Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԽՈՀԵՐ- Յաջող Կեանքի Մը Գաղտնիքը՝ Բարոյական Նկարագիր Ունենալն Է

$
0
0

Դպրոցական վերամուտ է: Միլիոնաւոր ուսուցիչներ եւ աշակերտներ կրթական օճախներու դռներէն ներս կը մտնեն՝ ուսում ջամբելու կամ ուսում ամբարելու համար: Ասկէ 20-30 տարի ետք, արդեօք այս աշակերտներէն որո՞նք ուրախ, գոհունակ, իմաստալից եւ օգտաշատ կեանք մը պիտի ապրին եւ որո՞նք ձախողութեան փոսերուն մէջ պիտի գլտորուին ու հոն մնան…
Փօլ Թաֆ (Paul Tough)՝ հեղինակ եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի («New York Times») եւ «Նիւ Եորքըր» («New Yorker») թերթերու խմբագիր-լրագրող, 2012ին, լոյս ընծայեց գիրք մը (222 էջ), որուն խորագիրն է «Երեխաները Ինչպէ՞ս Կը Յաջողին» («How Children Succeed»): Ան, երեք տարի շարունակ, խղճմտօրէն ուսումնասիրեց աշակերտներու ապագայ կեանքի յաջողութեան կամ ձախողութեան պատճառները՝ խորհրդակցելով տնտեսագէտներու, հոգեբաններու, բժիշկներու եւ փորձառու մանկավարժներու հետ: Ան, նաեւ այցելեց աղքատ աշակերտներու դպրոցներէն մինչեւ ամէնէն հարուստ աշակերտներուն դպրոցները եւ եկաւ այն եզրակացութեան՝ թէ ո՛չ IQ-ն՝ իմացական կարողութիւնը, ո՛չ SAT-ին, որ նոյնպէս աշակերտին ընդունակութիւնը՝ միտքի կարողութիւնը կը չափէ եւ ո՛չ ալ ACT-ին՝ քոլեճ կամ համալսարան ընդունուելու քննութիւնը, կրնան ճիշդ կերպով գուշակել աշակերտի մը կեանքի յաջողութիւնը, որքան անոր բարոյական նկարագիր ունենալը:
Որո՞նք են բարոյական նկարագիրի մը յատկանիշները. Փօլ Թաֆ եօթը յատկանիշներու վրայ կը կեդրոնանայ:
ա. Քաջութիւն՝ առանց ընկրկելու որեւէ խոչընդոտի առջեւ (Grit).
Բնատուր ձիրքերը զարգացնելով կեանքի վեհ նպատակ մը ընտրել եւ զայն իրագործել, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն: Քաջութեան ոգիին կ՛ընկերանայ յարատեւութիւնը, աշխատասիրութիւնը, զօրաւոր կամքը եւ գործած սխալները չկրկնելու վճռականութիւնը: Յիշենք. «Պայքար, պայքար մինչեւ յաղթանակ»:
բ. Ինքնազսպութիւն (Self-Control).
Փորձութիւնները դիմադրելու ոյժ ունենալ: Զուարճալի տեղեր չերթալ, նախքան պարտականութիւններ կատարելը: Յետաձգելու սովորութիւնը մէջէդ արմատախիլ ընել: Բարի ընկերներ ընտրել: Չծխել, ալքոլ չգործածել եւ այլն… Հեռատես եւ համբերատար ըլլալ, այսօրուան աշխատանքին պտուղը տարիներ ետք ըմբոշխնելու համար:
գ. Հաճոյքով եւ խանդավառութեամբ ընել գործ մը (Fest).
Սիրով, հաճոյքով եւ եռանդով կատարուած գործ մը աւելի քիչ ոյժ կը պահանջէ, քան տրտնջալով, հոգեկան չարչարանքով իր լրումին հասած գործ մը: Ուսուցիչին զուարթամտութիւնն ալ (sense of humor) մեծապէս կ՛օգնէ աշակերտի մը ֆիզիքականին եւ հոգեկանին վրայ:
դ. Ընկերային ուշիմութիւն (Social Intelligence).
Քաղաքավար ըլլալ, սուտ չխօսիլ, չբամբասել, տկարներուն օգնել, ճշդապահ ըլլալ, ճիշդը սխալէն զանազանել շա՜տ փոքր տարիքէն սկսեալ, խարդախութիւն չընել, գործ մը խղճմտօրէն կատարել, վստահելի ըլլալ, առատաձեռն ըլլալ, միայն անձիդ մասին չմտածել, այլ՝ ուրիշներուն ալ (team-work):
ե. Երախտագէտ ըլլալ (Gratitude).
Երախտագէտ ըլլալ հանդէպ Աստուծոյ, ծնողքիդ, ուսուցիչներուդ եւ համայնքիդ, որոնք կ՛օգնեն քեզի ուրախ, իմաստալից եւ գոհունակ կեանք մը ապրելու:
զ. Լաւատես ըլլալ (Optimism).
Բնութեան եւ մարդոց մէջ, գեղեցիկը եւ լաւը տեսնելու սովորութիւնը մշակէ մէջդ: Ինքնավստահութիւն ունեցիր դուն քու անձիդ վրայ եւ ըսէ թէ՝ «Վաղը այս «C» նիշը «B»-ի պիտի բարձրացնեմ»: Երեւակայէ փայլուն ապագայ մը քեզի համար եւ միշտ խուլ ձեւացիր «դուն ապուշ ես», «դուն մարդ պիտի չըլլաս» քանդիչ արտայայտութիւններուն հանդէպ:
է. Հետաքրքրութիւն (Curiosity)
Աշակերտը իր միտքի հորիզոնը կ՛ընդարձակէ նոր նիւթեր սորվելով, տիեզերքը ուսումնասիրելով, կեանքի կարեւոր հարցումներուն՝ «Ես ո՞վ եմ եւ ո՞ւր կ՛երթամ» ճիշդ պատասխանները գտնելով եւ խնդիրի մը լուծման համար զանազան միջոցներու դիմելով: Բազմաթիւ տարիներ տքնելէ ետք, երբ մարդկութեան համար շա՜տ օգտակար գիւտ մը կը հնարէ, իր հոգեկան հաճոյքը շա՜տ խորունկ կ՛ըլլայ:
Որոնք պիտի օգնեն, որ այս նկարագիրի դրական յատկանիշները երեխաներուն եւ պատանիներուն մէջ զարգանան, անշուշտ, առաջին հերթին ծնողքը, մօտիկ ազգականները, մանուկին բժիշկը եւ ի հարկի հոգեբանը, ապա՝ դպրոցական հաճելի միջավայրը, մանաւանդ որակեալ ուսուցիչները: Փօլ Թաֆ կ՛ըսէ, թէ մանուկին միտքը գիտելիքներով՝ լեզու, թուաբանութիւն, գիտութիւն եւ այլն թխմելէ առաջ, հոգ տանիլ նկարագիրի զարգացման:
Վերջերս Պիլ Կէյց (Bill Gates) բարեսիրական հաստատութիւնը 300 միլիոն տոլար նուիրեց որակեալ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրին համար:
Համայնքն ալ նոյնպէս իր եկեղեցիով, կիրակնօրեայ դպրոցով, մարմնամարզական միութիւններով՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, կրնայ մեծապէս սատարել մանուկի մը կեանքի յաջողութեան:
Ուրեմն, սիրելի եւ յարգելի հայրենակիցներ, հայ նոր սերունդը լաւապէս դաստիարակելու համար եւ անոնց հեզասահ ու երջանիկ կեանք մը ապահովելու համար, նախ վեհ առաքինութիւններ մշակենք իրենց մէջ, ապա՝ նիւթական բարիքները ձեռք բերելու միջոցները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles