ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Մեր եկեղեցին ունի կին վկաներ եւ նահատակ կիներ, որոնք իրենց կեանքին գինով արժանացած են վերոյիշեալ տիտղոսներուն:
Մեծ չէ թիւը անոնց: Միայն երեք՝ Սանդուխտ, Հռիփսիմէ եւ Շուշանիկ, որոնք նահատակուած են տարբեր պատճառներով եւ տարբեր ձեւերով, բայց միշտ քրիստոնէական հաւատքի սիրոյն:
Ինչ որ յատկանշական է սակայն Շուշանիկին, զօրաւոր անհատականութիւնն է եւ ոչ կրօնական մոլեռանդութիւնը: Այս հանգամանքը բան մը կ՛աւելցնէ իր նահատակութեան վրայ եւ զայն կ՛ընէ աւելի մարդկային:
Սոյն յօդուածին համար օգտուած եմ հետեւեալ աղբիւրէն՝ ակադեմիկոս Մանուկ Աբեղեանի «Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն», հատոր Ա., երրորդ տպագրութիւն, տպարան «Սեւան» հրատարակչական տան, Պէյրութ, 1968:
Շուշանիկ դուստրն է Սահակ Պարթեւի թոռան՝ Աւարայրի նահատակ հերոս Վարդանի: Ինք եւս կը նահատակուի: Շուշանիկ եղած է կրօնասէր մը եւ ոչ՝ կրօնամոլ մը: Ան պայքարած չէ օտար թագաւորի մը կամ օտար անհատի մը դէմ, այլ՝ իր իսկ ամուսնոյն, որուն հետ ապրած էր երկար տարիներ:
Ո՞ւր է Շուշանիկի վկայութեան էական կողմը: Այր եւ կնոջ միջեւ, կրօնական գետնի վրայ տեղի կունենայ շատ զօրաւոր ընտանեկան բախում մը: Ամուսինը կ՛ընդունի պարսիկ կրօնը: Կ՛առնէ նաեւ պարսիկ կին մը: Միաժամանակ կը խոստանայ, որ իր կինը եւս պիտի դարձնէ զրադաշտական: Ահա՛ այստեղ է, որ կը հանդիպի կնոջ զօրաւոր հակառակութեան եւ չի կրնար հասնիլ իր նպատակին: Չարչարել կու տայ զայն երեւակայելի բոլոր միջոցներով, առանց հասնելու յուսացած արդիւնքին:
Այս դէպքը առասպել չէ: Առնուած է իրական կեանքէ: Պատահած է Ե. դարու երկրորդ կիսուն, պարսկական տիրապետութեան այն շրջանին, երբ Սասանեան արքաներու անբարոյացնող քաղաքականութեան պատճառաւ, հաւատուրացներու թիւը հետզհետէ կը մեծնար Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ:
Շուշանիկ՝ Վարդանի դուստրը, կինն էր վրացի Վազգէն բդեշխին, զաւակը՝ նշանաւոր Աշուշա բդեշխին: Շուշանիկ մեծցած էր այն առաքինի այրիներուն միջեւ, զորս ձգած էին Աւարայրի հերոսները եւ դաստիարակուած անոնց ստեղծած կրօնասէր մթնոլորտին մէջ:
Անծանօթ պատմագիրը, որ գրած է Շուշանիկի վկայաբանութիւնը, կ՛ըսէ, թէ Վազգէնը «լկտի եւ անառակ վարքի» տէր էր, իսկ Շուշանիկը, իր մանկութենէն սկսած, բարեպաշտ եւ աստուածավախ կին մը: Ան կ՛աղաչէր հաւատացեալներուն, որ աղօթեն, որպէսզի իր ամուսինը զգաստութեան վերադառնայ:
Ուրեմն, առաջին իսկ օրէն, Շուշանիկի ամուսնական կեանքէն ներս կայ դառնութիւն, բայց տակաւին անոր ընտանեկան կեանքի անդորրը չէ խանգարուած, մինչեւ այն օրը, երբ Վազգէն կ՛երթայ դէպի Արքունի Դուռ, այսինքն Պարսից թագաւորին մօտ:
Կինը կը սկսի մտահոգուելու, որովհետեւ լաւ կը ճանչնայ ամուսինը: Կը նախազգայ, որ ան իր ճշմարիտ հաւատքը պիտի ուրանայ: Ինչ որ պատահեցաւ արդարեւ: Վազգէն ուրացաւ ճշմարիտ հաւատքը, երկրպագեց կրակին եւ պարսիկ կին ուզեց թագաւորէն:
Այս վերջինը անոր իբրեւ կին՝ տուաւ իր կնոջ մայրը: Վազգէն, իր կարգին խոստացաւ, որ իր ամբողջ ընտանիքը պիտի ուրանայ քրիստոնեայ հաւատքը:
Մինչ Շուշանիկ, Ս. Սահակի իր փոքրիկ Աւետարանը ձեռքը կ՛աղօթէր, լրաբեր մը եկաւ Պարսկաստանէն, Վազգէնի կողմէ: Եւ երբ ան իմացաւ իրականութիւնը, գետին ինկաւ եւ լացաւ դառնապէս, վրայ տալով իր ամուսինն ու զաւակները: Ինքն իր անձին մասին չէր մտածեր տակաւին, այլ ամուսնոյն, որ ողորմելի էակ մըն էր այլեւս իր աչքին եւ զաւակներուն, որոնք ստիպուած՝ իրենց հաւատքը պիտի ուրանային եւ մանաւանդ իր դստեր, որ բռնի ամուսնութեամբ պիտի կենակցէր իր հօր հետ:
Այստեղ կը սկսի Շուշանիկի տառապանքը:
Իր միակ մխիթարութիւնն էր՝ զաւակներուն հետ երթալ եկեղեցի եւ աղօթել անոնց հոգիներու փրկութեան համար:
Գալով իրեն՝ իր հարցը լուծուած է արդէն: Ան որոշած է վերջականապէս բաժնուիլ ամուսինէն, այդ «պիղծ անկողնակցէն»: Կը նախընտրէ չարչարանքով մեռնիլ, քան հնազանդիլ ուրացողին: Երբեմն գիշերը եւս կ՛անցընէ եկեղեցւոյ մէջ, աղօթելով եւ սաղմոս երգելով:
Ոչ ոք կրնայ մխիթարել զայն: Ան կ՛ողբայ այսպէս. «Ո՞վ կրնայ տալ ջուր գլխուս եւ աչքերուս արտասուքի աղբիւրներ եւ օթեւան մը անապատի մէջ, որպէսզի լայի ճշմարիտ Աստուծոյ իմ ամբարիշտ ամուսնոյս անբժշկելի վէրքերուն եւ զաւակներուս տարակուսանքներուն համար: Ո՞վ կրնայ լսել այսպիսի կորուստի մը մասին եւ չլալ, ուր չկայ մխիթարութեան յոյսի նշոյլ: Ո՞վ է այն հանճարեղն ու իմաստունը, որ կրնայ այս հարցումին լուծումը գտնել, ըսէ՛ք, ո՜վ մարդիկ: Միակ յոյսս կը մնայ Աստուած: Երանի տայ ինծի Ան աղաւնիի թեւեր, որ թռչիմ, հասնիմ անապատ մը եւ սթափիմ այս վիճակէս: Ես պատրաստ եմ ամէն չարչարանքի, որով պիտի նեղէ զիս ուրացողը, որպէսզի չմոռնամ զԱստուած եւ չթողում իմ հայրերուս, հայոց լուսաւորիչներու աւանդութիւնը: Անշարժ եւ անդրդուելի կը մնամ տիրոջ զօրութեամբ եւ ուրացողին հետ չեմ միաւորուիր եւ պղծուիր»:
Այդ միջոցին, բդեշխը կը վերադառնայ տուն՝ իր երկիրը եւ կը խնդրէ եպիսկոպոսէն, որ միջամտէ իր կնոջ մօտ եւ զայն տուն վերադարձնէ: Կը միջամտէ նաեւ բդեշխին եղբայրը՝ æոջիկ, որ մեծ յարգանք ունէր Շուշանիկին հանդէպ:
Երկար խօսակցութիւններէ ետք, Շուշանիկ կ՛ընդունի անոնց առաջարկը եւ կը յօժարի տուն վերադառնալ: Բայց կ՛ըսէ անոնց. «Ձեր կամքը կը կատարեմ, բայց վստահ եմ, որ ան զիս չարչարանքի պիտի ենթարկէ: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի երթայ տուն եւ զիս առանձին թողու: Բայց ես առանձին չեմ: Որովհետեւ Տէրը իմ հետս է, որուն վրայ դրած եմ ամբողջ յոյսս: Տէրն է իմ օգնականս եւ ես չեմ վախնար չարէն»:
Շուշանիկ վերադարձաւ տուն: Բայց հազիւ ապարանք հասած՝ քաշուեցաւ խցիկի մը մէջ եւ այսպէս աղօթեց. «Դուն շատ լաւ գիտես, Տէր իմ, որ մանկութենէս սկսեալ ատած եմ մեղքը: Յիշէ քու ծառաներդ, իմ հայրերս, որոնց զաւակն եմ ես, որոնք սիրեցին քեզ, ո՛վ ճշմարիտ Աստուած, եւ օգնէ ինծի անոնց բարեխօսութեամբ յառաջիկայ պատերազմիս մէջ: Ես ոչ մէկ օգնական ունիմ, ո՛չ հայր, ո՛չ եղբայր, ո՛չ մէկ ազգակից: Դուն ես միակ յոյսս: Զօրութիւն տուր ինծի նմանելու իմ հայրերուս… դուն, որ փրկեցիր սուրբ Հռիփսիմէն թագաւորին բարկութենէն, զիս եւս, անարժան աղախինդ, փրկէ՛ ուրացողին բարկութենէն»:
Շուշանիկ երեք օր մնաց խցիկին մէջ, առանց ուտելու եւ խմելու: Ի վերջոյ, ամուսինը զինք բերել տուաւ եւ բրածեծ ընել տուաւ: Ոչ ոք կրցաւ միջամտել: Իսկ բդեշխը հետզհետէ կը զօրացնէր հարուածները, մինչեւ որ ամբողջ մարմինը վիրաւորուեցաւ: Ապա, հրամայեց որ զայն նետեն խցիկին մէջ: Կը կարծէր, թէ մեռած է:
Յաջորդ առաւօտ, երբ տեսաւ թէ կինը տակաւին ողջ է, հրամայեց, որ ոչ ոք մօտենայ անոր, որպէսզի անօգնական մեռնի: Հրամայեց նաեւ, որ միայն գարիի հաց եւ ջուր տան: Եւ մեկնեցաւ: Շուշանիկ, հակառակ այս բոլորին, գոհ էր: Որովհետեւ ազատած էր ուրացողին հետ ամուսնական յարաբերութիւն ունենալէ:
Այսպէս, ուրեմն, յաղթեց թոյլ եւ անօգնական կինը: Երբ իր սփոփիչ քահանան կու լար իր չարչարանքներուն ի տես, Շուշանիկ կ՛ըսէր. «Մի՛ լար իմ վրաս, որովհետեւ… այս չարչարանքով ազատեցայ ամբարիշտ մարդուն պիղծ անկողինէն: Եւ ես ուրախ եմ այս չարչարանքին համար, որովհետեւ այս ձեւով կ՛արժանանամ իմ հայրերուս բարի ժառանգութեան»:
Բդեշխը չէր յաջողեր ո՛չ բռնի, ո՛չ անուշ խօսքերով համոզել կինը, որ իր մօտ դառնայ: Շուշանիկ իր զարդերը եւ գեղեցիկ հագուստները ղրկեց բդեշխին եւ այսպէս պատասխանեց անոր. «Ի՞նչ գործ ունի հաւատացեալն անհաւատի հետ, ի՞նչ կապ ունի լոյսը խաւարի հետ. եւ ի՞նչ միաբանութիւն կարող են ունենալ Աստուծոյ տաճարն ու պոռնիկը: Եւ այն չարչարանքներուն շնորհիւ, զորս կրել տուիր ինծի, ես մաքրուեցայ նաեւ նախկին յարաբերութիւններէս քու հետդ: Ըրէ՛ ինչ որ կ՛ուզես, ես պատրաստ եմ նոյնիսկ մեռնելու»:
Բդեշխը բարկութենէն ինքզինք կորսնցուց: Գնաց այն եկեղեցին, ուր կը գտնուէր Շուշանիկ, գաւազանով ծեծեց զայն եւ մազերէն քաշելով եկեղեցիէն դուրս բերաւ: Ամբողջ ժողովուրդը, այր եւ կին, բարձրաձայն կու լային. ոչ ոք կը համարձակէր մօտենալ անոնց: Գետինի քարերէն եւ փուշերէն Շուշանիկի մարմինը պատառ-պատառ եղաւ: Արիւնը կը հոսէր անկէ անդադար եւ գետինը կարմիր կը ներկէր:
Բդեշխը Շուշանիկի ձեռքերն ու ոտքերը երկաթէ շղթաներով կապեց եւ բանտ նետել տուաւ զայն: Վիզէն ալ շղթաներ անցուց եւ անոնց ծայրերը պատին գամել տուաւ: Ապա, ըսաւ իր կնոջ. «Հիմա ուրախացիր այդ չարչարանքի եւ կապանքին համար, որով պիտի տանջեմ քեզ մինչեւ մահ»:
Երեք օր ետք, քահանան այցելութեան եկաւ: Շատ զարմացաւ, երբ տեսաւ, որ տիկինը, հակառակ շղթայակապ վիճակին, ուրախ-զուարթ սաղմոս կ՛երգէր: Քահանան համբուրեց անոր շղթաները եւ ըսաւ. «Երանելի ես դուն կիներուն մէջ. արդարեւ բարի արմատի բարի շառաւիղ հանդիսացար… եւ Ս. Հռիփսիմէի պէս արժանի պիտի ըլլաս պսակի»:
Շուշանիկ, այսպէս, վեց տարի մնաց բանտ: Ջուրով եւ գարիի հացով սնանեցաւ, աղօթքով եւ սաղմոսով մխիթարուեցաւ: Կ՛ըսուի թէ՝ ուխտաւորներ կու գային զինք տեսնելու: Ան կը խրատէր բոլորը, իր աղօթքներով կ՛օգնէր անոնց, հիւանդներէն շատեր կը բուժուէին:
Այս բոլորը կը կատարուէր բդեշխի բացակայութեան:
Եօթներորդ տարուան սկիզբը, Շուշանիկ հիւանդացաւ կրած չարչարանքներուն հետեւանքով եւ աղօթելով աւանդեց իր հոգին:
Փափաքած էր միայն, որ զինք թաղեն հոն, ուր առաջին անգամ զինք քաշկռտեցին:
Հայ գրականութեան անհեղինակ վիպակներէն մէկն է Շուշանիկի պատմութիւնը:
Եթէ Վարդան եւ իր ընկերները կռուեցան պարսիկ բանակին դէմ, Վարդանի դուստրը առանձին պայքարեցաւ ո՛չ միայն ամուսնոյն, այլեւ ամբողջ գաղափարաբանութեան մը, մտայնութեան մը դէմ, ըստ որում՝ կինը, ամէն պարագայի, պէտք հնազանդ գտնուի իր ամուսնոյն հանդէպ:
Հայոց գրականութեան մէջ, այս վկայաբանութիւնը իսկապէս առաջին եւ գեղեցիկ վիպակն է կնոջ ազատագրման մասին: Անպայման պէտք չունինք աշխարհագրականօրէն աւելի հեռուն փնտռելու այդ հերոսուհիները: