Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

PATCHWORK-էն Համազգային Իրաւութեամբ Քաղաքականութիւն Անցում Կը Կատարե՞նք

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ի վեր, կ՛ըսէինք՝ տարիներ անցան, հիմա կ՛ըսենք՝ տասնամեակներ: Դրական է, որ անկախութիւնը ընդունուած է, մտած է բնականոն հունի մէջ: Բայց ազգովին ի վիճակի չենք եղած բազմապիսի հիմնահարցերու լուծում գտնել: Ուզա՞ծ ենք անոնց լուծում գտնել: Անվարան պէտք է ըսել հիմնահարցեր, առանց զգացական հայրենասիրութեան եւ «տուրիստական» մակերեսայնութեամբ սովորական ինքնախաբէութեան մէջ խեղդուելու:
Մեր ծերացած մոլորակին վրայ «յեղափոխութիւններ» ընթացքի մէջ են: Պատմութիւնը ծնունդ տուած է եւ իւրայատուկ դիմագիծով ժողովուրդներու, երկիրներու, լեզուներու եւ մշակոյթներու, որոնք այսօր կը գտնուին յորձանուտի մէջ: Իրենց կացութիւնը հակակշռելու եւ ճակատագիրը առաջնորդելու անատակ ժողովուրդները պիտի դատապարտուին «հին ազգաց պատմութիւն» դառնալու: Այդպէս են նախատեսութիւնները: Մղձաւանջային հարցումը այն է, որ մեր ժողովուրդը իր գլուխը ջուրերէն դուրս պիտի կարենա՞յ պահել:
Եթէ երէկ կը խօսէին յեղափոխութեան մասին, աշխարհագրական մէկ կամ միւս գօտիին մէջ, այսօր «յեղափոխութիւններ» կան, աշխարհագրական տարածութիւններու ծաւալով, ընդունուած «ազգային» սահմանափակումները գերանցող, որոնք ոչ միայն տնտեսական են, այլ նաեւ հոգեբարոյական-մշակութային (կրօնական, ցեղային), ամերիկեան ընդունուած համապարփակ patterns of culture-ի հասկացողութեամբ: Հարկ է աւելցնել գիտական եւ տիեզերքի ծաւալով նուաճումները, որոնք կրնան մեր երեւակայածէն աւելի կանուխ իրականանալ:
Այս արագընթաց «յեղափոխութիւններ»ուն մէջ, ըսի՝ յորձանուտ, ազգեր եւ մշակոյթներ կը դատապարտուին անհետացման, եթէ իրենց պաշտպանութիւնը ապագայատեսութեամբ եւ որակով չկազմակերպեն: Այս պաշտպանութիւնը թաղային ջոջականութենէ տարբեր մակարդակ կ՛ենթադրէ, նոյնիսկ ժողովրդավարական քուէներուն կէսէն մէկ աւելիով-պակասով ստացուած-տրուած իրաւասութիւններէ: Այսինքն, կը գտնուինք անկիւնադարձի մը, ուր սովորութիւններէ եւ անհատական-անմիջական իմաստութենէ անդին ազգային-հեռանկարային տեսիլք պէտք է ունենալ:
Այս տեսիլքը ոչ կարգախօս է, ոչ դիրքապաշտութիւն, ոչ շահախնդրութիւն, ոչ փառասիրութիւն: Ան պէտք է սահմանուի որպէս իրաւ մարդասիրական-ազգասիրական ըմբռնում, ոչ միայն այսօրուան համար, այլ՝ գալիքի: Թութակաբար կրկնուող գաղափարախօսութիւն բառը հարկ է մաքրել իր անհարազատութիւններէն, անոր տալով իսկական որակ եւ խորք, համազգային իրաւութեամբ քաղաքականութիւն մշակելու համար, ներազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, այսինքն, եթէ կ՛ուզենք տոկալ եւ տեւել, պէտք է դադրինք մասնակին նպատակ համարելէ, ինչ որ կ՛ընենք յաճախ, եւ այդ տեսնելու զանազան բնոյթի հաւկուրութիւնները պէտք է յաղթահարել:
Հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Սփիւռք(ներ), թերեւս հետզհետէ պէտք է աւելցնել բռնագրաւուած Հայաստանի հողին վրայ վերապրած մնացորդացը, գիտակցական ոստումով մը, պէտք է կարենայ յառաջացնել հեռանկարային ազգային քաղաքական տեսիլք եւ իմաստութիւն, ղեկավարում եւ ղեկավարութիւն, հրաժարելով «յարդի բոց»ի նմանող իրարանցումներէ եւ մարդորսական լեզուագարութենէ, ներշնչելով վստահութիւն, ոչ միայն դեռ տեսանելի զանգուածներուն, այլ նաեւ անոնց, որոնք տեղի տուած են, անհետացած են, դարձած են «ծագումով հայեր», որոնց համար օր մը պիտի ըսուի «ոչ հայեր»:
Բարոյագիտութեան մէջ կը խօսուի «օրինակի արժէք»ի մասին, որ հեղինակութեան, ոչ իշխանութեան աղբիւրն է, կ՛ըսեն charisme, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տառադարձութեամբ որդեգրուած է բառը, եւ կ՛ըսեն «խարիզմա», որ չի պարտադրուիր, չի գնուիր:
Բոլոր անոնք, որոնք «ղեկավարում»ի շրջանակներու խումբերուն մէջ «կը խաղան», իրենք իրենց պատկերին եւ ժողովուրդին համար որքան լաւ պիտի ընէին, եթէ ուսումնասիրէին Մահաթմա Կանտիի կեանքը եւ գործը: Ան ոչ դրամատան հաշիւ ունէր, ոչ քուէի որսորդ էր, ապարանք չունէր, չէր մտածեր իր ընտանիքին համար ճոխութիւն ապահովել, իր վաղուան մասին չէր մտածեր, պերճ հիւրանոցներ չէր իջեւաներ, սենեակին մէջ «ժաքուզի» չունէր եւ չէր պահանջեր, խաղատուներու մէջ ինքնահաստատում չէր փնտռեր: Բայց վեց հարիւր միլիոն մարդիկ զինք կը լսէին: Հնդիկ ժողովուրդն էր նպատակ, ոչ սեփական բարօրութիւնը, ոչ դիրքը, ոչ փառքը:
Բաղդատել: Բաղդատուիլ: Կողմնորոշուիլ:
Հայկական ներազգային կեանքը վերականգնումի կարիք ունի «բարոյական» իմաստով:
Բայց նաեւ ժամանակակից զարգացման իւրացումով եւ նպաստով:
Երբեմն օգտակար է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ զանգուածը կը դժգոհի, չի լսեր: Խօսեցայ վստահութեան եւ անձի օրինակի մասին: Հարկ է նաեւ խօսիլ պատրաստութեան մասին: Օրինակ, ուսուցիչին համար «վկայական»ը ամէն բան չէ, բայց նուազագոյն երաշխիքն է: Նոյնն է պարագան հաղորդակցական միջոցներու (թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ): Հայկական լրատուամիջոցի պատասխանատուութիւնը ստանձնողը հայերէն պիտի գիտնայ, հայ մշակոյթին ծանօթ պիտի ըլլայ, պիտի գիտնայ պատմութիւն՝ որ սոսկ թուական եւ կարգախօս չըլլայ: Ժողովուրդը չի լսեր «ճառախօս»ը, երբ ան թութակաբար կաղապարուած խօսքեր եւ կարգախօսներ կը կրկնէ, կամ երբ կը զգայ, որ ուրիշի գրածը կը կարդայ, կամ… կարդացուած հայերէնը լատինատառ է…
Երբեմն պէտք է հետաքրքրուիլ հասկնալու համար, թէ բեմէն խօսուածը բեմէն վար իջա՞ծ է: Հարցախոյզի դիմելու ազնիւ սովորութիւնը չունինք:
Եզրակացութիւնը այն կ՛ըլլայ, որ patchwork կ՛ընենք կամ բոլոր երկիրներու յատուկ «կոմպինացիա»: Բայց կայ էական հարց մը. մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը, ղեկավարման բոլոր մակարդակներուն, եթէ patchwork-ով ինքզինք օրօրէ եւ «կոմպինացիա»ով զանգուածը ոտքի՝ քնացնէ, պերճանք է, որ աւեր կը գործէ: Եթէ ինքնագոհութեան եւ երեւելիութեան թմբիրէն արթննանք, պիտի տեսնենք, թէ մեր տեղատուութիւնները այնքան արագացած են եւ «թագաւոր-թագաւորիկ»ները՝ մերկ, որ իսկական «յեղափոխութիւն» մը պէտք է, վերագտնելու համար ազգի վերականգնումի ուղին:
Դիւանակալական մտմտուքը յաղթահարելով պիտի կարենա՞նք հասնիլ իսկական ղեկավարման մակարդակի:
Մեծ անուններով գումարուող ժողովները, հաշուապահական եւ աթոռաբաշխական հարցերէ առաջ… այս հարցերուն լուծում պիտի բերե՞ն:

Լոս Անճելըս


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles