Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

32 Տարիներ Ետք…

$
0
0


ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Երէկ էր կարծես. թողնելով ծննդավայրս, ընտանիք, բարեկամներ ու ընկերներ՝ հաստատուեցայ Լոս Անճելըս: Յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ կեանքիս կէսը հոս անցուցած եմ:
Դաժան օրեր էին: Պատերազմ, մահ, կողոպուտ: Գրեթէ ամէն օր ընկերոջ մը, ընտանիքի մը Լիբանանը ձգելու լուրը կ՛առնէինք: Այդ տպաւորութիւնը կ՛ունենայի, թէ շուտով հայ պիտի չմնայ Լիբանանի մէջ: Անշուշտ չարաչար սխալած էի, հակառակ այս իրողութեան՝ որոշելս եւ ճամբայ ելլելս քանի մը շաբաթներու հարց եղաւ: Դժուար որոշում էր, սակայն գործադրեցի ու ճամբայ ելայ՝ ետիս ձգելով մայր, քոյրեր, մահացած եղբօրս այրին՝ իր երկու անչափահաս զաւակներով: Տան հասուն տղամարդը ես էի: Առաջին քայլը ես պէտք էր առնէի, ընտանիքս այդ «դժոխքէն» փրկելու համար:
Տակաւին տեղ չեմ հասած, օդակայանն եմ: Ես ինծի գրեթէ բարձր ձայնով հարց կու տամ՝ ըրածս ճի՞շդ էր, թէ սխալ: Պահ մը կը մտածեմ ետ դառնալու մասին: Կացութիւնը գէշ է: Զիս ճամբելու համար ընտանիքէս ոեւէ մէկուն օդակայան գալը անխոհեմութիւն է: Օդակայան աշխատող բարեկամ մը զիս օդակայան կը հասցնէ: Մօրս արցունքները աչքերուս առջեւէն չեն հեռանար: Կանգ կ՛առնեմ: Պիտի վերադառնամ տուն: Քովէս՝ «Քալէ՛, ուշացանք, օդանաւը պիտի փախցնես», կ՛ըսէ բարեկամս: «Երանի փախցնեմ», կը մտածեմ: Իսկապէ՞ս չեմ ուզեր մեկնիլ: Հապա ինչո՞ւ դեսպանատուն գացի ու վիզայի դիմեցի: Ուրիշ ճար չունէի: Ամենաճիշդ լուծումն էր: Պէտք է մեկնիմ, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ, օր մը բոլոր ընտանիքս միացնեմ ինծի այդ հսկայ ձուլարանին մէջ, որ Ամերիկա կը կոչուի:
Օդանաւը կամաց-կամաց, ապա աւելի արագ կը յառաջանայ, ու յանկարծ քիթը վեր տնկած՝ կը բարձրանայ դէպի երկինք: Պատուհանին քով նստած եմ: Վերջին անգամ կ՛ուզեմ դիտել ծննդավայրս: Արդէն ուշ է: Ամպերուն մէջ եմ, բան չեմ տեսներ: Ետդարձ չկայ: Ինքզինքս կը համոզեմ: «Այո՛, պէտք էր որ մեկնէի, հոն կենալովս ի՞նչ օգտակարութիւն պիտի ունենայի: Ինը ամիս է՝ տունը նստած եմ, անգործ: Տունը նստելու վարժուած չեմ, սակայն գործատեղիս արեւելեան եւ արեւմտեան Պէյրութը բաժնող «բաժանման գիծ»ին վրայ է եւ՝ փակ:
«Խմիչք մը կառնէի՞ք», կը հարցնէ հիւրընկալ օրիորդը: Խմիչքի շատ բարեկամ չեմ, սակայն այդ վայրկեանին անգիտակցօրէն «Scotch on the rocks» կը պատասխանեմ: Քանի մը ումպով գաւաթին յատակը կ՛երեւի, միայն տակաւին չհալած քանի մը սառ մնացած է: Երկրորդ գաւաթը կ՛ապսպրեմ, որ նոյնպէս շատ շուտով առաջինին ճակատագիրին կ՛արժանանայ: Աչքերս ինքնաբերաբար կը գոցուին եւ արդէն խոր քունի մէջ եմ: Ես իմ խռկոցս կը լսեմ: Կ՛երազեմ: Աչքիս առջեւ շարժապատկերի պէս կու գայ մանկութիւնս: Կը յիշեմ, երբ Էշրեֆիէ կը բնակէինք, եւ թաղի բոլոր մանուկները միասնաբար Ղազար Չարըխին դպրոցը կ՛երթայինք քալելով, եւ մեզի կ՛ընկերանար թաղին շունը՝ ֆրանսական «Շաս Պօ» անունով, իսկ մենք չէինք գիտէր անունին իմաստը եւ «Շաշպօ» կը կանչէինք: Աւելի ուշ՝ Ճեմարան եմ: Աչքիս առջեւն է Ճեմարանի բակը, «փոստան», դասընկերներս, ապա՝ երիտասարդութեան «խենթ» տարիներս: Ամէն գիշեր բարեկամներով դուրսն ենք: Ամէն անգամ, որ գիշերուան ժամը 12ը հնչէ, «Այսօր ալ լուսցուցինք»՝ կ՛ըսենք խնդալով:
Ինքզինքս «Ազատամարտ» ակումբի բեմին վրայ կը տեսնեմ, կիթառս ձեռքս, Five Fingers-ի տղոց հետ: Սրահը բերնէ բերան լեցուն է: Շարժելիք տեղ չկայ, սակայն ոչ ոք կը գանգատի: Ամէն մարդ ուրախ է: Ամառ է: Տհուր Շուէյրէն դէպի Պոլոնիա տանող ճամբուն աջին՝ «La Fourmi» զբօսավայրը: Դարձեալ բեմի վրայ եմ: Խուռներամ բազմութիւն: «Փորձառական թատրոն»ի փորձերը, ապա՝ ներկայացումները: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահ: Դարձեալ բեմի վրայ եմ, աւելի ճիշդը՝ բեմի ետին, քուլիսային աշխատանք: Կը ներկայացնենք «Պուրճ Համուտ-78» երգախառն կատակերգութիւնը: Նուագի բաժինը ինծի յանձնուած է: Հոն են բեմադրիչը՝ Զոհրապ Եագուպեան, հեղինակը՝ Սարգիս Սարգիսեան, եւ գլխաւոր դերակատարներէն Փիեռ Շեմմեսեան: Երբ այս վերջին երկուքը միասին են, կարելի՞ բան է չխնդալ: Ինքնաբերաբար կը ժպտիմ: Երջանիկ օրեր: Ապա՝ տխուր օր մը, Լիբանանի դրախտային օրերը վերջ կը գտնեն: Երաժշտութեան փոխարէն՝ կը լսենք ռումբերու եւ զէնքերու գոռոցը:
«Ազիրեան» ակումբն եմ: Ազգային պարտականութիւն: Պէտք է հայկական թաղերը պաշտպանենք: Բնաւ չեմ սիրած զէնք ըսուած բանը, սակայն ստիպուած՝ «Կիթառիս փոխան զէնք եմ գրկեր»: «Բան մը չէ, շուտով կ՛անցնի», կը լսենք ամէն կողմէ, սակայն «շուտով չանցնիր»: Կ՛երկարի: Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Որոշ շրջան մը հանդարտութիւն, ապա՝ դարձեալ ռումբ, առեւանգում, մահ, աւեր: Ալ որքա՞ն կրնանք դիմանալ: «Այս երկիրը վերջ չունի», կը լսենք ամէնուրեք, «Գացողը կ՛ազատի»:
Արդէն հասած եմ «Աւետեաց Երկիր»ը: Պայուսակներս կը ստուգեն: «Կրնաս անցնիլ», քիթին տակէն կը մրթմրթայ սեւամորթ պաշտօնեան՝ անցագիրիս էջերէն մէկուն մէջ կնքելով:
Սպասման սրահին մէջ մօրաքրոջս ընտանիքը եկած են զիս դիմաւորելու: Ի՜նչ անակնկալ: Եկած են նաեւ քանի մը բարեկամներ: Ինչպէ՞ս լուր ունեցան: Ես մարդու բան չեմ ըսած: Կը հասնինք տուն: Ճոխ սեղան մը շտկած են: Ախորժակ չունիմ: Պարտականութեան համար կը փորձեմ քանի մը պատառ ուտել: Պատառը կը մեծնայ բերնիս մէջ: Չեմ կրնար կլլել: Գիշերը ցերեկին խառնուած է: Հոս կէսօրէն ետք է, հոն՝ յաջորդ օրուան առտուան մօտ: Քաղաքավարութեան համար կը փորձեմ աչքերս բաց պահել: Ինծի յարգելու համար սեղան շտկած են, սակայն ես չեմ մասնակցիր: Ամէն կողմէ հարցումներու տարափ: Բան չեմ լսեր: Պատասխան չունիմ: Ո՞ւր է այդ զուարթ տղան: Լռակեաց դարձած եմ:
32 տարիներ անցեր են արդէն: Ընտանիքս միացած է ինծի: Ես ալ իմ կարգիս ընտանիք կազմած եմ: Հայր եմ արդէն: Լիբանանի նման, ընկերային շրջանակս ընդլայնած եմ: Քանի մը ամիսը անգամ մը Ճեմարանի դասընկերներով կը հաւաքուինք: Լիբանան գտնուող բարեկամներ յաճախ նոյն հարցումը կ՛ընեն՝ «Գո՞հ ես»:
Պատասխանս նոյնն է բոլորին՝ «Այո եւ ո»չ: Իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի՝ գոհ եմ: Պատերազմ չկայ հոս: Զէնքի ձայն չեմ լսեր: Իբրեւ հայ՝ դժգոհ: Երբ նախագահական թեկնածուն կը խոստանայ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա ընտրուելէն ետք կը մոռնայ իր խոստումը, երբ հայկական վարժարաններու աշակերտներ հայկական դպրոցի մէջ հայերէն չեն խօսիր, ինչպէ՞ս հանդուրժել: Կը յիշեմ, երբ փոքր էինք, մեզի կը ստիպէին, որ զբօսանքին ֆրանսերէն խօսինք, որպէսզի տիրապետենք ֆրանսերէնին, սակայն մենք յամառօրէն կը նախընտրէինք հայերէն խօսիլ: Հիմա ճիշդ հակառակը՝ կը խնդրեն, կը ստիպեն, որ հայերէն խօսին, սակայն մտիկ ընող չկայ: Երբեմն ծնողներ իրենց անգլերէնը զօրացնելու համար իրենց զաւակներուն հետ սխալ անգլերէն կը խօսին: Զաւակները ծնողներուն սխալներուն վրայ կը խնդան, սակայն կացութենէն բան չի փոխուիր: Անգլիախօսութեան ախտը վարակած է գրեթէ բոլորը:
Յարգա՛նք ձեզ, լիբանանահայեր: Մեզ նման ձգելով այդ հիւրընկալ երկիրը՝ չգաղթեցիք: Մեր մշակոյթին պահապանները եղաք եւ Պարոյր Սեւակի խօսքերով ամէն օր կը կրկնէք.
«Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles