ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Մօտաւոր անցեալին, նման հարցում նկատի կ՛ունենար հայկական Սփիւռքը: Վերանկախացումէն ի վեր կացութիւնը այնպէս է, որ ընդհանրապէս հայ երիտասարդութեան հարցով մտահոգուելու պատճառներ ունինք, եթէ ճառ խօսելով ճկոյթի ետին չթաքնուինք: Այս՝ Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), վերջինը բազմաթիւ է, ոչ միայն աշխարհագրական տարտղնումի պատճառով, այլ նաեւ՝ ազգագրական, հայրենահանուածներու եւ արտագաղթածներու:
Խնդիրը ենթակայական վերլուծումներու ճամբով հասկնալու (եւ արդարացնելու) փորձը սխալ տեղ կը տանի, ինքնախաբէութեամբ կը կորսուինք զգացական հայրենասիրութեան, ամբոխավարութեան, ամառնային ճամբարներու, յանձնառութիւն չպահանջող մանր քաղքենիական զբօսաշրջային պատկերներու մէջ: Այս վերջինները կարգ մը կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ անվաղորդայն ինքնահաստատման դաշտն են, մէկը միւսէն ետ չմնալու փութկոտութեամբ:
Դժբախտաբար, վիճակագրական տուէալներ չունինք երիտասարդութեան վերաբերեալ, սերունդ, որ պէտք չէ շփոթել առաւել կամ նուազ համրանքով խմբաւորումներու հետ, փոքրամասնութիւններ՝ բաղդատած նոյն այդ սերունդին, որ մասնատուած կ՛աճի եւ կը զարգանայ, ենթարկուելով մշակութային եւ քաղաքական տարբեր ազդեցութիւններու՝ միջավայրէն եւ ներազգային կողմնապաշտութիւններէն: Գրեթէ անկարելիութիւն է սերունդը համախմբել սահմանումի մը կամ հասարակ յայտարարի մը շուրջ, այդ ընելու համար ճառերը բաւարար չեն:
Իրատեսութիւն անհրաժեշտ է տեսնելու համար, որ երիտասարդներու փոքրամասնութիւն մը մեծամասնութիւն չէ, սերունդ չէ: Ճառերը այդպէս կը հնչեն՝ ստեղծելով կրկներեւոյթներ (միրաժներ): Այդ փոքրամասնութիւնը մեծամասնութիւն դարձնելու գործին լծուելու խնդիր ունեցած ենք եւ ունինք, եթէ չենք ուզեր մասնակիով կուրանալ: Այսինքն, երբ երիտասարդութիւն կ՛ըսենք, սահմանումը չի վերաբերիր ամբողջի մը կամ մեծամասնութեան մը, բայց այդպէս ըսել՝ ճառախօսական սովորութիւն է:
Պարզ է. հայկական աւազանի մէջ գտնուողներ, տագնապողներ եւ յանձնառուներ ամէն օր քիչ մը աւելի կը նուազին եւ կ՛ուռճացնեն անդիմագիծ դարձածներու սահմանում եւ հասցէ չունեցող բանակը, որ ամէն օր քիչ մը աւելի մեծամասնութիւն կը դառնայ: Բայց հաւկուրութիւնը այնպէս է, որ ծառը կը ծածկէ անտառը:
Ինչո՞ւ: Ինչպէ՞ս: Մինչեւ ե՞րբ:
Այսպէս է կացութիւնը, եթէ Վոլթերի վէպի «Քանտիտ»ին պէս չմտածենք, որ կ՛ապրինք «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ»: «Քանտիտ»ը անմիտ լաւատես մըն էր, նոյնքան անմիտ յոռետես ըլլալ պէտք չէ քաջալերել: Այլ պարզապէս՝ իրատես ըլլալ:
«Հայ երիտասարդութիւն»ը տեսական եւ տարիքային յստակութիւն մը ունի միայն, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու պարագային: «ՀԱՅ»ն է, որ նկարագիր եւ բովանդակութիւն պիտի դրոշմէ «ՍԵՐՈՒՆԴ»ին, եթէ այդ ընել կարողանայ: Վերապրումի խնդիր ունեցող եւ իրաւունք հետապնդող ժողովուրդի մը նոր սերունդը իր շրջապատէն կրած ազդեցութիւններէն տարբեր ինքնուրոյն արժէքներ եւ որակ ունի՞, կամ, անհատական կամ փոքրամասնական խարխափումներէ անդին, ի՞նչ կ՛ընէ «ԱԶԳ»ը, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), այդ ինքնուրոյն արժէքները եւ որակը տալու համար, որպէսզի սերունդը հետզհետէ չվերածուի անորոշ սահմանումով եւ դիմագիծով «ծագումով հայերու, այս կամ այն երկիրի նոր քաղաքացիներու»:
Արժէքներու եւ որակի գիտակցութիւնը եւ ըմբռնումները, երբ չենք յաջողիր փոխանցել, եւ կացութիւնը այդպէս է, երբ իրողութիւնը կը դիտենք ու կը դատենք առանց ինքնահաճոյակատարութեան, երիտասարդութիւն բառը կը դադրի ամբողջականի իր իմաստէն, կը մնան «երիտասարդներ», որոնք տրամադրուած կ՛ըլլան ընդունելու որակ եւ արժէք, եթէ մենք ալ կարենանք զանոնք տալ:
Երբ «յառաջադէմ» եւ «ուսանած» երիտասարդներ ազգային մշակոյթի հանդէպ (անոր բոլոր ստորոգելիներով) հաւատարմութիւնը կը համարեն յետադիմութիւն, տգիտութիւն, ժամանակավրէպ, ազգայնականութիւն, անհանդուրժողութիւն, խտրականութիւն, ցեղապաշտութիւն, անցելապաշտութիւն (շարքը կարելի է երկարել), կը նշանակէ, որ գործուած է հոգեբանական աւեր: Իսկ երբ այս վերաբերումներուն վրայ կը գումարուի ազգային լեզուին նկատմամբ անտարբերութիւն, արհամարհանք, անտեսում, անոր անհետացումը՝ անխուսափելի, ազգային խմբաւորումը կ՛ապրի յունական ողբերգութիւն:
Փոքրամասնութեան մը կարգախօսներ կրկնել տալով սերունդ չի փրկուիր:
Երբ կը հասնի սերունդ մը, որ լեզուով եւ անով մեզի հասած արժէքներով չի դրոշմուիր, որ մեր ոսկեղնիկը կը կոչէ «խաշած հայերէն», կամ ուղղագրական-քերականական բարդութիւններու վերացումով կ՛ուզէ պարզացման ընթացք տալ՝ լեզուն համարելով Փավլովի շուներուն վարժուած նշանները, կարելի է միայն խօսիլ աւերման մասին, սերունդը դիմագիծ փոխած կ՛ըլլայ: Օտարման հոսանքով տարուելով, նոր ինքնութիւն ստանալէ առաջ՝ կը դառնայ անդիմագիծ:
Այսօր, ճանապարհներու, եկեղեցիներու եւ ակումբներու կառուցումէն առաջ, Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս պաշտօններու տիրանալու մոլուցքին յագուրդ տալէ առաջ, ունինք խնդիր կերտման ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ, զոր ներգրաւելու եւ անոր նկարագիր տալու համար ընդունելի ամբողջական ՏԵՍԻԼՔ ունի՞նք, ունի՞նք միջոցները զայն փոխանցելու, ոչ միայն դեռ մեր շուրջ գտնուող փոքրամասնութեան, որ մեզ կը գինովցնէ, բայց անվաղորդայն է, այլ հետզհետէ հեռացող եւ աճող մեծամասնութեան:
Ժամանակն է, որ մեր արժեչափերու եւ հետաքրքրութիւններու սանդղակը փոխենք: Ի՞նչ բան պահել, ի՞նչ բան փոխել:
Թող ներուի, եթէ հոսանքին դէմ գացողի պիտակով ներկայանամ: Սփիւռք(ներ)ի մէջ երիտասարդութեան օտարման առաջքը առնելու համար, ընդունելով հանդերձ, որ քննադատութիւններ կրնան ըլլալ, հայերէնախօսութեան ոչ ձեւական առաջնահերթութիւն պէտք է տալ: Լատինատառ հայերէնը մեզ պէտք է առաջնորդէ ախտաճանաչման: Առանց լեզուին եւ անով ստացուող ժառանգութեան ազգային դիմագիծ չի կազմուիր: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ճանապարհաշինութեան եւ քաղքենիացած-քաղքենիացող Սփիւռք(ներ)ի մէջ պալատանման եւ յաճախ դատարկ եկեղեցիներու կառուցման չափ, եւ աւելի, կարեւոր են Սփիւռք(ներ)ի մէջ բարձրորակ հայկական վարժարաններու հիմնումը եւ բազմացումը՝ միշտ նպատակ ունենալով, որ մէկ հատիկ հայ տղայ պիտի չյաճախէ օտար վարժարան:
Այս առաջադրանքով պէտք է կազմակերպել մեր մարդուժը, նիւթական միջոցները, հանրային դաստիարակութիւնը, քարոզչութիւնը, լրատուամիջոցները: Ղեկավարութիւնները հարկ է գնահատել՝ մեկնելով այս նպատակի իրականացման բերած իրենց նպաստէն, եւ ոչ՝ այսինչ կամ այնինչ քաղաքապետական խորհուրդի անդամութենէն, երեսփոխանի, նախարարի աթոռէն կամ դատարկ հանգամանքներէն:
Ընդհանրապէս զանգուածներուն, բայց մանաւանդ երիտասարդութեան պէտք է ներշնչել այն խոր եւ յանձնառութեան առաջնորդող գիտակցութիւնը, որ մենք բռնագրաւուած հայրենիք ունինք, եւ այդ պատճառով ալ պատմութեան եւ մարդկութեան ընկեցիկներն ենք, փարիաները, այսինքն, նոյնիսկ եթէ պալատներ ունինք եւ այլազան ճոխութիւններ, խեղճեր ենք, վիրաւոր ինքնութեամբ մարդիկ: Պիտի կարենա՞նք ըմբռնելի դարձնել, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որ մեր ինքնահաստատման էական ազդակը մեր հարազատ ինքնութիւնն է (որ պէտք չէ շփոթել «զգացումով հայ» ըլլալու հետ), ոչ ժամանակակից ընկերութեան հրամցուցած հոսհոսական մակերեսայնութիւնը, պղպջակները, որոնց կը սիրենք անձնատուր ըլլալ՝ զիրար դիտելով, զիրար կապկելով:
Կարծէք գոհ ենք, այն մարզիկներուն պէս, որոնք ուշադրութիւն կը գրաւեն իրենց գլխուն վրայ քալելով:
Ինչպէ՞ս պիտի կանգնինք մեր սրունքներուն վրայ: Հարցում է:
Կ՛ենթադրեմ, տալով անձին օրինակը եւ զանգուածը վարժեցնելով, որ անձին օրինակով դատեն գործը, գնահատեն եւ անկողմնապաշտութեամբ վստահութիւն արտայայտեն: Այս՝ հանրային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն:
Մեր շուրջ գտնուող բջիջները, որքա՛ն ալ սիրելի ըլլան, սերունդ չեն: Իսկ ազգերը, տոկալու եւ տեւելու համար ՍԵՐՈՒՆԴԻ պէտք ունին:
Իսկական ղեկավարութիւնը միշտ կը յատկանշուի մանրուքով եւ մասնակիով չբաւարարուելու իր յանդգնութեամբ:
Այդ տեսիլք-յանդգնութիւնը երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ուղիղ եւ դժուար ճանապարհն է:
Ամէն անգամ, որ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ կ՛ըսենք, հարց տանք մենք մեզի եւ բացայայտենք, թէ ի՞նչ կայ այդ բառին մէջ կամ անոր ետին:
Որպէսզի առանց կողմնացոյցի մշուշի մէջ չնաւարկենք:
Նուազի լը Կրան