(Մտորումներ Համազգայինի 7րդ Պատգամաւորական Ժողովի Նախօրէին)
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Պատմութեան մէջ ամէնէն մնայուն բնագաւառը անկասկած մշակոյթն է: Օրին թէեւ մշակոյթ եզրը տակաւին չէր ստացած իր ուրոյն ճիւղաւորումներն ու կարեւորութիւնը,
սակայն մարդիկ կրցած էին իրենց կենցաղով մշակոյթի առաջին քայլերը նետել, ինչպիսիք են ժայռապատկերներն ու նուագարանները:Մարդ անհատը, իր կեանքի գոյութիւնը ապահովելէ անկախ, պահանջը կը զգար իր խումբի անդամներուն հետ հաղորդակցութիւնը սերտացնելու: Այս պահանջը բաւարարուեցաւ, երբ լեզու ստեղծուեցաւ: Այնուհետեւ յառաջդիմութեան թափը արագացաւ եւ մշակոյթի հիմը դրուեցաւ:
Այսպէս, մշակոյթը դարձաւ ազգի մը հոգեկան ապրումներու, ձգտումներու, երազներու հայելին, ինչպէս նաեւ՝ կենսունակութեան փաստն ու նախապայմանը:
Ուստի, անհրաժեշտ կը նկատեմ անդրադառնալ հայ մշակոյթի ջահը անմար պահող եւ 85 տարիներէ ի վեր միշտ նոր աւիշ եւ լոյս սփռող միութեան՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան դերակատարութեան հայ կեանքին մէջ, ըլլա՛յ Սփիւռքի, ըլլա՛յ հայրենիքի մէջ լուսարձակի տակ առնել եւ անկեղծօրէն արտայայտուիլ 21րդ դարուն անոր դէմ ցցուող մարտահրաւէրներուն շուրջ:
Մարտահրաւէրներ կ՛ըսեմ, որովհետեւ աւելի յարմար կը նկատեմ այդ մասին անդրադառնալ Համազգայինի 7րդ Պատգամաւորական ժողովի նախօրէին, քան թէ 85 տարիներու ընթացքին իր ունեցած դերակատարութեան, որ ծանօթ է արդէն, քանի որ տասնամեակները ոչինչ կը ներկայացնեն ժողովուրդներու կեանքին եւ պատմութեան հազարամեակներուն դիմաց, հետեւաբար ժամանակը չափանիշ չէ արժէքներու գնահատման, այլ՝ սոսկ մնայուն իրագործումները:
Համազգայինը կը հաւատայ ընդհանրական եւ ազգային մշակութային արժէքներու կարեւորութեան եւ կը դաւանի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իտէալին՝ համոզուած, որ սեփական ու ինքնիշխան հայրենիքի մէջ միայն հայ մշակոյթը կրնայ հասնիլ իր ամբողջական ծաղկումին եւ, հետեւաբար, իրեն նպատակ դարձուցած է պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակոյթը՝ Հայաստանի ու համայն հայութեան գոյատեւման առաքելութեամբ:
Այս հիմնական նպատակակէտէն մեկնելով՝ այսօր Համազգայինը կը ձգտի, անկասկած, հանրային-մշակութային գործիչներ պատրաստել, հայութեան ձեռքը գիրք տալ, գիրի եւ դպրոցի միջոցով կենդանի պահել հայ լեզուն նաեւ դպրոցէն դուրս, ընտանիքներու մէջ, հրատարակել մեր դասական գրականութիւնը, կապել հայը իր անցեալին հետ, տէր դարձնել զայն իր պատմութեան, դարաւոր ժառանգութեան եւ հարուստ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ՝ համայն աշխարհի տարածքին ուսանող հայ երիտասարդութիւնը համախմբել:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը սփիւռքահայ կեանքին եւ վերջերս Հայաստանի մէջ եղած է եզակի քաղաքական ու մշակութային մտածողութեանց լոյսը, ունեցած է իր վճռական դերակատարութիւնը մեր ազգային կեանքի հունաւորման գործընթացին մէջ:
Համազգայինը, աշխարհասփիւռ իր մասնաճիւղերով, որպէս մեծ ընտանիք, հայ մշակոյթի արթուն պահակներէն է. անիկա պէտք չէ բաւարարուի լոկ երաժշտական, թատերական ձեռնարկներ, գծագրական ցուցահանդէսներ, հայկական գիրքեր հրատարակելով, որովհետեւ համաշխարհայնացման այս օրերուն կը տեսնենք եւ կը զգանք այն շրջափակումը մշակոյթի այլ մարզերէ ներս, մանաւանդ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կատարած խեղաթիւրումները, հայութեան մշակոյթը սեփականացնելը եւ այդ մշակոյթը իբրեւ իրը տարածելն ու վաճառելը (մարքեթինկ) եւ մասնաւորապէս՝ մեր հայ ժողովուրդի որոշ մէկ զանգուածին հաւատքը այս բոլորին:
Քանի որ հայ ժողովուրդը կը գտնուի Թուրքիոյ եւ ատրպէյճանցիներու սարքած հայկական մշակոյթի իւրացումի, խեղաթիւրումներու եւ սրբապղծումներու դէմ հանդիման, ու մասնաւորապէս ալ՝ հայ զանգուածի մը միամտօրէն եւ անգէտօրէն իսկապէս հաւատալը այս բոլորին, հետեւաբար Համազգայինը, իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն, տեւական ամէն միջոցի դիմելով պէտք է լուսաբանէ կեղծիքները զանազան միջոցներով՝ գրական, պատմական, երաժշտական դասախօսութիւններով, նկարներու ցուցադրութեամբ եւ այլն, որովհետեւ 85 տարիներու ընթացքին բաւական բան փոխուած է, այդ պատճառով ալ կ՛արժէ Համազգայինի գործունէութեան վերանայիլ:
Անխուսափելիօրէն մահուան դատապարտուած են բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք մշակոյթ ստեղծելու կարողութիւնը չունին: Մշակոյթը այնպիսի հարստութիւն է, որ կարելի չէ խլել, կողոպտել, իւրացնել: Մշակոյթը փճացնելու համար անոր ակնաղբիւրը եղող հոգին պէտք է փճացնել, իսկ հոգին կարելի է ոչնչացնել ամբողջ ազգ մը բնաջնջելով: Այդ գիտակցութեամբ է արդէն, ըլլա՛յ թուրքը եւ կամ ազերին (նախապէս թաթար), մնալով փանթուրանականութեան ցեղապաշտական ու ազգայնամոլ ծրագիրին հետեւող մոլեռանդ ջահակիրներ, ճիգ չխնայեցին ջարդելու եւ կոտորելու հայ ազգը, իրագործելու հայոց մշակութային կոթողներու սրբապղծումն ու բնաջնջումը, հայաթափելու հայկական հողերը եւ յետոյ՝ խեղաթիւրելու հայոց ամբողջ պատմութիւնը: Մինչեւ այսօր միտումնաւոր եւ ծրագրուած եղանակով կոչնչացուի՛ն հայկական յուշակոթողներ՝ ջնջելու համար հազարամեակներ տեւաբար հայկական հողատարածքներու վրայ ապրած հայ ժողովուրդին հետքը:
Համազգայինն է, որ տէր պէտք է կանգնի մեր մշակութային բոլոր ինքնութիւններուն՝ աշխարհի բոլոր տարածքին, նոյն բծախնդրութեամբ, որովհետեւ համաշխարհայնացման այս դարուն թշնամին ամէն պատեհ առիթին անմիջապէս կ՛իւրացնէ մեր մշակոյթը եւ անոր հիմքին վրայ կը հիմնէ իր մշակոյթը:
Տանք քանի մը օրինակներ պատմութեան ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ իւրացուած մեր մշակութային գանձերէն.
1.- 18-19րդ դարերուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործած ճարտարապետներու եւ արուեստագէտներու Պալեան ընտանիքին գործերը տեղ-տեղ տարբեր (օտար) անունի տակ ներկայացուած են թուրքերու կողմէ:
2.- Հայ ազգի երաժշտական գործիք ծիրանափողը՝ տուտուկը:
3.- «Սոնա եար» եւ այլ հայկական երգեր:
4.- Մեր նախնիներու քանդակած հրաշագեղ, սքանչելի յուշարձանները. այս ոլորտին մէջ շատ բծախնդիր կը մօտենան անոնք, կ՛ոչնչացնեն այն, ինչ որ հայկական ինքնութիւնը կը փաստէ, ինչպէս՝ Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող յուշակոթողներն ու խաչքարերը, տապանաքարերն ու եկեղեցիները:
5.- Հայուն յատուկ պարարուեստը եւ պարային կշռոյթները:
6.- Հայուն յատուկ նուռի նշանակութիւնը իւրացնել, եւ այսպէս՝ շարանը կ՛երկարի:
Այս եւ նման տեսակի բոլոր մշակութային մեր գանձերուն առաջին հերթին ո՞վ տէր պէտք է կանգնի, ո՞վ պէտք է ծանօթացուցած ըլլայ հայութեան, յատկապէս հայ երիտասարդութեան, եթէ ոչ՝ Համազգայինը:
Մտաւորականութիւնն է, անկասկած, հանրային մտքեր, զգացումներ, մտահոգութիւններ արտայայտողը, գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ միտքի, համոզման շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Եթէ թուրքը Հայոց Ցեղասպանութեամբ ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան, գլխատած էր այն խաւը, որ կը մշակէր հոգեւոր արժէքներ եւ կը հաւաքէր հայութիւնը անոնց շուրջ, այսօր ան կը դիմէ տարբեր միջոցներու. հայկական որոշ հատուածի մը ուղեղները լուալով՝ ջլատել զանոնք հայկական ինքնութենէ եւ դարձնել Թուրքիոյ համակիրներ, բարեկամներ:
Եկէք, ընդունինք, որ այսօր զգալիօրէն մշակոյթը դարձած է քաղաքական զէնք, հետեւաբար մշակոյթ-զէնքը հարկ է միշտ դիմէ վերանորոգման եւ հեղինակութեան ընկալման ու տարածման նոր միջոցներու որոնման:
Մշակութային որեւէ այլ յղացումի օգտագործումը, իբրեւ քաղաքական զէնք, ընդհանրական այնպիսի կարեւորութիւն ներկայացնող հարց է, ե՛ւ իր անմիջական քարոզչական հետեւանքներով, ե՛ւ իր ընտրութենէն արտացոլող մտայնութեամբ, որուն ընդգծումը անհրաժեշտ է ընել. քաղաքական նպատակներու ի սպաս գործածուող մշակութային զէնքը պարտի ըլլալ ընտրուած խնամքով, որակաւոր, դիպուկ:
Հետեւաբար, Համազգայինի գոյատեւման նախապայմանը անոր լաւ կազմակերպուած ըլլալու իրողութեան մէջ կը կայանայ. առանց կազմակերպուած միութիւն ունենալու, առանց կազմակերպուած անդամներ ունենալու՝ ո՛չ ամուր միութեան, ո՛չ առողջ գործունէութեան եւ ոչ ալ ապագայ հեռանկարներով կրնանք սնանիլ ու մեզի հետ սնուցանել մեր շարքերուն մէջ հասակ առնող սերունդները: Գոյատեւումի հիմնական նախապայմանը միայն լաւ կազմակերպուած ըլլալուն մէջ կը կայանայ, եւ միութիւն մը, որքան ալ կազմակերպուած ըլլայ, իր կազմակերպութեան հիմքերը ու կորիզը վերանորոգելու ու առաւել ամուր հիմերու վրայ զետեղելու մասին պէտք է մտածէ:
Հայ մշակոյթին ջահը լուսաւորուած մնալու եւ գոյատեւելու համար պարտաւոր է ազգային պատկանելիութեան բարձր գիտակցութիւնը, ուրեմն ամէն հայու պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ Համազգայինին, անոր հզօրացումին. անով պայմանաւորուած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի մշակութային բազմաթիւ հիմնախնդիրներու լուծումը եւ մշակութային կարեւորագոյն ծրագիրներու իրականացումը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական մշակոյթը աշխարհին արժանաւորապէս ներկայացնելու խնդիրը:
Ազգային դրոշմի տեսակէտէն, մշակոյթը անհրաժեշտ է: Երկիր մը իր մշակոյթի արմատներուն պէտք է վերադառնայ՝ իր զաւակներուն ազգային հպարտութիւն ներշնչելու համար: Դպրոց, լեզու, գիր, գաղափարական երիտասարդութիւն՝ ասոնք են կենսական գործօնները հայը հայ պահելու համար:
Ժամանակն է, որ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ մշակութային մեծ ներդրում ունեցող ժողովուրդը երկրպագէ իր ազգային մշակոյթին՝ որպէս զարգացման եւ յառաջընթացի երաշխիք:
Քանի որ բովանդակ ժողովուրդի մը գոյատեւման մեծագոյն ազդակներէն մէկն է մշակոյթը, ուստի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7րդ Պատգամաւորական ժողովին գումարուելու առիթով, մշակութային կեանքի ընդհանուր վերաշխուժացումի ծիրէն ներս, Համազգայինը պէտք է մնայ հաւատարիմ իր կոչումին եւ հանրօգուտ առաքելութեան, դառնայ արթուն պահակը մեր մշակոյթի անաղարտ պահպանման:
Որովհետեւ մշակոյթները, յատկապէս՝ հայ մշակոյթը, մեր ներքին աշխարհի սեփականութիւններու պատկերն է:
– Մշակոյթը մեզի մաս կազմող անմահ դիմագիծն է:
– Մշակոյթը այն հողն է, որ իր մէջ ցանուած ցորենը կը բեղմնաւորէ, կ՛արդիւնաւորէ եւ բազմապատկուած կը վերադարձնէ զայն իր տիրոջ:
– Մշակոյթը մարդոց եւ իրերու (արուեստագէտներուն գործածած գործիքները) հետ շփման մէջ մտնելու եւ երկխօսութիւն ստեղծելու ազդու կարողութիւնն է:
– Մշակոյթը գիտութիւններու գումարն է, որ կ՛արդարացնէ կեանքը:
– Մշակոյթը արժէք ու չափանիշ է:
– Մշակոյթը վարք ու բարք է, ընկերութեան մէջ անհատի մը ունեցած վարկն ու դիրքն է:
– Մշակոյթը բնութեան հետ աղերսուած կապն է:
– Վերջապէս, մշակոյթը ինքզինք մահէն պաշտպանելու քաղաքակրթութեան լաւագոյն միջոցն է:
Ուստի, պէտք է գուրգուրալ ու պահպանել մշակոյթը, որուն համար տէր կանգնիլ Համազգայինին եւ իր ճամբով անհրաժեշտ է արուեստը ժողովուրդին հասցնել եւ ժողովուրդը արուեստին բարձրացնել:
Արդ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 85ամեակին բոլորման եւ Համազգայինի 7րդ Պատգամաւորական ժողովի նախօրէին կը խոնարհինք հիմնադիր փաղանգին խնկելի յիշատակին առջեւ, որ դժուար պայմաններու մէջ Սփիւռքի տարածքին հայ սերունդներուն ջամբեց հայեցի դաստիարակութիւն, փրկեց զանոնք կորուստէ, որդեգրեց սեփական մշակոյթը պահելու, ծաղկեցնելու, գաղթաշխարհի զանգուածներու կարելիութիւնները մէկտեղելու ուղին՝ հայ ժողովուրդի յաւերժացման համար:
Վերջապէս, վերոնշեալ Պատգամաւորական ժողովը պատեհ առիթ նկատելով՝ կը շնորհաւորենք բոլոր համազգայնականները, որոնք իրենց ներդրումը կատարեցին միութեան գոյատեւման եւ վերելքին, կը շնորհաւորենք նոյնպէս համայն հայ ժողովուրդը, որ անդրադառնալով Համազգայինի դերակատարութեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ կ՛աջակցի անոր: Կը մաղթենք, որ Համազգայինը իր մշակութանուէր առաքելութեան մէջ մնայ միշտ աշխոյժ, ազգային պատկանելիութեան բարձր գիտակցութեամբ, ըլլայ միշտ զգօն, եւ այդ գիտակցութեան արեւը մնայ անմար մեր հոգիներուն եւ ընտանիքներուն մէջ՝ իբրեւ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄՇՏԱՎԱՌ ՓԱՐՈՍ: