Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ- ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 10ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

$
0
0

Էքիւմենիք Շարժումը Լաւ Միջավայր Է Մեր Դատի Հետապնդման Աշխատանքներուն Համար

Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքը վերջերս հւիրընկալեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10րդ համագումարը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, իր երկու Կաթողիկոսութիւններով։
Լոս Անճելըսէն՝ երիտասարդ իրաւաբան Վանա Կիտցինեան մաս կը կազմէր Մեծի Տանն Կիկլիկիոյ կաթողիկոսութան պատուիրակութեան։ Նկատի ունենալով, որ ԵՀԽը միջազգային կարեւոր բեմ է, անոր օրակարգին մաս կը կազմեն մարդկութիւնը յուզող հարցեր, իսկ այս խորհրդաժողովին Հայկական Ցեղասպանութիւնը կարեւոր տեղ ունեցաւ քննարկումներուն եւ որոշումներուն մէջ, «Ասպարէզ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Վանա Կիտցինեանի հետ, որ համապարփակ տեղեկութիւններով լոյս սփռեց այս կարեւոր ժողովին վրայ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Դուք, իբրեւ մէկ անդամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ Հոկտեմբեր 30էն մինչեւ Նոյեմբեր 8, մասնակցեցաք Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10րդ համագումարին։ Նախ կրնա՞ք որոշ ծանօթութիւն տալ ԵՀԽին մասին, որուն անունը հիմնականին մէջ կապուած է միջ-եկեղեցական հարցերու, այսինքն՝ էքիւմենիզմի։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը քիրտոնէական եկեղեցիները համախմբող աշխարհի ամէնէն մեծ կազմակերպութիւնն է։ Անոր անդամ են քրիստոնէական ճանչցուած բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները, ինչպէս՝ Հայց. Առաքելական, Ուղղափեառ, Անկլիքըն, Աւետարանական եւ այլ եկեղեցիները։ Անոր հիմնական նպատակն է եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնել, հասնիլ քրիստոնէական միութեան։ Առաջին դարերուն, քրիստոնեայ եկեղեցին մէկ էր. դարերու ընթացքին, զանազան պատճառներով, ստեղծուեցան բաժանումներ, ինչպէս ծանօթ է, սակայն Աստուծոյ խօսքը, Աստուածաշունչը նոյն պատգամը ունին բոլոր քրիստոնեաներուն, անցեալին ու այսօր։ Բոլոր եկեղեցիներուն գլուխը կը կանգնի Քրիստոս։ Էքիւմենիզմը, ուրեմն, այն շարժումն է, որ կ՛աշխատի մարդոց կողմէ ստեղծուած տարբերութիւնները

վերցնել, վերահաստատել եկեղեցւոյ միութիւնը, համերաշխութիւնը, նոյն նպատակին համար միացեալ գործը։ ԵՀԽի ժողովներն ալ այս նպատակին կը ծառայեն. օրինակ, Պուսանի կամ նախընթաց ժողովներուն, եկեղիներու ներկայացուցիչները քով քովի կու գան, միասնաբար կ՛աղօթեն, միասնաբար կը ծրագրեն, թէ գործակցութիւնը ի՞նչ ձեւերով պէտք է իրականանայ։
ԵՀԽը հիմնուած է Բ. Աշխարհամարտէն ետք, 1948ին,Ամսթերտամի մէջ։ Այսօր,  անոր անդամ են 345 եկեղեցիներ, որոնք կը գործեն 110 երկիրներու մէջ։ Այս  շարժումին կը հետեւին աւելի քան 500 միլիոն հաւատացեալներ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- ԵՀԽը ուրեմն առաւելաբար կրօնակա՞ն, աստուածաբանակա՞ն  հարցերով կը զբաղի։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Ոչ. կարեւոր է գիտնալ, որ այս շարժումը միայն աստուածաբանական հարցեր չի քննարկեր, այլ կը զբաղի նաեւ մարդկութիւնը յուզող եւ տագնապեցնող զանազան հարցերով. օրինակ՝ արդարութեան ու խաղաղութեան վերահաստատումը, պատրերազմներու դադրեցումը, կենսոլորտային հարցեր, աղքատութիւն եւ ընկերային հարցեր, եւայլ, եւայլն…
Ես, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մէկ անդամը, մաս կը կազմեմ Միջազգային հարցերու քննարկման յանձնախումբին, որ իր օրակարգին վրայ ունի Ցեղասպանութեան, տագնապահար շրջաններու, գաղթականական, սպառազինումի եւ միջազգային օրէնքներու վերաբերեալ հարցեր։ Մեր Ս. Աթոռը աշխարհի տարբեր շրջաններէն կազմուած իր պատուիրակութեամբ, կարեւոր մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ այլ յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- ԵՀԽի ընդհանուր համագումարը ի՞նչ հանգամանք ունի, եւ Պուսանի այս ժողովը արդեօք օրակարգի յատուկ նիւթ մը ունէ՞ր, թէ ընդհանրական հարցեր քննարկուեցան։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Ընդհանուր համագումարը ԵՀԽի գերագոյն մարմինն է, գերագոյն հեղինակութիւնը։ Կը գումարուի եօթը տարին անգամ մը.  իւրաքանչիւր համագումար տեղի կ՛ունենայ տարբեր երկիրի մը մէջ։ Անիկա  ունի երեք գլխաւոր պարտականութիւն.-
- Հանդիսաւոր պահ մըն է, որուն ընթացքին անդամ եկեղեցիները միասին աղօթելով՝ կը վերահաստատեն իրենց գործակցութեան խոստումը, եւ կը ջանան միասնութեամբ իրենց ձայնը լսելի դարձնել աշխարհին։
- Նիստերուն ընթացքին, վերաքննել նախորդ 7 տարիներու աշխատանքներուն արդիւնքը։
- Մշակել յաջորդ տարիներու ծրագիրները։
Այս տարի, համագումարին ընդհանուր թեման էր. «God of Life, lead us to Justice and Peace», այսինքն՝ «Կենսատու Աստուած, մեզ առաջնորդէ դէպի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն». այս նիւթը նաեւ աղօթք մըն է, որ արձագանգեց համագումարի 10 օրուան ժողովներուն եւ աշխատանքի նիստերուն, սուրբ գրային սերտողութեան պահերուն։ Այս թեման շատ լաւ կը յարմարէր համագումարը հիւրընկալող երկրի պայմաններուն. գիտէք, որ Քորէան 60 տարիէ ի վեր բաժնուած է հիւսիսային եւ հարաւային գօտիներու, յուսալի է, որ երկու գօտիներուն միջեւ խաղաղութիւն եւ միացում հաստատուի։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կարելի՞ է նաեւ ընդհանուր գաղափար մը ունենալ ԵՀԽի կառոյցին ու կարեւոր պաշտօններուն մասին։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- ԵՀԽը ունի ղեկավարող չորս կառոյցներ. բարձրագոյն պաշտօնը կը վարէ ատենապետը, որ կը կոչուի Moderator. ան ամէնէն բարձր հեղինակութիւնը ունի միւս բոլոր պաշտօններուն վրայ եւ կը ղեկավարէ այս համաշխարհային ընդհանուր կառոյցն ու համաժողովը. ան ունի որոշումներ տալու իրաւունք եւ օրը օրին կը հետեւի ԵՀԽի աշխատանքներուն։ Մեր Ս. Աթոռը երկար ատենէ ի վեր առաջնորդողի դեր ունեցած է այս շարժումին մէջ։
Ինչպէս գիտէք, Արամ Ա. կաթողիկոսը Moderator ընտրուեցաւ 1991ին եւ այս պաշտօնը վարեց երկու շրջան, 1991էն մինչեւ 2006։ Այս պաշտօնին կը հետեւին երկու փոխ moderator-ներ, եւ ընդհանուր քարտուղարը։ Այս չորս պաշտօնները վարողներն են, որոնք կը վայելեն որոշում տալու հեղինակութիւնը։
Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ ապա ընտրուեցաւ Ս. Էջմիածնայ Աթոռին, փոխ-moderator էր 1975էն մինչեւ 1983։
Պուսանի համագումարը առաջին անգամ ըլլալով իգական սեռի ներկայացուցիչ մը ընտրեց իբրեւ Moderator. այս բարձր պաշտօնը վստահուեցաւ Ափրիկէէն եկող կնոջ մը։ Dr. Agnes Abum յառաջիկայ 7 տարիներուն պիտի ղեկավարէ ԵՀԽը։
Այս գլխաւոր պաշտօններէն ետք, կառոյցին մէջ յաջորդ պաշտօնները կը գրաւեն 8 նախագահներ։ Եկեղեցական ընտանիքներ ունին իրենց աթոռները եւ հերթական կարգով կ՛ընտրեն իրենց ներկայացուցիչները, որոնք փոխն ի փոխ կը վարեն նախագահի այս պաշտօնը։ Այս հանգրուանին, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներէն ներս հերթը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ըլլալով՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոս այդ խմբաւորումին նախագահ նշանակուեցաւ. յաջորդին, կարգը պիտի անցնի Արամ Ա. կաթողիկոսին։ 8 նախագահներուն առաքելութիւնն է զարգացնել միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները եւ տեղեկացնել moderator-ին եւ ընդհանուր ժողովին։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կազմուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը, որուն մէկ անդամն էիք դուք։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ մեր եկեղեցւոյ զոյգ աթոռները 1962էն ի վեր անջատաբար անդամ են այս համախմբումին, համագումարներուն կը մասնակցին երկու պատուիրակութիւններով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 1974էն ի վեր անդամ է նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին, որուն նախահագութիւնը 4 անգամ վարած է Արամ Ա. կաթողիկոսը։
Պուսանի համագումարին համար, վեհափառ հայրապետը նշանակած էր 9 պատուիրակներ եւ երկու օգնական անդամներ։ Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար հոգեւորականներէ եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներէ, որոնք կու գային տարբեր թեմերէ, կը ներկայացնէին տարբեր տարիքի խմբաւորումներ։ Կազմը հետեւեալն էր.
* Թեհրանի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ անդամ էր քուէախոյզ յանձնախումբին – nominating committee
* Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ վարիչն է կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունիքն։ Ան ատենապետն է ԵՀԽի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբին. ան վերջին 7 տարիներուն անդամ է Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան, նաեւ կը վարէ Moderator of the conference of the secretaries of Christian World Communions պաշտօնը։
* Անուշաւան եպսկ. Դանիէլեան, որ Արեւելեան թեմի (Նիւ Եորք) փոխառաջնորդն է եւ վարիչը Արեւելեան թեմի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքին
*  Թենի Սիմոնեան, Ժընեւէն, անդամ է քաղաքականութիւն ճշդող յանձնախումբին։
* Փրոֆ. Նորա Պայրագտարեան, Պէյրութէն, անդամ է հանրային հարցերու յանձնախումբին. ան ատենապետուհին է կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յանձնախումբին։ Ան եւս վերջին 7 տարիներուն Կեդրոնական յանձնախումբի անդամ էր։
* Քրիսթին Արզումանեան, Պէյրութէն, անդամ է կաթողիկոսարանի երիտասարդաց յանձնախումբին։
* Իրմա Վարդանեան-Պալեան, Պէյրութէն, կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի անդամ
* Նազելի Գանտահարեան, Պէյրութէն, անդամ է կաթողիկոսարանի երիտասարդաց յանձնախումբին, որ կը կոչուի ACUSA HEHEOM.
* Իրաւաբանուհի Վանա Կիտցինեան, Լոս Անճելըսէն, անդամ ԵՀԽի Միջազգային հարցերու քն-նարկման յանձնախումբին։
Պատուիրակութիւնը ունէր նաեւ երկու երիտասարդ անդամներ՝ Կրէյս  Օհանեան, Լիբանանէն եւ Ագաթա Աբրահամեան, Թեհրանէն։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակները գործնական ի՞նչ ներդրումներ ունեցան այս համագումարին։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Մեր Ս. Աթոռը գործօն ներկայութիւն էր գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ։ Հոգեւոր հայրերը, իրենց պաշտօններուն եւ ներկայացուցչական հանգամանքներուն զուգահեռ, կարեւոր հանդիպումներ ունեցան այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու հետ եւ տուին զեկուցումներ, որոնք գնահատանքով ընկալուեցան համաժողովին կողմէ։ Այսպէս՝
- Նարեկ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը, ուղղուած համագումարին. Նարեկ սրբազանը իր տարբեր գործունէութեամբ, նաեւ ընտրուեցաւ խորհուրդին Կեդրոնական եւ Գործադիր վարչութեանց անդամ յառաջիկայ 7 տարիներուն համար։
- Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ագաթա Աբրահամեանի հետ միասին, առաջարկ ներկայացուց Միացեալ Նահանգներուն եւ Արեւմտեան երկիրներուն, որպէսզի վերցնեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ տնտեսական անարդար շրջափակումը. ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց այս առաջարկը։
- Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, միազգային հարցերու մասնագէտ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոսի խմբագրած բանաձեւը բեմ բարձրացնելով՝ ներկայացուց համաժողովին. ժողովը լիագումար նիստով վաւերացուց բանաձեւը։ Դոկտ. Պայրագտարեան նաեւ ֆրանսերէնով զեկուցեց ցեղասպանութեան, խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան վերաբերող հարցերու մասին։
- Թենի Սիմոնեան ընտրուեցաւ Կեդրոնական յանձնախումբի անդամ։ Անոր փորձառութիւնը կ՛երկարի 30 տարիներու վրայ, ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ։ Սիմոնեան նաեւ կարծիք արտայայտեց Moderator-ի զեկուցումին մասին եւ պահանջեց, որ ժողովը ուսումնասիրէ եւ խորհրդածութիւն կատարէ մեր տարբերութիւններուն մասին։ Ան նաեւ վարեց Ս. Գրոց սերտողութիւնը եւ Իրմա Վարդանեան-Պալեանի հետ զեկուցում բերաւ «Plurality of Religion in Europe» նիւթին շուրջ։
- Նազելի Գանտահարեան եւ Ագաթա Աբրահամեան միասնաբար զեկուցում ներկայացուցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդական գործունէութեան մասին, Միջին Արեւելքի, Լիբանանի եւ Իրանի մէջ։ Գանտահարեան նաեւ մասնակցեցաւ համաժողովէն առաջ տեղի ունեցած երիտասարդական համագումարին։
- Ես անձնապէս կարծիք արտայայտեցի ծրագիրներ պատրաստող յանձնախումբի տեղեկագիրին մասին, ուր առաջարկ կը բերուէր որոշ աշխատանքներ վստահիլ յատուկ պաշտօնատարներու։ Իբրեւ զեկուցաբեր, ղեկավարի ներդրում ունեցայ նաեւ «Մարդկութեան Ապահովութեան» հարցերու մասին էքիւմենիք երկխօսութեան ծիրին մէջ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Իբրեւ պատուիրակութեան անդամ, ի՞նչ էր ձեր գլխաւոր նպատակը այս ժողովին։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Ընդհանուր ժողովին եւ յանձնախմբային աշխատանքներւոն կողքին, մեր պատուիրակութեան գլխաւոր նպատակն էր հետապնդել Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին մասին արձանագրութիւն մը, եւ ուրախ եմ յայտնելու, որ յաջողեցանք մեր առաքելութեան մէջ։
Պուսանի խորհրդաժողովէն ամիսներ առաջ, կաթողիկոսութիւնը, Արամ Ա. վեհափառի ցուցմունքներով ու տարած հաղորդակցութեանց հիմամբ, պատրաստած էր Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը, որ վեր կ՛առնէ Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձը։ Մեր պատուիրակութեան անդամներէն փրոֆ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան այդ բանաձեւը ներկայացուց համագումարի 3,500 անդամներուն, համագումարը որդեգրեց զայն։ Ս. Էջմիածինի պատուիրակները, գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, նաեւ հայկական եկեղեցիներու բոլոր պատուիրակները միաձայնութեամբ զօրակցեցան այս բանաձեւին։
Այս բանաձեւի որդեգրումը մեծ նշանակութիւն ունի ազգային իմաստով։ Անիկա ոչ միայն կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան, այլ նաեւ կոչ կ՛ընէ երեք նախաձեռնութիւններու, երբ արդէն կը գտնուինք Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին.-
Ա.- 2015ին, Ժընեւի մէջ կազմակերպել Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցին ԵՀԽի անդամ եկեղեցիներ, միջազգային կազմակերպութիւններ, օրէնսգէտներ, պատմաբաններ եւ մարդկային իրաւուքներու պաշտպան մասնագէտներ։ Նպատակը պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու փոխ հատուցման ձեւերու քննարկումը։
Բ.- Յիշեալ ժողովին կողքին, ԵՀԽի Ժընեւի տաճարին մէջ կազմակերպել Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի արարողութիւն մը։
Գ.- ԵՀԽի անդամ եկեղեցիները հրաւիրել, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման օրերուն, եւ զուգահեռաբար Ժընեւի յիշեալ նախաձեռնութիւններուն, ամէն տեղ հոգեհանգիստ կատարեն մեր նահատակներուն համար, նաեւ զօրակցութիւն արտայայտուի Ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգերուն։
Վստահ եմ, որ ընթերցողները պիտի անդրադառնան, թէ ինչպիսի՛ կարեւոր իրագործում է այս բանաձեւին որդեգրումը, որովհետեւ մենք՝ հայերս, շատ առիթ չենք ունենար մեր հարցը ներկայացնելու նման համապարփակ ու մեծաթիւ մասնակիցներ մէկտեղող ժողովներու։ Ուրեմն, երկու տարի ետք, 110 երկիրներէ 350 եկեղեցիներ եւ աւելի քան 500 միլիոն ժողովուրդ կոչուած են մասնակից ըլլալու Ցեղասպանութեան յիշատակման եւ մեր իրաւուքներուն հրապարակման, զօրակցութեան։ Անոնք մեր կողքին պիտի ըլլան մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի մը յիշատակման ու փոխհատուցման պահանջին մէջ։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մեր եկեղեցին առաջին անգամը չէ, որ մասնակից է մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն։ Այս առիթով, արդեօք կրնա՞ք արագ ակնարկ մը նետել անցեալի աշխատանքներուոն վրայ։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Անոնք, որոնք մօտէն կը հետեւին Արամ Ա. կաթողիկոսի աշխատանքներուն, ծանօթ են, որ վեհափառ հայրապետը իր յարաբերութեանց ու աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ վերապահած է Հայ Դատի հետապնդման։
Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան համար այս աշխատանքը նորութիւն չէ, ինչպէս ըսիք։ Մեր եկեղեցին 60ականներու վերջերէն ի վեր քայլ պահած է ու առաջնորդողի դեր կատարած՝ մեր իրաւուքներու պաշտպանութեան ու հետապնդման մէջ։ Օրինակի համար, երբ մեր Դատը միջազգային ընտանիքին՝ ՄԱԿին ներկայացնելու աշխատանք կը տարուէր, մենք անկախ պետութիւն չունէինք։ Հայ Դատի գործիչները նկատեցին, որ մեր իրաւուքներուն համար Ոչկառավարական կազմակերպութիւնները, NGO-ները կարեւոր դուռ մըն էին։ Եւ որեվհետեւ մեր եկեղեցին անդամ էր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, որ Ոչկառավարական կազմակերպութիւն է, մեր քայլերը այս կազմակերպութեան ճամբով մուտք գործեցին ՄԱԿի յանձնախումբերու աշխատանքներուն մէջ, Ցեղասպանութեան, Մարդկային Իրաւանց եւ արդարութեան հարցերը քննարկող յանձնախումբերու գծով։ Այս առումով, 70ական եւ 80ական տարիներու հսկայական աշխատանք տարուած է եւ հող պատրաստած՝ այն իրագործումներուն, որոնք մենք իբրեւ պարզ իրականութիւն կը ճանչնանք այսօր, ըսել կ՛ուզեմ՝ բազմաթիւ երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու մեր իրաւունքներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը։
Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակով տարուած աշխատանքներուն ծիրին մէջ, կ՛ուզեմ յիշել նաեւ այլ կարեւոր հանգրուաններ։ 1979ին, ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի նստաշրջանին, Միջազգային հարցերու եկեղեցական յանձնաժողովը, որուն ծիրին մէջ ես կը գործեմ ներկայիս, ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը։ Ապա, ԵՀԽի Վանքուվըրի 6րդ խորհրդաժողովին, համաժողովը հաստատեց, թէ կարեւոր է ցեղասպանութեան տարբեր մարզերու մէջ հետեւանքներուն քննարկման շարունակումը. հետեւաբար, Վանքուվըրի խորհրդաժողվը ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը որդեգրեց։ Այս բոլորը արդիւնք էին մեր եկեղեցւոյ ղեկավարներուն հետեւողական աշխատանքին եւ հետապնդումներուն։

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Իբրեւ մէկ երիտասարդ անդամը կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան, ձեր մասնակցութիւնը անձնապէս ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար։
ՎԱՆԱ ԿԻՏՑԻՆԵԱՆ.- Երկորդ անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցիմ ԵՀԽի խորհրդաժողովին։ Առաջին անգամ վեհափառ հայրապետին եւ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան հետ մասնակցած էի Պրազիլի 2006ի համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Այս աշխատանքը մեծ փորձառութիւն տուած է ինծի. նախ՝ ճանչնալու ինքզինքս՝ իբրեւ հայ, ճանչնալու մեր եկեղեցին, ծանօթանալու տարբեր կալուածներու մէջ գործող պետական ու միջազգային աշխատանքներ տանող մարդոց եւ նուիրեալ ծառայողներու։ Ծառայած եմ Միջազգային հարցերու եկեղեցական յանձնաժողովին մէջ։ Այս աշխատանքները առիթ տուած են, որ աւելի մօտէն հետաքրքրուիմ ու քայլ պահեմ աշխարհը յուզող «տաք» հարցերու հետ, ինչպէս՝ գաղթը, ահաբեկչութիւնը, միջազգային  օրէնքի հետ կապ ունեցող այլ իրադարձութիւններ։
Իսկ իբրեւ հայ, ինծի համար շատ աւելի կարեւորութիւն ունի այն, որ իբրեւ ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի մը պահանջատէր մէկ զաւակը, մասնակցութիւն կը բերեմ մեր հարցերուն հետապնդման, որուն կը լծենք նաեւ ԵՀԽը։ Մենք ընդհանրապէս կը խօսինք մեր Դատին հետպնդման մասին, կ՛աշխատինք ու կը պայքարինք այս ուղղութեամբ. ԵՀԽը այնպիսի միջավայր մըն է, ուր ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ կը կատարուի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ, ինչ որ մեծ փորձառութիւն է։
Վեհափառ հայրապետը յաճախ ըսած է, որ Էքիւմենիք շարժումը իրեն համար մշտական դպրոց մը եղած է։ Ես ալ այսօր կը հետեւիմ վեհափառին քայլերուն, ան ինծի համար առաջնորդ մըն է ու նման աշխատանքներ քաջալերող, հովանաւորող ու յառաջ մղող։ Ես ականատես եղած եմ, թէ ան ինչպէ՛ս կ՛օգտագործէ ներկայացող առիթները՝ մեր Դատը յառաջ մղելու համար։ Ան մեզի ցոյց տուած է, թէ հակառակ փոքր ժողովուրդ մը ըլլալնուս, կարելի՛ է գործնական պայքարով ու հետեւողականութեամբ մեր իրաւուքները յառաջ տանիլ, կրնանք հզօր ըլլալ մեր արտայայտութիւններուն մէջ, ուժեղ ազդեցութիւն ստեղծել ոչ միայն մեր մշակոյթին, հաւատքին ու ժառանգութիւններու բաժնեկցութեամբ, այլ նաեւ մեր ապահոված հեղինակութիւնը իմաստուն կերպով գործածելով՝ որոշումներու կայացման գործընթացներու մէջ։ Այս բոլորին համար, պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնելու վեհափառ հայրապետին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles