ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Պատկեր.
Կապոյտ երկինք, ճերմակ ամպերու քուլաներով ծաղկած. ձմեռային պաղ գեղեցկութիւն։ Երկինքին մէջ շրջող օդանաւ։ Վարդե՞ր կը թափէ արթնցող քաղաքին վրայ, գիտական նկարահանումնե՞ր կ՛ընէ։ Վարէն մեծ բոմբիւնով կրակահերթեր, կապոյտը ու հոգիդ ճեղքող ահաւոր դղրդիւն ու պայթիւն. ան մահ կը թափէ վար… Խուճապահար փախչողներ ու… մանկական սայլակին մէջ դպրոցահասակ աղջնակը նստեցուցած քշող տղամարդ, որ ռումբերու ձայնը խեղդելու համար պոռալով պզտիկին դասը կ՛ըսէ ու կրկնել կու տայ…
***
Սուրն իմ ձեռքից՝ կռուի հանած ընկաւ վար,
Ես չեմ կարող մտնել պայքար ի՛նձ համար։
Աւ. Իսահակեան
Թէեւ էութեանս հարազատ, սակայն գիտեմ որ խորհելիք, շատերու համար նաեւ՝ վիճելիք գաղափար կ՛արտայայտէ բանաստեղծը, զոր ըմբռնելու համար պէտք է քիչ մը բանաստեղծ ըլլալ… հոգուո՛վ։
Այս օրերուս, երբ աշխարհը կը տանին դէպի եսականութիւն, եսակեդրոնութիւն ու նոյն ատեն՝ մարդու իսկական, խորքային եսի թաղում, երբ սերունդներ կը կրթեն «ամէնքը դէմ ամէնքին» սկզբունքով ու ոգիով, որքանո՞վ ընդունելի է «Ես չեմ կարող մտնել պայքար ի՛նձ համար»ը։ Մարդոց մեծամասնութիւնը, որպէս առաջին մղում, իր եսի կռիւը կը մղէ։ Այդ յաւերժաբար չմեծցող մանուկն է մեր մէջ։
Ես-ի մղած կռիւի՝ մեր օրերու պատկերներ.
Ա. Բարակ մաղող անձրեւին տակ, համատարած աղտոտութեան մէջ, պենզինի անվերջ կարգին մէջ կեցած կիներ կը պոռան, կը խնդրեն, կը հայհոյեն (այրերու շարքը աւելի լուռ է), ու եթէ նոյնպէս պոռացող, հրող, հսկող զինուորը չըլլայ՝ իւրաքանչիւրը պատրաստ է նետուելու սեփական կռիւի, խախտել կարգը, ծեծկռտելու, միայն թէ առնէ այն բաժինը պենզինի, որ ոմանց համար քանի մը ժամ ելեկտրականութիւն կը նշանակէ, ուրիշներուն համար՝ տեղւոյն վրայ աւելի սուղ ծախել ու կրկին կարգի կենալ։ Կան մարդիկ, սակայն, որոնք իրենց պայքարը առաւել քաղաքակիրթ ու այս աշխարհին համար յարմարագոյն ձեւով կը տանին, «լեզու գտնելով» զինուորին հետ։ Ժամերով կարգ սպասողները առանց կարգի առնողին դէմ գրեթէ չեն ալ գանգատիր. իւրաքանչիւրը իր մակարդակի վրայ կը մղէ իր կռիւը։
Բ. Նոյնը՝ փուռերու կարգին. դուն կը քաշուիս, անյարմար կը զգաս ժամով սպասողներու աչքին առջեւ, գլուխներու վրայէն ձեռքդ երկարելու ու օրինաւոր քեզի հասանելիք երկու նկանակ հացերդ առնելով հեռանալու, անդին սեփական մարտը գոյութեան միակ ձեւ ընդունողը հաւաքուածները դդում ալ չի նկատեր, ինք կը տրորէ ամէն կարգ ու կանոն, կը հրէ, կը խաբէ, կը յայտնուի առջեւ, կ՛առնէ ու յաղթական կը հեռանայ, քանի որ գիտէ՝ «Իրաւունքը ուժն է միայն…»։
Հիմա աւելի լուրջ պատկեր։ Կը յիշէք, որ մեզմէ շուրջ 136 տարի առաջ Խրիմեան Պերլինի վեհաժողովէն հայերու բաժին «հարիսան» խնդրելու գնաց (այն ատեն կ՛երեւի թէ աշխարհի բախտը որոշողներուն մէջ քիչ մը վեհութի՞ւն կար, որ այդ բառը կը գործածէին. երեւակայեցէ՛ք՝ Օպամայի, Էրտողանի, Հոլանտի եւ Ծոցի՝ նոյնպէս երկու ոտքի վրայ քալողներու գործերը՝ վե՜հ…)։ Վերադարձին Խրիմեան մեզի սեփական բազուկի ուժին վրայ յոյս դնելու կոչ ըրաւ։ Մենք յաճախ ուշացումով, յաճախ մասամբ (մեր հաշուոյն եկածին պէս) կ՛ըմբռնենք անոր ոսկեայ խօսքերը. փաստերը տեսնելէն ետք է, որ լիովին կը համոզուինք։ Այս օրերուս զէնքի ուժի մեծ ճշմարտութեան համոզուեցանք կրկին ու կրկին։ «Ժընեւ-2ի» զաւեշտին, ինչպէս տեսաք, Ամերիկայի արտաքին գործոցը (անուն մը ունի) խոստացա՞ւ, թէ սպառնաց, որ պիտի շարունակեն զինելու ոճրագործները, որ Սուրիոյ մէջ տակաւին մանուկներ պիտի մորթեն, աղջիկներ պղծեն ու մասամբ նորին։ Ան բացայայտ ընդունեց, որ իրենք կռիւ կը մղեն իրե՛նց համար։ Մինչդեռ սուրիացիներն ալ գայլին առջեւ կեցած միայնակ գառնուկ չեն (մեզի պէս). անոնք Ժընեւի մէջ թուղթէ շերեփի տեղ սուրեր շողացուցին, իսկ հոս՝ Հալէպին շուրջ մարտերը առաւել կատաղի դարձան։
Իջնում է գիշերն անգութ ու մթին,
Եւ այգը բացւում դառն ու մահահոտ,
Բայց հրկէզ հոգիս մորմոքում այս տօթ
Հաւատում է դեռ քո առաւօտին։
Վահան Տէրեան
Այս առաւօտ հաճելի վայրկեաններ ունեցայ, եթէ իրաւունք է այս երկիրին ու քաղաքին մէջ ուրախ զգալ։ Խոստովանինք, որ մէկ առաւօտի մէջ քանի մը հաճոյք մեր օրերուն՝ անհաւատալի շքեղութիւն է։ Բայց իրա՛ւ ունեցայ։
Պատմեմ, յուսալով որ չէք մեղադրեր։ Առաւօտի լոյսերուն մէջէն կը քալէի, միշտ նայուածքս կտրած գետինէն, զմեզ շրջապատող ամէն տեսակի աղբերէն վեր։ Դժուար է, բայց երբեմն կը յաջողիմ։
Արեւուն առաջին շողերը կը խաղային մերկ ծառերուն ճիւղերուն մէջէն ու աչքերս կը խտղտացնէին հաճելիօրէն. ծառերը հովէն ազդուած՝ կը տեղացնէին իրենց վերջին տերեւները, գլխուս կը թափէին իբրեւ շոյանք ու ոտքերուս տակ՝ իբրեւ ոսկի երազ։ æանացի մոռնալ, որ համրուած օրեր առաջ անոնք ճիւղակոտոր ու տերեւաթափ եղան հրթիռի հարուածէն, ինչպէս որ իրենց շուքին նստած հայորդիներն ալ՝ արիւնաքամ…
Այսօրուանը մոռնալ հարկ է, աւելի սոսկալին լսել կարենալու ու ապրելու համար։
Արդէն յուզումի ալիքը իշխած էր հոգւոյս (տարի՛ք, ի՞նչ կրնաս ընել…), երբ նախկին աշակերտուհիի մը ժպիտը փայլեցաւ առաւօտին մէջ՝ «Ուրախ եմ, որ առաւօտս ձեզի տեսնելով բացուեցաւ», ըսաւ անտեղեակ, որ ինք դեռ լաւ օրերու արտերու մէջէն պիտի քալէ (կամոքն Աստուծոյ), մինչդեռ ես անկեղծ ժպիտները այլեւս կը հաւաքեմ անակնկալ հանդիպող բուրաւէտ ծաղիկներու պէս։
Եւ վերջապէս ամէնէն յուզիչը՝ կամացուկ, խստադէմ մամայէն ծածուկ, օդային պաչիկ մը ղրկեցի մանկապարտէզ մտնող տղեկի մը, ու ան, իր պզտլիկ թաթիկը եթերային շրթունքին տանելով՝ պաչիկ մը շնորհեց ինծի…
Քի՞չ էր այսչափը երջանիկ ըլալու համար. իսկ ո՞ւր է շատը…
Այդ քիչն ալ խլուեցաւ բրտօրէն, նոր հրթիռակոծումին ու նոր զոհերուն հետ։
Ուրախութիւնը առայժմ արգիլուած է այս քաղաքին մէջ։
***
Հիմա թերեւս անակնկալ, սակայն խիստ շահեկան առաջարկ պիտի ընեմ ու խնդրեմ դուրսը ապրող մեր բարեկամ-ծանօթներուն, որ հալէպցիներուս հեռաձայնած ատեն կարգ մը զգուշութիւններ չմոռնան։ Ամէն ինչ կշռեցէ՛ք, ապա խօսեցէք։ Հոս մարդիկ գերզգայուն են ու նոյնիսկ ձեր բարի ցանկութիւնները կրնան սխալ հասկնալ, կրնան նոյնիսկ ձեր ձայնին երանգներէն ազդուիլ (տխուր կամ կայտառ)։
Այսպէս՝
ա. «Է՜, ինչպէ՞ս էք, նայինք»ը անհամ կը հնչէ։
Ենթադրելի լուռ պատասխան՝ «Քու կարծիքովդ ինչպէ՞ս պիտի ըլլանք, ամէն վայրկեան մահուան վտանգին տակ…»։
բ. Մի՛ փորձէք խղճալով խօսիլ կամ անորոշ կերպով դրամ առաջարկել. հալէպցին իր ցաւին մէջ հպարտ է։
Ենթադրելի… «Ես քեզմէ ողորմութի՞ւն խնդրեցի…»։
գ. Մի՛ ըսէք՝ «Ձեզի համար կ՛աղօթենք»։
Ենթադրելի… «Մենք ալ եկեղեցի ունինք, կրնա՛նք աղօթել…»։
դ. Երբեք մի՛ ըսէք. «Հալէպը կարօտցա՜նք»։
Ենթադրելի… «Տաք տեղը նստեր՝ կարօտ կը խաղան, ճիլւէն պակաս էր…»:
ե. Մի՛ գանգատիք հոն ձեր գործի կամ այլ անյաջողութիւններէն, քանի որ առածը կ՛ըսէ՝ «Կախուածին տունը պարանի մասին չեն խօսիր»։ Հալէպի մէջ մնա՞ց մարդ, որ տարբեր ձեւերով ու չափերով չէ վնասուած։
Ենթադրելի… «Չէ՛, այս մարդիկը բոլորովին անզգամ են եղեր. տաս միլիոն վնասի տակ եմ, ջո՞ւրը նետուիմ…»:
զ. Խանդավառ շնորհաւորանքներ մի՛ յղէք տօներու առիթներով. կենսասէր հալէպցին տօնի սիրտ չունի. ինչ ալ ընէ՝ աւանդոյթներ պահելու սիրոյն է։
Ենթադրելի… «Դուք տօնի մէջ էք՝ տօնեցէ՛ք, վրանի՞ս կը խնդաք…»:
Բայց չխօսիլ ալ չըլլար (Ենթադրելի… «Առաջ մէկ-մէկ կը հարցնէին, ատ ալ մոռցան…»)։
Ուրեմն ինչպէ՞ս խօսիք ու ի՞նչ ըսէք հալէպցիներուս…
Դո՛ւք որոշեցէք…