Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մենք Ու Մերոնք Ներկայ Հրամայականը

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ

Առաքելի պատմութիւն մըն է կ՛երթայ: «Առաքել պապիս տոհմը Պարսկաստան
փախեր է», կ՛ըսէ պատմողը ու կը շարունակէ. «Իսկ զաւակը, որ մնաց՝ Մուհամմետ կոչեցին, որ թուրքերէն պահեն»: Դրուագներ ու անուններ կը տողանցեն: Իրենց հայ փեսան սպաննողներու մասին կը պատմէ: Յաճախ ալ կ՛ափսոսայ տարեցներուն լռութեան: «Չէին պատմեր», կ՛ըսէ: «Չէին պատմեր, որ մեր գլխուն ալ փորձանք մը չհասնի…»:
Պարոն Սերովբեան կը հանգստացնէ զինք. «Եթէ Պարսկաստան են եւ եթէ դեռ հոն կը մնան, ես կը գտնեմ քու հարազատներդ»: Ոգեւորուած է այժմ Արճեշ բնակող Ճելալը: Ազգականները գտնելով՝ պիտի յաջողի պոկուած շղթայի օղակները միացնել:
Վանեցի է, հիւսիսէն, Սիփանայ սարի փեշերու Ծայծակ հայկական գիւղէն: Վաղեմի բարեկամ մը, որ Աղթամարի եկեղեցւոյ բացման օրերուն մեծ ոգեւորութեամբ եկած գտած էր մեզ:
Այս զրոյցին մէջ էինք, երբ փոստէն հասաւ Լեհահայոց միութեան կողմէ հրատարակուած օրացոյցը: Անոնք վերջին տարիներուն կը յայտնաբերեն հին ընտանեկան լուսանկարներ, որոնց կողքին ներկայացնելով այդ գերդաստանի շառաւիղներու ներկայ վիճակը: Իսկ այս տարի ընդգծուած են այդ ընտանիքներէն ոմանց նահապետները:
ԺԶ. դարէն մինչեւ մեր ժամանակներուն հասնող օտարաշունչ անուններ ու դիմանկարներ կը տողանցեն ամիսներուն զուգահեռ: Դարերու հոլովոյթով նախ դաւանափոխ, ապա ազգուրաց մարդկանց շառաւիղները այժմ լծուած են իրենց տոհմածառը վերակերտելու դժուարին գործին: Աւելի քան 300 հազար հաշուող լեհահայութիւնը կորսնցուցած է մայրենի լեզուն, ազգային անձնանունները, Հայաստանեան Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը եւ հայ ինքնութիւնը բնութագրող բազմաթիւ բաղադրիչներ: Սակայն փոխան այս բոլորին, պահած են իրենց հայեցի ազգանունները, որոնց միջոցաւ ալ կարելի կ՛ըլլայ վերեւ յիշուած տոհմածառը վերակերտել:
Մեր թերթի («Ակօս»ի) նախորդ թիւին մէջ հաղորդած էինք Վրաստանի հարաւ-արեւելեան հատուածի բնակիչ աճարացիներու կրօնափոխութեան լուրը: Անոնք վերջին քսան տարիներուն ընթացքին դիմած էին զանգուածային կրօնափոխութեան ու վերահաստատած իրենց նախկին քրիստոնէական հաւատը: Օսմանեան տիրապետութեան տակ կրօնափոխութեան հարկադրուած Աճարիոյ մէջ այսօր կը հանդիպինք ուղղափառ վարդապետներու, որոնք սերած են իսլամ ընտանիքներէ: Նոյն յօդուածին մէջ, ակնարկելով տեղւոյն առաջնորդ Տիմիթրի սրբազանի, կը պատմուի թէ վրացական եկեղեցին որքան մեծ եռանդով կը դիմաւորէ իր կորած որդիներուն վերայայտնութիւնը:
Վանեցի բարեկամի այցելութիւնը եւ լեհահայոց օրացոյցը պատճառ եղան, որ անգամ մը եւս մտածենք ազգային պատկանելիութեան խնդիրին մասին: Հազիւ շաբաթ մը առաջ, երբ տերսիմցի իրաւապաշտպան ընկեր մը ընդվզումով կը յայտնէր, թէ ինք նուազագոյնը քսան ազգականներ ունէր, որոնք պատրաստ էին իսկոյն մկր-տուելու, բայց չէին համարձակեր պատրիարքարան դիմել, քանի որ դառն փորձառութեամբ գիտէին, թէ հոն ինչ վերաբերում կը սպասէ զիրենք:
Ալ չենք խօսիր Ատըեամանի, Մշոյ կամ Տիգրանակերտի հայութեան՝ մատնուած անտէրութեան մասին:
Բայց ինչպէս չընդվզինք, երբ քանի քահանաներէ լսած ենք նման պարտականութեան մը տնօրինութեան պարագային իրենց պատրաստակամութիւնը:
Հարցը ունի թէ՛ ազգային եւ թէ կրօնական բնոյթ, ուստի այս նիւթին մէջ թերացումը պիտի ունենայ ազգակործան ու հաւատակործան կրկնակի հետեւանքներ, որոնց մեղաւորները այնքան ալ հեռուն պէտք չէ փնտռել:

pakrates@yahoo.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles