Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 35

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Բայց ամէնից շատ ատում եմ հազար ու մէկերորդը՝ կեղծիքը հոգու,
Որ զարդարում է անմեղ սրբերի լուսապսակով երեսը մարդու։
ԱՒ. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Աշխարհի տէրերը անվերջ խարդաւանքներ կը հիւսեն իրարու դէմ։ Նոյն ատեն, պարկեշտութեան թիկնոց հագած՝ կը մերկացնեն մէկը միւսին խարդախութիւնները, բացայայտ ու թաքնուած կեղծիքը։ Կաւատի կամ ներքինիի դեր ստանձնելով՝ կը մտնեն հակառակորդին ննջարանը, կը քրքրեն ներքնազգեստներու պահարանները, ջանալով աշխարհի առջեւ վարկազրկել զիրար, կարծես մենք իրենց պարկեշտութեան հաւատալու չափ միամիտ ըլլայինք…
Կարծես թէ աշխարհի հաւասարակշռութեան նժարը կը թեքի դէպի արեւելք, կարծես թէ Անդրովկիանոսեան աշխարհակալութիւնը քայլ առ քայլ կը կորսնցնէ իշխանութեան լծակները ու ղեկը կ՛անցնի Հիւսիսի կայսրութեան։ Անիկա այսօր մեզի պէս միամիտ մահկանացուներուն կ՛երեւի որպէս ճերմակ ագռաւ, որ ձեռք-ձեռքի տուած բոլոր յաւակնորդներուն՝ ազնի՜ւ ու մարդասէ՜ր քաղաքականութիւն կը վարէ, աշխարհին մէջ արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու մտահոգութեամբ տոչորած։
Հիացումով կը դիտենք հիւսիսի կարճահասակ հսկային լուսաւոր դէմքը ու անոր պէս ալ լուսաւոր խօսքերով կը հմայուինք։ Կը հաւատանք ալ, կ՛ուզե՛նք հաւատալ, թէ մարդը ի սրտէ աշխարհի խաղաղութիւնը կը տենչայ։
Ի՜նչ ըրած, մարդ էակին մէջ միշտ նստած է ռոմանթիկը ու միշտ հեքիաթներ լսելը հաճելի է։
Սուրիոյ խաղաղութեան ու ա-պահովութան հարցը կորսնցուցեր է իր քունը, ինչպէս որ 18րդ դարէն ասդին իր քունը փախցուցած են Հայաստանի հարցերը… Ասոր կ՛ըսեն՝ արջի սէր, երբ գլուխդ կը շոյէ իր ծանրածանր թաթով՝ բա՛մբ…
Եթէ ատկէ ետք գլուխ չմնայ, մի՛ հոգար, պայմա՞ն է ամէնքն ալ գլուխ ունենան…
***
Պատկեր
Քանի մը օրը մէկ կ՛երեւի ան՝ փոքրիկ, չորուկ, կքած, բայց կոկիկ պառաւ մը։ Հոս հայ մամիկները այս տարիքին այսպէս չեն ըլլար, ուրեմն՝ տեղացի քրիստոնեայ է։ Փափուկ ու վեհերոտ քայլերով կը մօտենայ պտղավաճառի խանութին։
Ան, ամէնէն ընտիր պտուղներու հանդէս բացած, արկղերը շարած է գայթակղիչ ձեւով, գոյներու ներդաշնակութեամբ (հոն ալ արուեստ կայ, անշո՛ւշտ) ու մայթէն վար, փողոցին եզերքը սեղանիկ ու աթոռակներ դրած՝ բարեկամի հետ թաւլի կը խաղայ։
Ծեր մամիկը կը մօտենայ ու մէկիկ մէկիկ ձեռքը կ՛առնէ որեւէ պտուղ՝ խոշոր ու կարմիր խնձոր, նարինջ, կը դարձնէ ձեռքին մէջ, կը շոյէ պանանները, կը նայի տանձերուն, տարաշխարհիկ պտ-ուղներուն ու երկար կը տատանի իր ընտրութեան մէջ։ Պտղավաճառին տղեկն է մայրիկով զբաղողը։  Իւրաքանչիւրին գինը հասկնալէ ետք մայրիկը վար կը դնէ ձեռքինը, տատամսոտ կը կենայ. հեռանա՞լ թէ գնել բան մը. բայց ի՞նչ։ Ի վերջոյ կ՛ընտրէ երեք դդմիկ, մէկական լոլիկ ու սոխ. գետնախնձորին գինը հասկնալէ ետք կը հրաժարի. դեռ կը նայի պտուղներուն։ Վերջապէս կը համարձակի նաեւ նարինջ մը ընտրել։
Պտղավաճառը, որ մինչ այդ աղմուկով զարը կը նետէր, կ՛ելլէ, քանի որ այս մանր առեւտուրէն տղեկը դժուար թէ գլուխ հանէ։ Մամիկը պզտիկ, հնաոճ պայուսակէն կը հանէ գունատած դրամապանակը, դողացող մատներով կը բանայ, կը փնտռէ դրամը։ Պղավաճառը չի համբերեր, ինք ձեռքը կը մտցնէ, կը հանէ անհրաժեշտ դրամը ու անոր հետ հաշուակցելէ ետք կ՛անցնի իր թաւլիին։ Մամիկը քիչ մը եւս կը դեդեւի, ապա պզտիկ քայլերով կը հեռանայ, նայելով պտուղներու արկղերուն…
Եւ է 2013,  Աշուն, Հալէպ. Հալէ՜պ…
***
Չըսի՞նք համբերեցէ՛ք, ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ։ Ահա՛, ծայրը կը բացուի։
Ճիշդ է, որ տակաւին գետնախնձորին գինը 200 է, լոլիկն ալ՝ 300 եւ «չկայ»ներու շարք մը կայ։
Ճիշդ է, որ նորանոր ու աւելի հզօր հրթիռներ ու արկեր կ՛իյնան մեր թաղերը, բայց վարժուեցա՜նք, չէ՞, արկածային կեանքին։ Ի՜նչ համ ունի խաղաղ ու անվտանգ ապրիլը (մոռցեր ենք)։ Մարդիկ յատուկ վտանգաւոր արկածներ փնտռելու համար դրամ կը ծախսեն, մենք՝ ձրի…
Մոռցէ՜ք, որ կրկին ու երկար ժամանակի համար թաղուեցանք խաւարի մէջ։ Ընդունեցէ՛ք, որ խաւարը նպաստեց դրացիներու աւելի մտերմանալուն. հին- բարի ժամանակներու պէս կը հաւաքուինք, կը զրուցենք։
Մոռցէ՜ք, որ ամիսէ աւելի աչքերը ջուր դարձած համացանցը սպասելէ ետք, երբ անիկա եկաւ, չհասցուցինք ալ ուրախութեան ճիչ հանել, ու հոսանքը գնաց։ Դրականը այն է, որ շատեր գիրք կարդալը յիշեցին։
Մի՜ գանգատիք, որ ջուրի համար փողոցներն ինկանք։ Կեցցե՛ն հեռատեսներ, որոնք յիշեցին հին-բարի ջրհորները կեանքի կոչել, իսկ ժողովուրդը յիշեց «աղբիւր» երթալը։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս ալ հին-բարի սովորութեամբ աղջիկ- տղայ ալ աղբիւրի ճամբան զիրար տեսան ու խօսք տուին։ Շահողը մենք չե՞նք։
Ուրեմն, ինչո՞ւ միայն ժխտականը տեսնել. մեր մասին մտածողներ ալ կան, Հալէպը մոռցուած չէ՜։ Օրինակ՝ կազին գինը իջաւ (նախկինը մոռցի՜ր), մինչ արձանագրութեան կարգի եթէ կենաս, աւելի աժան ալ կ՛ունենաս։ Բայց մանաւանդ մազութի հարցը. հազիւ աշունը առաջին թեթեւ պաղով ինքզինք յիշեցուց, անմիջապէս հսկայական ինքնաշարժեր յայտնուեցան թաղերու մէջ ու սկսան լեցնել մեր տակառները (արդեօ՞ք աւելցուկ կար, կամ ամբարնե՞ր չեն մնացած)։ Ալ ի՞նչ կ՛ուզէք։ Նոյնիսկ խոստացան Յունուարին կրկին լեցնել, այնպէս որ հաւաքեցէ՜ք դրամը…
Միայն… յամենայն դէպս, չմոռնաք ջուր ու մոմ ամբարել. ո՜վ գիտէ, մեր տոկունութիւնը փորձելու յաջորդ փորձը կրնայ ամիս կամ աւելի տեւել։
Այս շրջանին մենք Հալէպի ազատագրման այնքան երազային խոստումներ լսեցինք, որ այլեւս սկսած ենք միայն հեքիաթային բաներու հաւատալու ու կը կարծենք, թէ այս աւգեան ախոռները, ուր աղբի ամէնէն սոսկալին դիզուեր է, շուտով հնարաւոր է մաքրել։ Սիրտերը ձեր լայն ու գօտիները տակաւին ամուր պահեցէք, քանի որ դեռ շատ ջուրեր պիտի հոսին, մինչեւ ամէն բան իր տեղը գտնէ։
Մինչ այդ ջանանք դասեր առնել, առաւել մարդանալ, չէ որ կ՛ըսուի՝ «Այն հարուածը, որ չի սպաններ, կը զօրացնէ»։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles