէին, պարոն վարչապետ, այլ՝ Ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդի դէմ, բառին իրաւական եւ քաղաքական հայեցողութեամբ։ Ցեղասպանութիւն՝ կազմակերպուած ու գործադրուած քու նախահայրերուդ Թալէաթ փաշաներու եւ Էնվերներու կողմէ իմ նախահայրերուս դէմ։ Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը ցաւակցութիւն եւ բարոյախօսութիւն չէ որ կը սպասէ Թուրքիոյ պետութենէն, այլ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը կը պահանջէ»։
Յարգելի պրն. վարչապետ, այժմ ձեզի ուղղուած այս տողերուն հեղինակը ես չեմ միայն, այլ աշխահացրիւ շուրջ տասը միլիոն հայեր, որոնք, կը հաւատամ, որ առանց երկմտութեան պիտի ստորագրեն այս տողերուն տակ։ Բոլորն ալ գիտեն, թէ իրենց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը խողխողուեցան տուներու, դաշտերու, եկեղեցիներու ու դպրոցներու մէջ, եւ դեռ շատեր կարաւան կազմեցին ու արեւակէզ անապատներէն քալեցին մինչեւ Տէր Զօր, Ռաքքա ու Ռասուլայն եւ թաղուեցան աւազներուն տակ։
Ամէն հայ գիտէ ճշմարտութիւնը, որ մէկ է։ Թուականը 1915, հայասպանութիւն, ցեղասպանութիւն։ Այո, այսօր տասը միլիոն հայ քաջածանօթ է պատմութեան։ Գիտեն բոլորը անխտիր, թէ դարաւոր իր հողին վրայ արմատացած ժողովուրդ մը լրիւ դատարկուեցաւ իր պապենական հողերէն, կորսնցնելով ամէն ինչ, տուն, տեղ, հարստութիւն, մշակութային գանձեր, շուրջ հարիւր հազար մագաղաթեայ ձեռագիրներ (անվերականգնելի), երկու հազարէ աւելի վանքեր ու աղօթատեղիներ, սրբատաշ քարերով կանգնած ճարտարապետական հրաշագեղ կոթողներ, մէկ ու կէս միլիոն շնչաւոր ու բանաւոր էակներ, ու երկու ամենամեծերը՝ մեր մայրերու, քոյրերու եւ երեխաներու ՊԱՏԻՒԸ ու ՀՈՂԸ, հայրենի հողը։
Այս բոլորը վաւերագրելու նպատակ չունի այս գիրը, որովհետեւ պատմութիւնը հաստատագրեր է այդ բոլորի ճշմարտութիւնը։ Վերջին տասնամեակին, այդ մասին կու գան վկայել ձեզի ազգակից թուրք պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, ականաւոր գրագէտներ, դիւանագէտներ, եւ այժմ, միլիոնաւոր թուրք քաղաքացիներ։
Յարգելի պրն. Էրտողան, որպէս Թուրքիոյ վարչապետ, այս բոլորի ճշմարտութեան տեղեակ էք անկասկած։ Ձեր Ապրիլ 23ի անդրադարձը Ցեղասպանութեան, ինքնին
բաւարար է վկայելու այդ մասին։ Գիտէք նաեւ, թէ պատմաբաններու խորհրդաժողով ստեղծելու ձեր առաջարկը ժամանակավրէպ է այլեւս։ Ուրացումի ամէն փորձ ի սկզբանէ դատապարտուած է, որովհետեւ այսօր, տասը միլիոն հայերու հետ համախոհ են պետութիւններ, ղեկավարներ, պատմաբաններ, ժողովուրդներ, միլիոններ, աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ։ Կասկածէ վեր է նաեւ, որ այս երկրի նախագահը պրն. Օպաման եւս, նախքան նախագահական աթոռ հասնիլը, ընդունած է ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Յարգելի վարչապետ, Ապրիլ 29ի ձեր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական ժողովին ընթացքին բարձրաձայնեցիք, թէ «հարիւր տարուան խնդիրները այլեւս դուրս բերենք, եւ դադրինք զանոնք իբրեւ սպառնալիք գործածելէ»։ Համաձայն ենք ձեզի, եւ ուրախ ենք, որ առաջին անգամ ըլլալով դո՛ւք կ՛առաջարկէք այդ մէկը։ Ձեր խօսքերուն մէջ կ՛ուզենք տեսնել անկեղծութեան մեղմ երանգ մը։ Բայց թոյլ տուէք, որ մեր կողմէ շատ կարեւոր նկատուող երկու բառ աւելցնենք ձեր ըսածին մէջ։ Այո՛, դուրս բերենք ճշմարտութեան լոյսին. եւ շարունակելով ձեր խօսքերը «առանց վախի, ձերբազատուելով բոլոր խեղաթիւրումներէ եւ վախերէ»։ Կը յիշէք անշուշտ, որ ըսուած է. «Սոկրատը կը սիրեմ, սակայն ճշմարտութիւնը աւելի կը սիրեմ»։
Ձեր պետութեան արտաքին գործոց նախարար պրն. Ահմէտ Տաւութօղլուն ակնարկելով Ապրիլ 23ի ձեր պատգամին, յիրաւի ըսած է. «Եկէք թաղենք մեր հասարակաց ցաւը»։ Համաձայն ենք. այո, թաղենք։ Բայց ո՞ւր թաղենք։ Հարիւր տարի մէկը չըսաւ, եկէք թաղենք ցաւը։ Ու մենք, հայերս, եղեռնէն հրաշքով ազատուած, ու ցրուած աշխարհով մէկ, օտար ափերու վրայ հարիւր տարի, այդ ցաւը, կորստեան ցաւը, մեր սրտի իւրաքանչիւր զարկին հետ, ամէն օր, ամէն ժամ զգացինք մեր կուրծքերուն տակ, մեր հացի պատառին հետ ամէն օր կուլ տուինք զայն, ու այդ ցաւը ամէն օր մեր արցունքներուն խառնեցինք, մեր աղօթքներուն հետ։ Թաղենք, այո, թաղե՛նք, ո՞ւր թաղենք, դուք ըսէք, ո՞ւր թաղենք։
Յարգելի պրն. Էրտողան, ձեր արտաքին գործոց նախարար պրն. Տաւութօղլու, ճշմարտօրէն կը խոստովանի, որ «հայերու ազդեցութիւնը միտքի եւ արուեստի գաւառներու մէջ անժխտելի է եղած Օսմանեան պետութեան տարածքին։ Կ՛ըսէ, որ ձեր կայսրութեան երաժիշտներու գործերը չէին կրնար վերապրիլ, եթէ չըլլային Համբարձումի «սոլֆէժի» ուսուցումները, Կոմիտասի եւ Թադէոս Էֆէնտիի դասական դաշնաւորումները, ինչպէս նաեւ Էտկար Մանասի դաշնաւորած Թուրքիոյ ազգային քայլերգը։ Կը շարունակեմ իր բառերով. «Անուրանալի է Պալեան ընտանիքի ճարտարագիտական տաղանդը, որու արդիւնքներն են Տոլմապահչէի եւ Պէյլերպէի պալատները եւ Վոսփորի մզկիթները»։ Ու տակաւին, ան գովքը կ՛ընէ հայու աշխատասիրութեան, հայու շինարար ձեռքերուն ու տաղանդին։
Սակայն այս բոլորի կողքին ինչո՞ւ ձեր նախահայրերը մոռցան այս բարիքները, եւ սակայն չմոռցան Հայկական Հարցը միանգամընդմիշտ լուծելու հնարք գտնելը։ Եւ հաւատացին որ գտան. «Հայաստան առանց հայի»։ Առիթը չուշացաւ, երբ սկսաւ համաշխարհային Ա. պատերազմը։ Թուականն էր 1915. զոհը հայ ժողովուրդը։ Համատարած ջարդ հայկական բոլոր նահանգներուն մէջ։ Առաջին հերթին մտաւորականութիւնը, գիտական միտքը, ժողովուրդի ղեկավարութիւնը, եկեղեցականութիւնը, ու ապա, ամբողջ հայ ժողովուրդը, մեծէն մինչեւ ամենափոքրը։ Ու տարագրութիւն՝ դէպի հրկէզ անապատները։ Զոհերու թիւը՝ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն։ Այս թիւին վրայ աւելցուցէք տասնեակ հազարաւոր, (ըստ ոմանց, մինչեւ կէս միլիոն) մանուկներ, որոնք ըստ ծրագիրի, հաւաքուեցան ու բաշխուեցան թուրք ընտանիքներու, զանոնք թրքացնելու պարտադրանքով։ Եթէ այս բոլորը ցեղասպանութիւն չէ, հապա ի՞նչ է։
Հայրս կը պատմէր, որ տասներեք տարեկան էր, երբ սուրերով, կացիններով, բիրերով զինուած թուրք խուժանը Էրզրումի Ճինիս գիւղի իրենց նահապետական մեծ տունը կը մտնեն ու կը սրածեն վաթսուն հոգիէ բաղկացած իրենց գերդաստանը, ի՛ր իսկ աչքերուն առջեւ։ Այդ բոլորէն միայն ինք կ՛ազատի, տան ետեւի դռնէն ինքզինք նետելով պարտէզ ու վազելով փշածածկ արտերու մէջէն, վիրաւորելով ոտքերն ու թեւերը։ Օրեր, անօթի ու ծարաւ, ցերեկները պատսպարուելով փոսերու մէջ, գիշերները շարունակելով ճանապարհը։ Շաբաթներ ետք կը հասնի Սուրիա եւ անկէ Լիբանան։
Միշտ խնդրած եմ հօրմէս որ պատմէ իր ոդիսականը։ Հայրս մնացած է լուռ։ Արցունք չեմ տեսած իր աչքերուն։ Տարիներ ետք միայն յայտնեց, որ իր երազն է տեսնել հայրենի գիւղը ու գտնել պարտէզի հեռաւոր անկիւնը թաղուած սնտուկը, որուն մէջ կը պահուէր հնադարեան մագաղաթեայ ձեռագիր մը։ Կը հաւատար, որ ամէն տարի, տօնական օր մը այդ սնտուկին վրայ կ՛իջնէր շողարձակ լոյս մը, որպէս երկնային յայտնութիւն։ Հակառակ պատահած սարսափազդու դժբախտութեանց, հօրս շրթները մնացին առանց անէծքի, ու աչքերը՝ առանց արցունքի։ Այսքան բան գիտեմ միայն հօրս գերդաստանի մասին։ Հակառակ պնդումներուս, խնդրանքներուս, կը մնար լուռ։ Չպատմեց։ Չէր կրնար պատմել։ Հիմա կը հասկնամ, որ սիրտ կ՛ուզէր այդ բոլորը պատմելու համար։ Ու իր սիրտը կը կանգնէր հայրական տան մէջ հեղուած արեան պատկերին ի յուշ։
Այսօր, տարեթիւն է 2014։ Հայրս մահացած է 64 տարեկանին ու թաղուած Պէյրութի մէջ։ Ես, ութսուն տարիքը անցած հայ մը, պարզ հայ մը, կ՛ուզեմ հաւատալ, որ մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ 24, հարիւրամեակի սեմին, երկու ժողովուրդներ, թուրք եւ հայ, արդար եւ երկկողմ ընդունելի լուծում մը կը գտնեն հարցին։ Արդեօք կարելի՞ է։ Առածը մեզի կը յուշէ, որ անկարելի բան չկայ։ Չմոռնանք, որ միակ կարելին՝ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ է։
Յարգելի պրն. վարչապետ,
Ինչպիսի՜ երջանկութիւն պիտի պարգեւէք ձեր ժողովուրդին, հայ ժողովուրդին ու բոլոր ժողովուրդներուն, երբ դուք՝ նախագահ, վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար ձեր իսկ բառերով «պատրաստ ենք իրարու հետ խօսելու ոչ թէ սեղմուած բռունցքներով, այլ անվախօրէն իրարու ձեռք տալով»։ Այս խօսքերը գործի վերածելու պահը օգտագործելը ե՛ւ յանդգնութիւն է, ե՛ւ քաջութիւն։ Երկու պետութեանց նեկայացուցիչներ, ներառեալ Սփիւռքի ներկայացուցչական մարմին մը, համախմբուիլ շուտով կլոր սեղանի շուրջ եւ հանգամանօրէն քննարկել տարածքային, նիւթական, մշակութային եւ այլ հարցեր ու հասնիլ երկկողմ ընդունելի համաձայնութեան։ Ու այդ համախոհութիւնը, որպէս խաղաղութեան ծիրանի գօտի, կամրջէք Վանայ ծովէն մինչեւ Սեւանայ լիճ, երկգագաթ Արարատէն մինչեւ քառագագաթ Արագած ու կերտէք պատմութիւն մը, արդարութեան վրայ հիմնուած, որ ոսկեայ տառերով փոխանցուի գալիք դարերուն ու արձանագրուի մեր երկու ժողովուրդներու իւրաքանչիւր անհատի սիրտին վրայ։
Մինչեւ յառաջիկայ Ապրիլ 24 երկարող շաբաթներն ու ամիսները բաւարար են անհաւատալին հաւատալիի վերածելու։ Բայց ի՞նչն է հաւատալին։ Ահաւասիկ.
Հարիւրեամեակի (2015) Ապրիլի 24ի առաւօտուն, յարգարժան նախագահ, վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար, ձեր աւագանիին հետ անցէք Հայաստանի սահմանագիծը ու հասէք մինչեւ Երեւան, Քիեւեան կամուրջ ու հաստատ քայլերով բարձրացէք Ծիծեռնակաբերդ, մէկական մեխակ ձեր ձեռքին։ Երբ հասնիք բարձունքի հարթութեան եւ ուղղուիք զինուորական կարգապահութեամբ կանգնած մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներու շարքերու մէջէն դէպի անմահութեան մշտավառ բոցը իրենց գիրկը առած հրաշակերտ կառոյցին, ու իջնէք աստիճաններէն եւ մօտենաք անմար բոցին, ձեր թիկունքին ունենալով քարեղէն խոնարհեալ գլուխները մեր պատմական նահանգներուն, դուք եւս ձեր գլուխները խոնարհեցէք մէկուկէս միլիոն նահատակներու անմահութիւնը խորհրդանշող բոցին, Կոմիտասեան հոգեթով «Տէր Ողորմեա»ի ալիքներուն մէջ։ Երբ դուրս ելլէք երկինքին բացուած այդ սրբազնասուրբ մատուռէն, ձեր հայեացքը բարձրացուցէք Արարատի գագաթին նստած սպիտակափառ յաւերժական ձիւնին, եւ զգացէք, որ ձեր ոտքերուն տակ ունիք դէպի յաւիտենականութիւն տանող կեանքի լուսագեղ ճանապարհը, եւ ձեր սիրտերուն վրայ՝ խաղաղութեան արշալոյսը։
Պիտի տեսնե՞նք այդ օրը։ Միայն տասնմէկ ամիսներու հեռաւորութիւն ունի անիկա։ Գիտեմ, կը զգամ, որ սրտիս բաղձանքը չի խաբեր զիս։
Այն ատեն, պիտի երթամ Էրզրում եւ ուխտաւորի մը հաւատքով, Ճինիս գիւղի Գալուստենց գերդաստանի տան սեմին իմ հարազատներուս արիւնով սրբացած քարերը երկիւղածութեամբ համբուրելու, ու ապա, քայլերս ուղղելու Անգարա, ձեր երեքին, շախագահ Կիւլի, արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի եւ ձերդ վարչապետի ձեռքերը սեղմելու եղբայրական զգացումներով, եւ միասին թաղելու (Տաւութօղլուի բառերով) մեր «հասարակաց ցաւը» ճշմարտութեան ովկիանին մէջ։