Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՀՄԸՄի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՀՄԸՄի 95ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

$
0
0

Դար Մը Եւ Անդին

«Ով որ այլեւս չի կրնար կանգ առնել մտածելու եւ մեծ ակնածանքով մնալու, կենդանի մեռեալ մըն է, անոր աչքերը փակ են»:
Ալպերթ Այնշթայն

Հպարտանալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք: Հպարտ ենք՝ հայ երիտասարդներուն ծառայութիւններ մատուցանելու 95 տարիներու վրայ երկարաձգուող հարուստ պատմութեամբ եւ աւանդութեամբ: Հպարտ ենք, որ կը շարունակենք պահպանել եւ հաւատարիմ մնալ մեր հիմնական առաքելութեան. սերմանել հայ մշակոյթ եւ արժէքներ, ժառանգութեան սէրը, պահպանել ազգային ապրումներն ու խորհուրդները, ապահովել անվտանգ ընտանեկան մթնոլորտ եւ միջավայր մը մեր երիտասարդ սերունդին համար՝ զանոնք զերծ պահելով ժամանակակից ընկերային վտանգաւոր մարտահրաւէրներէ, սպառնալիքներէ: Հպարտ ենք եւ կը գիտակցինք, որ ՀՄԸՄական մեր մարզական ծրագիրներով, սկաուտական բանակումներով եւ տողանցքով առիթ կ՛ընծայենք մեր հաւաքական ազգային հպարտութիւնը  ցուցադրելու:
Մենք հպարտ ենք, որ կրցած ենք ընդլայնել մեր առաքելութիւնը, հասնելու եւ ծառայելու քանակական աւելի լայն հասարակութեան մը: Համեմատելով 1918ի Կ.Պոլսոյ մէջ մեր ծագումի օրերուն հետ, ՀՄԸՄ ներկայիս տարբեր երկիրներէ ներս ունի 25 հազար գործօն անդամներ եւ 104 մասնաճիւղեր: Մենք հպարտ ենք մեր նուիրեալ անդամներով, սկաուտներով, մարզիկներով, մարզիչներով, դաստիարակներով, ծնողներով եւ հարիւր հազարաւոր համակիրներով, որոնք ամէն օր կը գործեն առաքելութեան իսկական ապրումով, զգացողութեամբ: Մենք յատկապէս հպարտ ենք մեր «կամաւորութեան զգացումով», որ դարձած է ՀՄԸՄի մշակոյթը:
Մեր կազմակերպութեան պատմութիւնը եւս հպարտանալու շատ առիթներ կ՛ընձեռէ: ՀՄԸՄ անմրցելի պատմութիւն ունի մեր երկիրին եւ ժողովուրդին օգնելու աշխատանքին մէջ: Իր առաջին օրերուն, 1918ին, ՀՄԸՄ յոյս ներշնչեց Ցեղասպանութենէն փրկուած բազմաթիւ որբերու, որոնք իրենց ապաստանը գտան ֆութպոլի խումբերու եւ սկաուտական շարժումի մէջ: Սփիւռքի կազմաւորման, կազմակերպչական տարիներուն, ՀՄԸՄ մեծ ներդրում ունեցաւ Սփիւռքի գաղութներու կառուցման մէջ, աւելի քան 28 երկիրներու 80 քաղաքներէ ներս: 1991էն ետք, ՀՄԸՄ վերադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն, ուր ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ ստանձնեց Հայաստանի Ազգային սկաուտական շարժումի կառավարումը:
Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ալ նաեւ հպարտանալու բազմաթիւ առիթներ ունեցած ենք: Ստորեւ ներկայացուած են նուաճումներու կարգ մը օրինակներ.
Ունինք 18 մասնաճիւղեր. 16ը՝ Քալիֆորնիա, մէկը՝ Նեւատա, մէկն ալ՝ Ֆինիքս- Արիզոնա:
Ունինք 5 մարզական համալիրներ, ընտանեկան մթնոլորտով ակումբներ, երկուքը՝ Կլենտէյլի մէջ, մէկը՝ Փասատինայի, մէկը՝ Սան Ֆերնանտօ հովիտի մէջ եւ մէկն ալ՝ Պրպենքէն ներս:
Հպարտ ենք Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ մեր վայելած տեղական ճանաչումէն: Լաւ յարաբերութիւններ մշակուած են տեղական քաղաքային եւ շրջանային կառավարութիւններուն հետ: Որոշ պարագաներուն նպաստներ ստացած ենք իշխանութիւններէն:
Հազարաւոր պատանի-երիտասարդներու առիթ ստեղծած ենք եւ կը շարունակենք հնարաւորութիւններ ստեղծել հայրենիք Հայաստանը այցելելու:

ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆՔ

ՀՄԸՄ արժէքներով առաջնորդուող կազմակերպութիւն մըն է, որ յանձնառու կը մնայ երիտասարդներու կեանքը առանձին-առանձին բարեփոխելու առաքելութեան: Այդ է պատճառը, որ մենք հպարտ ենք ՀՄԸՄական ըլլալով:
Մինչ մենք բոլորս հպարտութեամբ կը նայինք եւ կը նշենք անցնող 95 տարիներու ՀՄԸՄի ուղեւորութիւնը, կ՛անդրադառնա՛նք, որ այս հիանալի նուաճումները արձանագրուած են նուիրուածութեան, հաստատակամութեան եւ յարատեւութեան շնորհիւ: Սակայն մեր առաքելութիւնը միշտ նոյնը եղած է. հայ պատանիները, երիտասարդները օժտել առողջ, հզօր միտքով եւ մարմինով, որպէսզի անոնք յաջողին անձնական կեանքին մէջ, միաժամանակ անոնք մնան հպարտ եւ յանձնառու, հաւատարիմ հայկական ինքնութեան, պատկանելիութեան:
Բայց մենք մեր նուաճումներով բաւարարուած չենք եւ մեր գործունէութիւնները օրինաչափ չենք ընկալեր: Կ՛անդրադառնանք, թէ մենք տկար կողմեր ունինք: Մենք բարելաւումի կը ձգտինք:
ՀՄԸՄ ճանչցուած ու դրոշմուած է իբրեւ մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւն: Մենք կը գիտակցինք, որ այսօր ծնողներն ու երիտասարդութիւնը ՀՄԸՄէն անդին ընտրանքներ ունին: Այսօրուան անհատապաշտ աշխարհին մէջ քիչ թիւով հայեր մեզի կը միանան գաղափարական հիմքով: Մեծամասնութիւնը կը հարցնէ. «Ինծի ի՞նչ օգուտ ունի ատիկա»: Ուրեմն, անհրաժեշտ է որ մենք բարելաւենք մեր դրոշմը:
Կ՛անդրադառնա՛նք, կը գիտակցինք, որ ամբողջ աշխարհի մէջ սկաուտութիւնը տեղքայլի մէջ է, եւ մենք կը դիմագրաւենք իսկական մարտահրաւէր մը: Բայց ՀՄԸՄի համար սկաուտութիւնը իր աւանդական հասկացողութենէն անդին հիմնական հայկական նպատակ մը ունի: Այդ իսկ պատճառով սկաուտութիւնը անհրաժեշտ նախագիծ մըն է մեզի համար: Մենք վճռած ենք յարմարիլ օրուայ պահանջներուն եւ մեր ծրագիրները աւելի պատշաճեցնել, քաշողական եւ մատչելի դարձնել դեռահասներուն:
Մենք նաեւ կը գիտակցինք, որ թէեւ մարմնամարզը միշտ ժողովրդային պիտի մնայ,  ՀՄԸՄի մարզական նպատակը պէտք է ընդգրկէ մեր մարզիկներուն փոխակերպումը,  պարզապէս «մրցումներու մասնակցող»ներէ՝ դէպի աւելիով հայ գաղութին կապուած ինքնութեամբ ներումով մը, որպէսզի մեր մարզիկները աւելի լաւ մարմնաւորեն  ՀՄԸՄի առաքելութիւնն ու արժէքները:
Կը հասկանանք, որ իբրեւ երիտասարդական կազմակերպութիւն, որպէսզի արդիական մնանք, պէտք է աւելի լաւ յարաբերինք երիտասարդութեան հետ: Մենք կ՛ընդունի՛նք այն կարեւոր իրողութիւնը, որ ինչ որ կ՛ընենք իրենց համար է եւ իրենց մասին, եւ ոչ թէ ղեկավարութեան համար: Մենք սկսած ենք մեր կազմակերպութեան մշակոյթային եւ գործունէութեան իսկական արդիականացումը եւ շատ շուտով մենք  պիտի օժտուինք հաղորդակցական ծաւալուն ծրագրային համակարգով եւ երիտասարդութեան հետ յարաբերելու ժամանակակից բոլոր յարմարութիւններով:
Մենք ունինք նոր տեսլական մը մեր երիտասարդութեան համար: Մենք մեզ չենք բնութագրեր իբրեւ բացառապէս հայախօս ընտանիքներուն ծիրին մէջ գործողի: Այսպիսի ընտանիքներ եւ անոնց երեխաները պիտի մնան մեր ամրոցը: Բայց մեր նպատակն է հասնիլ բոլոր հայերուն, ըլլան անոնք ամբողջական կամ ծնունդով մասնակի հայեր: Մեր առաքելութիւնը այժմ կը տարածուի դէպի այն երիտասարդները, որոնք հայկական դպրոց չեն յաճախեր եւ թերեւս կը դժուարանան հայերէն խօսելու եւ գրելու: Մենք գործունեայ ենք եւ բաց ենք բոլորին:
Մենք պիտի օգնենք Ամերիկաներէն եւ Եւրոպայէն ներս հայկական աւելի փոքր գաղութներուն, որոնք սահմանափակ մարդուժ ունին, ստեղծելով եւ կազմակերպելով ՀՄԸՄի նոր Միաւորներ, ղեկավարական աւելի նուազ չափանիշներով:
Մենք ունինք փորձառական նոր ծրագիր մը, մարմնամարզէ եւ սկաուտութենէ անկախ: Այս ծրագիրը չի հակասեր, չի հակադրուիր նման այլ ծրագիրներու: Ատիկա մասնաւորաբար ուղղուած է 18-25 տարեկաններու, զուարճանքի, ընկերական յարաբերութիւններու, գաղութային կամաւոր ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական կազմաւորման, հարստացման եւ ասպարէզի որակաւորման համար:
Մենք այժմ ունինք շարք մը ներքին կազմակերպչական հոլովոյթներու ինքնաշխատացումի համար նոր ձեւեր: Մենք հպարտ ենք՝ ըլլալով առաջին ոչ եկամտաբեր հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւնը, պաշտօնականապէս կապուած ըլլալով աշխարհի ամենամեծ եւ նորարարական արհեստագիտութիւններու Google ընկերութեան հետ:
Վերջապէս, մենք յստակօրէն կը գիտակցինք, որ մեր եւ ուրիշ կազմակերպութիւններու յաջող արդիւնքներու ապահովումը էապէս կախեալ են երկու տարրերէ՝ լաւ ղեկավարութիւն եւ ֆինանսական հզօրութիւն:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՒԵԼԻ
ՀԱՄՈԶՈՒՄՈՎ ՊԷՏՔ Է ՕԳՆԵԼ  ՀՄԸՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

ՀՄԸՄ կը հաւատայ, որ Հայ Դատի ընդարձակ տեսանկիւնէն դիտուած, մեր առաքելութիւնը մեզի կը շնորհէ ծանր պատասխանատուութիւն մը: Մեզի համար Հայ Դատ կը նշանակէ օգնել մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին, մնալ յանձնառու եւ հաւատարիմ պատմական անարդարութիւններու արդար լուծման, եւ վերջապէս հզօրացնել Սփիւռքի մեր գաղութները: Կան բազմաթիւ կողմեր, որոնք շահագրգռուած ու ներառուած են այս ընդարձակ ազգային հեռանկարի աշխատանքին, եւ ՀՄԸՄը կը նկատենք այդ շղթայի հիմնական օղակներէն մէկը:
Հայ Դատի այս երեք հիմնական բաղադրիչներուն յաջող արդիւնքը կախեալ է միշտ պահպանուող եւ ոչ ժամանակաւոր ռազմավարական մօտեցումէ մը: Յաջողութեան հասնիլը ժամանակի կը կարօտի եւ կենսական է մեր ներկայ եւ ապագայ սերունդները, նախկիններուն նման, կառչած պահել մեր ազգային օրակարգին:
Տարբեր կազմակերպութիւններ յանձնառու են զարգացնելու ապագայի նուիրեալ սերունդներ: Սակայն արագօրէն փոխուող այս աշխարհին մէջ կարգ մը ծնողներու ներդրումը նուազած է, եւ հայ վարժարաններու կատարած անգին աշխատանքը, դժբախտաբար, վերապահուած է աշակերտական տարիքի միմիայն հինգ առ հարիւրի համեմատութեան: Մնացեալ մեծամասնութիւնն ալ կարեւոր է, սակայն կը դժուարանայ նախ պատանի-երիտասարդութիւնը ներգրաւելու աշխատանքը, ապա անոնց հայկական շրջանակներու եւ հասարակութեան մէջ ներգրաւուած պահելը: Քանակը կարեւոր է, եւ մենք կարիքը ունինք մեծ թիւով նորեկներու: Որքան շատ պատանիներ ներգրաւենք հայկական կազմակերպութիւններու մէջ, այնքան կը բարձրանայ անոնց ապագայ յանձնառութեան հաւանականութիւնը: ՀՄԸՄ խոր արմատներ ունեցող կազմակերպութիւն մըն է եւ իր կառոյցի, նախագիծերու եւ  ծառայութիւններու բնոյթով հայ հասարակութեան աւելի հասանելի է, քան այլ կազմակերպութիւններ: Ան նշանակէտ մըն է, որ առանց ջանք թափելու՝ ուրիշ կազմակերպութիւններէ աւելի մեծ թիւով պատանիներ կը ներգրաւէ: Այս կէտը շատ կարեւոր ազգային ռազմավարական իրողութիւն մըն է, որովհետեւ պատմականօրէն ՀՄԸՄ փաստած է եւ յաջողած է 18 տարեկանը բոլորած իր անդամները, մասնաւորաբար՝ սկաուտներ, փոխանցել գաղութային այլ պաշտօններու եւ գործիչ  կազմակերպութիւններու: Ահա հիմնական պատճառ մը, թէ ինչու ՀՄԸՄի էութիւնը անցեալի նման կը մնայ այժմէական եւ անհրաժեշտ: Կատարելով բարեփոխումներ եւ աւելի լաւ ընկալելով այսօրուան երիտասարդութեան պահանջները, մենք կը հաւատանք, որ ՀՄԸՄ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ մշակելով յանձնառու եւ պատասխանատու պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք հաւատարիմ եւ կառչած պիտի մնան իրենց հայու հպարտութեան եւ պատկանելիութեան: Ազգային տեսանկիւնէ՝ այս իրողութիւնը կ՛ընդգրկէ մե՛ծ ռազմավարական արժէք:
ՀՄԸՄ միշտ ալ պիտի մնայ անհրաժեշտութիւն մը հայկական հասարակութեան համար, երեք պարզ պատճառներու համար: Առաջին կարգին՝ այսօրուան Սփիւռքի  հասարակութիւններուն մէջ ձուլման վտանգը դիմագրաւելով, հայ երիտասարդները առաւելութիւնը ունին ՀՄԸՄի համաշխարհային ընտանիքի ընդմէջէն այլ հայերու հետ մշակելու եւ զարգացնելու երկարատեւ ընկերային յարաբերութիւններ: Երկրորդ՝ ժամանակակից ընկերային մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, հայ ընտանիքները իրենց զաւակները ապահով եւ թմրեցուցիչներէ հեռու միջավայրի մը մէջ պահելու միտումով, մարզական եւ սկաուտական ծրագիրներու ընդմէջէն, զանոնք ՀՄԸՄի  ընտանեկան միջավայրին կը վստահին: Իրենց զաւակներուն ամենաճակատագրական եւ կազմաւորման տարիքին, ծնողները նոյնպէս կը գնահատեն այն իրողութիւնը, որ ՀՄԸՄ պատանիներուն մէջ կ՛արմատաւորէ՛ այն անհրաժեշտ արժէքները, ինչպիսիք են քաղաքացիական հաւատարմութիւնը, ազգային հպարտութիւնը եւ ինքնութիւնը, կարգապահութիւնը, խմբային աշխատանքը, յարգանքը, պատասխանատուութիւնը, ուրիշներու հանդէպ յանձնառութիւնը: Եւ վերջապէս, հայ գաղութները եւ կազմակերպութիւնները կարիքը ունին ՀՄԸՄի աջակցութեան ազգային նպատակներու իրագործման համար, որովհետեւ՝ ըլլալով խոր արմատներով կազմակերպութիւն մը, ՀՄԸՄ ամենավստահելի աղբիւր մըն է յանձնառու եւ նուիրեալ երիտասարդներու կազմաւորման:
Կը յուսանք, որ ՀՄԸՄի 95ամեակի այս առիթը պիտի օգտագործէք աւելի մօտէն տեղեկանալու ՀՄԸՄի, իր ծառայութիւններուն եւ մեր գաղութներուն հանդէպ իր նուիրուածութեան: Մենք կը յուսանք, որ դուք պիտի նկատէք իր անսասան ազգային արժէքը եւ ձեր ճիգերը պիտի ներդրէք՝ աւելի զօրացնելու կազմակերպութիւնը:

ՀՄԸՄ-Ի ԱՄՆ
ՇՐæԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

14 Դեկտեմբեր 2013


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles