ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ի՞նչ խոհերով ու յոյզերով, աւելին՝ ի՞նչ օրակարգով այս տարի կը դիմաւորենք Մայիս 1ի տօնը:
Ի՞նչ խորհուրդ եւ պատգամ լուսարձակի տակ պիտի առնուի վաղը, երբ աշխարհով մէկ, բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը պաշտօնապէս պիտի դադրի եւ մարդկութիւնը պիտի տօնէ Աշխատանքի ու աշխատաւորութեան միջազգային օրը:
2014 թուականին շատ քիչ բան մնացած է գաղափարական եւ քաղաքական այն թէժ կրակէն, որ Մայիս 1ին կը բոցկլտար մարդոց ու հասարակութեանց կեանքին ու ներաշխարհին մէջ:
Պատճառն ու բացատրութիւնը այնքան ալ պարզ ու յստակ չեն:
Աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը անշուշտ ազատագրուած են անցեալի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական շատ ու շատ կաշկանդումներէն, բռնութեան եւ կեղեքումի կապանքներէն:
Անկասկած աշխատաւորական կազմակերպութիւնները, սենտիքայական թէ կուսակցական, այսօր կը հանդիսանան քաղաքական հանրութեան ամէնէն տիրական իշխանութիւններէն մէկը: Այն աստիճան, որ ընչազուրկ աշխատաւորութեան անունով քաղաքական ասպարէզ իջած արհեստակցական միութիւնները ինքնին վերածուած են ընկերային շահագործման նոր կառոյցներու…
Նոյնպէս կասկածէ վեր է, որ աշխատաւորական իրաւունքներու եւ աշխատանքային պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ մեծ ճամբայ կտրած է քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, նոյնիսկ հարաւային եւ իրաւազրկեալ կողմն երկրագունդի:
Այդ բոլորը բաւարար պատճառ են եւ անհրաժեշտ բացատրութիւն մը կ՛ընծայեն, թէ ինչո՛ւ Մայիս 1ը մեր օրերուն այնքան ալ կիրքեր ու դասակարգային ատելութիւններ եւ բախումներ չի հրահրէր այլեւս:
Բայց նոյն այս բոլորը Մայիս 1ին կու գան մրճահարելու խիղճը մերօրեայ մարդկութեան եւ յուշելու, թէ այսքան մեծ ճամբայ կտրելով հանդերձ՝ տակաւին երկար ուղի ունի մարդկութիւնը, որպէսզի հասնի աշխատանքի ամբողջական ազատագրութեան՝ ամէն կարգի շահագործումի ցեցերէն ձերբազատուելով:
Մայիս 1 է դարձեալ:
Հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան հեթանոսական տօն, բայց ժամանակակից աշխարհը հիմնովին տարբեր գաղափարական խորքով կը նշէ Մայիս 1ը:
Մայիս մէկի մերօրեայ խորհուրդը ուղղակի կապուած է մարդու աշխատանքի ազատագրութեան մեծ շարժումին եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարին հետ:
124 տարի առաջ սկսաւ Մայիս 1ի ժամանակակից իմաստով նշումը եւ այնքան ալ տօնական տրամադրութիւններով չսկսաւ: 1890ի Մայիս 1ին, յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, աշխատաւորական կազմակերպութիւնները եւ յեղափոխական կուսակցութիւնները (ընկերվարական, անիշխանական թէ ազատական) փողոց իջան եւ ցոյց կատարեցին՝ ութժամայ աշխատանքային օրուան եւ ընդհանրապէս աշխատաւորական կեանքի պայմաններու բարելաւման պահանջով: Յատկապէս աշխատաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած առաջին այդ Մայիս 1ի ցոյցերը այդպէս՝ պատահական կամ ինքնաբուխ չեղան: Տարի մը առաջ, 1889ի Յուլիսին, Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան հարիւրամեակին առիթով գումարուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի (պատմութեան ծանօթ իբրեւ Երկրորդ Միջազգայնական) հիմնադիր ժողովը, որ յետագայ իր գործունէութեան վերաբերեալ որոշումներու շարքին՝ Մայիս մէկը հռչակեց իբրեւ աշխատաւորական շարժումներու միջազգային զօրակցութեան օր:
Միջազգայնականի այդ որոշումն էր, որ ի գործ դրուեցաւ 1890ին, իսկ Մայիս 1ին զօրակցութեան շարժումի իմաստ տալու գաղափարը բխած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն ծաւալուն բնոյթ ստացած աշխատաւորական պայքարին թիկունք կանգնելու Ընկերվար Միջազգայնականի քաղաքական դիրքորոշումէն:
Արդարեւ, աշխատաւորական շարժումը ակնբախ յառաջխաղացք արձանագրած էր Մ. Նահանգներու մէջ՝ օգտուելով ազատ մտածողութեան եւ քաղաքացիական ազատ գործունէութեան՝ Եւրոպայի համեմատ աւելի ձեռնտու պայմաններէն:
1886ին, Մայիսի առաջին օրերուն, Մ. Նահանգներու աշխատաւորական եւ գաղթականական կեդրոնացման քաղաքներէն Շիքակոյի մէջ, աշխատաւորները փողոց իջած էին եւ օրերու վրայ շարունակուած ցոյցերու միջոցաւ կը պահանջէին, որ օրէնքով նուիրագործուի ութժամեայ աշխատանքային օրուան իրենց պահանջը:
1886ի այդ տարուան Մայիս 4ին, Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը շատ բազմամարդ եւ բուռն եղած էր՝ ոստիկանութեան հետ առճակատման երթալու իմաստով: Անորոշ կողմէ ռումբ նետուած էր ցոյցին հսկող ոստիկանութեան վրայ՝ զոհեր խլելով ոստիկաններէն, որոնք անմիջապէս կրակ բացին ցուցարարներուն վրայ եւ պատճառ դարձան 8 մեռեալի եւ տասնեակներով վիրաւորներու: Անշուշտ օրին դատ-դատավարութիւն տեղի ունեցաւ, բայց դատարանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, ռումբի արձակման բուն պատասխանատուները յայտնաբերելու փոխարէն, ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքական համոզումներուն քննարկման եւ բացայայտման վրայ, ինչ որ քաղաքականացուց աշխատաւորական շարժման ամբողջ էութիւնը:
Նոյն պատճառով ալ, Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Քլիվլընտ փութաց զօրակցելու ամերիկացի աշխատաւորական միութիւններէն Աշխատանքի ասպետներ արհեստակցական կազմակերպութեան, որ ի հակազդեցութիւն ընկերվարական համոզումներով Հէյմարքէթի ցուցարարներուն՝ առաջարկեց Սեպտեմբերին տօնել Աշխատանքի օրը եւ այդպէս ալ, Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, մինչեւ այսօր Աշխատանքի օրը կը տօնուի Սեպտեմբերին:
Եւ այդպէս սկսաւ Մայիս մէկի միջազգային շարժման կենսագրութիւնը:
Սկզբնապէս սահմանափակուեցաւ ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ աշխատատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով:
Բայց որովհետեւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած աշխարհով մէկ վարակիչ դարձած էին ազգային եւ ընկերային ազատագրումի յեղափոխական շարժումները, Մայիս մէկի ոգեկոչումներն ու տօնախմբութիւնները շատ արագ ամէնուր վերածուեցան բողոքի եւ ցոյցի պոռթկումներու՝ իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ բախումի առիթներու:
Նոյնքան արագութեամբ զուտ աշխատաւորական պահանջներուն վրայ գումարուելու եկան ազգային եւ կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ազատագրումի առաջադրանքները, մինչեւ որ տասնամեակէ տասնամեակ յարաճուն թափ ապահովելով՝ Մայիս մէկի ելոյթները ընդգրկեցին լայնագոյն հասկացողութեամբ իրաւունքի պաշտպանութեան եւ արդարութեան ամէն կարգի պահանջներ:
Մայիս մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշո՛ւշտ, շեշտակիօրէն Աշխատանքի եւ աշխատաւորութեան միջազգային օրուան իր նշանակութիւնը: Բայց այսօր արդէն աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն: Ընդհակառակը՝ ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական յարաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները անեզր հորիզոն մը բացած են Մայիս մէկի իմաստին եւ արժէքին առջեւ:
Մայիս մէկի գաղափարական խորհուրդին այս աստիճան ընդլայնումը, բնականաբար, շատ բան նուազեցուց անոր էապէս աշխատաւորական պայքարի նշանակութենէն եւ հնչեղութենէն: Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն, աշխարհի որեւէ անկիւնը, մինչեւ անգամ ժողովրդավարականօրէն հաստատաքայլ յառաջդիմած երկիրներու մէջ, երբ աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը իրաւազրկելու քայլեր կ՛արձանագրուին, Մայիս 1ը անմիջապէս կը վերագտնէ երբեմնի իր բուռն պայքարին տարողութիւնը՝ աշխատաւորութեան եւ իշխանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու յանգելով:
Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, 19րդ դարավերջէն սկսեալ, Մայիս մէկը հայ ազգային-ազատագրական շարժման համար ներշնչման աղբիւր դարձաւ, հետեւողականօրէն մղում տուաւ համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու սկզբունքայնութեան:
Մայիս 1ը քաղաքականօրէն չարաշահուեցաւ նաեւ հայ իրականութեան մէջ, երբ 1918ին նուաճուած Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ, պոլշեւիկեան խռովարարութեանց հետեւանքով, արձանագրուեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն սեւ ու մրոտ էջերէն մէկը. 1920ի Մայիս 1ին, Կարմիր Բանակի հրահրումով, հայ պոլշեւիկները Կարսի մէջ Աշխատաւորական օրուան հանդիսութիւնները փորձեցին ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ բողոքի շարժումի եւ քաղաքացիական խռովութիւններու ծաւալումին…
Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր ժողովուրդը իր ազգային առողջ բնազդով կուլ չգնաց պոլշեւիկեան խորշակի այլասերման ու դաւանամոլութեան վտանգին: Ամբողջ եօթանասուն տարուան խորհրդային ամբողջատիրութեան թունաւորումէն ետք անգամ, հայ քաղաքական միտքը կրցաւ իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ:
Եւ ամէն Մայիս մէկի հետ, մերօրեայ հայութիւնը աշխարհով մէկ կը վերանորոգէ արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտը:
Այսպէ՛ս, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը բաղկացնող ազգերէն եւ հասարակութիւններէն իւրաքանչիւրը իր ձեւով ու չափով դժուար ուղի հարթեց, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել աշխատանքի եւ աշխատաւորութեան ազատագրումը արգելակող արտաքին թէ ներքին խոչընդոտները:
Մայիս 1ի տարեդարձը այնքան ալ կիրքեր չի յուզէր այլեւս, բայց անպայման մարդոց եւ ազգերու յիշողութեան մէջ կը վերանորոգէ աշխատաւորական պայքարի աւանդներուն եւ նուաճումներուն պահապան ու իրաւատէր կանգնելու յանձնառութիւնը: