ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը այս պատերազմի արհաւիրքներէն որպէս բաժին՝ իր ոդիսականը կ՛ապրի, խօսի կամ ոչ։ Ընդհանրապէս այս օրերուն իշխողը խօսելու մարմաջն է։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք ուրբաթախօս էին, հիմա կարիք կը զգան խօսելու, արտայայտուելու ու թեթեւնալու (կա՞յ թեթեւացում խօսելէն ետք)։
Բայց ո՜վ պիտի պատմէ ցաւը ինքնաշարժներու։ Խօսքս բնաւ անոնց չէ, որոնք թէժ մարտերու մասնակցած, ծակծկած, տասնեակ մահերու լուռ ականատես, կոյր աչքերու պէս առանց ապակիներու, ճմռթկած ու յաճախ աղբով բեռնաւոր՝ կեցած են գրեթէ բոլոր արգիլուած թաղերուն լայնքին, աւազապարկերուն ու ժայռաբեկորներուն հետ միասին յաւելեալ պատնէշ ստեղծելով գիշերային պահակներուն համար ու տակաւին իրենց այլեւս քայքայուող մարմիններուն վրայ ընդունելով գիշերային յարձակումներուն փամփուշտները։ Թոշակի անցած, բայց տակաւին պատնէշի վրայ՝ մարդկային կեանքեր փրկող։
Բայց խօսքս անոնց չէ, այլ ընտանի, քաղքենի, շփացած այն օթօներուն, որոնք փայլփլելով կը սուրային քաղաքի փողոցներէն, իսկ այսօր դատապարտուած են անշարժութեան։ Պատճառները բազում են՝ կամ ճամբորդած է տէրը, կամ պէնզինի դրամ դնել չ՛ուզեր, կամ ամէն քայլի հանդիպող արգելքները կտրելով քշել չի սիրեր, կամ ալ… անիւները երկար անշարժ մնալէն իջած են ու մարտկոցը՝ հանգած… Նայեցէ՜ք, թէ ինչպէս այդ միլիոնները աղտոտած են ժամանակի փոշիէն, ջրացայտքերէն, մանաւանդ յաճախ զարդարուած՝ գոյնզգոյն, երբ ծիտիկներն ու տատրակները շնորհ կ՛ընեն ծրտելով անոնց վրայ։ Իսկ անոնց շուրջն ու տակը հաւաքուած յաւերժական ա՞ղբը։ Մեր քաղաքի լքուածութեան լուռ հաստատումն են երբեմնի շքեղութեան այդ անշքացած վկաները՝ աջ ու ձախ շարուած ոչ միայն փողոցներու աջին կամ ձախին, այլ նաեւ՝ մէջտեղերը, ամէն տեղ։
Բայց ամէնէն աւելի զիս գրաւողը ժայռաբեկորներն են։ Ե՞րբ դրուեցան անոնք, ինչպէ՞ս բերուեցան, տարեգրութիւնը կը լռէ, միայն թէ օր մ՛ալ զանոնք գտանք փողոցներու լայնքին՝ արգիլելու համար ինքնաշարժներու երթեւեկը։ Ուրիշները ինչպէս, բայց ես, տակաւին հայու քարասիրութիւնը կրող՝ հաճոյքով կը նայիմ անոնց։ Եթէ մօտակայ զինուորները չըլլային՝ կ՛ուզէի շոյել՝ անոնց ուժը զգալու համար, նկարել կամ նկարուիլ ալ անոնց հետ՝ դարերու համար անմահացնելու։ Բայց յանկարծ քարասիրութիւնս գլխուս փորձանք կը բերէ, օտար ըլլալս իմանալով… ուստի կը գոհանամ միայն հիանալով։ Անոնց հզօր զանգուածներուն նայելով՝ կը գօտեպնդուիմ մեր վաղուան հանդէպ հաւատքով։ Գիտէ՞ք, որ ճափոնցիները քարի պարտէզներ կը ձեւաւորեն։ Մենք ինչո՞վ պակաս ենք, միայն թէ անոնք իրենց չափերով՝ պզտի՜կ կ՛ընեն, ճաշա՛կ։ Մենք՝ մեր չափերով, ո՛ւժ…
***
Ստորեւ՝ հերթական գիշերուան ներշէնքային հաւաքին նիւթը ու ինքնուս մեկնաբաններուս խելօք կամ միամիտ կարծիքները, չինական լապտերի նուազող լոյսին տակ.
- Լսեցի՞ք, Ժընեւի ժողովը կրկին յետաձգուեցաւ։
- Հարցը վերջացե՛ր է, ասիկա անոնց վերջին շանսն է, այնպէս որ յառաջիկայ օրերուն դէպքեր սպասեցէք։
- Ի՞նչ դէպքեր։
- Անպայման մեծ յարձակումներ պիտի ընեն զիրենք փրկելու համար. յատկապէս՝ Դամասկոսի ու Հալէպի վրայ։
- Ամա՜ն, վրանի՞ս պիտի գան։
- Ո՛չ, չեն կրնար, հանգի՛ստ եղիր, կառավարութիւնն ալ գիտէ ընելիքը։
- Կառավարութիւնը սիրով տու-աւ այդ երկու ամիսը. «Որքա՞ն կ՛ուզէք՝ երկո՞ւ, երե՞ք, չո՞րս ամիս, առէ՛ք…»։
- Բայց մէջտեղ ժողովուրդը կը տուժէ, չէ՞, մինչեւ ե՞րբ։
- Մենք երկու ընտրութիւն ունինք՝ կամ ընդունիլ, որ զանոնք կամաց-կամաց պիտի մաքրեն, ու մենք դեռ դժուարութիւններ պիտի կրենք, կամ անոնց կողմ անցնիլ։
- Անոնց կո՞ղմ մը, գազանի՞ն հետ…
- Արդէն անոնք ապուշ գտնուեցան, վաթսուն միլիառի չափ դրամ դրուեցաւ ու…
- Ամա՜ն, այդ դրամով անապատը կը ծաղկեցնէին, Ափրիկէն կը կշտացնէին…
- … Ու չկրցան բան մը ընել։ Ժողովուրդը շահելու տեղ՝ իրենց դէմ հանեցին։
- Արդէն տեղացի զինեալները խումբերով կը յանձնուին։
- Բա՞նտ կը դրուին։
- Չէ՜, «Գացէ՛ք տուն». շատ խելացի կը վարուի կառավարութիւնը. անոնց հետ հաշուեյարդարը՝ յետոյ… Իսկ միւսները վերջին անօգուտ ճիգերը պիտի ընեն։
- Ամա՜ն, ուրեմն կրնան մեր վրան յարձակիլ։
- Ամէ՛ն օր կը յարձակին, դուն լուր ունի՞ս, երէկ քանի՜ տեղ յարձակած են. մենք միայն պում-պում ձայները կ՛առնենք, անդին փողոցները դիակներ փռուած են տասով, քսանով, երեսունով, գիշերները կ՛այրեն, հոտը չե՞ս առներ… եւ ամէնքն ալ օտար են…
- Բայց եթէ նորերը կը ղրկե՞ն…
- Թո՛ղ ղրկեն, օգուտ չունի, այլեւս բան մը ընելու կարող չեն:
Այս լաւատեսական տրամադրութեան կը գումարուի յանկարծակի փայլող լամպը ու դրացիներս ուրախ բացագանչութիւններով կը վազենք մեր տուները՝ մեզի շնորհուած երանութենէն օգտուելու՝ լուացք դնելու, արդուկ ընելու, կերակուր եփելու, սառնարան-պահարաններու բաց ձգուած դռները գոցելու, լոգնալու, լապտերները ու բջջայիններ լիցքաւորումի դնելու, լուրեր լսելու… ու զմեզ քիչ մը մարդ զգալու։
***
Այս օրերուս մեր բառացանկին նոր ու մոգական բառ մը եւս աւելցաւ՝ Շուէ՜տ… Մարդիկ, որոնք երբեւէ լսած իսկ չէին այս անունը, ուր մնաց որ անոր աշխարհագրական դիրքին մասին գաղափար ունենային, այս օրերուս տարբեր առիթներով կը հոլովեն զայն։
- Ուանէսի տղան՝ Յակոբը Շուէտ հասեր է։
- Քեմփի մէ՞ջ է…
- Չէ՛, ընտանիքով է, անմիջապէս տուն տուեր են։
- Հա՛, ատիկա լաւ է, թէ ո՜չ…
- Երանի՜ իրեն…
- Սուրիացի շատ կ՛երթայ հիմա Շուէտ, կ՛ըսեն որ յառաջիկային 60 հազար կը սպասեն:
- Հա՛, մենք իրենց մարդ կը ղրկենք, իրենք մեզի՝ ձիւն ու փոթորիկ։
- Ձիւնն ալ պէտք է, վնասակար միջատները կ՛ոչնչացնէ, – ու աւելի մանրամասն բացատրութեան կ՛անցնի տիկին մը, որ (շատերու պէս) կը սիրէ յայտնի ճշմարտութիւններ մանրամասն կրկնել։ Մինչդեռ ես անմիջապէս կը յիշեմ փողոցը հրճուանքի կանչերով ձնագնդիկ խաղցող պատանիներն ու մանուկները։ Ահա՛ այս օրերուս դրականը՝ մեր երեխաները այս սառնամանիքին ու ձիւնին շնորհիւ խաղ եւ խնդուք յիշեցին…
Զրոյցին շահեկանութիւնը մանաւանդ հոն էր, որ իմացանք խի՛ստ կարեւոր ու այժմէակա՛ն գիտելիք, թէ այս ձիւնն ու քամին Շուէտէն մեզի կը հասնին (ուրկէ՞ ելաւ այս երկիրը)։
Մենք մեր պապերէն լսած էինք, թէ մեր ձիւնը Մասիսի գագաթէն կ՛իջնէ, իսկ արեւն ալ, քամիներն ալ Հայաստանի քարայրներէն կը ծնին ու հոն ալ կը քնանան։ Հիմա, կ՛ըսեն, քարայրները գոցեր են իրենց դռները, եւ թափառական քամիները կը ստիպուին իրենց ապահով հանգրուանը բեւեռներու սառցալեռներու մէջ փնտռելու…
Աստուած բարիք տայ, միայն թէ հոն հանգրուան փնտռողը (միշտ՝ հա՜յը) ձիւն ու ձիւնայինին, մրրիկ-կարօտին ալ պիտի յօժարի։
Երկու երանին մէկ տեղ չ՛ըլլա՜ր…