Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մենք Ձեզ Երբե՛ք Չենք Մոռանար…

ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Տօնական օրեր… Ազգային մտահոգութիւններ… Նուիրական բարեգործութիւններ:
Ազգովին մտածե՛նք, ազգովին գործե՛նք ու արդար ազգայինի մեր խիղճը հանգստացնե՛նք…
Տարաբախտ Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող դարաշրջանին, յոյս ու աւիւն դարձած, ստեղծագործ ու հնարամիտ սերունդներ ծնած ու սնած սուրիահայ մայր գաղութը տակաւ կ՛ապրի ու ականատես կը դառնայ 21րդ դարու օրհասական գոյութեան վտանգի ու գոյացող անորոշ գաղթի…
Սուրիահայ մանուկը՝ զրկուած իր անհոգ մանկութեան արժանի երջանկութենէն… Հայ պատանին ու պարմանուհին՝ զրկուած իր երազային աշխարհի հոգեհարազատ իրաւունքէն… Խարխափող երիտասարդութիւնը՝ իր ապագայի ծրագիրներու աղօտ լոյսին մէջ կողմնորոշուելու առիթէն զրկուած էակ մը. ոմանք անորոշութեան մէջ, իսկ ուրիշներ ազգային պարտաւորութեան նուիրական աշխատանքի հերոսներ դարձած՝ մեղուափեթակի ծառայական երուզեռին մէջ ազգային գիտակցութեամբ ու արժանապատուութեամբ կը փորձեն գտնել իրենց հոգեկան արժանի հանգստութիւնը…
Իսկ ինչպէ՞ս բացատրել նման կացութեան մէջ իրենց հոգեհատորներու առօրեայ «ծարաւն ու քաղցը»ը ապրող հայ ծնողներու փոթորկոտ սիրտերը…
Համազգային այս աղէտը օրըստօրէ կը տարածուի սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն վիճակուած առօրեային մէջ, եւ տակաւ կը բռնկի ու կը դառնայ ներքին պայմաններով ամէնօրեայ վտանգ եւ արտաքին անորոշութեան ճամբաներով գաղթի հոսանք… Դէպի ո՞ւր եւ մինչեւ ե՞րբ:
Տօնական այս օրերուն, եկէ՛ք միասնաբար, հայազգի մեր լայն ու ամրակուռ թիկունքները պարզած՝ մնանք պատնէշի վրայ, բարոյական ու նիւթական օժանդակութեամբ շրջապատենք տառապող մեր սուրիահայ հայրենակիցները. անգամ մը եւս ազգային արժանապատուութեամբ արտայայտենք մեր պատրաստակամութիւնն ու զօրակցութիւնը:
Տօնական օրերու բարեգործութեան ու հոգեկան հանգստութեան մեծագոյն բարիքը վայելե՛նք, սիրելի հայրենակիցներ: Կատարե՛նք մեր լաւագոյնը ու նուիրե՛նք՝ օժանդակելու համար սուրիահայ մեր հայրենակիցներու գոյապայքարին:
Համազգային խաղաղութեան ու փրկութեան բարեմաղթութիւններով կը միանանք ձեզի՛, մեր սիրելի սուրիահա՛յ հայրենակիցներ, եւ կը հաւատանք, որ շուտով պայծառ երկինքը պիտի շողայ ձեր առօրեայ կեանքէն ներս եւ դուք, եւ որպէս սփիւռքեան մայր գաղութ՝ պիտի գոյատեւէ՛ք ու գործէ՛ք նոր թափով ու եռանդով. փա՛ռք ձեր դարաւոր գոյութեան: Մենք ձեզ երբե՛ք չենք մոռանար ու միշտ կը յիշե՛նք:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles