ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Անոնք, որոնք կը թղթատեն մեր մամուլի քաղաքական էջերը, դառն կսկիծով կ՛անդրադառնան ժողովուրդի բացակայութեան: Նիւթերը հարուստ են իշխանութեան ու քաղքենիի լուրերով ու անոնց շռայլ բարեգործական ու գործարար յաջողութիւններով: Դժբախտաբար սակայն կը պակսի ժողովուրդը եւ անոր ամէնօրեայ կեանքը:
Որքան շատ խօսուի ժողովուրդի մասին, իր հոգեկան ապրումներով եւ սովորական կենցաղով, այնքան փրկած կ՛ըլլանք քաղաքական մեր միտքը, մեր տեսիլքը: Բայց մեր քաղաքականութիւնը տակաւին իր կազմաւորման շրջանին մէջ է եւ անհրաժեշտ զարգացումը կը պակսի մեզի: Դեռ չենք կրցած պատրաստել ենթահողը հայկական այն կենցաղին, որ ժողովուրդէն կու գայ եւ իշխանութենէն չի սպասուիր:
Ի վերջոյ, ի՞նչ ունինք այսօր մեր քաղաքականութենէն, այսպէս ըսուած մեր սովորական կեանքէն, մեր ժողովուրդի հարազատ կեանքի ըմբռնումէն դուրս: Հայ քաղքենին հեռու կը մնայ քաղաքականութենէն ու տակաւին կ՛անգիտանայ իր հաստատած վնասին տարողութիւնը: Նոյնիսկ աւելորդ է հետը զրոյցի նստիլ քաղաքականութեան մասին ու յիշեցնել այն պարզ իրականութիւնը, որ անկախութիւնը քաղաքական արժէք է եւ ոչ թէ շահագործման առիթ: Զարմանալի չէ, որ այսքան վնասներէ յետոյ, թերաճ կը մնայ տակաւին ազգային մեր տեսիլքը: Ունի՞նք աւելի իրական արժէք մը, քան ժողովուրդի կենցաղին կապուած քաղաքական մեր զարգացումը: Ինչպէ՞ս կարելի է քաղաքականութիւնը հայ անհատի գիտակցութեան մէջ տեղաւորել: Ի՞նչը պիտի կապէ մեր սերունդները ազգային մեր ճակատագիրին:
Մեր քաղաքականութիւնը ո՛չ դրամատիրութեան «բարիքնե-ր»ով կը սահմանուի ոչ ալ մելամաղձոտ, լալկան, պարտուողական եւ յուսախափ արտայայտութիւններով կը հասկցուի:
Քաղաքականութիւն ըսուածը, դիւանագիտական քլիշէ յղացքէն դուրս՝ ամէնօրեայ եւ սովորական կեանքի հասկացողութիւն է: Հայուն քաղաքականութիւնը կապուած է իր հողին, տունին, իր կենցաղին եւ քրտնախառն աշխատանքին եւ մշակոյթի մեծ արտադրութիւններուն: Ահա ինծի համար իմաստը մեր քաղաքականութեան:
Ճգնաժամ մըն է, զոր կ՛ապրինք այսօր ազգովին՝ դիւանագիտական ճնշումներուն տակ: Հայ քաղաքական մարդը չէ գտած ինքզինք իր ապրումներուն, իր ստեղծագործական բնական ձգ-տումներուն մէջ ու կ՛արտագաղթէ իրեն հարազատ կենցաղէն: Հայկական քաղաքական մշակոյթը իր ենթակառոյցին մէջ չէ հաստատուած տակաւին: Հետաքրքրական է, որ Սերժ Սարգիսեանն ալ իր վերջին ընտրական ճառախօսութիւններէն մէկուն մէջ յայտարարած էր, որ «ապահով Հայաստանի կարեւորագոյն հիմքը ապահովուած ընտանիքներն են: Մենք լուրջ նպատակներ պիտի ամրագրենք տնտեսական, սոցիալական, մշակութային, կրթական, առողջապահական, տարածքային համաչափ զարգացման մեր քաղաքականութիւնների համար:» Դիւանագէտէ մը եկած այս խօսքերը մտածել կու տան, սակայն կը մնան անիրական, երբ հայ անհատը տակաւին օտարացած կը մնայ քաղաքականութենէն: Այն, ինչ տեսանք անկախութեան տարիներուն՝ դրամատիրութիւնն է իր կրունկներով, որոնց տակ հայ աշխատաւորն ու գիւղացին ընկճուած կ՛ապրին տնտեսական, մշակութային ու ոգեղէն կեանքով:
Ասոր համար ալ հայրենիքի մէջ իշխանութենէն անկախ կ՛իմաստաւորուի քաղաքականութիւնը: Սակայն, տարիներու վրայ երկարող մեր գործունէութիւնը մնացած է նախնական, չըսելու համար՝ անգոյ եւ մեր ժողովուրդին քաղաքական ձգտումները չեն կրցած բարձրանալ հայրենիքի խորունկ ու հարուստ արժէքի մակարդակին: Այս փաստն է, զոր կ՛ապրինք տակաւին անկախութենէն քսաներեք տարիներ անց:
Պարզ է, այնքան ատեն, որ աշխատաւոր դասակարգը իր կշիռը չի դներ գոյութիւն ունեցող պետական մեքենային եւ գործող տնտեսական հաստատութիւններուն վրայ, հայ քաղաքական կեանքը պիտի չկարենայ գտնել բնականոն զարգացման իր ընթացքը: Ասիկա մղիչ պատճառն է, որ հայ անհատը ամուր կառչած կը մնայ ազգային, քաղաքական հասկացողութեան, կ՛անդրադառնայ, որ դրամատիրութիւնը քաղաքական զարգացման տեսիլք չունի իրեն համար: Դրամատիրութեան մէջ կը կորսուի ազգային գիտակցութիւնը եւ քաղաքական արժէքներու ըմբռնումը: Ի՞նչ է, ի վերջոյ, իմացական կորիզը քաղաքական մեր մտածողութեան, եթէ ոչ աշխատաւոր ժողովուրդը՝ երկրի ամբողջ տարածքին:
Տնտեսական աճը ոչ մէկ արժէք ունի, եթէ չի ծառայեր ընկերային արդարութեան: Դժբախտաբար, մեր երկիրը այսօր, միայն քաղաքական թերաճութեան օրինակ կը ծառայէ լուրջ ուսումնասիրողին համար:
Շահագործման նեխած մթնոլորտին մէջ պղտորած հայ քաղաքական միտքը տակաւին չէ կրցած թափանցել աշխատաւորի հոգիին մէջ եւ լոյս տալ անոր: Ամէնէն կարեւորը, քաղաքական միտքը իր տեսութիւնը չէ կապած Հայաստանի գիւղին: Չենք յստակացուցած, որ հայը չի կրնար քաղաքականանալ առանց իր գիւղին: Լաւագոյն պարագային քաղքենիացած կը մնայ եւ օտարացած հայկական բնատուր կենցաղէն: Վերջին հաշուով, գիւղ եւ քաղաք ակօսուած զարգացումը կը տանի մեզի դէպի ազատագրուած ժողովուրդի մը առօրեայ կենցաղին: Ազգային ազատագրական պայքարի ամէնէն կարեւոր հանգրուանն է ասիկա, որ երկար պիտի ապրինք տակաւին:
Պիտի ապրինք այն գիտակցութիւնը, որ քաղաքականութիւնը շարունակական զարգացման ընթացք է եւ ոչ թէ հաստատուած համակարգ մը: Հոն կը բիւրեղանան ազգային մեր հարցերը: Կենդանութիւն եւ ուժ կը ստանայ պետութիւն-անհատ բնատուր կապը: Ատոր համար է, որ Երեւանի փողոցները կը խճողուին երիտասարդներով, բոլորն ալ գիտակից, քաղաքականացած, որովհետեւ սովորական հայ անհատին եւ աշխատաւոր դասակարգին իրաւունքները պաշտպանելու համար փողոց կ՛իջնեն: Քաղաքականութիւնը իր բնական արտայայտութիւնը կը գտնէ հանրային փոխադրակառքերու, բնապահպանութեան, կենսաթոշակի ու մարդկային իրաւունքներու հարցերուն մէջ եւ դուրս կու գայ իշխանութիւն-ընտրութիւն պարունակէն:
Վերջապէս, հայ մարդուն առօրեայ կեանքն է, որ կը ծառայէ քաղաքական հասկացողութեան: Ասոր համար ալ հայուն քաղաքական մտածողութիւնը դուրս կը մնայ դիւանագիտութենէն ու կը տարածուի Հայաստանի ենթակառոյցին մէջ: Անկարելի է դուրսէն քաղաքականանալ, որովհետեւ անընդունակ կը մնանք երկրի քաղաքական զգայնութեան ու բանական զարգացումին: Իբրեւ ճամբորդ կը նայինք մեր երկրին, իբրեւ օտարական կը խօսինք մեր գիւղացիին հետ, եւ մեր հանդէսներուն չենք դադրիր քաղաքական տրամաբանութիւն սպաննող ելոյթներէն: